Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 11/1 էջ 14-19
  • «Մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրօնական Հեղինակութիւններու Կողմէ Հակառակութիւն
  • Անձնասիրութիւն եւ Հպարտութիւն
  • ‘Խաւարէն Կանչուած’
  • ‘Աստուծոյ Քով Խաւար Չկայ’
  • Նոր Անձնաւորութիւնը
  • «Քու Լոյսովդ Լոյս Պիտի Տեսնենք»
  • Աստուածային լոյսը կը փարատէ խաւարը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • «Լոյսը աշխարհ եկաւ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • ‘Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 11/1 էջ 14-19

«Մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը

«Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 13։12

1, 2. Առաջին դարու Հրեաներէն շատեր ի՞նչ ընդառաջում ցոյց տուին լոյսին հանդէպ, եւ ասիկա հակառակ ի՞նչ առաւելութիւններու։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ «ճշմարիտ լոյսն է, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ»։ (Յովհաննու 1։9) Երբ ան որպէս Մեսիա եկաւ Հ.Դ. 29–ին, ան ներկայացաւ ազգի մը որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր Իր վկաները ըլլալու եւ որպէս այդ, անոնք առ նուազն անունով Եհովայի նուիրուած էին։ (Եսայեայ 43։10) Իսրայելացիներէն շատեր Մեսիային կը սպասէին եւ անոնցմէ ոմանք գիտէին զինք բնորոշող կարգ մը մարգարէութիւններ։ Ասկէ զատ, Յիսուս Պաղեստինի բոլոր շրջաններուն մէջ քարոզեց, բազմութեան աչքին առջեւ հրաշքներ կատարելով։ Ամբոխը կը խուժէր զինք ունկնդրելու համար եւ անոնք իրենց տեսածով եւ լսածով կը տպաւորուէին։—Մատթէոս 4։23–25. 7։28, 29. 9։32–36. Յովհաննու 7։31

2 Սակայն վերջ ի վերջոյ, Հրեաներուն մեծամասնութիւնը զինք մերժեց։ Յովհաննու Աւետարանը կ’ըսէ. «Իրենններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին»։ (Յովհաննու 1։11) Ինչո՞ւ արդեօք։ Այս հարցումին պատասխանը պիտի օգնէ մեզի որ մենք ալ չկրկնենք նոյն սխալը։ Անիկա մեզի պիտի օգնէ որ «մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը», որպէսզի առաջին դարուն Իսրայէլ ազգին նման, աննպաստ դատաստան չստանանք։—Հռովմայեցիս 13։12. Ղուկաս 19։43, 44

Կրօնական Հեղինակութիւններու Կողմէ Հակառակութիւն

3. Ի՞նչ կերպով Հրեայ կրօնական առաջնորդներ փաստեցին «կոյր առաջնորդներ» ըլլալ։

3 Իսրայէլի մէջ, լոյսը մերժելու մէջ առաջնակարգ տեղը կը գրաւէին կրօնական առաջնորդները։ Հակառակ անոր որ ուսուցիչներ՝ «օրինականներ» էին, անոնք ժողովուրդին օրէնսդրութիւն մը պարտադրած էին որ յաճախ հակառակ էր Աստուծոյ Օրէնքին։ (Ղուկաս 11։45, 46) Այս կերպով անոնք ‘Աստուծոյ խօսքը խափանած էին իրենց աւանդութիւններուն պատճառով’։ (Մարկոս 7։13. Մատթէոս 23։16, 23, 24) Անոնք «կոյր առաջնորդներ» էին եւ լոյսը փայլելուն արգելք կ’ըլլային։—Մատթէոս 15։14

4, 5. (ա) Փարիսեցիները ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցան, երբ կարգ մը Հրեաներ սկսան հարց տալ թէ արդեօք Յիսուս Մեսիա՞ն էր։ (բ) Փարիսեցիները սրտի ի՞նչ գէշ վիճակ մը ցոյց տուին։

4 Առիթով մը, երբ շատ մը Իսրայելացիներ իրենք իրենց հարց կու տային թէ արդեօք Յիսուս Քրիստո՞սն է, ահաբեկուած Փարիսեցիները սպասաւորներ ղրկեցին որպէսզի ձերբակալեն զինք։ Սպասաւորները ձեռնունայն վերադարձան, ըսելով. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ Առանց զգացուելու, Փարիսեցիները հարցուցին սպասաւորներուն. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։ Սէնէտրիոնի անդամներէն մէկը՝ Նիկոդէմոս, բողոքեց որ անօրէն բան մըն է անհատ մը դատել առանց զինք ունկնդրելու։ Փարիսեցիները չարամտութեամբ անոր դէմ ելան եւ ըսին. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։—Յովհաննու 7։46–52

5 Աստուծոյ նուիրուած ազգին կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ այսպէս վարուեցան։ Քանի որ սրտի գէշ վիճակ մը զարգացուցած էին։ (Մատթէոս 12։34) Ռամիկ ժողովուրդին հանդէպ անոնց ունեցած արհամարհական կեցուածքը իրենց ամբարտաւանութիւնը կը մատնէր։ «Փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր» արտայայտութեամբ, անոնք սնապարծ ենթադրում մը կ’ընէին թէ Մեսիան իրական կրնար ըլլալ, միա՛յն իրենց հաւանութեամբ։ Ասկէ զատ, անոնք անպարկեշտ էին, քանի որ կը ջանային Յիսուսը վարկաբեկել, որովհետեւ ան Գալիլիայէն էր, մինչդեռ ամենադոյցզն փնտռտուքն իսկ կրնար յայտնել թէ ան իրապէս Բեթլէհէմ ծնած էր, Մեսիայի ծնունդին մարգարէացուած վայրը։—Միքիա 5։2. Մատթէոս 2։1

6, 7. (ա) Կրօնական առաջնորդները ինչպէ՞ս հակազդեցին Ղազարոսի յարութեան։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ կրօնական առաջնորդներուն խաւարի հանդէպ ունեցած սէրը քօղազերծելով։

6 Լոյսին հանդէպ այս կրօնական առաջնորդներուն հակառակորդութիւնը փաստացիօրէն ցոյց տրուեցաւ, երբ Յիսուս յարուցանեց Ղազարոսը։ Աստուածավախ անհատի մը համար, այսպիսի արարք մը փաստ մըն էր թէ Եհովա թիկունք կը կանգնէր Յիսուսի։ Սակայն, կրօնական առաջնորդները ասոր մէջ միայն իրենց դիրքին նկատմամբ սպառնալիք մը տեսան։ Անոնք ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։ (Յովհաննու 11։44, 47, 48) Ուստի, անոնք խորհուրդ ըրին որ սպաննեն թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը, յուսալով այս կերպով լոյսը մարել։—Յովհաննու 11։53, 54. 12։9, 10

7 Ուստի, Աստուծոյ ազգին կրօնական առաջնորդները լոյսէն հեռացած էին իրենց ամբարտաւանութեան, հպարտութեան, մտային անպարկեշտութեան եւ չափազանց անձնաշահութեան պատճառով։ Իր ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս իրենց յանցանքը մերկացուց, ըսելով. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն»։—Մատթէոս 23։13

Անձնասիրութիւն եւ Հպարտութիւն

8. Նազարէթի մէջ ո՞ր դէպքը ցոյց տուաւ հոն գտնուող կարգ մը մարդոց սրտի գէշ վիճակը։

8 Առաջին դարու Հրեայ ժողովուրդը, սրտի գէշ վիճակի պատճառաւ լոյսը մերժելով, ընդհանուր առմամբ իր կրօնական առաջնորդները արտացոլացուց։ Օրինակ մը առնենք. առիթով մը Յիսուս հրաւիրուեցաւ որպէսզի Նազարէթի ժողովարաններէն մէկուն մէջ խօսի։ Ան Եսայեայէն հատուած մը կարդաց ու ապա մեկնեց զայն։ Ժողովքը նախ մտիկ ըրաւ իրեն, բայց երբ ան պատմական բաղդատութիւն մը ըրաւ, իրենց անձնասիրութիւնը եւ հաւատքի պակասը երեւան հանելով, անոնք զայրացան եւ փորձեցին սպաննել զինք։ (Ղուկաս 4։16–30) Հպարտութիւնը՝ նկարագրի ուրիշ գէշ գիծերու հետ շաղուած՝ արգելք հանդիսացաւ որ անոնք պատշաճօրէն ընդառաջեն լոյսին։

9. Շատ մը Գալիլիացիներու ունեցած սխալ շարժառիթը ինչպէ՞ս երեւան եկաւ։

9 Ուրիշ առիթով մը, Գալիլիոյ Ծովուն մօտերը, Յիսուս հրաշքով բազմութիւն մը կերակրեց։ Այս հրաշքին ականատեսները, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ (Յովհաննու 6։10–14) Երբ Յիսուս նաւակով ուրիշ վայր մը գնաց, բազմութիւնը հետեւեցաւ իրեն։ Բայց Յիսուս գիտցաւ որ անոնցմէ շատերը, լոյսի հանդէպ սէրէ մղուած չէր որ իրեն կը հետեւէին։ Ուստի ըսաւ անոնց. «Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար որ հացերէն կերաք ու կշտացաք»։ (Յովհաննու 6։26) Այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը շուտով փաստուեցաւ, երբ իրեն հետեւողներէն շատեր ետ աշխարհի դարձան։ (Յովհաննու 6։67) ‘Ի՞նչ պիտի շահիմ’–ի անձնասէր կեցուածքը, լոյսը խափանեց։

10. Հեթանոսներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցաւ լոյսին հանդէպ։

10 Յիսուսի մահուընէ եւ յարութենէն ետք, հաւատացեալ Հրեաները շարունակեցին այս լոյսը տանիլ Հրէական աշխարհի ուրիշ անդամներուն, բայց քիչեր ընդունեցին զայն։ Հետեւաբար, որպէս ‘հեթանոսներուն լոյս’ ծառայող Պօղոս առաքեալ եւ ուրիշներ, բարի լուրը ուրիշ երկիրներ տարածեցին։ (Գործք 13։44–47) Հրեայ չեղող շատեր ընդառաջեցին, բայց Պօղոս կը բացատրէ ընդհանուր հակազդեցութիւնը, ըսելով. «Մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը ... [պատգամ մը որ] Հրեաներուն գայթակղութիւն ու Յոյներուն յիմարութիւն է»։ (Ա. Կորնթացիս 1։22, 23) Հրեայ չեղողներէն շատեր լոյսը մերժեցին, քանի որ հեթանոսական նախապաշարումներէ կամ աշխարհային փիլիսոփայութիւններէ կուրացած էին։—Գործք 14։8–13. 17։32. 19։23–28

‘Խաւարէն Կանչուած’

11, 12. Առաջին դարուն, որո՞նք ընդառաջեցին լոյսին, իսկ ներկայիս որո՞նք կ’ընդառաջեն։

11 Առաջին դարուն, հակառակ ընդհանուր անտարբերութեան, բազմաթիւ արդարամիտ անհատներ ‘խաւարէն՝ Աստուծոյ սքանչելի լոյսին կանչուեցան’։ (Ա. Պետրոս 2։9) Անոնց մասին Յովհաննէս առաքեալ կը գրէ. «Որոնք որ զինք [Քրիստոսը] ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը»։ (Յովհաննու 1։12) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, լոյսը սիրողները սուրբ հոգիով մկրտուեցան եւ Աստուծոյ որդիները եղան, երկնային Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի հետ իշխելու յոյսը ունենալով։

