ԴԱՍ 20
Լաւ եզրափակել
Ժողովող 12։13, 14
ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Վերջին խօսքերովդ քեզի մտիկ ընողը քաջալերէ, որ սորվածը ընդունի եւ գործադրէ։
Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։
Եզրափակումը ընդհանուր նիւթին հետ կապէ։ Բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը նորէն նշէ։
Քեզի մտիկ ընողները քաջալերէ։ Անոնց օգնէ որ գիտնան թէ ի՛նչ պէտք է ընեն եւ ինչո՛ւ պէտք է ընեն։ Ըսելիքներդ համոզումով ըսէ եւ ցոյց տուր որ կարեւոր են։
Եզրափակումը պարզ եւ կարճ պահէ։ Նոր կէտեր մի՛ նշեր։ Քիչ բառեր գործածելով՝ վերջին անգամ ըլլալով քեզի մտիկ ընողները գործի մղէ։