«Նեղութեան ժամանակ» ո՞վ պիտի ազատի
«Ամէն ով որ Տէրոջը [Եհովայի (ՆԱ)] անունը կանչէ, պիտի ազատի»։—ՅՈՎԵԼԵԱՅ 2։32
1. Ըստ Դանիէլի եւ Մաղաքիայի, մօտալուտ «նեղութեան ժամանակ» ազատուելու կարելիութիւնը ունեցողները ի՞նչ բանով կը յատկորոշուին։
ՄԵՐ ժամանակաշրջանը ի մտի ունենալով, Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի»։ (Դանիէլ 12։1) Արդարեւ մխիթարական են այս խօսքերը։ Եհովա պիտի յիշէ իր հաճութեան արժանի եղող ժողովուրդը, ինչպէս Մաղաքեայ 3։16–ը կ’ըսէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։
2. Եհովայի անուան վրայ մտածողը ի՞նչ բանի կ’առաջնորդուի։
2 Եհովայի անուան վրայ մտածողը կ’առաջնորդուի ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու իր, իր Քրիստոսին եւ իր Թագաւորութեան բոլոր հոյակապ նպատակներուն մասին։ Այս կերպով, իր ծառաները կը սորվին ակնածանքով Իրեն կառչիլ, իրեն նուիրուելով սերտ յարաբերութիւն մշակել իրեն հետ եւ զինք սիրել իրենց ‘ամբողջ սրտով ու ամբողջ մտքով եւ ամբողջ զօրութիւնով’։ (Մարկոս 12։33. Յայտնութիւն 4։10) Եհովա գթառատ կարգադրութիւն մը ըրաւ որ, Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութեան շնորհիւ, երկրի հեզերը յաւիտենական կեանք գտնեն։ Հետեւաբար, անոնք կրնան վստահութեամբ արձագանգել Յիսուսի ծննդեան ատեն Աստուած փառաբանած երկնային զօրքին խօսքերը, ըսելով. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։—Ղուկաս 2։14
3. Այս երկրին վրայ խաղաղութիւնը գալէն առաջ, Եհովայի ո՞ր արարքը տեղի պէտք է ունենայ։
3 Այդ խաղաղութիւնը աւելի մօտ է քան ինչ որ մարդիկ կը խորհին։ Բայց նախ Եհովայի դատաստանը ի գործ պէտք է դրուի ապականած աշխարհի մը վրայ։ Իր Սոփոնեայ մարգարէն կ’ըսէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։ Ի՞նչպիսի օր մըն է անիկա։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ. «Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։ Այն օրը բարկութեան օր է. նեղութեան ու տառապանքի օր, կործանումի ու աւերումի օր, խաւարի ու մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օր է։ Պարսպապատ քաղաքներու դէմ եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։ Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ կոյրերու պէս պիտի պտըտին, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին»։—Սոփոնեայ 1։14–17. տես նաեւ Ամբակումայ 2։3. 3։1–6, 16–19։
4. Այսօր որո՞նք Աստուած ճանչնալու եւ անոր ծառայելու հրաւէրին կ’ընդառաջեն։
4 Բարեբախտաբար, այսօր միլիոնաւորներ Աստուած ճանչնալու եւ իրեն ծառայելու հրաւէրին կ’ընդառաջեն։ Նոր ուխտին մէջ ներմուծուած օծեալ Քրիստոնեաներուն մասին մարգարէացուած է. «‘Անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը ամէնքը զիս պիտի ճանչնան’, ... այսպէս կ’ըսէ Տէրը»։ (Երեմեայ 31։34, 35) Անոնք ղեկավարած են մեր օրերուն կատարուած վկայութեան գործը։ Արդ, մինչ օծեալ մնացորդէն երթալով աւելի շատեր իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն, «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը կը ներկայանայ ‘Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու համար ցորեկ ու գիշեր’ իր տաճարանման կարգադրութեան մէջ։ (Յայտնութիւն 7։9, 15. Յովհաննու 10։16) Դուք այս անգին առանձնաշնորհումը վայելողներէն մէ՞կն էք։
«Ցանկալի Բաները» Ինչպէ՞ս Կու Գան
5, 6. Բոլոր ազգերը շարժուելէն եւ կործանիլէն առաջ, փրկարար ի՞նչ գործ տեղի կ’ունենայ։
5 Բանանք Անգեայ 2։7–ն, ուր Եհովա պաշտամունքի իր հոգեւոր տան նկատմամբ կը մարգարէանայ։ Ան կ’ըսէ. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան թէ ‘ազգերը շարժել’ը ազգերուն վրայ Եհովայի կողմէ դատաստան ի գործ դրուելուն կ’ակնարկէ։ (Նաւումայ 1։5, 6. Յայտնութիւն 6։12–17) Հետեւաբար, Անգեայ 2։7–ի մէջ մարգարէացուած Եհովայի միջամտութիւնը իր հանգումին պիտի հասնի, երբ ազգերը շարժուին մինչեւ որ ա՛լ գոյութենէ դադրին, բնաջնջուին։ Բայց «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներ»ուն ի՞նչ կը պատահի։ Անոնք պէ՞տք է սպասեն այդ վերջնական եւ կործանարար շարժուելուն, որպէսզի գան։ Անշուշտ ո՛չ։
6 Յովելեայ 2։32–ը կ’ըսէ թէ «ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի. քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝ Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը [Եհովա (ՆԱ)] պիտի կանչէ»։ Եհովա զանոնք դուրս կը հանէ եւ անոնք Յիսուսի զոհագործութեան հաւատք ընծայելով իր անունը կը կանչեն մեծ նեղութեան վերջնական ցնցումէն առաջ։ (Բաղդատել Յովհաննու 6։44. Գործք 2։38, 39։) Բարեբախտաբար, թանկագին մեծ բազմութիւնը, որ հիմա թիւով աւելի քան չորս միլիոնի կը հասնի, Եհովայի պաշտամունքի տունը ‘կու գայ’, Արմագեդոնին ‘բոլոր ազգերը շարժուել’էն առաջ։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 14
7. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Տէրոջը անունը կանչել’։
7 Այս վերապրողները ինչպէ՞ս Եհովայի անունը կը կանչեն։ Յակոբու 4։8–ն մեզի ուղղութիւն մը կու տայ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ ե՛րկմիտներ»։ Օծեալ մնացորդին նման, որ ճամբան բացաւ, անոնք որոնք կը յուսան Արմագեդոնէն վերապրողներու մեծ բազմութեան մէջ ըլլալ՝ վճռակամօրէն պէտք է գործեն։ Եթէ կը յուսաք վերապրիլ, առատօրէն պէտք է խմէք Եհովայի մաքրող Խօսքէն եւ իր արդար չափանիշները կիրարկէք ձեր կեանքին մէջ։ Ձեր կեանքը Եհովայի նուիրելու մէջ վճռակամ պէտք է ըլլաք, ասիկա ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշելով։ Հաւատքով Եհովան կանչելը նաեւ կը բովանդակէ իր մասին վկայել։ Ասոր համար, Հռովմայեցիս գլուխ 10, 9–րդ եւ 10–րդ համարներուն մէջ, Պօղոս կը գրէ. «Եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. վասնզի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար»։ Ապա, 13–րդ համարին մէջ, առաքեալը կը մէջբերէ Յովէլի մարգարէութիւնը, շեշտելու համար որ «ամէն ով որ Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչէ պիտի փրկուի»։
‘Փնտռեցէ՛ք, Փնտռեցէ՛ք, Փնտռեցէ՛ք’
8. (ա) Ըստ Սոփոնիա մարգարէին, Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ փրկութեան համար։ (բ) Սոփոնեայ 2։3–ի մէջ «թերեւս» բառը ի՞նչ ազդարարութիւն կը հաղորդէ։
8 Աստուածաշունչի Սոփոնիա գրքին գլուխ 2, 2–րդ եւ 3–րդ համարներուն դառնանք. կը կարդանք թէ Եհովա ի՛նչ կը պահանջէ փըրկութեան համար. «Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք [պահուիք (ՆԱ)]»։ Նկատի առէք «թերեւս» բառը։ ‘Անգամ մը փրկուած, միշտ փրկուած’ չենք կրնար ըսել։ Այդ օրը պիտի ծածկուինք կամ պահուինք եթէ շարունակենք ընել հետեւեալ երեք բաները։ Եհովան պէտք է փնտռենք, արդարութի՛ւն պէտք է փնտռենք եւ խոնարհութի՛ւն պէտք է փնտռենք։
9. Խոնարհութիւն փնտռողներուն ի՞նչ վարձատրութիւն խոստացուած է։
