Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 10/1 էջ 25-29
  • Միշտ ողորմածութեան ետեւէն ըլլանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միշտ ողորմածութեան ետեւէն ըլլանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բարութիւնը Մեզ Անձնուրաց եւ Հիւրասէր կը Դարձնէ
  • Բարութիւնը Մեզ Նկատառու կը Դարձնէ
  • Բարութիւնը Կապերը կը Զօրացնէ
  • Երբ Կիները Բարութիւն կը Ցուցաբերեն
  • Շարունակենք Ողորմածութեան Ետեւէ Ըլլալ
  • Հաւատարիմ սէր ցուցաբերեցէք կարիքաւորներուն հանդէպ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • «Սիրառատ բարութեան օրէնքը» թող լեզուդ պաշտպանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Եհովայի հաւատարիմ սէրէն օգտուինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Բարութիւն ցուցաբերելով Եհովան հաճեցնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 10/1 էջ 25-29

Միշտ ողորմածութեան ետեւէն ըլլանք

«Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 21։21

1. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուծոյ սուրբ հոգիով առաջնորդուողները բարութիւն ցուցաբերեն։

ԵՀՈՎԱ բարի եւ կարեկից է։ Ան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» «Աստուած» մըն է։ (Ելից 34։6, 7) Հասկնալի է, ուրեմն, որ իր սուրբ հոգիին պտուղը կը ներփակէ սէր ու բարութիւն։—Գաղատացիս 5։22, 23

2. Հիմա ի՞նչ օրինակներ նկատի պիտի առնենք։

2 Եհովայի սուրբ հոգիով, կամ գործօն ոյժով, առաջնորդուողները անոր բարութեան պտուղը կը ցուցաբերեն։ Անոնք ուրիշներուն հետ իրեն յարաբերութեանց մէջ ողորմածութիւն ցոյց կու տան։ Արդարեւ, անոնք Պօղոս առաքեալի օրինակին կը հետեւին, իրենք զիրենք յանձնարարելով որպէս Աստուծոյ ծառաներ «քաղցրութիւնով [բարութիւնով (ՆԱ)]» եւ ուրիշ կերպերով։ (Բ. Կորնթացիս 6։3–10) Անոնց բարի, կարեկից եւ ներողամիտ հոգին ներդաշնակ է Եհովայի անձնաւորութեան հետ, որ ‘ողորմութիւնով լեցուն’ է եւ որու Խօսքը բարութեան շատ մը օրինակներ կը պարունակէ։ (Սաղմոս 86։16. Եփեսացիս 4։32) Անոնցմէ քանի մը հատէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Բարութիւնը Մեզ Անձնուրաց եւ Հիւրասէր կը Դարձնէ

3. Աբրահամ ինչպէ՞ս բարութիւն ցուցաբերելու մէջ օրինակելի էր, եւ Պօղոս ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ այս ուղղութեամբ։

3 Աբրահամ (Աբրամ) նահապետը՝ «[Եհովայի] բարեկամ»ը եւ ‘բոլոր հաւատացեալներուն հայրը’՝ բարութիւն ցուցաբերելու մէջ գեղեցիկ օրինակ մըն է։ (Յակոբու 2։23 ՆԱ. Հռովմայեցիս 4։11) Ան եւ իր ընտանիքը՝ ի ներառեալ իր զարմիկը՝ Ղովտը, Աստուծոյ հրահանգին հնազանդելով, Քաղդէացիներուն Ուր քաղաքը ձգեցին եւ Քանանու երկիրը մտան։ Թէեւ Աբրահամ ընտանիքին երէցն ու գլուխն էր, սակայն ան բարի եւ անձնուրաց վարուեցաւ թոյլ տալով Ղովտին որ ընտրէ լաւագոյն առօտները, մինչ ինք առնելով մնացեալը։ (Ծննդոց 13։5–18) Նոյնանման բարութիւն մը կրնայ մեզ մղել թոյլ տալու ուրիշներուն որ մեր տուժով օգտուին։ Այսպիսի անձնուրաց բարութիւն մը ներդաշնակ է Պօղոս առաքեալի խրատին հետ, երբ կ’ըսէ. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ Պօղոս ‘ամէն կերպով ամենուն հաճոյ եղաւ ու չփնտռեց իր անձին օգուտը, հապա ‘շատերունը՝ որպէսզի փրկուին’։—Ա. Կորնթացիս 10։24, 33

4. Աբրահամ եւ Սառա ինչպէ՞ս վարձատրուեցան հիւրասիրութեան կերպով բարութիւն ցուցաբերելնուն համար։

4 Երբեմն բարութիւնը սրտագին հիւրասիրութեամբ կը ցուցաբերուի։ Աբրահամ եւ իր կինը՝ Սառա, բարի եւ հիւրասէր գտնուեցան երեք օտարականներու հանդէպ, որոնք օր մը անոնց քովէն կ’անցնէին։ Աբրահամ զանոնք համոզեց որ ժամանակ մը մնան իր քով, մինչ ինք եւ Սառա անմիջապէս լաւ ճաշ մը պատրաստեցին այցելուներուն։ Պատահեցաւ որ այդ այցելուները Եհովայի հրեշտակներն էին, որոնցմէ մէկը հաղորդեց այն խոստումը թէ տարեց եւ անզաւակ Սառան որդի մը պիտի ունենար։ (Ծննդոց 18։1–15) Բարեսիրտ հիւրասիրութեան փոխարէն ի՜նչ վարձատրութիւն։

5. Գայիոս ի՞նչ կերպով բարութիւն ցուցաբերեց, եւ մենք ալ ի՞նչ կերպով կրնանք ընդօրինակել զինք։

5 Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ, հիւրասէր ըլլալով, կրնան կերպով մը բարութիւն ցուցաբերել։ (Հռովմայեցիս 12։13. Ա. Տիմոթէոս 3։1, 2) Հետեւաբար, Եհովայի ծառաները բարութեամբ հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերեն ճամբորդող տեսուչներուն։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ առաջին դարու Քրիստոնեայ Գայիոսի ցուցաբերած բարութիւնը։ Ան «հաւատարիմ գործ մը (ՆԱ)» ըրաւ հիւրասիրաբար ընդունելով այցելու եղբայրներ որոնք «օտարներ», նախապէս անծանօթներ էին իրեն։ (Գ. Յովհաննու 5–8) Սովորաբար, կը ճանչնանք բարութեամբ մեր հիւրասիրած անհատները։ Թերեւս կը նշմարենք որ հոգեւոր քոյր մը անտրամադիր է։ Իր կողակիցը թերեւս անհաւատ մը կամ նոյնիսկ վտարուած մըն է։ Ի՜նչ լաւ առիթ մըն է անոր հանդէպ բարութիւն ցուցաբերել, երբեմն զինք հրաւիրելով որ հոգեւոր ընկերակցութիւն եւ ճաշ մը վայելէ մեր ընտանիքին հետ։ Թէեւ խնճոյք մը սարքելու հարկ չկայ, սակայն վստահաբար մեր ընտանիքը պիտի ուրախանայ այսպիսի քրոջ մը հանդէպ բարութիւն ցուցաբերելով։ (Բաղդատել Առակաց 15։17)։ Իսկ ան անկասկած իր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէ ասոր համար բերանացի կամ գրաւոր կերպով։

6. Լիդիա ինչպէ՞ս բարութիւն ցուցաբերեց, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է գնահատութիւն յայտնել մեզի հանդէպ ցուցաբերուած բարի արարքներուն համար։

6 Լիդիա անուն աստուածավախ կինը մկրտուելէ ետք, «աղաչեց ու ըսաւ. ‘Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք [Պօղոս եւ իր ընկերակիցները], իմ տունս մտէք բնակեցէք’։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ», աւելցուց Ղուկաս։ Անկասկած, Լիդիայի բարութիւնը գնահատուեցաւ։ (Գործք 16։14, 15, 40) Բայց գնահատութիւն ցուցաբերելու մէջ թերանալը կրնայ քանդիչ ըլլալ։ Առիթով մը, սահմանափակ կարողութիւնով եւ նիւթականով 80 տարեկան քոյր մը բարութեամբ աշխատեցաւ քանի մը հիւրերու ճաշ պատրաստելու։ Ան մասնաւորաբար յուսախաբ եղաւ երբ երիտասարդ մը նոյնիսկ լուր չտուաւ որ պիտի չկարենար գալ։ Ուրիշ առիթով մը, երկու քոյրեր ճաշի չեկան, զոր երիտասարդ կին մը մասնաւորաբար իրենց համար պատրաստած էր։ «Ուղղակի ջախջախուեցայ», ըսաւ ան, «քանի որ ոչ մէկը մոռցած էր։ ... Նախընտրած պիտի ըլլայի լսել թէ անոնք մոռցած էին ճաշի հրաւիրուած ըլլալնին, բայց ասով հանդերձ, քոյրերէն ո՛չ մէկը բաւական բարի կամ սիրալիր գտնուեցաւ հեռաձայնելու»։ Սուրբ հոգիի բարութեան պտուղը պիտի մղէ՞ ձեզ այսպիսի պարագաներուն գնահատող եւ խոհեմ գտնուելու։

Բարութիւնը Մեզ Նկատառու կը Դարձնէ

7. Յակոբի թաղման ցանկութիւնը կատարելու ջանքերը ինչպէ՞ս կը շեշտեն բարութիւնը։

7 Բարութիւնը մեզ նկատառու պէտք է դարձնէ ուրիշներուն եւ անոնց փափաքներուն նկատմամբ։ Օրինակ մը տանք. Յակոբ (Իսրայէլ) իր զաւկէն՝ Յովսէփէն խնդրեց որ իրեն հանդէպ մարդասիրութիւն կամ ողորմածութիւն ցուցաբերէ զինք Եգիպտոսի մէջ չթաղելով։ Թէեւ ասիկա կը պահանջէր որ Յակոբի դիակը բաւական հեռու պէտք էր տարուէր, սակայն Յովսէփ եւ Յակոբի միւս որդիները «Քանանի երկիրը տարին զանիկա ու թաղեցին զանիկա Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ Աբրահամ գերեզմանի կալուածքի համար ծախու առած էր արտին հետ մէկտեղ Քետացի Եփրոնէն»։ (Ծննդոց 47։29. 49։29–31. 50։12, 13) Այս օրինակին հետ ներդաշնակ, ողորմածութիւնը պէտք չէ՞ մղէ մեզ որ Քրիստոնեայ ընտանիքի անդամի մը կողմէ փափաքուած սուրբ գրայինօրէն ընդունելի թաղման կարգադրութիւնները յարգենք։

8. Ռախաբի պարագան մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ բարութեան վարձահատոյց ըլլալուն մասին։

8 Երբ ուրիշներ ողորմածութիւն կը ցուցաբերեն մեզի հանդէպ, մենք պէտք չէ՞ գնահատութիւն յայտնենք կամ կերպով մը փոխադարձենք զայն։ Վստահաբար պէ՛տք է ընենք։ Պոռնիկ Ռախաբը բարութիւն ցուցաբերեց Իսրայելացի լրտեսները պահելով։ Ուստի, Իսրայելացիներն ալ ողորմածութիւն ցուցաբերեցին զինք եւ իր ընտանիքը պահպանելով, երբ Երիքով քաղաքը կործանեցին։ (Յեսուայ 2։1–21. 6։20–23) Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ մենք ալ մեզի հանդէպ ցուցաբերուած բարութիւնը պէտք է փոխադարձենք, անձնապէս նկատառու եւ բարի ըլլալով։

9. Ինչո՞ւ պատշաճ է մէկէ մը խնդրել որ մեզի հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերէ։

9 Ուստի, պատշաճ է մէկէ մը խնդրել որ մեզի հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերէ։ Իսրայէլի առաջին թագաւորին՝ Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան ասիկա ըրաւ։ Յովնաթան իրմէ աւելի երիտասարդ սիրելի բարեկամէն՝ Դաւիթէն խնդրեց որ իրեն եւ իր ընտանիքին հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերէ։ (Ա. Թագաւորաց 20։14, 15. Բ. Թագաւորաց 9։3–7) Դաւիթ ասիկա յիշեց երբ Գաբաւոնացիներուն վրէժը առաւ Սաւուղի գործած անիրաւութեան համար։ Յիշելով իր եւ Յովնաթանի միջեւ եղած «Տէրոջը երդում»ը, Դաւիթ ողորմածութիւն ցուցաբերեց Յովնաթանի որդւոյն՝ Մեմփիբոսթէին կեանքը խնայելով։ (Բ. Թագաւորաց 21։7, 8) Նմանապէս, ‘մեր Այոն այո՞ է, եւ Ոչը՝ ոչ’։ (Յակոբու 5։12) Իսկ եթէ ժողովքի երէց մըն ենք, նոյնպէս կարեկի՞ց ենք երբ հաւատակիցներ կարիքը ունին որ իրենց հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերուի։

Բարութիւնը Կապերը կը Զօրացնէ

10. Հռութի ողորմածութիւնը ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ։

10 Ողորմածութիւնը ընտանեկան կապերը կը զօրացնէ եւ ուրախութիւն կը յառաջացնէ։ Ասիկա ցոյց տրուեցաւ Մովաբացի Հռութի պարագայով։ Ան տարեց Բոոսի դաշտին մէջ, Բեթլէհէմի մօտ, որպէս հասկահաւաք մը աշխատեցաւ իրեն եւ իր որբեւայրի ու կարօտեալ կեսրոջը՝ Նոյեմիին համար։ (Հռութայ 2։14–18) Հետագային Բոոս ըսաւ Հռութի. «Քու վերջին աղէկութիւնդ [ողորմածութիւնդ (ՆԱ)] առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր»։ (Հռութայ 3։10) Նախ, Հռութ Նոյեմիի հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերեց։ Մովաբացին «վերջին ողորմածութիւն» ցուցաբերեց յօժարելով ամուսնանալ տարեց Բոոսին հետ, իր մեռած ամուսնոյն եւ ծերացած Նոյեմիին անուն մը ձգելու համար։ Հռութ Բոոսէն զաւակ մը ունենալով, Դաւիթի մեծ հօր՝ Ովբէդի մայրը եղաւ։ Իսկ Աստուած զինք «վարձք» տուաւ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը ըլլալու առանձնաշնորհումով։ (Հռութայ 2։12. 4։13–17. Մատթէոս 1։3–6, 16. Ղուկաս 3։23, 31–33) Հռութի ողորմածութիւնը ի՜նչ օրհնութիւններ եղաւ իրեն եւ իր ընտանիքին համար։ Ներկայիս ալ, օրհնութիւններ, ուրախութիւն եւ ընտանեկան կապերու զօրացում տեղի կ’ունենան, երբ աստուածապաշտ տուներու մէջ ողորմածութիւնը կը ծաղկի։

11. Փիլիմոնի բարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

11 Բարութիւնը Եհովայի ծառաներուն ժողովքներուն մէջ եղող կապերը կը զօրացնէ։ Քրիստոնեայ Փիլիմոնը ճանչցուած էր իր հաւատակիցներուն հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերելուն համար։ Պօղոս անոր ըսաւ. «Կը գոհանամ միշտ իմ Աստուծմէս՝ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով, երբ կը լսեմ քու սէրդ ու հաւատքդ՝ որ ունիս Տէր Յիսուսին եւ բոլոր սուրբերուն վրայ, ... շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւնը ունեցայ քու սիրոյդ համար, որով սուրբերուն սրտերը քեզմով հանգստացած են, եղբա՛յր»։ (Փիլիմոն 4–7) Սուրբ Գրութիւնները չեն ըսեր թէ սուրբերուն սրտերը ի՛նչպէս հանգստացան Փիլիմոնի միջոցաւ։ Սակայն, հաւանաբար, ան օծեալ Քրիստոնեաներուն հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերած էր շատ մը կերպերով, որոնցմով անոնք մխիթարուեցան եւ այս կերպով անոնց միջեւ եղած կապերը զօրացան։ Այսօր ալ, նոյնանման բաներ կը պատահին, երբ Քրիստոնեաներ ողորմածութիւն կը ցուցաբերեն։

12. Ոնեսիփորոսի ցուցաբերած բարութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Ոնեսիփորոսի բարութիւնն ալ լաւ ազդեցութիւն մը ունեցաւ։ «Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը», ըսաւ Պօղոս, «վասնզի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ, Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ. եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։16–18) Եթէ ջանադիր ըլլանք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ողորմածութիւն ցուցաբերելու մէջ թէ՛ մենք պիտի ուրախանանք եւ թէ Քրիստոնէական ժողովքէն ներս եղող եղբայրական սիրոյ կապերը պիտի զօրացնենք։

13, 14. Փիլիպպէի մէջ ժողովքը ինչպէ՞ս օրինակելի էր, եւ Պօղոս ինչպէ՞ս ընդառաջեց անոր բարութեան։

13 Երբ ամբողջ ժողովք մը հաւատակիցներուն հանդէպ ողորմածութիւն կը ցուցաբերէ, ասիկա իրար միջեւ եղող կապը կը զօրացնէ։ Այսպիսի սերտ կապ մը գոյութիւն ունէր Պօղոսի եւ Փիլիպպէ քաղաքին մէջ ժողովքին միջեւ։ Իրականութեան մէջ, Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին պատճառներէն մէկը անոնց բարութեան եւ նիւթական օժանդակութեան համար իր երախտագիտութիւնը յայտնելն էր։ Ան գրեց. «Երբ աւետարանին սկիզբը ես Մակեդոնիայէն ելայ, եկեղեցի մըն ալ ինծի չօգնեց տալու եւ առնելու կողմէ, հապա միայն դուք. որ մէկ երկու անգամ ինծի պէտք եղածը Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք։ ... Բայց ես ամէն բան առած եմ ու առատօրէն ունիմ. լեցուած եմ Եպափրոդիտոսի ձեռքով ձեր ղրկածները ընդունելով, որ անոյշ հոտ մըն է, ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի»։—Փիլիպպեցիս 4։15–18

14 Զարմանալի չէ որ բարեսիրտ Փիլիպպեցիները միշտ Պօղոսի աղօթքներուն մաս կը կազմէին։ Ան ըսաւ. «Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս ամէն անգամ որ ձեզ կը յիշեմ, միշտ ամէն խնդրուածքիս մէջ ձեր ամենուն համար ուրախութեամբ աղօթք կ’ընեմ, աւետարանին հաղորդ ըլլալնուդ համար առաջին օրէն մինչեւ հիմա»։ (Փիլիպպեցիս 1։3–5) Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին այսպիսի վեհանձն եւ առատաձեռն աջակցութիւնը բնաւ չաղքատացներ ժողովք մը։ Այս ուղղութեամբ իրենց ձեռքէն բարի եկածը ընելէն ետք, Պօղոս հետեւեալ երաշխիքը տուաւ Փիլիպպեցիներուն. «Իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով»։ (Փիլիպպեցիս 4։19) Այո, Աստուած կը հատուցանէ ցուցաբերուած բարութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի»։—Եփեսացիս 6։8

Երբ Կիները Բարութիւն կը Ցուցաբերեն

15, 16. (ա) Այծեմնիկի բարութիւնը ինչպէ՞ս յիշուեցաւ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ երբ ան մեռաւ։ (բ) Այսօր ալ վեհանձն Քրիստոնեայ կիներ ինչպէ՞ս բարի գործերով լեցուն են։

15 Յոպպէի Այծեմնիկ (Տաբիթա) աշակերտին ողորմածութիւնը անվարձահատոյց չմնաց։ Ան «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով» եւ երբ ան «հիւանդացաւ ու մեռաւ», աշակերտները Լիւդդիա մարդ ղրկեցին որ Պետրոսը բերեն։ Երբ ան հասաւ, «վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւարիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները զորս Այծեմնիկ շինած էր, երբ իրենց հետ էր»։ Մտապատկերացնենք տեսարանը. Տխուր ու արտասուելով, որբեւայրիները առաքեալին պատմեցին Այծեմնիկին բարութիւնները եւ անոր սիրոյն եւ բարութեան որպէս ապացոյց բաճկոնները ցոյց տուին։ Ամէնքը դուրս հանելով, Պետրոս ծունկի եկաւ ու աղօթեց եւ դէպի մեռած մարմնին դարձաւ։ Մտիկ ընենք։ Ան ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Արդի՞ւնքը։ «Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։ Պետրոսն ալ ձեռքը անոր տուաւ ու վերցուց զանիկա եւ սուրբերն ու որբեւարիները կանչելով՝ անոնց առջեւ ողջ կայնեցուց զանիկա»։ (Գործք 9։36–42) Աստուծմէ ի՜նչ օրհնութիւն մը։

16 Ասիկա Յիսուս Քրիստոսի աշակերտի մը կողմէ կատարուած առաջին արձանագրուած յարութիւնն է, իսկ այս հոյակապ հրաշքին առաջնորդող պարագաներուն արմատը՝ բարութիւնը։ Ո՞վ կրնայ ըսել թէ Այծեմնիկ կեանքի պիտի յարուցուէր եթէ ան բարի գործերով եւ ողորմութիւններով լեցուած չըլլար, եթէ ան ողորմածութիւնով առատ չըլլար։ Ոչ միայն Այծեմնիկ եւ այդ որբեւարիները օրհնուեցան, այլ՝ անոր յարութեան հրաշքը ի փառս Աստուծոյ վկայութիւն մը տուաւ։ Այո, «այս բանը բոլոր Յոպպէի մէջ իմացուեցաւ ու շատեր Տէրոջը հաւատացին»։ (Գործք 9։42) Ներկայիս ալ վեհանձն Քրիստոնեայ կիներ բարի գործերով լեցուն են, թերեւս իրենց հաւատակիցներուն հագուստ կարելով, մեր մէջ գտնուող տարեցներուն ճաշ եփելով, ուրիշներուն հիւրասիրութիւն մատուցանելով։ (Ա. Տիմոթէոս 5։9, 10) Ասիկա ի՜նչ վկայութիւն մըն է դիտողներուն համար։ Մանաւանդ որքա՜ն ուրախ ենք որ աստուածապաշտութիւնը եւ ողորմածութիւնը կը մղեն այս ‘կիներու հսկայ բանակը բարի լուրը տալ’ու, ի փառս մեր Եհովա Աստուծոյ։—Սաղմոս 68։11

Շարունակենք Ողորմածութեան Ետեւէ Ըլլալ

17. Առակաց 21։21–ը ի՞նչ կ’ըսէ, եւ այս խօսքերը ինչպէ՞ս կը կիրարկուին աստուածապաշտ անհատներու։

17 Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ բոլոր փափաքողները ողորմածութեան ետեւէ պէտք է ըլլան։ «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը [ետեւէ եղողը (ՆԱ)] կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ», կ’ըսէ խոհեմ առակ մը։ (Առակաց 21։21) Աստուածապաշտ անհատ մը Աստուծոյ արդարութեան ետեւէ կ’ըլլայ, միշտ աստուածային չափանիշներով առաջնորդուելով։ (Մատթէոս 6։33) Ան յարատեւաբար հաւատարիմ սէր, կամ ողորմածութիւն կը ցուցաբերէ ուրիշներուն հանդէպ նիւթական եւ մանաւանդ հոգեւոր կերպերով։ Այսպիսով ան արդարութիւն կը գտնէ, քանի որ Եհովայի հոգին կ’օգնէ իրեն արդար կերպով մը ապրելու։ Իրականութեան մէջ, ան ‘արդարութիւն կը հագնի’, աստուածապաշտ Յոբին նման։ (Յոբայ 29։14) Այսպիսի անհատ մը իր անձնական փառքը չի փնտռեր։ (Առակաց 25։27) Այսուհանդերձ, ան կը ստանայ այն փառքը զոր Եհովա կը թոյլատրէ. թերեւս յարգանքի ձեւով զոր կը ցուցաբերեն իր հաւատակիցները, երբ Աստուած կը մղէ որ անոնք բարութեամբ վարուին իրեն հանդէպ, քանի որ ինքն ալ անոնց հանդէպ ողորմած կը գտնուի։ Ասկէ զատ, հաւատարմօրէն Աստուծոյ կամքը կատարողները կեանք պիտի գտնեն, ոչ թէ քանի մը կարճ տարիներու, այլ՝ յաւիտենական։

18. Ինչո՞ւ ողորմածութեան ետեւէ պէտք է ըլլանք։

18 Ուստի, բոլորս որ Եհովան կը սիրենք, շարունակենք ողորմածութեան ետեւէ ըլլալ։ Այս յատկութիւնը մեզի սիրելի կը դարձնէ թէ՛ Եհովայի եւ թէ ուրիշներուն։ Անիկա հիւրասիրութեան կը մղէ եւ մեզ նկատառու կը դարձնէ։ Բարութիւնը ընտանեկան շրջանակէն եւ Քրիստոնէական ժողովքէն ներս եղող կապերը կը զօրացնէ։ Ողորմածութիւն ցուցաբերող կիները մեծապէս կը գնահատուին եւ կը յարգուին։ Իսկ այս հոյակապ յատկութեան ետեւէ բոլոր եղողները ողորմածութեան Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ փառք կը բերեն։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Աբրահամ ինչպէ՞ս բարութիւն ցուցաբերելու մէջ օրինակելի էր։

◻ Ռախաբի պարագան մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ բարութեան վարձահատոյց ըլլալուն մասին։

◻ Փիլիպպէի ժողովքը ինչպէ՞ս բարութիւն ցուցաբերեց։

◻ Այսօր ալ, վեհանձն Քրիստոնեայ կիներ ինչպէ՞ս բարի գործերով լեցուն են։

◻ Ինչո՞ւ Ողորմածութեան ետեւէ պէտք է ըլլանք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել