Ժուժկալութեան պտուղը մշակենք
«Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5։22, 23
1. Որո՞նք ժուժկալութեան լաւագոյն օրինակները հանդիսացած են մեզի, եւ ո՞ր համարները ասիկա ցոյց կու տան։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ եւ Յիսուս Քրիստոս ժուժկալութեան լաւագոյն օրինակները հանդիսացած են։ Եդեմի պարտէզին մէջ մարդուն անհնազանդութենէն ի վեր, Եհովա շարունակած է այս յատկութիւնը գործադրել։ (Բաղդատել Եսայեայ 42։14)։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ինը անգամ կը կարդանք որ ան «երկայնամիտ» է։ (Ելից 34։6) Ասիկա ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Իսկ Աստուծոյ Որդին շատ մեծ ժուժկալութիւն գործադրեց, քանի որ «կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր»։ (Ա. Պետրոս 2։23) Հակառակ անոր որ Յիսուս կրնար իր երկնաւոր Հօրմէն խնդրել «տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ»ու օգնութիւնը։—Մատթէոս 26։53
2. Անկատար մարդոց ժուժկալութիւն ի գործ դնելու սուրբ գրային ի՞նչ գեղեցիկ օրինակներ ունինք։
2 Աստուածաշունչին մէջ ունինք ժուժկալութիւն ի գործ դրած անկատար մարդոց գեղեցիկ օրինակները։ Օրինակի համար, այս յատկութիւնը ցուցաբերեց նահապետ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ, իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած յատկանշական դէպքի մը ընթացքին։ Յովսէփ մեծ ժուժկալութիւն գործադրեց, երբ Պետափրէսի կինը ջանաց հրապուրել զինք։ (Ծննդոց 39։7–9) Կար նաեւ չորս Եբրայեցի երիտասարդներուն օրինակը, որոնք ժուժկալութիւն գործադրեցին մերժելով Բաբելոնացի թագաւորին համադամ ճաշերը, քանի որ Մովսիսական Օրէնքը կ’արգիլէր զանոնք։—Դանիէլ 1։8–17
3. Որո՞նց լաւ վարքը աչքի զարկած է, եւ ըստ ո՞ր վկայութեան։
3 Ժուժկալութեան այժմէական օրինակներու համար, կրնանք նշել Եհովայի ընդհանուր Վկաները։ Անոնք կ’արժանանան Նոր Կաթողիկէ Համայնագիտարանին [Անգլ.] տուած գովասանքին, թէ անոնք «աշխարհի ամենէն կրթուած խմբակներն են»։ Ֆիլիբբինի համալսարանի դասախօս մը նշեց որ «Վկաները բարեպաշտութեամբ ի գործ կը դնեն ի՛նչ որ կը սորվին Աստուածաշունչէն»։ 1989–ին Վարշաւիոյ մէջ Վկաներուն համաժողովին մասին Լեհ լրագրող մը գրեց. «55,000 անհատներ երեք օրուան ընթացքին մէ՛կ ծխախոտ անգամ չգործածեցին։ ... Այս գերմարդկային կրթութիւնը ակնածանքով լի հիացմունքով տպաւորեց զիս»։
Աստուծմէ Վախնանք եւ Չարութիւնը Ատենք
4. Ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մեծագոյն օժանդակութիւններէն մէկը ի՞նչ է։
4 Ժուժկալութիւն մշակելու մեծագոյն օժանդակութիւններէն մէկն է Աստուծոյ վախը, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը տհաճեցնելու առողջ երկիւղը։ Աստուածաշունչը այս վախը շատ անգամ կը յիշէ, ցոյց տալով որ Աստուծոյ հանդէպ այս ակնածանքը որքան կարեւոր պէտք է ըլլայ մեզի համար։ Երբ Աբրահամ իր որդին Իսահակը զոհելու վրայ էր, Աստուած ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինծմէ չխնայեցիր»։ (Ծննդոց 22։12) Զգացական ճնշումը անկասկած իր բարձրակէտին հասած ըլլալով, շատ մեծ ժուժկալութիւն պահանջած ըլլալու էր որ Աբրահամ Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելով իր դանակը բարձրացնէր իր սիրելի որդին՝ Իսահակը զոհելու համար։ Այո, Աստուծոյ վախը պիտի օգնէ մեզի որ ժուժկալութիւն գործադրենք։
5. Չարութիւնը ատելը ի՞նչ դեր կը խաղայ ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մէջ։
5 Եհովայի վախին հետ սերտօրէն առնչուած է չարութիւնը ատելը։ Առակաց 8։13–ի մէջ կը կարդանք. «Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ»։ Իր կարգին, չարութիւնը ատելն ալ մեզի կ’օգնէ որ ժուժկալութիւն ի գործ դնենք։ Բազմիցս, Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն որ չարութիւնը ատենք, այո, անկէ զզուինք։ (Սաղմոս 97։10. Ամովսեայ 5։14, 15. Հռովմայեցիս 12։9) Ինչ որ չար է յաճախ ա՛յնքան հաճելի, այնքան փորձիչ, այնքան գրգռիչ է, որ պարզապէս պէտք է ատենք զայն անոր դէմ զօրանալու համար։ Այս կերպով չարութիւնը ատելը ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մեր վճռակամութիւնը կը զօրացնէ եւ որպէս պահպանութիւն կը ծառայէ մեզի։
Ժուժկալութիւն՝ Իմաստուն Ընթացքը
6. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է մեր անձնասէր հակումները զսպել ժուժկալութիւն ի գործ դնելով։
6 Եթէ կը գնահատենք որ իմաստուն ընթացք մըն է ժուժկալութիւն ի գործ դնելը, աւելի դիւրութեամբ զայն պիտի արտայայտենք։ Եհովա մեզմէ կը խնդրէ որ ժուժկալութիւն ի գործ դնենք մեր օգտին համար։ (Բաղդատել Եսայեայ 48։17, 18)։ Իր Խօսքը բազմաթիւ խրատներ կը պարունակէ, ցոյց տալով որ իմաստութիւն է մեր անձնասէր հակումները զսպել, ժուժկալութիւն ի գործ դնելով։ Չենք կրնար Աստուծոյ անփոփոխ օրէնքներէն խուսափիլ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ մեզի. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ հոգիին կը սերմանէ, այն հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։8) Ասոր ակներեւ մէկ օրինակն է ուտելը եւ խմելը։ Շատ չարիքներ կը հասնին, քանի որ մարդիկ չափազանց կ’ուտեն կամ կը խմեն։ Այսպիսի անձնասիրութեան անձնատուր եղողը իր արժանապատուութիւնը կը կորսնցնէ, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն հետ իր յարաբերութիւնը կը խզուի։ Իսկ ամենէն լուրջ հարցը, ժուժկալութեան պակասը մեր երկնաւոր Հօրը հետ մեր յարաբերութեան կը վնասէ։
7. Առակաց գրքին գլխաւոր բնաբաններէն մէկը ի՞նչ է. սուրբ գրային ո՞ր համարները ասիկա ցոյց կու տան։
7 Հետեւաբար, մենք մեզի միշտ պէտք է յիշեցնենք որ անձնասիրութիւնը անձնապարտութիւն է։ Ինքնակրթութիւն շեշտող Առակաց գրքին գլխաւոր բնաբաններէն մէկն է թէ անձնասիրութիւնը շահաբեր չէ եւ թէ ժուժկալութիւն ի գործ դնելուն մէջ իմաստութիւն կայ։ (Առակաց 14։29. 16։23) Իսկ նշենք թէ ինքնակրթութիւնը միայն չարութենէ խուսափելէն աւելին կը պահանջէ։ Ինքնակրթութիւն կամ ժուժկալութիւն կը պահանջէ շիտակը ընելը եւ ասիկա մեր մեղաւոր հակումներուն հակառակ ըլլալով, կրնայ դժուար ըլլալ։
8. Ո՞ր փորձառութիւնը կը շեշտէ ժուժկալութիւն ի գործ դնելուն իմաստուն ըլլալը։
8 Ժուժկալութիւն ի գործ դնելուն իմաստուն ընթացք մը ըլլալը կը տեսնուի հետեւեալ օրինակով. Եհովայի Վկայ մը դրամատան մէջ շարքի կեցած էր, երբ մարդ մը զինք հրելով իր առջեւը անցաւ։ Թէեւ Վկան քիչ մը սրտնեղացաւ, բայց ան ժուժկալ գտնուեցաւ։ Նոյն օրը, ան երկրաչափ մը պիտի տեսնէր, Թագաւորութեան Սրահի մը յատակագծին համար ստորագրութիւն մը ստանալու համար։ Իսկ այդ երկրաչափը ո՞վ ելաւ։ Այո, այդ նոյն մարդը որ դրամատան մէջ զինք հրած եւ իր առջեւը անցած էր։ Ոչ միայն երկրաչափը շատ բարեկամական գտնուեցաւ, այլ նաեւ՝ Վկայէն սովորական սակէն մէկ տասներորդ պակաս առաւ։ Վկան որքա՜ն ուրախացաւ որ այդ օրը ժուժկալութիւն ի գործ դրած էր, թոյլ չտալով որ ջղայնանայ։
9. Երբ ծառայութեան մէջ նախատուինք, ո՞ր իմաստուն ընթացքը պէտք է որդեգրենք։
9 Երբ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար դռնէ դուռ կ’երթանք, կամ փողոցին անկիւնը կը կայնինք անցորդները մեր պատգամով հետաքրքրելու համար, երբեմն կը նախատուինք։ Այս պարագային ո՞րն է իմաստուն ընթացքը։ Առակաց 15։1–ի մէջ, հետեւեալ իմաստուն խօսքը կը գտնենք. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ»։ Ուրիշ խօսքով, ժուժկալութիւն պէտք է ի գործ դնենք։ Իսկ ոչ միայն Եհովայի Վկաները նկատած են ասոր ճշմարիտ ըլլալը, այլ նաեւ՝ ուրիշներ։ Բժշկական ասպարէզին մէջ եղողներն ալ երթալով աւելի կը գնահատեն ժուժկալութեան բուժիչ արժէքը։
Անձնուրաց Սէրը կ’Օգնէ
10, 11. Ինչո՞ւ սէրը իրական օգնութիւն մըն է ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մէջ։
10 Ա. Կորնթացիս 13։4–8–ի մէջ սիրոյ մասին Պօղոսի տուած նկարագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոր զօրութիւնը մեզի կրնայ օգնել ժուժկալութիւն գործադրելու։ «Սէրը երկայնամիտ է»։ Երկայնամտութիւնը ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ «Սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ Սիրոյ յատկութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մեր խորհուրդները եւ զգացումները սանձենք, նախանձ, գոռոզ, կամ հպարտ ըլլալու որեւէ հակում զսպելով։ Սէրը մեզ կը մղէ որ ճիշդ ասոր հակառակը, Յիսուսի նման, խոնարհ եւ հեզ ըլլանք։—Մատթէոս 11։28–30
11 Պօղոս կը շարունակէ ըսել որ սէրը «անվայել վարմունք չունենար»։ Դարձեալ սանձահարում կը պահանջէ միշտ վայել վարմունք ունենալու համար։ Սիրոյ յատկութիւնը ագահութենէ, միայն մեր «շահը» փնտռելէ հեռու կը պահէ մեզ։ Սէրը «բարկութեան չի գրգռուիր»։ Որքա՜ն դիւրին է ուրիշներուն ըսած եւ ըրած բաներուն պատճառաւ գրգռուիլ։ Բայց սէրը մեզի պիտի օգնէ որ ժուժկալութիւն գործադրենք, չըսելով եւ չընելով բան մը, որու համար հետագային պիտի զղջանք։ Սէրը «չարութիւն չի խորհիր»։ Մարդկային բնոյթը հակումը ունի քէն պահելու եւ վրէժխնդրութիւն սնուցանելու։ Բայց սէրը մեզի պիտի օգնէ որ այսպիսի խորհուրդներ մեր մտքերէն վանենք։ Սէրը «անիրաւութեան վրայ չի խնդար»։ Ժուժկալութիւն կը պահանջէ որպէսզի անիրաւ բաներէն հաճոյք չառնենք, ինչպէս պոռնկագրութիւնը կամ հեռատեսիլի վատահամբաւ զգացաշարժ նիւթերը։ Սէրը նաեւ «ամէն բանի կը զիջանի» եւ «ամէն բանի կը համբերէ»։ Ժուժկալութիւն կը պահանջէ խնդիրներու վրայէն անցնիլը, փորձիչ եւ դժուար բաներու տոկալը, թոյլ չտալով որ անոնք մեզ յուսահատեցնեն, պատճառ ըլլալով որ կերպով մը վրէժ առնենք, կամ Եհովայի ծառայելէ հեռանանք։
12. Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մեզի համար ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։
12 Եթէ իրապէս կը սիրենք մեր երկնաւոր Հայրը եւ կը գնահատենք իր սքանչելի յատկութիւնները ու ինչ որ ըրած է մեզի համար պիտի ուզենք զինք հաճեցնել միշտ ժուժկալութիւն գործադրելով։ Նաեւ, եթէ իրապէս կը սիրենք մեր Տէրը ու Վարդապետը՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ կը գնահատենք ինչ որ ան ըրած է մեզի համար իր պատուէրին պիտի հնազանդինք. ‘մեր չարչարանքի ցիցը պիտի առնենք եւ անդադար իրեն պիտի հետեւինք’։ (Մարկոս 8։34) Ատիկա վստահաբար մեզմէ ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ սէրն ալ մեզի ետ պիտի պահէ անձնասէր ընթացքով մը զիրենք վիրաւորելէ։
Հաւատքը եւ Խոնարհութիւնը Որպէս Օգնականներ
13. Ինչո՞ւ հաւատքը կրնայ օգնել մեզի ժուժկալութիւն ի գործ դնելու։
13 Ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մէջ ուրիշ մեծ օգնութիւն մըն ալ Աստուծոյ եւ իր խոստումներուն հաւատք ընծայելն է։ Հաւատքը մեզի պիտի օգնէ Եհովայի վստահելու եւ խնդիրները շտկելու համար իր յարմար ժամանակին սպասելու։ Պօղոս առաքեալ ալ նոյն կէտը կը շեշտէ երբ կ’ըսէ Հռովմայեցիս 12։19–ի մէջ. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, ... վասնզի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ, կ’ըսէ Տէրը’»։ Խոնարհութիւնն ալ կրնայ այս ուղղութեամբ մեզի օգնել։ Եթէ խոնարհ ենք, երեւակայական կամ իրական վիրաւորանքի համար շուտով անարգուած պիտի չզգանք։ Հապճեպով օրէնքը մեր ձեռքերուն մէջ պիտի չառնենք, այլ՝ ժուժկալութիւն ի գործ դնելով Եհովայի պիտի սպասենք։—Բաղդատել Սաղմոս 37։1, 8։
14. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ ժուժկալութեան մեծ պակաս ունեցողներն իսկ կրնան զայն մշակել։
14 Ցասկոտ բնաւորութիւն ունեցող մարդու մը փորձառութիւնը ուժգին կերպով ցոյց կու տայ թէ կրնանք ժուժկալութիւն գործադրել սորվիլ։ Այնպիսի բնաւորութիւն մը ունէր ան որ երբ իր եւ իր հօրը պատճառած կռիւին համար ոստիկանութիւնը կանչուեցաւ, ան երեք ոստիկան գետին փռեց, միւսները զինք կարենալ զսպելէ առաջ։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Եհովայի Վկաներու հետ շփման մէջ մտաւ եւ Աստուծոյ հոգիին պտուղներէն մէկը՝ ժուժկալութիւն գործադրել սորվեցաւ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ներկայիս, 30 տարի ետք, այս մարդը տակաւին հաւատարմօրէն կը ծառայէ Եհովայի։
Ժուժկալութիւն՝ Ընտանեկան Շրջանակէն Ներս
15, 16. (ա) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ ամուսին մը ժուժկալութիւն ի գործ դնէ։ (բ) Մանաւանդ ո՞ր պարագաներուն ժուժկալութեան կարիքը կայ. ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ ասիկա։ (գ) Ինչո՞ւ կին մը ժուժկալութեան կարիքը ունի։
15 Վստահաբար, ժուժկալութեան կարիքը կայ ընտանեկան շրջանակէն ներս։ Ամուսին մը իր կինը իր անձին պէս սիրելու համար, իրմէ կը պահանջուի որ իր խորհուրդներուն, խօսքերուն եւ արարքներուն մէջ շատ ժուժկալ ըլլայ։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Այո, ամուսիններէն ժուժկալութիւն կը պահանջուի որպէսզի Ա. Պետրոս 3։7–ի մէջ յիշուած Պետրոս առաքեալի խօսքերուն հետեւին. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին»։ Մանաւանդ երբ իր կինը հաւատացեալ մը չէ, հաւատացեալ ամուսին մը ժուժկալութիւն ի գործ դնելու կարիքը ունի։
16 Օրինակ մը տանք. Երէց մը չարաբարոյ անհաւատ կին մը ունէր։ Սակայն այս եղբայրը ժուժկալութիւն կը գործադրէր եւ ասիկա այնքան կ’օգնէր իրեն որ իր բժիշկը ըսաւ. «Ճոն, կամ բնաւորութեամբ շատ համբերող մարդ մըն ես եւ կամ շատ զօրաւոր կրօնք մը ունիս»։ Արդարեւ, շատ զօրաւոր կրօնք մը ունինք, քանի որ «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան», որ կ’օգնէ մեզի ժուժկալութիւն ի գործ դնելու։ (Բ. Տիմոթէոս 1։7) Կին մըն ալ ժուժկալութեան կարիքը ունի հնազանդ ըլլալու համար, մանաւանդ երբ իր ամուսինը հաւատացեալ մը չէ։—Ա. Պետրոս 3։1–4
17. Ինչո՞ւ ժուժկալութիւնը անհրաժեշտ է ծնող–զաւակ յարաբերութիւններուն մէջ։
17 Դարձեալ ժուժկալութիւն կը պահանջուի ծնող–զաւկի յարաբերութիւններուն մէջ։ Ժուժկալ զաւակներ ունենալու համար, նախ ծնողները ասոր մէջ լաւ օրինակ պէտք է հանդիսանան։ Իսկ երբ զաւակները որոշ կրթութեան պէտք ունին, անիկա միշտ հանդարտութեամբ եւ սիրով պէտք է տրուի, ինչ որ իրական ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ (Եփեսացիս 6։4. Կողոսացիս 3։21) Նաեւ, զաւակները իրենց հնազանդութեամբ կրնան ցոյց տալ թէ իրապէս կը սիրեն իրենց ծնողքը եւ թէ հնազանդութիւնը վստահաբար ժուժկալութիւն կը պահանջէ։—Եփեսացիս 6։1–3. բաղդատել Ա. Յովհաննու 5։3։
Աստուծոյ Հայթայթած ՕԺանդակութիւնը Օգտագործենք
18–20. Ո՞ր երեք հոգեւոր հայթայթումներէն պէտք է օգտուինք, որպէսզի ժուժկալութիւն ի գործ դնելու յատկութիւնները մշակենք։
18 Աստուծոյ վախին, անձնուրաց սիրոյն, հաւատքին, չարութիւնը ատելուն եւ ժուժկալութեան մէջ աճելու համար, Եհովա Աստուծոյ հայթայթած բոլոր օժանդակութիւնները պէտք է օգտագործենք։ Նկատի առնենք երեք հայթայթումներ որոնք մեզի կրնան օգնել ժուժկալութիւն գործադրելու։ Նախ ունինք աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումը։ Աղօթելու համար բնաւ շատ զբաղած պէտք չէ ըլլանք։ Այո, մեր ցանկութիւնը պէտք է ըլլայ ‘անդադար աղօթել’, ‘ստէպ աղօթքի կենալ’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17. Հռովմայեցիս 12։12) Թող որ ժուժկալութիւն մշակելը աղօթքի նիւթ դարձնենք։ Բայց երբ ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մէջ թերանանք, սրտաբեկութեամբ թողութիւն խնդրենք մեր երկնաւոր Հօրմէն։
19 Ժուժկալութիւն ցուցաբերելու մէջ օգնութեան երկրորդ աղբիւրն է սնուցանուիլ Աստուծոյ Խօսքով եւ համարները հասկնալու եւ զանոնք կիրարկելու մէջ մեզի նպաստող գրականութիւններով։ Շատ դիւրին է մեր ծառայութեան այս երեսակը անտեսել։ Ժուժկալութիւն պէտք է գործադրենք եւ մենք մեզի յիշեցնենք որ Աստուածաշունչէն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթածէն աւելի կարեւոր ընթերցանութեան նիւթ չկայ. ուստի անոնց նախապատուութիւնը պէտք է տանք։ (Մատթէոս 24։45–47) Լաւ կերպով ըսուած է թէ կեանքը բնաւ այս ե՛ւ այն չէ, այլ՝ այս կա՛մ այն։ Իրապէս հոգեւո՞ր այրեր եւ կիներ ենք։ Եթէ մեր հոգեւոր կարիքին գիտակից ենք, պահանջուած ժուժկալութիւնը պիտի գործադրենք պարզապէս հեռատեսիլը մարելով եւ մեր ժողովները պատրաստելով, կամ նոր հասած Դիտարանը կարդալով։
20 Երրորդ, մեր ժողովքի հանդիպումներուն եւ աւելի մեծ համաժողովներուն կամ համագումարներու նկատմամբ լաւ դատողութիւն մը ունենալու հարցն է։ Այս բոլոր ժողովները բացարձակ անհրաժեշտութի՞ւն մըն են մեզի համար։ Անոնց մասնակցելու համար պատրաստուած կու գա՞նք եւ կը մասնակցի՞նք երբ պատեհութիւնը հրամցուի մեզի։ Որքան որ արժեւորենք մեր ժողովները, ա՛յդքան պիտի զօրանանք ամէն առիթներով ժուժկալութիւն ի գործ դնելու մեր որոշումին մէջ։
21. Հոգիին պտուղը եղող ժուժկալութիւնը մշակելուն կարգ մը վարձատրութիւնները ի՞նչ են։
21 Ի՞նչ վարձատրութիւն կրնանք ակնկալել, երբ մեծ ջանք կը թափենք միշտ ժուժկալութիւն ի գործ դնելու։ Նախ, անձնասիրութեան դառն պտուղը բնաւ պիտի չքաղենք։ Արժանապատուութիւն եւ մաքուր խիղճ պիտի ունենանք։ Մենք մեզ պիտի խնայենք շատ մը դժուարութիւններէ եւ կեանքի ճամբուն մէջ պիտի մնանք։ Ասկէ զատ, կարող պիտի ըլլանք ուրիշներուն մեծագոյն բարիքը ընել։ Մանաւանդ, Առակաց 27։11–ի խրատին ուշադրութիւն պիտի տանք. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս (ՆԱ)] անարգողին պատասխան տամ»։ Ասիկա մեր մեծագոյն վարձատրութիւնը կրնայ ըլլալ, այսինքն, մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի սիրտը ուրախացնել։
Կը Վերյիշէ՞ք
◻ Աստուծոյ վախը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի ժուժկալութիւն ի գործ դնելու։
◻ Ինչո՞ւ սէրը մեզի կ’օգնէ ժուժկալութիւն ի գործ դնելու։
◻ Ժուժկալութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ընտանեկան յարաբերութիւններուն մէջ։
◻ Ո՞ր հայթայթումներէն պէտք է օգտուինք, եթէ կ’ուզենք ժուժկալութիւն մշակել։
[Նկար՝ էջ 17]
Յովսէփ փորձութեան դիմաց ժուժկալութիւն ի գործ դրաւ
[Նկար՝ էջ 19]
Երախայի մը հանդարտութեամբ եւ սիրով տրուած կրթութիւնը ժուժկալութիւն կը պահանջէ