12 Մեր օրերուն, Աստուծոյ օծեալ որդիներուն վերջին անդամները հաւաքուած են եւ կատարելով Դանիէլի մարգարէութիւնը, անոնք ‘երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս կը փայլին, շատերը արդարութեան առաջնորդելով’։ (Դանիէլ 12։3) Անոնք այդքան փայլեցուցած են իրենց լոյսը, որ չորս միլիոնէ աւելի «ուրիշ ոչխարներ» ճշմարտութեամբ հրապուրուած եւ Աստուծոյ կողմէ արդար յայտարարուած են։ (Յովհաննու 10։16) Ասոնք իրենց կարգին, համայն աշխարհի մէջ այդ լոյսը կ’արտացոլացնեն, այնպէս որ հիմա այդ լոյսը որեւէ ատենէ աւելի կը փայլի։ Առաջին դարուն նման, մեր օրերուն ալ, «խաւարը զանիկա [լոյսը] չճանչցաւ [չնուաճեց]»։—Յովհաննու 1։5

‘Աստուծոյ Քով Խաւար Չկայ’

13. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ ազդարարութիւն տուած է մեզի։

13 Սակայն, բնաւ պէտք չէ մոռնանք Յովհաննէս առաքեալին ազդարարութիւնը. «Ասիկա է այն պատգամը որ իրմէ լսեցինք ու ձեզի կ’իմացնենք, թէ՝ Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ։ Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտըտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր»։ (Ա. Յովհաննու 1։5, 6) Որոշ է ուրեմն, որ Քրիստոնեաներն ալ կրնան Հրեաներուն ինկած նոյն ծուղակին մէջ իյնալ. անունով Աստուծոյ վկաներ ըլլալ, բայց՝ խաւարի գործեր արտադրել։

14, 15. Խաւարի ի՞նչ գործեր ի յայտ եկան առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքին մէջ եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

14 Արդարեւ, ասիկա առաջին դարուն պատահեցաւ։ Կը կարդանք Կորնթոսի մէջ գոյութիւն ունեցող լուրջ երկպառակութիւններու մասին։ (Ա. Կորնթացիս 1։10–17) Յովհաննէս առաքեալ կարիքը զգաց օծեալ Քրիստոնեաներուն զգուշացնելու որ իրար չատեն, իսկ Յակոբոս պէտքը տեսաւ ոմանց խրատելու որ աղքատներէն աւելի չպատուեն հարուստները։ (Յակոբու 2։2–4. Ա. Յովհաննու 2։9, 10. Գ. Յովհաննու 11, 12) Ասկէ զատ, երբ Յիսուս Փոքր Ասիոյ եօթը ժողովքները աչքէ անցուց, ինչպէս կը տեսնուի Յայտնութիւն գրքին մէջ, ան տեսաւ որ խաւարի գործեր՝ հաւատուրացութիւն, կռապաշտութիւն, անբարոյութիւն եւ նիւթապաշտութիւն սպրդած էին անոնց մէջ։ (Յայտնութիւն 2։4, 14, 15, 20–23. 3։1, 15–17) Քրիստոնէական ժողովքի սկզբնական օրերուն, ոմանք այս կերպով լոյսը ձգած էին. ոմանք վտարուած, իսկ ուրիշներ պարզապէս «դուրսի խաւար»էն տարուած էին։—Մատթէոս 20։30. Փիլիպպեցիս 3։18. Եբրայեցիս 2։1. Բ. Յովհաննու 8–11

15 Առաջին դարու այս բոլոր տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան թէ ինչպէս տարբեր կերպերով Սատանայի աշխարհին խաւարը կրնայ թափանցել անհատապէս Քրիստոնեաներու, կամ ամբողջ ժողովքի մը մտածելակերպէն ներս։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք որ այսպիսի բան մը բնաւ չպատահի մեզի։ Ինչպէ՞ս կրնանք ընել ասիկա։

Նոր Անձնաւորութիւնը

16. Պօղոս ի՞նչ ողջախոհ խրատ մը տուաւ Եփեսացիներուն։

16 Պօղոս յորդորեց Եփեսացիները որ այլեւս իրենց ‘իմացականութիւնը խաւարած եւ Աստուծոյ կեանքէն օտարացած չըլլան’։ Այդ խաւարին չվերադառնալու համար, անոնք լոյսին պատկանող սրտի վիճակ մը պէտք էր զարգացնէին։ Պօղոս ըսաւ. ‘Ձեր վրայէն հանեցէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւներով ապականուած էր, եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուած նոր մարդը ձեր վրայ հագէք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։—Եփեսացիս 4։18, 22–24

17. Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ խաւարին վերադառնալէ։

17 Պօղոս հոս կը խօսի հիմնական վիրաբուժում մը կատարելու մասին. կտրել ինչ որ նախապէս մեր մէկ մասն էր՝ մեր նախկին անձնաւորութիւնը՝ թոյլ տալով որ բոլորովին նոր հոգի մը զարգացնենք, ‘մեր միտքը նորոգելու’ համար։ Իսկ ան ոչ թէ նոր հետաքրքրուած անհատներու կը խօսէր, այլ՝ մկրտուած Քրիստոնեաներու։ Մեր անձնաւորութեան փոփոխութիւնը մկրտութեամբ վերջ չի գտներ։ Ան շարունակական արարք մըն է։ Եթէ դադրինք նոր անձնաւորութիւնը մշակելէ, շատ հաւանաբար հինը դարձեալ իր գլուխը պիտի ցցէ, իր հպարտութեամբ, ամբարտաւանութեամբ եւ եսասիրութեամբ։ (Ծննդոց 8։21. Հռովմայեցիս 7։21–25) Ասիկա կրնայ մեզ վերադարձնել խաւարի գործերուն։

«Քու Լոյսովդ Լոյս Պիտի Տեսնենք»

18, 19. Յիսուս եւ Պօղոս ինչպէ՞ս նկարագրեցին «լոյսի որդիներ»ը ճանչնալու կերպը։

18 Յիշեցէք որ մեր յաւիտենական կեանքի հասնիլը կախեալ է Աստուծմէ նպաստաւոր վճիռ մը ստանալէ, վճիռ մը որ հիմնուած է թէ ո՛րքանով լոյսը կը սիրենք։ Այս վերջին իրողութեան ակնարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէսզի իր գործերը չյանդիմանուին։ Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։—Յովհաննու 3։19–21

19 Պօղոս ալ պաշտպանեց այս միտքը, երբ Եփեսացիներուն գրեց. «Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք. վասնզի հոգիին պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է»։ (Եփեսացիս 5։8, 9) Ուստի, մեր գործերը ցոյց կու տան թէ մենք լոյսի՞ թէ խաւարի որդիներ ենք։ Բայց շիտակ գործերը կրնան բխիլ միայն լաւ սրտէ մը։ Անոր համար պէտք է հսկենք մեր սրտին, մեր անձնաւորութիւնը նորոգելու կարիքին գիտակցելով եւ մեր միտքը դրդող հոգիին ուշադիր ըլլալով։—Առակաց 4։23

20, 21. (ա) Քրիստոնէական ընտանիքներուն մէջ ծնած զաւակները ի՞նչ դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուին։ (բ) Քրիստոնեայ ծնողներուն բոլոր զաւակները ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։

20 Կարգ մը պարագաներու, ասիկա իրապէս մեծ հարց մը եղած է Եհովայի նուիրուած Վկաներու զաւակներուն համար։ Ինչո՞ւ։ Ճիշդ է որ այս զաւակները հոյակապ օրհնութիւն մը կը վայելեն։ Ճշմարտութիւնը իրենց մանուկ հասակէն գիտնալով, անոնք նախ Սատանայի աշխարհին խաւարը ճանչնալու փորձառութեան կարիքը բնաւ չունին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Իսկ միւս կողմէ, այս դրութեան մէջ գտնուող կարգ մը զաւակներ, ճշմարտութիւնը թեթեւի կ’առնեն եւ բնաւ իրապէս չեն սիրեր լոյսը։ Առաջին դարուն, շատ մը Հրեաներուն վիճակը այս էր։ Անոնք Եհովայի նուիրուած ազգի մը մէջ մեծցած էին եւ որոշ չափով ճշմարտութեան գիտութիւնը ունէին։ Բայց ճշմարտութիւնը իրենց սրտերուն մէջ իջած չէր։—Մատթէոս 15։8, 9

