Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/11 էջ 1
  • «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Ձեր Լոյսը Փայլեցուցէք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Մեր Լոյսը Շարունակաբար Փայլեցնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • ‘Լոյսդ թող փայլի’ Եհովային փառքին համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Աստուածային լոյսը կը փարատէ խաւարը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
թծ 5/11 էջ 1

«Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»

1. Ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

1 Արեւածագէն մինչեւ արեւամուտ, լոյսին գեղեցկութիւնը Եհովա Աստուծոյ փառաբանութիւն կը բերէ։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս իր աշակերտները հրաւիրեց, որ տարբեր տեսակի լոյս ունենան,– «կենաց լոյսը» (Յովհ. 8։12)։ Այս հոգեւոր լուսաւորումը ունենալը մասնաւոր առանձնաշնորհում մըն է, որ լուրջ պատասխանատուութիւններ կ’ընդգրկէ։ Յիսուս պատուիրեց. «Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ», որպէսզի ուրիշները օգտուին (Մատ. 5։16)։ Ներկայ հոգեւոր թանձր խաւարին ի տես, այս լոյսը պէտք է հաղորդուի, եւ կարիքը որեւէ ժամանակէ աւելի հրատապ է։ Քրիստոսին նման, ինչպէ՞ս կրնանք մեր լոյսը փայլեցնել։

2. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ հոգեւոր լոյսը հաղորդելու կարեւորութիւնը։

2 Քարոզելով։ Յիսուս իր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները գործածեց, ճշմարտութեան լոյսը մարդոց ճանչցնելու համար՝ ո՛ւր որ ալ գտնուէին,– իրենց տան մէջ, հրապարակները, լերան լանջին. . . ։ Ան իսկական հոգեւոր լուսաւորում տալուն մնայուն արժէքին գիտակցեցաւ (Յովհ. 12։46)։ Աւելի շատ մարդոց հասնելու համար, Յիսուս իր աշակերտները պատրաստեց, որպէսզի «աշխարհի լոյսը» ըլլան (Մատ. 5։14)։ Անոնք իրենց լոյսը փայլեցուցին, իրենց դրացիներուն բարիք ընելով եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ հաղորդելով։

3. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ ճշմարտութեան լոյսը խորապէս կը գնահատենք։

3 Աստուծոյ ժողովուրդը լուրջի կ’առնէ «լոյսի որդիներու պէս քալել»ու պատասխանատուութիւնը, եւ անոնք ամէնուրեք մարդոց կը քարոզեն (Եփ. 5։8)։ Աշխատավայրը կամ դպրոցը՝ դադարին ընթացքին, ուրիշներու առջեւ պարզապէս Աստուածաշունչը կամ աստուածաշնչական հրատարակութիւն մը կարդալը կրնայ ճամբան հարթել հոգեւոր խօսակցութեան։ Այս կերպով քրիստոնեայ պատանուհի մը սկսաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը եւ գիրքեր տուաւ 12 դասընկերներու։

4. Մեր լոյսը փայլեցնելը ինչո՞ւ օրինակելի վարք կը պարփակէ։

4 Ընտիր գործերով։ Մեր լոյսը փայլեցնելը նաեւ կը պարփակէ մեր առօրեայ վարքը (Եփ. 5։9)։ Աշխատավայրը, դպրոցէն ներս եւ այլ հանրային վայրերը, քրիստոնէական վարքը աչքի կը զարնէ եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ հաղորդելու պատեհութիւն կ’ընծայէ (Ա. Պետ. 2։12)։ Օրինակ՝ հինգ տարեկան մանչի մը բարի վարքը մղեց ուսուցչուհին որ անոր ծնողքը կանչէ։ Ուսուցչուհին ըսաւ. «Բնաւ չեմ հանդիպած երեխայի մը, որ այսքան յստակ ըմբռնում ունի թէ ի՛նչ բան շիտակ է եւ ի՛նչ բան՝ սխալ»։ Արդարեւ, մեր ծառայութիւնը եւ ընտիր վարքը մարդիկը կը հրապուրեն «կենաց լոյս»ին ու փառաբանութիւն կը բերեն մեր Աստուծոյն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել