Եհովան մեղադրելի չէ
«Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասնզի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։—ՍԱՂՄՈՍ 103։13, 14
1, 2. Ո՞վ էր Աբրահամ, եւ իր եղբօրորդին Ղովտ ինչպէ՞ս ամբարիշտ Սոդոմ քաղաքին մէջ բնակեցաւ։
ԵՀՈՎԱՆ պատասխանատու չէ այն նեղութիւններուն՝ զորս կրնանք կրել մեր սխալներուն պատճառաւ։ Այս առնչութեամբ, նկատի առէք թէ ինչ տեղի ունեցաւ շուրջ 3,900 տարիներ առաջ։ Աստուծոյ բարեկամը Աբրահամ (Աբրամ) եւ իր եղբօրորդին՝ Ղովտ շատ հարուստ էին։ (Յակոբու 2։23) Իրականութեան մէջ, անոնց ստացուածքները եւ հօտերը այնքան շատ էին որ ‘երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակէին’։ Ասկէ զատ, այս երկու մարդոց հովիւներուն միջեւ վէճ մը ծագեցաւ։ (Ծննդոց 13։5–7) Արդ, ի՞նչ կարելի էր ընել։
2 Վէճին վերջ դնելու համար, Աբրահամ թելադրեց որ բաժնուին, թոյլ տալով որ նախ Ղովտ ընտրութիւն մը ընէ։ Թէեւ Աբրահամ տարիքով աւելի մեծ էր եւ պատշաճ պիտի ըլլար որ իր եղբօրորդին թոյլ տար որ ան լաւագոյն վայրը առնէր, բայց Ղովտ ամենալաւ շրջանը՝ Վարի Յորդանանի ամբողջ ջրարբի գաւառը ընտրեց։ Արտաքին երեւոյթը խաբէական էր, քանի որ բարոյապէս այլասերուած Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները շատ հեռու չէին։ Ղովտ ու իր ընտանիքը վերջապէս Սոդոմ փոխադրուեցան եւ ասիկա զիրենք հոգեւորապէս վտանգի մէջ դրաւ։ Անկէ զատ, անոնք գերի առնուեցան երբ Քոդողագոմոր Թագաւոր եւ իր դաշնակիցները Սոդոմի իշխանին յաղթեցին։ Աբրահամ եւ իր մարդիկը զանոնք ազատեցին, բայց Ղովտ եւ իր ընտանիքը Սոդոմ վերադարձան։—Ծննդոց 13։8–13. 14։4–16
3, 4. Երբ Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց, ի՞նչ պատահեցաւ Ղովտին ու իր ընտանիքի անդամներուն։
3 Սոդոմի ու Գոմորի սեռային խեղաթիւրումին եւ բարոյական այլասերումին պատճառաւ, Եհովա որոշեց այս քաղաքները կործանել։ Ողորմած գտնուելով, ան երկու հրեշտակներ ղրկեց, որոնք Ղովտը, իր կինը եւ անոնց երկու աղջիկները Սոդոմէ դուրս առաջնորդեցին։ Անոնք ետեւ պէտք չէր նայէին, բայց Ղովտի կինը նայեցաւ, թերեւս տենչալով իր ետին ձգուած նիւթական բաներուն։ Իսկոյն, ան աղի արձան դարձաւ։—Ծննդոց 19։1–26
4 Ղովտ ու իր աղջիկները մեծ կորուստ կրեցին։ Աղջիկները իրենց ետին ձգեցին իրենց ապագացու ամուսինները։ Ղովտ իր կինը եւ իր նիւթական հարստութիւնը կորսընցուց։ Իրականութեան մէջ, ան վերջապէս ստիպուեցաւ իր աղջիկներուն հետ քարայրի մը մէջ բնակիլ։ (Ծննդոց 19։30–38) Ինչ որ իր աչքին շատ լաւ երեւցած էր, ճիշդ հակառակը եղած էր։ Թէեւ բացայայտօրէն կարգ մը լուրջ սխալներ գործեց, սակայն հետագային ան կոչուեցաւ «արդար Ղովտը»։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Վստահաբար Եհովա Աստուած մեղադրելի չէր Ղովտի սխալներուն համար։
«Սխալները Ո՞վ Կրնայ Գիտնալ»
5. Դաւիթի զգացումը ի՞նչ էր սխալներու եւ ամբարտաւանութեան հանդէպ։
5 Անկատար ու մեղաւոր ըլլալով, բոլորս ալ սխալներ կը գործենք։ (Հռովմայեցիս 5։12. Յակոբու 3։2) Ղովտին նման, կրնայ ըլլալ որ արտաքին երեւոյթէն խաբուինք ու մեր դատողութեան մէջ սխալինք։ Անոր համար, սաղմոսերգու Դաւիթ պաղատեցաւ. «[Սխալները ո՞վ կրնայ գիտնալ (ՆԱ)]։ Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ. ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ, թող անոնք ինծի չտիրեն։ Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ»։ (Սաղմոս 19։12, 13) Դաւիթ գիտէր որ կրնար մեղքեր գործել անոնց մասին տեղեակ իսկ չըլլալով։ Հետեւաբար, ան խնդրեց որ իրեն ներուի այն անօրէնութիւնները որոնք թերեւս ծածկուած էին նոյնիսկ իրմէ։ Երբ իր անկատար մարմինը դրդեց զինք որ սխալ ընթացք մը առնելով լուրջ սխալ մը գործէ, ան Եհովայի օգնութիւնը հայցեց։ Ան ուզեց որ Աստուած ամբարտաւան արարքներէ ետ պահէ զինք։ Դաւիթ չուզեց որ ամբարտաւանութիւնը պատէ զինք։ Փոխարէն, ան փափաքեցաւ Եհովա Աստուծոյ իր նուիրումին մէջ կատարեալ ըլլալ։
6. Սաղմոս 103։10–14–էն ի՞նչ մխիթարութիւն կարելի է քաղել։
6 Որպէս Եհովայի այժմու նուիրուած ծառաներ, մենք ալ անկատար ենք եւ հետեւաբար սխալներ կը գործենք։ Ղովտին նման, զոր օրինակ, կրնանք մեր բնակավայրին առնչութեամբ աննպաստ ընտրութիւն մը ընել։ Թերեւս Աստուծոյ մեր սրբազան ծառայութիւնը ընդլայնելու պատեհութիւն մը փախցնենք։ Թէեւ Եհովա կը տեսնէ այսպիսի սխալներ, սակայն ան կը ճանչնայ արդարութեան հակող սիրտ մը ունեցողները։ Նոյնիսկ եթէ լրջօրէն մեղանչենք, բայց՝ զղջանք, Եհովա թողութիւն ու օգնութիւն կը հայթայթէ եւ կը շարունակէ մեզ նկատել որպէս բարեպաշտ անհատներ։ «Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի», յայտարարեց Դաւիթ։ «Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասնզի ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ (Սաղմոս 103։10–14) Մեր երկնաւոր ողորմած Հայրը կրնայ նաեւ օգնել մեզի որ մեր սխալը սրբագրենք կամ մեր սրբազան ծառայութիւնը ընդլայնելու ուրիշ պատեհութիւն մը կը շնորհէ մեզի, իր փառքին համար։
Աստուած Մեղադրելու Սխալը
7. Ինչո՞ւ նեղութիւններու կը հանդիպինք։
7 Երբ իրերը լաւ չընթանան, մարդկային հակում մըն է ոեւէ մէկը կամ բան մը մեղադրել պատահածին համար։ Ոմանք նոյնիսկ Աստուած կը մեղադրեն։ Բայց Եհովա այսպիսի դժուարութիւններ չի բերեր մարդոց վրայ։ Ան բարիքներ կ’ընէ, ոչ թէ՝ վնասակար բաներ։ Ան «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։45) Մեր նեղութիւններուն առաջնագոյն պատճառը այդ է որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ անձնասէր սկզբունքներով կ’ընթանայ եւ Բանսարկու Սատանային զօրութեան տակ կը գտնուի։—Ա. Յովհաննու 5։19
8. Ադամ ի՞նչ ըրաւ երբ իրերը շիտակ չընթացան իրեն համար։
