Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 2/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Թագաւորութեան օրհնութիւնները կրնան ձերը ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առջեւ բարի լուրը պաշտպանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուածային կրթութեան գերազանց արժէքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հոգեւորապէս յառաջդիմէ՝ Պօղոսի օրինակին հետեւելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 2/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Մարտ 1—Հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։—Եսայեայ 33։24, Դիտ. 7/1/92 8, 9բ

Մարտ 2—Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։—Յովհաննու 10։16, Դիտ. 7/1/92 19, 20դ

Մարտ 3—Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր։—Ծննդոց 22։18, Դիտ. 12/1/91 13

Մարտ 4—Տէրոջը [Եհովայի] վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ։—Առակաց 8։13, Դիտ. 3/1/92 4, 5ա

Մարտ 5—Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն ...։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասնզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը։—Մատթէոս 5։11, 12, Դիտ. 1/1/92 7, 8բ

Մարտ 6—Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։—Կողոսացիս 4։6

Մարտ 7—Համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով ... յոյս ունենանք։—Հռովմայեցիս 15։4

Մարտ 8—Հոգիին պտուղը այս է. ... հեզութիւն, ժուժկալութիւն։—Գաղատացիս 5։22, 23

Մարտ 9—Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝ որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր։—Սաղմոս 31։19

Մարտ 10—Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի ... որոգայթի մը պէս։—Ղուկաս 21։34, 35, Դիտ. 4/1/92 14, 17

Մարտ 11—Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։—Ծննդոց 1։27, Դիտ. 6/1/92 10, 11

Մարտ 12—Սէրը բնա՛ւ չիյնար։—Ա. Կորնթացիս 13։8, Դիտ. 3/1/92 11, 12ա

Մարտ 13—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք։—Մատթէոս 28։19

Մարտ 14—Օգնէ ինծի հո՛ն ուր հաւատքի պէտք ունիմ։—Մարկոս 9։24, ՆԱ. Դիտ. 12/1/91 21, 22

Մարտ 15—Տէրը [Եհովան] ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։—Բ. Մնացորդաց 15։2

Մարտ 16—Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք։ Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։—Բ. Կորնթացիս 4։8, 9, Դիտ. 1/1/92 13, 14

Մարտ 17—Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է։—Առակաց 14։30

Մարտ 18—Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։—Յովհաննու 8։31, 32, Դիտ. 6/1/92 16, 17

Մարտ 19—Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մամնէն։ Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։—Հռովմայեցիս 7։24, 25, Դիտ. 1/1/92 10, 11բ

Մարտ 20—Ով Հայր իմ, ... ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես։—Մատթէոս 26։39

Մարտ 21—Ելի՛ր, քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ՛, անոնց երեսէն մի՛ վախնար։ ... Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. վասնզի «Ես քեզի հետ եմ քեզ ազատելու համար»։—Երեմեայ 1։17, 19

Մարտ 22—Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։—Ա. Պետրոս 5։8, Դիտ. 3/1/92 14, 15

Մարտ 23—Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն [ժողովքներուն, ՆԱ]։—Յայտնութիւն 2։7, Դիտ. 5/1/92 13, 14ա

Մարտ 24—Հոգիին պտուղը այս է. ... քաղցրութիւն։—Գաղատացիս 5։22, 23

Մարտ 25—Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը [Եհովային] ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք։ Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։—Սաղմոս 100։2, 3, Դիտ. 6/1/92 19, 20բ

Մարտ 26—Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։—Յովհաննու 16։33, Դիտ. 4/1/92 10ա

Մարտ 27—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ։—Մատթէոս 11։28–30

Մարտ 28—Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս։—Մարկոս 9։23, Դիտ. 12/1/91 2, 3ա

Մարտ 29—Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ, ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի. հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ, պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ։—Եսայեայ 42։14, Դիտ. 3/1/92 1, 2ա

Մարտ 30—Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ։ Թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։—Յակոբու 3։13

Մարտ 31—Ո՛վ Տէր [Եհովա], քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։—Սաղմոս 25։4, 5, Դիտ. 1/1/92 9ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել