Ժուժկալութիւն—Ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է
«Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։5, 6
1. Ֆիզիքական ժուժկալութեան ի՞նչ յատկանշական ցուցադրութիւն մը տեղի ունեցաւ ԺԹ. դարուն։
ԱՆԿԱՍԿԱԾ, ֆիզիքական սանձահարումի ամենէն ապշեցուցիչ ցուցադրութիւններէն մէկը ըրաւ չարլզ Պլոնտին, ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն։ Ըստ տեղեկագրութեան մը, ան բազմաթիւ անգամներ Նիակարայի Ջրվէժը կտրեց. առաջին անգամ 1859–ին, 340 մեթր երկարութիւն եւ ջուրէն 50 մեթր բարձրութիւն ունեցող լարուած պարանի մը վրայ։ Անկէ ետք, ամէն անգամ իր ճարտարութեան տարբեր մէկ երեսակը ցոյց տուաւ. աչքերը կապուած, տոպրակի մը մէջ, ձեռնասայլի մը վրայ թաւալելով, ոտնացուպերու վրայ եւ կռնակը մարդ շալկելով։ Ուրիշ տեղ մը, ան ոտնացուպերուն վրայ գլխիվայր ցատկեց գետնէն 52 մեթր բարձրութիւն ունեցող լարուած չուանի մը վրայ։ Այսպիսի հաւասարակշռութիւն պահելը ֆիզիքական շատ մեծ ժուժկալութիւն կը պահանջէր։ Իր ջանքին որպէս վարձատրութիւն, Պլոնտին թէ՛ համբաւի եւ թէ հարստութեան տիրացաւ։
2. Ուրիշ ի՞նչ տեսակի գործունէութիւններ ֆիզիքական սանձահարում կը պահանջեն։
2 Թէեւ շատ քիչեր հազիւ կրնան ընդօրինակել այսպիսի ցուցադրութիւններ, սակայն արհեստավարժ հմտութիւններու կամ մարմնամարզանքի մէջ ֆիզիքական ժուժկալութիւն գործադրելու կարեւորութիւնը բացայայտ է բոլորիս։ Օրինակի համար, վերջերս համբաւ շահած դաշնակահար Վլատիմիր Հորովիցի տաղանդը նկարագրելով, երաժիշտ մը ըսաւ. «Զիս հմայողը ամբողջական սանձահարումի զգացումն էր ..., անհաւատալի ոյժի մը արտադրութեան զգացումը»։ Հորովիցի մասին ուրիշ տեղեկագրութիւն մը խօսեցաւ «ութ տասնամեակներէ ի վեր կատարելապէս սանձահարուած թռչող մատներ»ու մասին։
3. (ա) Սանձահարուելիք ամենէն դժուար կերպը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչպէ՞ս սահմանուած է։ (բ) Աստուածաշունչին մէջ «ժուժկալութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառին իմաստը ի՞նչ է։
3 Այսպիսի ճարտարութիւններ զարգացնելը հսկայական ջանք կը պահանջէ։ Սակայն, ասկէ աւելի կարեւորը եւ դժուարը՝ ժուժկալութիւնն է։ Անիկա սահմանուած է որպէս «մէկու մը մղումներուն, զգացումներուն կամ փափաքներուն վրայ ի գործ դրուած զսպում»։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, Բ. Պետրոս 1։6–ի մէջ եւ այլուր «ժուժկալութիւն» թարգմանուած բառը սահմանուած է որպէս «իր փափաքներուն եւ կիրքերուն, մանաւանդ հեշտասէր ախորժակին տիրապետողի մը առաքինութիւնը»։ Անհատական ժուժկալութիւնը նոյնիսկ կոչուած է «մարդկային իրագործման գագաթնակէտը»։
Ինչո՞ւ Ժուժկալութիւնը Այսքան Կարեւոր Է
4. Ժուժկալութեան պակասին գէշ պտուղները ի՞նչ եղած են։
4 Ժուժկալութեան պակասին հունձքը որքա՜ն մեծ եղած է։ Ներկայիս աշխարհի մէջ շատ մը դժուարութիւններուն գլխաւոր պատճառը ժուժկալութեան պակասն է։ Իրապէս, «վերջին օրեր»ուն, «չար ժամանակներ»ու մէջ կը գտնուինք։ Մարդիկ «անժուժկալ» են յաճախ ագահութեան պատճառաւ, որու երեսակներէն մէկն է «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» ըլլալը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Այս զգաստացնող ճշմարտութիւնը անձնապէս զգացած ենք ծառայութեան անցեալ տարուան ընթացքին, 40,000–է աւելի մոլորեալներու Քրիստոնէական ժողովքէն վտարուելէն, գլխաւորաբար լուրջ սխալ վարքի համար։ Ասոնց վրայ պէտք է աւելցուին այն բոլորը որոնք յանդիմանուած են, գլխաւորաբար սեռային անբարոյութեան համար, բայց այս բոլորը ժուժկալութիւն չգործադրելնուն պատճառաւ։ Նաեւ ցնցիչ է այն իրողութիւնը թէ տարիներէ ի վեր երէց եղողներէն ոմանք իրենց բոլոր առանձնաշնորհումները կորսնցուցին նոյն պատճառաւ։
5. Ժուժկալութեան կարեւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք օրինակով մը բացատրել։
5 Ժուժկալութեան կարեւորութիւնը կարելի է բացատրել ինքնաշարժով մը։ Անիկա չորս անիւներ ունի, որոնց շնորհիւ կը շարժի, ոյժ արտադրող զօրաւոր շարժակ մը, որ կրնայ այդ անիւները շատ արագ դարձնել, նաեւ՝ արգելակներ որոնք կրնան կեցնել զանոնք։ Սակայն, արկած կրնայ պատահիլ եթէ վարորդ մը չունենայ, որ որոշէ այդ անիւներուն ուր ուղղուիլը, անոնց որքան արագ դառնալը եւ անոնց երբ կանգ առնելը, հսկելով ղեկին, արագացուցիչին եւ արգելակներուն գործածութեան վրայ։
6. (ա) Սիրոյ մասին տրուած ո՞ր դատանիշերը կարելի է լաւ կերպով ժուժկալութեան կիրարկել։ (բ) Յաւելեալ ո՞ր խրատը ի մտի պէտք է ունենանք։
6 Դժուար պիտի ըլլար ժուժկալութեան կարեւորութիւնը չափէ դուրս շեշտել։ Ինչ որ Պօղոս առաքեալ Ա. Կորնթացիս 13։1–3–ի մէջ ըսաւ սիրոյ կարեւորութեան մասին, նոյնը կարելի է ըսել ժուժկալութեան մասին։ Որքա՛ն ալ ճարտար հանրային դասախօսներ ըլլանք, որքան ալ գիտութիւն եւ հաւատք ձեռք ձգած ըլլանք ուսումնասիրութեան լաւ սովորութեամբ, որքան ալ ուրիշներուն օգտին համար օգտակար գործեր ընենք, եթէ ժուժկալութիւն չգործադրենք, այդ բոլորը պարապ է։ Ի մտի պէտք է ունենանք Պօղոսի խօսքերը. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։ Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ [ժուժկալութիւն կը գործադրէ (ՆԱ)]»։ (Ա. Կորնթացիս 9։24, 25) Ա. Կորնթացիս 10։12–ի մէջ Պօղոսի տուած ազդարարութիւնը մեզի կ’օգնէ որ ժուժկալութիւն գործադրենք. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։
Ազդարարիչ Օրինակներ
7. (ա) Ժուժկալութեան պակասին պատճառաւ մարդկային ցեղը ինչպէ՞ս սկսաւ անկում կրել։ (բ) Աստուածաշունչը ժուժկալութեան պակասի ուրիշ ի՞նչ նախկին օրինակներ կու տայ մեզի։
7 Ադամ ժուժկալութիւն գործադրելու մէջ թերացաւ, քանի որ թոյլ տուաւ որ իր արարքները, փոխանակ տրամաբանութեամբ, զգացումներով կառավարուին։ Որպէս հետեւանք, «մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Առաջին սպանութիւնն ալ ժուժկալութեան պակասի պատճառաւ էր, քանի որ Եհովա Աստուած զգուշացուցած էր Կայէնը. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր ...։ Մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի»։ Քանի որ մեղքին չտիրապետեց, Կայէն իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննեց։ (Ծննդոց 4։6–12) Ղովտի կինն ալ ժուժկալութիւն գործադրելու մէջ թերացաւ։ Ան չկրցաւ ետ դառնալու փորձութեան դէմ դնել։ Իր ժուժկալութեան պակասը ի՞նչ արժեց իրեն։ Իր իսկ կեանքը։—Ծննդոց 19։17, 26
8. Վաղեմի ո՞ր երեք մարդոց օրինակները ժուժկալութիւն գործադրելու կարեւորութեան մասին մեզ կը զգուշացնեն։
8 Յակոբի անդրանիկ որդին՝ Ռուբէնը, իր անդրանկութեան իրաւունքը կորսնցուց իր ժուժկալութեան պակասին պատճառաւ։ Ան իր հօրը անկողինը սրբապղծեց, Յակոբի հարճերէն մէկուն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալով։ (Ծննդոց 35։22. 49։3, 4. Ա. Մնացորդաց 5։1) Քանի որ Մովսէս Իսրայելացիներու տրտունջներուն, գանգատներուն եւ ըմբոստութիւններուն դիմաց բարկացաւ, ան զրկուեցաւ Խոստացեալ Երկիրը մտնելու իր մեծագոյն փափաքէն։ (Թուոց 20։1–13. Բ. Օրինաց 32։50–52) Նոյնիսկ հաւատարիմ Դաւիթ Թագաւորը, որ ‘Աստուծոյ սրտին համեմատ մարդ մը’ն էր, շատ մեծ խնդիրներու մէջ ինկաւ առիթով մը, իր ժուժկալութեան պակասին պատճառաւ։ (Ա. Թագաւորաց 13։14. Բ. Թագաւորաց 12։7–14) Այս բոլոր օրինակները ժուժկալութիւն գործադրելուն կարեւորութեան մասին ողջախոհ ազդարարութիւններ են մեզի։
Ի՞նչ Բան Պէտք Է Սանձահարենք
9. Ժուժկալութեան կարեւորութիւնը ցոյց տուող կարգ մը համարները ի՞նչ են։
9 Նախ եւ առաջ, ժուժկալութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ մեր խորհուրդները եւ զգացումները։ Աստուածաշունչին մէջ, ասոնց յաճախ փոխաբերական իմաստով ակնարկուած է որպէս «սիրտ» եւ «երիկամունք»։ Մեր միտքը ի՛նչ բանի վրայ որ կեդրոնացնենք, անիկա Եհովայի հաճելի ըլլալու կա՛մ պիտի օգնէ եւ կամ արգելք պիտի հանդիսանայ։ Ժուժկալութեան կարիքը ունինք, եթէ Փիլիպպեցիս 4։8–ի խրատին ուշադրութիւն պիտի ընծայենք, ամէն բան ճշմարտութիւնով, մաքրութիւնով եւ առաքինութիւնով նկատի առնելու համար։ Սաղմոսերգու Դաւիթ, աղօթքի մը մէջ, նոյնանման զգացում մը արտայայտեց, ըսելով. «Սրտիս խորհուրդը քու առջեւդ ընդունելի [ըլլայ], ո՛վ Տէր, իմ Վէ՛մս ու Փրկի՛չս»։ (Սաղմոս 19։14) Տասներորդ պատուիրանը՝ դրացիի մը ունեցածին չցանկալը՝ կը պահանջէր որ անհատ մը իր խորհուրդները սանձէ։ (Ելից 20։17) Յիսուս շեշտեց մեր խորհուրդները եւ զգացումները սանձելու կարեւորութիւնը, երբ ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։—Մատթէոս 5։28
10. Աստուածաշունչի ո՞ր համարները մեր խօսակցութիւնը սանձելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն։
10 Ժուժկալութիւնը նաեւ կապ ունի մեր խօսքերուն եւ խօսակցութեան հետ։ Շատ համարներ կան, որոնք կը խրատեն որ մեր լեզուները զսպենք։ Օրինակի համար, «Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես, անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան»։ (Ժողովողի 5։2) «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է»։ (Առակաց 10։19) «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէսզի լսողներուն շնորհք տայ։ ... Ամէն ... աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ»։ Ապա Պօղոս կը շարունակէ խրատել որ մեզմէ վերցնենք յիմարական խօսքերը եւ խեղկատակութիւնները։—Եփեսացիս 4։29, 31. 5։3, 4
11. Լեզուն զսպելու հարցը ինչպէ՞ս ձեռք կ’առնէ Յակոբոս։
11 Յակոբոս, Յիսուսի կէս եղբայրը, կը դատապարտէ անսանձ խօսակցութիւնը եւ ցոյց կու տայ թէ որքան դժուար է լեզուն զսպել։ Ան կ’ըսէ. «Լեզուն պզտիկ անդամ մ’է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ։ Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը։ Լեզուն մեր անդամներուն մէջ այնպէս դրուած է, որ բոլոր մարմինը կ’ապականէ եւ բնութեան շրջանը կը բռնկեցնէ ու ինք գեհեանէն կը բռնկի։ Բոլոր գազաններուն ու թռչուններուն եւ սողուններուն ու ծովուն մէջ եղածներուն բնութիւնը կը նուաճուի եւ նուաճուած է մարդկութենէն։ Բայց մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն։ Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են։ Միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք։ Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ»։—Յակոբու 3։5–10
12, 13. Ի՞նչ են կարգ մը համարները որոնք մեր արարքները եւ վարքը սանձելու կարեւորութիւնը ցոյց կու տան։
12 Անշուշտ, արարքներն ալ ժուժկալութեան հետ առնչութիւն ունին։ Մեծագոյն մարզը որու մէջ ժուժկալութեան կարիքը ունինք, հակառակ սեռի պատկանողներուն հետ մեր յարաբերութեան մարզն է։ Քրիստոնեաներուն պատուիրուած է. «Սեռային անբարոյութենէ փախէ՛ք»։ (Ա. Կորնթացիս 6։18, Նոր Միջազգային Թարգմանութիւն։) Ամուսիններուն յորդոր կը տրուի որ իրենց սեռային հետաքրքրութիւնը միայն իրենց կնոջ սահմանափակեն, անոնց ըսուելով. «Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն»։ (Առակաց 5։15–20) Մեզի յստակօրէն ըսուած է թէ «Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Ամուրիութեան պարգեւը մշակողները մասնաւորաբար կարիքը ունին Ժուժկալութեան։—Մատթէոս 19։11, 12. Ա. Կորնթացիս 7։37
13 Ուրիշներուն հանդէպ մեր արարքներուն նկատմամբ ամբողջ հարցը Յիսուս ամփոփեց այն խօսքին մէջ, որ սովորաբար «Ոսկեղէն Կանոն» կ’ըսուի, ըսելով. «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։ (Մատթէոս 7։12) Իրապէս ժուժկալութիւն կը պահանջուի որպէսզի մեր անձնասէր հակումներուն, կամ դուրսի ճնշումներուն եւ փորձութիւններուն թոյլ չտանք ուրիշներուն հետ վարուելու այնպիսի կերպով մը որ չենք ուզեր որ անոնք վարուին մեզի հետ։
14. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ խրատ կու տայ ուտելու եւ խմելու առնչութեամբ։
14 Ապա կու գայ ուտելու եւ խմելու առնչութեամբ ժուժկալութեան հարցը։ Աստուծոյ Խօսքը իմաստուն կերպով կը խրատէ մեզի. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն»։ (Առակաց 23։20) Մասնաւորաբար մեր օրերուն մասին, Յիսուս զգուշացուց. «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի ... որոգայթի մը պէս»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Այո, ժուժկալութիւնը կը բովանդակէ մեր խորհուրդներն ու զգացումները, ինչպէս նաեւ մեր խօսքերն ու արարքները։
Ինչո՞ւ Ժուժկալութիւնը Այսքան Դժուար Է
15. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Սատանան իրապէս կը հակառակի որ Քրիստոնեաները ժուժկալութիւն գործադրեն։
15 Ժուժկալութիւնը ինքնաբերաբար չի գար, քանի որ, ինչպէս բոլոր Քրիստոնեաներն ալ գիտեն, երեք զօրաւոր ուժեր կան, որոնք արգելք կը հանդիսանան մեր ժուժկալութիւն գործադրելուն։ Անոնցմէ առաջինն է Սատանան եւ իր դեւերը։ Աստուածաշունչը ամէն կասկած կը վանէ անոնց իրականութեան մասին։ Ուստի, կը կարդանք որ «Սատանան» Յուդայի «ներսը մտաւ», Յիսուսը մատնելու երթալէն ճիշդ առաջ։ (Յովհաննու 13։27) Պետրոս առաքեալ հարցուց Անանիային. «Ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն սուրբ հոգիին սուտ խօսիս»։ (Գործք 5։3) Տեղին ըլլալով, Պետրոս առաքեալ նաեւ ազդարարեց. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասընզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։—Ա. Պետրոս 5։8
16. Ինչո՞ւ Քրիստոնեաները այս աշխարհի առնըչութեամբ ժուժկալութիւն պէտք է գործադրեն։
16 Ժուժկալութիւն գործադրելու իրենց ջանքերուն մէջ, Քրիստոնեաները նաեւ այս աշխարհին դէմ պէտք է պայքարին, որ «չարին»՝ Բանսարկու Սատանային «զօրութեան [ՆԱ]» ներքեւ է։ Այս առնչութեամբ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ Եթէ ժուժկալութիւն չգործադրենք եւ աշխարհը սիրելու որեւէ հակումի զօրաւոր կերպով չընդդիմանանք, անոր ազդեցութեան տակ պիտի ընկրկինք ատեն մը Պօղոսի գործակիցը եղած Դեմասի նման։—Ա. Յովհաննու 2։15–17. 5։19. Բ. Տիմոթէոս 4։10
17. Ժուժկալութեան առնչութեամբ, ի ծնէ ի՞նչ խնդիր ունինք։
17 Որպէս Քրիստոնեաներ, մեր ժառանգած մարմնաւոր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն դէմ յաջող կերպով պայքարելու համար ալ ժուժկալութեան կարիքը ունինք։ Չենք կրնար խուսափիլ այն իրողութենէն թէ «մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։ (Ծննդոց 8։21) Դաւիթ Թագաւորին նման, ‘անօրէնութիւնով ծնեցանք ու մեր մայրը մեղքով յղացաւ մեզ’։ (Սաղմոս 51։5) Նորածին մանուկ մը ժուժկալութենէն գաղափար մ’իսկ չունի։ Երբ ան բան մը ուզէ, կը ճչայ մինչեւ որ զայն ստանայ։ Մանկավարժական տեղեկագրութիւն մը կը նշէ. ‘Մանուկները չափահասներէն բոլորովին տարբեր կը տրամաբանեն։ Մանուկները ինքնակեդրոն են եւ յաճախ ամենէն տրամաբանական համոզումին հանդէպ՝ անդրդուելի, քանի որ անոնք չեն կրնար «իրենք զիրենք ուրիշի մը տեղը դնել»’։ Իրապէս, «մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է»։ Սակայն, «խրատի գաւազանը» գործածելով, ան աստիճանաբար կը սորվի թէ կարգ մը օրէնքներու պէտք է հնազանդի եւ թէ իր մէջ եղած անձնասիրութիւնը պէտք է սանձուի։—Առակաց 22։15
18. (ա) Ըստ Յիսուսի, այլաբանական սրտին մէջ ի՞նչ հակումներ կը բնակին։ (բ) Պօղոսի ո՞ր խօսքերը ցոյց կու տան թէ ան կը գիտակցէր ժուժկալութիւն գործադրելու խնդիրներուն։
18 Այո, մեր բնածին անձնասէր հակումները մեզի ասպարէզ կը կարդան, երբ ուզենք ժուժկալութիւն գործադրել։ Այս հակումները այլաբանական սրտին մէջ կը բնակին, որու մասին Յիսուս ըսաւ. «Վասնզի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ»։ (Մատթէոս 15։19) Անոր համար Պօղոս գրեց. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս բնակած է»։ (Հռովմայեցիս 7։19, 20) Սակայն, ասիկա պարտութիւն մը չէ, քանի որ Պօղոս նաեւ գրեց. «Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ»։ Իր մարմինը ճնշելը ժուժկալութիւն գործադրել կը պահանջէր։—Ա. Կորնթացիս 9։27
19. Պօղոս տեղին ըլլալով ինչո՞ւ կրնար ըսել թէ իր մարմինը կը ճնշէր։
19 Պօղոս տեղին ըլլալով կրնար ըսել թէ իր մարմինը կը ճնշէր, քանի որ ժուժկալութիւն գործադրելը ֆիզիքական շատ մը ազդակներով կը բարդանայ, ինչպէս արեան գերճնշում, ջղագրգռութիւն, անքնութիւն, գլխացաւեր, անմարսողութիւն, եւայլն։ Յաջորդ յօդուածով նկատի պիտի առնենք կարգ մը յատկութիւններ եւ օժանդակող բաներ որոնք ժուժկալութիւն գործադրելու մէջ մեզի պիտի նպաստեն։
Կը Վերյիշէ՞ք
◻ Ինչո՞ւ ժուժկալութիւնը կարեւոր է։
◻ Ժուժկալութեան պակասի պատճառաւ կորուստներ կրած կարգ մը անհատներու օրինակները յիշեցէք։
◻ Ո՞ր մարզերու մէջ ժուժկալութիւն պէտք է գործադրենք։
◻ Ո՞ր երեք թշնամիներ կը դժուարացնեն մեր ժուժկալութիւն գործադրելը։
[Նկար՝ էջ 10]
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Historical Pictures Service
[Նկար՝ էջ 12]
Քրիստոնեաները ժուժկալութիւն պէտք է գործադրեն ուտելու եւ խմելու առնչութեամբ
[Պատկետ էջ 13]
Ժուժկալութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ վնասակար բամբասանքէ ետ կենանք