8 Մեր սխալներէն պատճառուած նեղութիւններուն համար Եհովա Աստուած մեղադրելը անխոհեմութիւն եւ վտանգաւոր է։ Այսպէս վարուելով կրնանք նոյնիսկ մեր կեանքը կորսնցնել։ Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ իր ստացած բոլոր լաւ բաներուն համար վարկը Աստուծոյ պէտք էր տար։ Այո, Ադամ խորապէս երախտապարտ ըլլալու էր Եհովայի այն կեանքին եւ օրհնութիւններուն համար զորս կը վայելէր պարտիզանման բնակավայրի մը՝ Եդեմի պարտէզին՝ մէջ։ (Ծննդոց 2։7–9) Բայց Ադամ ի՞նչ ըրաւ, երբ Եհովայի չհնազանդելով արգիլուած պտուղը ուտելէն ետքը իրերը սխալ ընթացան։ Ադամ Աստուծոյ գանգատեցաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։ (Ծննդոց 2։15–17. 3։1–12) Վստահաբար, մենք ալ Եհովան պէտք չէ մեղադրենք, ինչպէս ըրաւ Ադամ։
9. (ա) Եթէ մեր անխոհեմ արարքներուն պատճառաւ նեղութիւններ կը դիմագրաւենք, ի՞նչ բան գիտնալով կրնանք մխիթարուիլ։ (բ) Ըստ Առակաց 19։3–ին, ոմանք ի՞նչ կ’ընեն երբ իրենց վրայ դժուարութիւններ կը բերեն։
9 Եթէ մեր անխոհեմ արարքներուն պատճառաւ նեղութիւններ կը դիմագրաւենք, կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով որ Եհովա մեզմէ աւելի լաւ կը հասկնայ մեր տկարութիւնները եւ մեզ պիտի ազատէ մեր դժուարութիւններէն, եթէ բացարձակ նուիրում ցոյց տանք իրեն հանդէպ։ Պէտք է գնահատենք աստուածային օգնութիւնը զոր կը ստանանք, երբեք Աստուած չմեղադրելով, երբ մեր վրայ դժուարութիւններ կը բերենք։ Այս մասին իմաստուն առակ մը կ’ըսէ. «Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ [կը զայրանայ (ՆԱ)]»։ (Առակաց 19։3) Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Կարգ մը մարդիկ իրենք զիրենք կը քանդեն իրենց յիմար արարքներով եւ ապա ՏԷՐԸ կը մեղադրեն»։ (Today’s English Version) Տակաւին ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Մարդու մը տգիտութիւնը կը խանգարէ իր գործերը եւ ան Եհովայի դէմ կը բորբոքի»։—Byington
10. Ադամի յիմարութիւնը ինչպէ՞ս ‘իր ճամբան աւերեց’։
10 Այս առակին սկզբունքին հետ համաձայն ըլլալով, Ադամ անձնասիրաբար վարուեցաւ եւ իր յիմար մտածումը ‘իր ճամբան աւերեց’։ Անոր սիրտը Եհովա Աստուծմէ հեռացաւ եւ ան անձնասէր, անկախ ընթացք մը որդեգրեց։ Ադամ այնքան ապերախտ եղաւ, որ իր Ստեղծիչը մեղադրեց եւ այսպիսով ինքզինք Բարձրելոյն թշնամին ըրաւ։ Ադամի մեղքը իր եւ իր ընտանիքին ճամբան աղիտալի դարձուց։ Ի՜նչ մեծ ազդարարութիւն մը։ Անոնք որոնք անբաղձալի վիճակներու համար Եհովան մեղադրելու հակումը ունին, կրնան իրենք իրենց հարց տալ. Արդեօք վարկը Աստուծոյ կու տա՞մ այն լաւ բաներուն համար զորս կը վայելեմ։ Երախտապա՞րտ եմ որ կ’ապրիմ որպէս իր արարածներէն մէկը։ Արդեօք իմ կրած նեղութիւններս, իմ սխալներուս արդի՞ւնքն են։ Իր ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ սահմանուած իր առաջնորդութեան ենթարկուելով արժանի՞ եմ Եհովայի հաճութեան կամ օգնութեան։
Վտանգ մը՝ Նոյնիսկ Աստուծոյ Ծառաներուն Համար
11. Աստուծոյ նկատմամբ, առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները ի՞նչ բանով յանցաւոր էին։
11 Հ.Դ. առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները կը դաւանէին Աստուծոյ ծառայել, բայց իր ճշմարիտ խօսքը կ’անտեսէին իրենց հասկացողութեան ապաւինելով։ (Մատթէոս 15։8, 9) Քանի որ Յիսուս Քրիստոս անոնց սխալ խորհուրդները կը քօղազերծէր, անոնք զինք սպաննեցին։ Հետագային, անոնք մեծ զայրոյթով լեցուեցան անոր աշակերտներուն դէմ։ (Գործք 7։54–59) Այս մարդոց ճամբան այնքան խեղաթիւրուած էր որ անոնք իսկապէս Եհովայի դէմ զայրացան։—Բաղդատել Գործք 5։34, 38, 39։
12. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ նոյնիսկ Քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցող կարգ մը անհատներ կը փորձեն Եհովան մեղադրել իրենց դժուարութիւններուն համար։
12 Նոյնիսկ Քրիստոնէական ժողովքէն կարգ մը անհատներ վտանգաւոր մտածելակերպ մը զարգացուցած են, փորձելով Աստուած պատասխանատու բռնել իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար։ Օրինակի համար, ժողովքի մը նշանակուած երէցները անհրաժեշտ տեսան ամուսնացած երիտասարդ կնոջ մը սուրբ գրային ազնիւ՝ բայց հաստատ խրատ մը տալ աշխարհային մարդու մը հետ իր ունեցած ընկերակցութեան նկատմամբ։ Խօսակցութեան մը ընթացքին, ան Աստուած մեղադրեց որ իրեն չէր օգներ դէմ դնելու այն փորձութեան զոր այդ մարդուն հետ իր յարատեւ ընկերակցութիւնը իր վրայ կը բերէր։ Ան ուղղակի ըսաւ որ ինք բարկացած էր Աստուծոյ դէմ։ Ապարդիւն մնացին անոր օգնելու նպատակաւ եղած սուրբ գրային պատճառաբանութիւններն ու կրկնակի ջանքերը եւ անբարոյ ընթացքի մը պատճառաւ, հետագային ան Քրիստոնէական ժողովքէն վտարուեցաւ։
13. Ինչո՞ւ խուսափիլ տրտնջական կեցուածքէ մը։
13 Տրտունջի հոգի ունեցող մը կրնայ մինչեւ իսկ Եհովան մեղադրել։ Այն «ամբարիշտներ»ը որոնք գաղտուկ կը մտնէին առաջին դարու ժողովքին մէջ, այդ տեսակ վատ հոգի մը ունէին, որու կ’ընկերակցէր հոգեւորապէս ապականած ուրիշ մտածմունքներ։ Ինչպէս Յուդա աշակերտ ըսաւ, այս մարդիկը «մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան»։ Յուդա նաեւ նշեց. «Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են»։ (Յուդա 3, 4, 16) Եհովայի հաւատարիմ ծառաները իմաստութեամբ պէտք է աղօթեն որ գնահատող հոգի մը սնուցանեն եւ ոչ թէ տրտնջական վերաբերմունք մը ունենան, որ կրնայ վերջապէս զիրենք այն աստիճան դառնացնել որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցնեն եւ անոր հետ իրենց յարաբերութիւնը վտանգեն։
14. Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ հակազդել երբ ընկեր Քրիստոնեայի մը կողմէ վիրաւորուի, բայց ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ ընթացք պիտի չըլլայ։
14 Թերեւս խորհիք որ ասիկա չի կրնար ձեզի պատահիլ։ Այսուհանդերձ, երբ մեր կամ ուրիշներու սխալներուն պատճառաւ իրերը սխալ ընթանան, անոնք կրնան ի վերջոյ պատճառ ըլլալ որ Աստուած մեղադրենք։ Օրինակի համար, անհատ մը կրնայ վիրաւորուիլ հաւատակիցի մը ըսածէն կամ ըրածէն։ Վիրաւորուած անհատը—թերեւս մէկը որ երկար տարիներ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայած է—կրնայ ըսել. ‘Եթէ այդ անձը ժողովքին մէջն է, ես ժողովները պիտի չյաճախեմ’։ Անհատ մը կրնայ այնքան տակնուվրայ ըլլալ որ իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Եթէ այսպիսի դէպքեր շարունակուին, չեմ ուզեր ժողովքին մաս կազմել’։ Բայց Քրիստոնեայ մը պէ՞տք է ունենայ այդ կեցուածքը։ Եթէ ուրիշ անկատար անհատէ մը վիրաւորուած է, ինչո՞ւ ամբողջ ժողովքի մը դէմ կը բորբոքի, որ կը բաղկանայ Աստուծոյ ընդունելի անհատներէ, որոնք Իրեն հաւատարմութեամբ կը ծառայեն։ Եհովայի նուիրուած ոեւէ մէկը ինչո՞ւ պէտք է դադրի աստուածային կամքը կատարելէ եւ այսպիսով Աստուծոյ դէմ բորբոքի։ Որքա՞ն իմաստութիւն է թոյլ տալ որ անհատ մը կամ կարգ մը պարագաներ կործանեն մէկու մը ունեցած լաւ յարաբերութիւնը Եհովայի հետ։ Վստահաբար, յիմարութիւն ու մեղք պիտի ըլլար որեւէ պատճառով Եհովա Աստուած պաշտելէն ետ կենալ։—Յակոբու 4։17
15, 16. Դիոտրեփէս ի՞նչ բանով յանցաւոր էր, բայց Գայիոս ինչպէ՞ս վարուեցաւ։
15 Երեւակայեցէք որ սիրալիր Քրիստոնեայ Գայիոսին հետ նոյն ժողովքին մէջն էք։ Ան «հաւատարմաբար» կը հիւրասիրէր այցելու հաւատակիցները որոնք օտարներ կը սեպուէին։ Բայց բացայայտօրէն նոյն ժողովքին մէջ կար հպարտ մարդ մը՝ Դիոտրեփէսը։ Ան Յիսուս Քրիստոսի մէկ առաքեալէն՝ Յովհաննէսէն՝ եկած որեւէ բան յարգանքով չէր ընդուներ։ Իրականութեան մէջ, Դիոտրեփէս նոյնիսկ Յովհաննէսի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէր։ Առաքեալը ըսաւ. «Ասով ալ գոհ չըլլալէ զատ ո՛չ միայն ինք [Դիոտրեփէս] չընդունիր եղբայրները, այլ անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ՝ կ’արգիլէ ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ»։—Գ. Յովհաննու 1, 5–10
16 Երբ Յովհաննէս այս ժողովքը այցելէր, մտադրած էր յիշել Դիոտրեփէսի ըրածները։ Մինչ այդ, Գայիոս եւ այդ ժողովքին ուրիշ հիւրասէր Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Սուրբ գրային որեւէ մատնանշում չկայ թէ անոնցմէ ոեւէ մէկը ըսաւ. ‘Որքան ատեն որ Դիոտրեփէս ժողովքին մէջն է, չեմ ուզեր անոր մաս կազմել։ Ժողովներուն զիս պիտի չտեսնէք’։ Գայիոս եւ իրեն նման ուրիշներ անկասկած հաստատ մնացին։ Անոնք թոյլ չտուին որ որեւէ բան զիրենք ետ պահէ աստուածային կամքը կատարելէ եւ վստահաբար Եհովայի դէմ ալ չզայրացան։ Ոչ, արդարեւ, անոնք տեղի չտուին Բանսարկու Սատանայի խորամանկ կերպերուն, որ պիտի ուրախանար եթէ անոնք Եհովայի անհաւատարիմ գտնուէին եւ Աստուած մեղադրէին։—Եփեսացիս 6։10–18
Եհովայի Դէմ Երբեք Մի՛ Զայրանաք
17. Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք եթէ անհատ մը կամ պարագայ մը մեզ վիրաւորէ կամ դժգոհեցնէ։
17 Նոյնիսկ երբ անհատ մը կամ պարագայ մը ժողովքի մը մէջ գտնուող Աստուծոյ ծառայ մը դժգոհեցնէ կամ վիրաւորէ, վիրաւորուողը իր ճամբան իրապէս կը խոտորեցնէ եթէ Եհովայի ժողովուրդին հետ իր ընկերակցութիւնը դադրեցնէ։ Այսպիսի անհատ մը իր իմացականութիւնը պատշաճ կերպով գործածած պիտի չըլլայ։ (Եբրայեցիս 5։14) Ուստի հաստատամիտ եղէք ամէն հակառակութիւն դիմակալելու որպէս ուղղամտութիւն պահողներ։ Հաւատարիմ մնացէք Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ Քրիստոնէական ժողովքին հանդէպ։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Կարելի չէ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճշմարտութիւնը ուրիշ որեւէ տեղ գտնել։
18. Թէեւ աստուածային գործառնութիւնները միշտ չենք հասկնար, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ Եհովա Աստուծոյ նկատմամբ։
18 Յիշեցէք նաեւ որ Եհովա ոեւէ մէկը չար բաներով երբեք չի փորձեր։ (Յակոբու 1։13) Աստուած, որ սիրոյ մարմնացումն է, բարիք կ’ընէ, մասնաւորաբար զինք սիրողներուն։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Թէեւ աստուածային գործառնութիւնները միշտ չենք հասկնար, սակայն կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա Աստուած իր ծառաներուն համար լաւագոյն եղածը ընելու մէջ երբեք պիտի չթերանայ։ Ինչպէս Պետրոս ըսաւ. «Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Այո, Եհովա իրապէս իր ժողովուրդին հոգ կը տանի։—Սաղմոս 94։14
19, 20. Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք, նոյնիսկ եթէ մեր փորձութիւնները մեզ երբեմն յուսալքումի մատնեն։
19 Հետեւաբար, թոյլ մի՛ տաք որ որեւէ բան կամ ոեւէ մէկը ձեզ գայթակղեցնէ։ Ինչպէս սաղմոսերգուն լաւ կերպով արտայայտեց, «[Եհովա Աստուծոյ] օրէնք[ը] սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 119։165) Բոլորս ալ փորձութիւններու կ’ենթարկուինք, որոնք երբեմն կրնան պատճառ ըլլալ որ կերպով մը յուսալքուինք եւ վհատինք։ Բայց բնաւ թոյլ մի՛ տաք որ ձեր սրտին մէջ դառնութիւն զարգանայ, մանաւանդ Եհովայի դէմ։ (Առակաց 4։23) Իր օգնութեամբ եւ սուրբ գրային հիման վրայ, ձեռք առէք այն խնդիրները որոնք անձամբ կրնաք լուծել, իսկ տոկացէք անոնց՝ որոնք կը յարատեւեն։—Մատթէոս 18։15–17. Եփեսացիս 4։26, 27
20 Երբեք թոյլ մի՛ տաք որ ձեր զգացումները պատճառ ըլլան որ յիմարութեամբ հակազդէք եւ այսպիսով ձեր ճամբան խոտորեցնէք։ Խօսեցէք եւ վարուեցէք ա՛յն կերպով որ Աստուծոյ սիրտը կ’ուրախացնէ։ (Առակաց 27։11) Եհովայի դիմեցէք ջերմեռանդ աղօթքով, գիտնալով որ որպէս իր ծառաներէն մէկը ան ձեզի իրապէս հոգ կը տանի եւ պէտք եղած հասկացողութիւնը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի իր ժողովուրդին հետ կեանքի ճամբուն մէջ մնաք։ (Առակաց 3։5, 6) Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ դէմ մի՛ զայրանանք։ Երբ իրերը շիտակ չընթանան, միշտ յիշեցէք որ Եհովան մեղադրելի չէ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ղովտ ի՞նչ սխալ գործեց, բայց Աստուած ինչպէ՞ս նկատեց զինք։
◻ Դաւիթի զգացումը ի՞նչ էր սխալներու եւ ամբարտաւանութեան նկատմամբ։
◻ Երբ իրերը սխալ ընթանան, ինչո՞ւ Աստուած պէտք չէ մեղադրենք։
◻ Ի՞նչ բաներ պիտի օգնեն մեզի որ Եհովայի դէմ զայրանալէ խուսափինք։
[Նկար՝ էջ 13]
Երբ Աբրահամէն բաժնուեցաւ, Ղովտ իր բնակավայրին առնչութեամբ աննպաստ ընտրութիւն մը ըրաւ