9 Արդարեւ, հոյակապ է խոնարհութիւն փնտռողներուն խոստացուած վարձատրութիւնը։ 37–րդ Սաղմոսին, 9–էն 11 համարներուն մէջ, կը կարդանք. «Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասնզի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ ...։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Իսկ արդարութիւն փնտռողներուն ի՞նչ պիտի արժէ։ 29–րդ համարը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Իսկ Եհովան փնտռողներուն մասին, 39–րդ եւ 40–րդ համարները մեզի կ’ըսեն. «Արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։ Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք, ամբարիշտներէն պիտի ազատէ ու պիտի փրկէ զանոնք, վասնզի իրեն կը յուսան»։
10. Մասնաւորաբար ո՞վ մերժած է Եհովան փնտռել եւ խոնարհութիւն փնտռել։
10 Քրիստոնեայ Աշխարհի աղանդները Եհովան չեն փնտռած։ Անոր կղերները նոյնիսկ կը մերժեն իր թանկագին անունը, յոխորտանքով զայն հանելով իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն։ Անոնք կը նախընտրեն անանուն Տէր մը կամ Աստուած մը պաշտել եւ հեթանոսական Երրորդութիւն մը մեծարել։ Ասկէ զատ, Քրիստոնեայ Աշխարհը արդարութիւն չի փնտռեր։ Անոր անդամներէն շատերը մեղկ կենցաղ մը կ’որդեգրեն կամ կը քաջալերեն։ Փոխանակ խոնարհութիւն փնտռելու, ինչպէս փնտռեց Յիսուս, անոնք իրենց պերճալից եւ, յաճախ անբարոյ, կեանքը կը ցուցադրեն, զոր օրինակ, հեռատեսիլէն։ Կղերները իրենց հօտերուն հաշւոյն իրենք զիրենք կը պարարտացնեն։ Ըստ Յակոբու 5։5–ին, անոնք ‘երկրին վրայ փափկութեամբ [պերճանքով (ՆԱ)] եւ հեշտութեամբ կ’ապրին’։ Մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ, անոնք վստահաբար պիտի տեսնեն թէ այս ներշընչեալ խօսքերը իրենց կը կիրարկուին. «Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ»։—Առակաց 11։4
11. Ո՞վ է «անօրէնութեան մարդը», եւ ան ինչպէ՞ս իր արիւնապարտութիւնը աւելցուցած է։
11 Հ.Դ. առաջին դարուն, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը նշէ Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, կարգ մը Քրիստոնեաներ սասանեցան, խորհելով որ Եհովայի օրը մօտ էր։ Բայց Պօղոս զգուշացուց որ նախ մեծ հաւատուրացութիւնը պէտք էր գար եւ «անօրէնութեան մարդը» պէտք էր յայտնուէր։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1–3) Հիմա, այս Ի. դարուն, կրնանք տեսնել այդ հաւատուրացութեան մեծ տարողութիւնը եւ նկատել Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն այդքան անօրէն ըլլալը Աստուծոյ աչքին։ 1914–էն ի վեր, այս վերջին օրերուն ընթացքին, կղերները ‘իրենց խոփերը սուրեր’ շինող ազգերուն զօրավիգ կանգնելով իրենց արիւնապարտութիւնը աւելցուցած են։ (Յովելեայ 3։10) Անոնք նաեւ շարունակած են սուտ վարդապետութիւններ սորվեցնել, ինչպէս մարդկային հոգիին յատուկ անմահութիւնը, քաւարանը, դժոխքի տանջանքը, մանուկներու մկրտութիւնը, Երրորդութիւնը, եւայլն։ Երբ Եհովա իր դատավճիռը ի գործ դնէ, անոնց ի՞նչ պիտի պատահի։ Առակաց 19։5–ը կ’ըսէ. «Ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի»։
12. (ա) Ի՞նչ են մարդկային «երկինք»ն ու «երկիր»ը որոնք շուտով պիտի բնաջնջուին։ (բ) Այս ամբարիշտ աշխարհին վերահաս կործանումէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։
12 Բ. Պետրոս 3։10–ի մէջ, կը կարդանք. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին»։ Եղծանուած իշխանութիւնները որոնք երկնքի նման տարածուած են մարդկութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ներկայ քայքայուած մարդկային ընկերութիւնը կազմող բոլոր տարերքներուն հետ, միասին պիտի սրբուին Աստուծոյ երկրէն։ Աւերումի զէնքեր շինողներն ու վաճառողները, շորթողները, կեղծաւոր կրօնասէրներն ու անոնց կղերները, անբարոյութեան, վայրագութեան ու ոճիրի նպաստողները, բոլորն ալ պիտի անհետանան։ Անոնք Եհովայի բարկութիւնով պիտի լուծուին, բնաջընջուին։ Բայց 11–րդ եւ 12–րդ համարներուն մէջ, Պետրոս հետեւեալ ազդարարութիւնը կ’աւելցնէ Քրիստոնեաներուն համար. «Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։
Միքայէլ Գործի կը Լծուի
13, 14. Եհովայի իշխանութեան մեծ Ջատագովը ո՞վ է, եւ 1914–էն ի վեր, ան ինչպէ՞ս գործի լծուած է։
13 Եհովայի «նեղութեան ժամանակ», ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ։ Այն Գործակալը՝ զոր Աստուած պիտի գործածէ ազատագրելու համար, Միքայէլ հրեշտակապետն է, որու անունը կը նշանակէ՝ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Նման»։ Տեղին ըլլալով, ուրեմն, ան է՝ որ կը ջատագովէ Եհովայի իշխանութիւնը, անոր զօրավիգ կանգնելով որպէս միակ ճշմարիտ Աստուածը եւ ամբողջ տիեզերքին իրաւացի Գերիշխան Տէրը։
14 Յայտնութիւն գլուխ 12, 7–էն 17 համարները ի՜նչ յատկանշական դէպքեր կը նկարագրեն «Տէրունական օր»ուան մասին, որու մէջ կ’ապրինք 1914–էն ի վեր։ (Յայտնութիւն 1։10) Միքայէլ հրեշտակապետը երկնքէն դէպի երկիր կը ձգէ դասալիք Սատանան։ Աւելի ետք, ինչպէս Յայտնութիւն գլուխ 19, 11–էն 16 համարները կը նկարագրեն, «Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ» կոչուած մէկը «Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը» կը կոխէ։ Այս հզօր երկնային մարտիկին անունն է՝ «Թագաւոր թագաւորաց եւ Տէր տէրանց»։ Վերջապէս, Յայտնութիւն գլուխ 20, 1 եւ 2–րդ համարները կը խօսին մեծ հրեշտակի մը մասին, որ Սատանան անդունդը կը ձգէ եւ զայն կը կնքէ հազար տարի։ Ակներեւաբար, այս բոլոր համարները կը մատնանշեն Եհովայի գերիշխանութեան Ջատագովին, Տէր Յիսուս Քրիստոսին, զոր Եհովա իր փառաւոր երկնային գահին վրայ նստեցուց՝ 1914–ին։
15. Միքայէլ ի՞նչ մասնայատուկ իմաստով «պիտի ելլէ»։
15 1914–ին որպէս Թագաւոր գահակալուելէն ի վեր, Միքայէլ Եհովայի ժողովուրդին վրայ ‘կեցած’ է, ինչպէս Դանիէլ 12։1–ը կ’ըսէ։ Բայց շուտով ան մասնայատուկ իմաստով մը «պիտի ելլէ», որպէս Եհովայի Գործակալը, երկրէն ամէն ամբարշտութիւն վերցնելու համար եւ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդէն բաղկացած համերկրային ընկերութեան Ազատագրողը։ Մատթէոս 24։21, 22–ի մէջ, Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան որ այդ «նեղութեան ժամանակ»ը որքա՜ն մեծ պիտի ըլլայ. «Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան»։
16. Ի՞նչ մարմին պիտի ազատի մեծ նեղութեան ժամանակ։
16 Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ այդ ժամանակ կարգ մը մարմին պիտի ազատի։ Ո՛չ, ասիկա Հ.Դ. 70–ին, Երուսաղէմի մէջ ծուղակը ինկած ըմբոստ Հրեաներուն հետ բաղդատելի չէ, որոնցմէ ոմանք Հռովմ գերի տարուեցան։ Այլ՝ «վերջին ժամանակ» անոնք որոնք պիտի ազատին Քրիստոնէական ժողովքին պիտի նմանին, որ արդէն Երուսաղէմէն փախած էր երբ վերջին պաշարումը սկսաւ։ Անոնք պիտի ըլլան Աստուծոյ ժողովուրդը, մեծ բազմութեան պատկանող միլիոնաւորներ, օծեալ Քրիստոնեաներուն հետ միասին, որոնք թերեւս տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլան։ (Դանիէլ 12։4) Մեծ բազմութիւնը կազմողները ‘մեծ նեղութենէն կու գան’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին»։ Անոնք Յիսուսի թափուած արեան փրկարար զօրութեան հաւատք կ’ընծայեն եւ այս հաւատքը կ’ապացուցանեն հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայելով։ Հիմա իսկ, Եհովա՝ «աթոռին վրայ նստողը»՝ իր պահպանիչ վրանը կը տարածէ անոնց վրայ, մինչ Գառնուկը՝ Քրիստոս Յիսուս՝ զանոնք կը հովուէ ու կ’առաջնորդէ կենդանի ջուրերու աղբիւրներուն։—Յայտնութիւն 7։14, 15
17. Մեծ բազմութիւնը մասնաւորաբար ինչպէ՞ս կը քաջալերուի վարուիլ վերահաս նեղութեան օրը պահուելու համար։
17 Եհովան, արդարութիւնը եւ խոնարհութիւնը փնտռելով, մեծ բազմութեան միլիոնաւոր անդամները բնաւ թոյլ պէտք չէ տան որ ճշմարտութեան համար իրենց առաջին սէրը պաղի։ Եթէ դուք այս ոչխարանման անհատներէն մէկն էք, ի՞նչ պէտք է ընէք։ Ինչպէս նշուած է Կողոսացիս գլուխ 3, 5–էն 14 համարներուն մէջ, դուք ‘հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն ամբողջովին պէտք է հանէք’։ Աստուածային օգնութիւնը փնտռելով, ջանք թափեցէք ‘ճշգրիտ գիտութիւնով նորոգուած նոր մարդը’ հագնելու։ Խոնարհութեամբ, Եհովան փառաբանելու եւ իր հոյակապ նպատակները ուրիշներուն գիտցնելու համար նախանձախնդրութիւն կերտեցէք եւ պահեցէք։ Այսպիսով, դուք թերեւս ծածկուիք կամ պահուիք «նեղութեան ժամանակ», ‘Տէրոջը սաստիկ բարկութեան’ օրը։
18, 19. Համբերութիւնը ի՞նչ իմաստով կենսական է փրկութեան համար։
18 Այդ օրը մօտ է։ Անիկա դէպի մեզ կ’արտորայ։ Հիմա մօտ 57 տարիներէ ի վեր, մեծ բազմութեան անդամներուն հաւաքումը կը շարունակուի։ Անոնցմէ շատեր մեռած են եւ իրենց յարութեան կը սպասեն։ Բայց Յայտնութիւն գրքին մարգարէութիւնը մեզի երաշխիք կու տայ որ մեծ բազմութիւնը՝ որպէս խումբ մը մեծ նեղութենէն պիտի գայ եւ ‘նոր երկրի մը’ կամ մարդկային ընկերութեան մը կորիզը պիտի կազմէ։ (Յայտնութիւն 21։1) Դուք հոն պիտի ըլլա՞ք։ Կարելի է, քանի որ, Մատթէոս 24։13–ին մէջ, Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։
19 Այս հին դրութեան մէջ Եհովայի ժողովուրդին ունեցած ճնշումները թերեւս շարունակեն աւելնալ։ Իսկ երբ նեղացուցիչ մեծ նեղութիւնը հարուածէ, կրնայ ըլլալ որ դժուարութիւններէ տառապինք։ Բայց Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան մօտիկ մնանք։ Արթո՛ւն կենանք։ «‘Ուրեմն, ինծի սպասեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէսզի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի’»։—Սոփոնեայ 3։8
20. Մինչ «նեղութեան ժամանակ»ը կամ յանգումը աւելի կ’արտորայ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
20 Մեր պահպանութեան եւ քաջալերութեան համար, Եհովա՝ ողորմածութեամբ՝ իր ժողովուրդին «մաքուր լեզու (ՆԱ)» մը տուած է, որ կը բովանդակէ իր մօտալուտ Թագաւորութեան հոյակապ պատգամը, «որպէսզի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [ուս ուսի (ՆԱ)] անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփոնեայ 3։9) Ուստի, մինչ «նեղութեան ժամանակ»ը կամ յանգումը աւելի կ’արտորայ, թող որ նախանձախնդրութեամբ ծառայենք, ուրիշ հեզերու օգնելով որ փրկութեան համար ‘Եհովայի անունը կանչեն’։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Եհովայի ո՞ր արարքը պիտի նախորդէ երկրի վրայ խաղաղութիւն բերելուն։
◻ Ըստ Յովէլի, ի՞նչ պէտք է ընենք փրկուելու համար։
◻ Ըստ Սոփոնիայի, խոնարհները ինչպէ՞ս թերեւս պահուին Եհովայի սաստիկ բարկութենէն։
◻ Ո՞վ է «անօրէնութեան մարդը», եւ ան ինչպէ՞ս իր արիւնապարտութիւնը աւելցուցած է։
◻ Փրկութեան հարցով, համբերութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։