21 Քրիստոնեայ ծնողները Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու են իրենց զաւակները լոյսի մէջ մեծցնելու։ (Բ. Օրինաց 6։4–9. Եփեսացիս 6։4) Վերջ ի վերջոյ սակայն, զաւակը ինք լոյսը խաւարէն աւելի պէտք է սիրէ։ Ան ճշմարտութեան լոյսը իր անձնականը պէտք է ընէ։ Մինչ կը մեծնայ, Սատանայի աշխարհին կարգ մը երեսակները կրնան իրեն գրաւիչ թուիլ։ Իր նմաններուն անհոգ կամ անպատասխանատու ապրելակերպը կրնայ զինք ոգեւորել։ Դպրոցին մէջ ուսուցուած սկեպտիկութիւնը կրնայ հրապուրիչ գտնել։ Բայց ան բնաւ պէտք չէ մոռնայ որ լոյսէն դուրս, ‘խաւարը կը ծածկէ երկիրը’։ (Եսայեայ 60։2) Վերջապէս, այս խաւարացած աշխարհը, հրամցնելիք լաւ բան մը չունի։—Ա. Յովհաննու 2։15–17

22. Եհովա հիմա ինչպէ՞ս կ’օրհնէ լոյսի եկողները եւ ինչպէ՞ս պիտի օրհնէ զանոնք ապագային։

22 Դաւիթ Թագաւոր գրեց. «Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է [Եհովա]. քու լոյսովդ լոյս պիտի տեսնենք։ Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ»։ (Սաղմոս 36։9, 10) Անոնք որ լոյսը կը սիրեն, Եհովան կրնան ճանչնալ, եւ ասիկա իրենց համար կեանք կրնայ նշանակել։ (Յովհաննու 17։3) Եհովա իր ողորմութեամբ անոնց թիկունք կը կանգնի հիմա, իսկ երբ մեծ նեղութիւնը հարուածէ, զիրենք նոր աշխարհ պիտի առաջնորդէ։ Այսպիսի փորձառութիւն մը կրնանք ունենալ, եթէ հիմա Սատանայի աշխարհի խաւար գործերը մերժենք։ Նոր աշխարհին մէջ, մարդկութիւնը Դրախտին մէջ կատարեալ կեանք մը պիտի վերագտնէ։ (Յայտնութիւն 21։3–5) Անոնք որոնք այն ատեն նպաստաւոր վճիռ մը կը ստանան, յաւիտեան Եհովայի լոյսին շողերը վայելելու ակնկալութիւնը պիտի ունենան։ Ի՜նչ փառաւոր հեռանկար մը։ Իսկ ի՜նչ հզօր պատճառ մըն է մեզ դրդելու որ «մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը»։—Հռովմայեցիս 13։12

Կը Յիշէ՞ք

◻ Յիսուսի օրերուն, Հրեաներէն շատերը ինչո՞ւ լոյսը մերժեցին։

◻ Արդի ժամանակներուն, լոյսը ո՞ր տարողութեամբ փայլած է։

◻ Առաջին դարու օրինակները, անձնասիրութեան եւ հպարտութեան ի՞նչ ազդարութիւններ կը հայթայթեն։

◻ Ի՞նչ բան անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզենք լոյսին մէջ մնալ։

◻ Ի՞նչ օրհնութիւններ վերապահուած են լոյսը սիրողներուն։

[Նկար՝ էջ 14]

Յիսուսի օրուան Հրեաներու մեծամասնութիւնը չընդառաջեցին լոյսին

[Նկարներ՝ էջ 17]

Տասնեակ տարիներէ ի վեր, աշակերտելու համար լոյսը սփռելու շատ մը կերպեր գործածուած են

[Նկար՝ էջ 18]

‘Հին մարդը ձեր վրայէն հանեցէք ու նոր մարդը ձեր վրայ հագէք’

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել