Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Մայիս 1—Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։—Ծննդոց 11։1
Մայիս 2—Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։—Մատթէոս 7։21
Մայիս 3—Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր [Եհովա] Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։—Յայտնութիւն 11։17
Մայիս 4—Տէ՛ր [Եհովա] Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ [է] եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով։—Ելից 34։6, Դիտ. 8/1/91 1, 2
Մայիս 5—Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկաս 11։13, Դիտ. 11/1/90 14–16
Մայիս 6—Ո՛վ Տէր [Եհովա], քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։—Սաղմոս 145։10
Մայիս 7—Անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասնզի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր։—Հռովմայեցիս 13։4
Մայիս 8—Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէսզի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասնզի այն ձեզի օգտակար չէ։—Եբրայեցիս 13։17, Դիտ. 1/1/91 20, 21ա
Մայիս 9—Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակընվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։—Յայտնութիւն 22։1, Դիտ. 12/1/90 2, 3
Մայիս 10—Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։—Ա. Յովհաննու 4։11
Մայիս 11—Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։—Փիլիպպեցիս 4։4, Դիտ. 2/1/91 18ա
Մայիս 12—Քու հոգդ Տէրոջը [Եհովայի] վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։—Սաղմոս 55։22, Դիտ. 8/1/91 15, 16ա
Մայիս 13—Մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ [զարդարեցէք]։—Տիտոս 2։10, Դիտ. 3/1/91 17
Մայիս 14—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհաննու 17։3, Դիտ. 4/1/91 16, 17ա
Մայիս 15—Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։—Յակոբու 4։4, Դիտ. 6/1/91 6, 7
Մայիս 16—Մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։—Հռովմայեցիս 15։2
Մայիս 17—«Իմ վկաներս դո՛ւք էք», կ’ըսէ Տէրը [Եհովա], «որ ե՛ս եմ Աստուած»։—Եսայեայ 43։12, Դիտ. 12/1/90 7, 8ա
Մայիս 18—Չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին։ Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է։—Գ. Յովհաննու 11, Դիտ. 7/1/91 1–3
Մայիս 19—Սարկաւագները [օգնական ծառաները (ՆԱ)] ըլան ծանրաբարոյ, ո՛չ երկլեզու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող։—Ա. Տիմոթէոս 3։8, Դիտ. 11/1/90 13, 14ա
Մայիս 20—[Ան] կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր։—Ա. Պետրոս 2։23, Դիտ. 8/1/91 13
Մայիս 21—Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։ Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։—Սաղմոս 145։15, 16
Մայիս 22—Ես Եհովան եմ։ Իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։—Եսայեայ 42։8, Դիտ. 3/1/91 9, 10
Մայիս 23—Ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ [տունէ–տուն (ՆԱ)] չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։—Գործք 5։42
Մայիս 24—Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք։—Յայտնութիւն 7։17, Դիտ. 12/1/90 17, 18
Մայիս 25—Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։—Առակաց 10։22
Մայիս 26—Տէր [Քրիստոսը (ՆԱ)] սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։—Ա. Պետրոս 3։15
Մայիս 27—Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ [կը] կենայ։—Դանիէլ 12։1, Դիտ. 3/1/91 10ա
Մայիս 28—Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով։ Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը։—Ղուկաս 6։22, 23, Դիտ. 8/1/91 18ա
Մայիս 29—Ողորմած ու գթած է Տէրը [Եհովան], երկայնամիտ ու բազումողորմ է։—Սաղմոս 145։8
Մայիս 30—Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է [որպէս իշխան (ՆԱ)], քան թէ՝ մարդոց։—Գործք 5։29, Դիտ. 2/1/91 12, 13
Մայիս 31—Երանի՜ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից եղողներուն, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնց կը պատկանի (ՆԱ)։ Երանի՜ հեզերուն, վասնզի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։—Մատթէոս 5։3, 5