Թագաւոր մը կը պղծէ Եհովայի սրբարանը
«Իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան»։—ԴԱՆԻԷԼ 11։32
1, 2. Եղերական ի՞նչ պայքար մը նշած է մարդկային պատմութիւնը շուրջ 2,000 տարիներէ ի վեր։
ԵՐԿՈՒ մրցակից թագաւորներ գերակայութեան համար ամբողջական պայքարի մը մէջ պարփակուած են։ Նախ մէկը, ապա միւսը կը տիրապետէ, մինչ աւելի քան երկու հազար տարիներէ ի վեր պայքարը կը շարունակուի։ Մեր օրերուն, այս ընդհարումը երկրի շատ մը ժողովուրդներուն ազդած է եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղամտութիւնն ալ փորձի ենթարկած է։ Անիկա վերջ կը գտնէ երկուքին կողմէ աննախատեսելի դէպքով մը։ Այս եղերական պատմութիւնը նախապէս յայտնուած էր վաղեմի Դանիէլ մարգարէին։—Դանիէլ 10–12 գլուխները։
2 Մարգարէութիւնը կը վերաբերէր հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին միջեւ շարունակուող թշնամանքին, որ մանրամասնօրէն բացատրուած էր, «Քու Կամքդ Ըլլայ Երկրի Վրայ»a գրքին մէջ։ Այդ գրքին մէջ ցոյց տրուած էր որ սկիզբը հիւսիսի թագաւորը՝ Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Սուրիան էր։ Անկէ ետք այս դերը ստանձնեց Հռովմը։ Իսկ հարաւի թագաւորը՝ Եգիպտոսով սկսաւ։
Պայքար՝ Վերջին Ժամանակին մէջ
3. Ըստ հրեշտակին, հիւսիսի եւ հարաւի թագաւորներուն մասին մարգարէութիւնը ե՞րբ պիտի հասկցուէր եւ ինչպէ՞ս։
3 Այս բաները Դանիէլի յայտնող հրեշտակը ըսաւ. «Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ (Դանիէլ 12։4) Այո, մարգարէութիւնը կապ ունէր վերջին ժամանակին հետ, ժամանակաշրջան մը որ սկսաւ 1914–ին։ Այդ նշուած ժամանակին, շատեր Սուրբ Գրութիւնները ‘ուշադրութեամբ պիտի կարդային’ եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, ճշմարիտ գիտութիւնը՝ մէջը ըլլալով Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն հասկացողութիւնը՝ պիտի շատնար։ (Առակաց 4։18) Մինչ այդ ժամանակին մէջ աւելի կը յառաջանանք, Դանիէլի մարգարէութիւններուն մանրամասնութիւնները աւելի կը յստականան։ Արդ, 1993–ին, «Քու Կամքդ Ըլլայ Երկրի Վրայ» գրքին հրատարակումէն 35 տարի ետք, հիւսիսի թագաւորը եւ հարաւի թագաւորը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք։
4, 5. (ա) Հիւսիսի եւ հարաւի թագաւորներուն մարգարէութեան մէջ 1914 տարին ո՞ւր կը գտնուէի։ (բ) Ըստ հրեշտակին, ի՞նչ պիտի պատահէր 1914–ին։
4 1914–ին վերջին ժամանակին սկիզբը նշուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտով եւ Յիսուսի նախագուշակած համաշխարհային ուրիշ տագնապներով։ (Մատթէոս 24։3, 7, 8) Դանիէլի մարգարէութեան մէջ, այդ տարին կրնա՞նք գտնել։ Այո՛։ Վերջին ժամանակին սկիզբը՝ Դանիէլ 11։29–ի ակնարկած «որոշուած ժամանակ»ն է։ (Տես «Քու Կամքդ Ըլլայ Երկրի Վրայ» գրքին էջ 269–270։) Դանիէլի օրերուն, Եհովա արդէն որոշած էր այդ ժամանակը, քանի որ անիկա Դանիէլի 4–րդ գլուխին մէջ մատնանշուած 2,520 տարիներուն մարգարէական նշանակալից դէպքերուն վերջաւորութեան կը զուգադիպէր։
5 Այդ 2,520 տարիները, որ սկսած էին Դանիէլի երիտասարդութեան շրջանին կոչուած էին «Ազգերուն սահմանուած ժամանակները»՝ Հ.Դ.Ա. 607–ի Երուսաղէմի կործանումէն մինչեւ Հ.Դ. 1914՝։ (Ղուկաս 21։24) Քաղաքական ի՞նչ դէպքեր, այդ օրերուն վախճանը պիտի նշէին։ Հրեշտակ մը ասիկա յայտնեց Դանիէլի։ Ան ըսաւ. «Որոշուած ժամանակին [հիւսիսի թագաւորը] պիտի դառնայ ու հարաւին վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ»։—Դանիէլ 11։29
Թագաւորը Պատերազմը կը Կորսնցնէ
6. 1914–ին հիւսիսի թագաւորը ո՞վ էր, եւ հարաւի թագաւորը ո՞վ էր։
6 1914–ի ատենները, հիւսիսի թագաւորին դերը ստանձնած էր Գերմանիան, որու կառավարիչն էր Վիլհէլմ Կայսրը։ Եւրոպայի մէջ ծայր տուած հակառակութիւնները հիւսիսի եւ հարաւի թագաւորներուն միջեւ ճակատումներու նպաստող ուրիշ պատճառ մըն էին։ Արդ, այս վերջինին՝ հարաւի թագաւորին՝ դերը լեցուցած էր Բրիտանիան, որ շուտով Եգիպտոսը՝ հարաւի սկզբնական թագաւորին կալուածը՝ գրաւեց։ Մինչ պատերազմը կ’ընթանար, Բրիտանիոյ միացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ իր նախկին գաղութն էր։ Այսպիսով, Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը՝ որ պատմութեան ամենէն ուժեղ կայսրութիւնն էր՝ կազմեց հարաւի թագաւորը։
7, 8. (ա) Առաջին աշխարհամարտին, ինչպէ՞ս իրերը «առաջուան պէս» չեղան։ (բ) Առաջին աշխարհամարտին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ, բայց ըստ մարգարէութեան, հիւսիսի թագաւորը ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցաւ։
7 Այս երկու թագաւորներուն միջեւ եղած նախկին ընդհարումներուն մէջ, հիւսիսի թագաւորը եղող Հռովմէական Կայսրութիւնը միշտ յաղթական եղած էր։ Այս անգամ, ‘առաջինին պէս պիտի չըլլար’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հիւսիսի թագաւորը պատերազմը կորսնցուց։ Պատճառներէն մէկը այդ էր որ «Կիտացիներու նաւերը» հիւսիսի թագաւորին դէմ եկան։ (Դանիէլ 11։30) Ի՞նչ էին այս նաւերը։ Դանիէլի ժամանակ, Կիտացիներու երկիրը Կիպրոսն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտին սկիզբը, Կիպրոսը կցուեցաւ Բրիտանիոյ։ Ասկէ զատ, ըստ համայնագիտարանի մը (The Zondervan Pictorial Encyclopedia of the Bible), Կիտացի անունը «իր մէջ կը բովանդակէր ընդհանուր Արեւմուտքը, բայց մասնաւորաբար ծովային Արեւմուտքը»։ Նոր Միջազգային Թարգմանութիւնը «Կիտացիներու նաւերը» արտայայտութիւնը կը թարգմանէ որպէս «արեւմտեան ծովափներու նաւերը»։ Առաջին աշխարհամարտին, Կիտացւոց նաւերը՝ Բարիտանացւոց նաւերն էին, որ Եւրոպայի արեւմտեան ծովափի տարածքին կը գտնուէին։ Հետագային, Բրիտանական Նաւատորմը, արեւմտեան ցամաքամասէն եկող Հիւսիսային Ամերիկայի կողմէ զօրացաւ։
8 Այս կատաղի յարձակման ներքեւ, հիւսիսի թագաւորը ‘թուլցաւ’ եւ իր պարտութիւնը ընդունեց 1918–ին։ Բայց անոր վերջը եկած չէր։ «Դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի ելլէ, պիտի դառնայ ու սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ պիտի ընէ»։ (Դանիէլ 11։30) Հրեշտակը այսպէս մարգարէացաւ եւ այդպէս ալ եղաւ։
Թագաւորը Ազդու Կերպով կը Գործէ
9. Ի՞նչ բան առաջնորդեց Ատոլֆ Հիթլէրի բարձրացման եւ ան ինչպէ՞ս ազդու կերպով գործեց։
9 Պատերազմէն ետք՝ 1918–ին՝ յաղթական դաշնակիցները պատժական խաղաղութեան դաշնագիր մը պարտադրեցին Գերմանիոյ, որու երեւութապէս նպատակն էր Գերմանացի ժողովուրդը գրեթէ սովամահութեան ենթարկել, անորոշ ապագայի մը համար։ Որպէս արդիւնք, քանի մը տարի չափազանց նեղութեան մէջ երերալէ ետք, Գերմանիան հասունցած էր Ատոլֆ Հիթլէրի բարձրացման համար։ Ան 1933–ին գերաստիճան զօրութեան մը հասաւ եւ անմիջապէս կատաղի յարձակում մը կատարեց «սուրբ ուխտին դէմ», որ Յիսուս Քրիստոսի օծեալ եղբայրներով ներկայացուցած էր։ Ան ազդու կերպով գործեց այս հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն դէմ, անգութօրէն հալածելով անոնցմէ շատեր։
10. Աջակցութիւն փնտռելով, Հիթլէր որո՞ւ հետ դաշնակցութիւն ըրաւ եւ ի՞նչ արդիւնքով։
10 Հիթլէր տնտեսական եւ դիւանագիտական յաջողութիւն մը վայելելով այդ մարզին մէջ ալ ազդու կերպով գործեց։ Քանի մը տարուան մէջ, ան Գերմանիան նկատողութեան արժանի զօրութիւն մը դարձուց, այս ջանքին մէջ իրեն աջակից ունենալով ‘սուրբ ուխտը մերժողները’։ Որո՞նք էին անոնք։ Բացայայտօրէն Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները, որոնք կը դաւանէին Աստուծոյ հետ ուխտեալ յարաբերութեան մէջ ըլլալ, սակայն շատոնց դադրած էին Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլալէ։ Հիթլէր յաջողեցաւ «սուրբ ուխտը մերժողներուն» աջակցութիւնն ալ վայելել։ Հռովմի մէջ Պապը բարեկամական դաշինք մը կնքեց իրեն հետ, իսկ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ Բողոքական եկեղեցիները՝ Հիթլէրի նեցուկ կանգնեցան իր 12 տարուան սարսափազդու իշխանութեան ընթացքին։
11. Հիւսիսի թագաւորը ինչպէ՞ս ‘պղծեց տաճարը’ եւ ‘վերցուց մշտնջենապէս այրուող զոհը’։
11 Հիթլէր ա՛յնքան յաջողակ եղաւ որ ան պատերազմի ձեռնարկեց, ինչպէս հրեշտակը ճշգրտօրէն նախագուշակած էր։ «Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին եւ պղծեն տաճարը [սրբարանը] եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը»։ (Դանիէլ 11։31ա) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, սրբարանը Երուսաղէմի տաճարին մաս կը կազմէր։ Սակայն, երբ Հրեաները մերժեցին Յիսուսը, Եհովա ալ զիրենք եւ իրենց տաճարը մերժեց։ (Մատթէոս 23։37–24։2) Առաջին դարէն ի վեր, Եհովայի տաճարը հոգեւոր տաճար մըն է, որու ամենասուրբ տեղը երկինքն է, իսկ հոգեւոր գաւիթը երկրի վրայ է, ուր կը ծառայեն Քահանայապետ Յիսուսի օծեալ եղբայրները։ 1930–ական թուականներէն ի վեր, մեծ բազմութիւնը օծեալ մնացորդին պաշտամունքին միացած է, որու համար ըսուած է որ ‘Աստուծոյ տաճարին մէջ’ կը ծառայեն։ (Յայտնութիւն 7։9, 15. 11։1, 2. Եբրայեցիս 9։11, 12, 24) Տաճարին երկրային գաւիթը պղծուեցաւ հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ գտնուող երկիրներուն մէջ օծեալ մնացորդին եւ անոր ընկերակիցներուն անողոք հալածանքով։ Հալածանքը ա՛յնքան խիստ էր որ մշտնջենապէս այրուող զոհը՝ Եհովայի անուան օրհնութեան հանրային պատարագը՝ վերցուեցաւ։ (Եբրայեցիս 13։15) Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ հակառակ քստմնելի տառապանքներու, հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները եւ «ուրիշ ոչխաներ»ը շարունակեցին գաղտագողի քարոզել։—Յովհաննու 10։16
«Աւերող Պղծութիւնը»
12, 13. Ի՞նչ էր «աւերող պղծութիւնը», եւ ինչպէս նախատեսուած էր հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ՝ ան ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս վերահաստատուեցաւ։
12 ՄԻնչ երկրորդ աշխարհամարտը իր վախճանին կը հասնէր, ուրիշ բան մը զարգանալու վրայ էր։ «Աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն»։ (Դանիէլ 11։31բ) Այս «աւերող պղծութիւնը», զոր Յիսուս ալ յիշեց, արդէն ճանչցուած էր որպէս Ազգերու Դաշնակցութիւն, կարմիր գազանը, որ ըստ Յայտնութեան, անդունդը գացած էր։ (Մատթէոս 24։15. Յայտնութիւն 17։8. տես Լոյս, Գիրք Երկու, էջ 94։) Ասիկա տեղի ունեցաւ, երբ Երկրորդ Աշխարհամարտը ծագեցաւ։ Սակայն, 1942–ին, Եհովայի Վկաներու Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովին, Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան երրորդ նախագահը՝ Նաթան Նոր՝ Յայտնութիւն 17–րդ գլուխի մարգարէութիւնը բացատրեց եւ զգուշացուց որ գազանը վերստին պիտի ելլէր անդունդէն։
13 Պատմութիւնը ապացուցանեց այս խօսքերուն ճշմարտութիւնը։ 1944–ի Օգոստոսէն Հոկտեմբերի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու Տամպարթըն Օգսի մէջ, աշխատանքներ սկսան Միացեալ Ազգեր կոչուելիք պայմանագրութեան վրայ։ Այս պայմանագրութիւնը որդեգրուեցաւ 51 ազգերու կողմէ, ի ներառեալ նախկին Խորհրդային Միութիւնը, իսկ երբ 24 Հոկտեմբեր 1945–ին անիկա ի զօրու եղաւ, արդարեւ հանգուցեալ Ազգերու Դաշնակցութիւնը անդունդէն դուրս եկաւ։
14. Հիւսիսի թագաւորին ինքնութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս փոխուեցաւ։
14 Երկու աշխարհամարտերու ընթացքին, Գերմանիան հարաւի թագաւորին գլխաւոր թշնամին եղած էր։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Գերմանիոյ մէկ մասը հարաւի թագաւորին միացաւ։ Բայց Գերմանիոյ միւս մասը ուրիշ զօրաւոր կայսրութեան մը կցուեցաւ։ Համայնավար հատուածը, որու ներկայիս մաս կը կազմէր Գերմանիոյ մէկ մասը, զօրեղ կերպով հակառակեցաւ Անգլօ–Ամերիկեան ուխտին եւ երկու թագաւորներու միջեւ մրցակցութիւնը Պաղ Պատերազմի վերածուեցաւ։—Տես «Քու Կամքդ Ըլլայ Երկրի Վրայ», էջ 264–284, Անգլերէնով։
Թագաւորը եւ Ուխտը
15. Որո՞նք են «ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները», եւ անոնք հիւսիսի թագաւորին հետ ի՞նչ յարաբերութիւն ունին։
15 Արդ, հրեշտակը կ’ըսէ. «Ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ»։ (Դանիէլ 11։32ա) Որո՞նք են ուխտին հանդէպ ամբարշտութեամբ վարուողները։ Դարձեալ, անոնք միայն Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները կրնան ըլլալ, որոնք կը դաւանին Քրիստոնեայ ըլլալ, բայց իրենց գործերը Քրիստոնեայ անունն իսկ կը պղծեն։ Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին, «Սովետական Կառավարութիւնը ջանք թափեց որ Եկեղեցիներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ապահովէ, հայրենիքի պաշտպանութեան համար»։ (Religion in the Soviet Union, Ուոլթըր Գոլարզի կողմէ։) Պատերազմէն ետք, եկեղեցիի առաջնորդները փորձեցին այդ բարեկամութիւնը պահել, հակառակ այդ իշխանութեան անաստուած քաղաքականութեան, որ հիւսիսի թագաւորին դերը ստանձնած էր։b Այս կերպով, Քրիստոնեայ Աշխարհը որեւէ ատենէ աւելի այս աշխարհին մէկ մասը եղաւ, ինչ որ Եհովայի աչքին զզուելի հաւատուրացութիւն մըն էր։—Յովհաննու 17։14. Յակոբու 4։4
16, 17. Որո՞նք են «խելացիները», եւ անոնք հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ինչպէ՞ս վարուեցան։
16 Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել իրական Քրիստոնեաներու մասին։ «Բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին»։ (Դանիէլ 11։32բ, 33) Հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ապրող Քրիստոնեաները, թէեւ պատշաճօրէն ‘հնազանդելով իրենց վրայ եղող իշխանութիւններուն’, այս աշխարհի մաս չկազմեցին։ (Հռովմայեցիս 13։1. Յովհաննու 18։36) Կայսրին բաները Կայսրին տալու հոգածու ըլլալով, անոնք նաեւ ‘Աստուծոյ բաները Աստուծոյ’ տուին։ (Մատթէոս 22։21) Այս պատճառաւ, անոնց ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ։—Բ. Տիմոթէոս 3։12
17 Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անոնք ‘զօրացան’ եւ կարգ մը բաներու ‘հանդիպեցան’. դառնօրէն հալածուեցան եւ տառապեցան, ոմանք նոյնիսկ սպաննուեցան։ Բայց անոնք զօրացան այն առումով որ ընդհանուր առմամբ հաւատարիմ մնացին։ Այո, անոնք Յիսուսի նման՝ աշխարհին յաղթեցին։ (Յովհաննու 16։33) Ասկէ զատ, անոնք բնաւ չդադրեցուցին քարոզչութիւնը, նոյնիսկ երբ բանտ նետուեցան, կամ կեդրոնացման ճամբար տարուեցան։ Այսպէս վարուելով, անոնք ‘շատերուն սորվեցուցին’։ Հակառակ հալածանքի, հիւսիսի թագաւորին իշխանութեան ներքեւ գտնուող շատ մը երկիրներու մէջ Եհովայի Վկաներու թիւը աւելցաւ։ Այդ «խելացիներուն» հաւատարմութեան շնորհիւ, այդ երկիրներուն մէջ ‘մեծ բազմութեան’ մաս կազմողները նկատելի կերպով աւելցած են։—Յայտնութիւն 7։9–14
18. Հիւսիսի թագաւորին ներքեւ ապրող օծեալ մնացորդին ստացած «քիչ մը օգնութիւն»ը ի՞նչ էր։
18 Աստուծոյ ժողովուրդին հալածանքին մասին խօսելով, հրեշտակը նախատեսեց. «Բայց երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն»։ (Դանիէլ 11։33) Ասիկա ինչպէ՞ս պատահեցաւ։ Մասամբ, երկրորդ աշխարհամարտին, հարաւի թագաւորին յաղթանակը մեծ ամոքում մը եղաւ մրցակից թագաւորին իշխանութեան ներքեւ ապրող Քրիստոնեաներուն համար։ (Բաղդատել Յայտնութիւն 12։15, 16։) Ապա, յաջորդ թագաւորին ներքեւ հալածուողները, երբեմն հանգիստի պահեր ունեցան. իսկ երբ Պաղ Պատերազմը նուազեցաւ, քաղաքական առաջնորդներէն շատեր անդրադարձան որ Քրիստոնեաները սպառնալիք մը չեն եւ հետեւաբար օրինական ճանաչում շնորհեցին։c Մեծ բազմութեան թիւին աւելնալն ալ մեծապէս նպաստեց, որոնք օծեալներուն քարոզչութեան ընդառաջեցին եւ անոնց օգնեցին, ինչպէս նկարագրուած էր Մատթէոս 25։34–40–ին մէջ։
Աստուծոյ Ժողովուրդին Մաքրութիւնը
19. (ա) Ոմանք ինչպէ՞ս ‘շողոքորթութիւնով անոնց յարեցան’։ (բ) Ի՞նչ է իմաստը «մինչեւ վերջին ժամանակը» արտայայտութեան։ (Տես ստորանշումը)։
19 Այդ ժամանակ Աստուծոյ ծառայելու հետաքրքրութիւն արտայայտողներուն բոլորն ալ լաւ շարժառիթներ չունէին։ Հրեշտակը ազդարարեց. «Շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։ Խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին, որպէսզի մինչեւ վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տեւէ»։d (Դանիէլ 11։34, 35) Ոմանք ճշմարտութեամբ հետաքրքրուեցան, բայց չէին ուզեր անկեղծօրէն նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան։ Ուրիշներ, որոնք երեւութապէս բարի լուրը ընդունած էին, կառավարական լրտեսներ էին։ Երկրէ մը եկած տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Այս անխիղճ անձնաւորութիւններէն ոմանք բացայայտ Համայնավարներ էին, որոնք սպրդած էին Տիրոջ կազմակերպութեան մէջ, մեծ եռանդ յայտնաբերելով եւ նոյնիսկ ծառայութեան բարձր դիրքեր գրաւելով»։
20. Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ հաւատարիմ Քրիստոնեաներէն ոմանք այս բաներուն «հանդիպին» կեղծաւորաբար ներս սպրդողներուն կողմէ։
20 Ներս սպրդողներուն պատճառով, հաւատարիմներէն ոմանք հեղինակութիւններու ձեռքը ինկան։ Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ այսպիսի բան մը պատահի։ Որպէսզի զտուին ու մաքրուին։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ», նմանապէս այս հաւատարիմ անհատները իրենց հաւատքի փորձութենէն համբերութիւն սորվեցան։ (Եբրայեցիս 5։8. Յակոբու 1։2, 3. բաղդատել Մաղաքեայ 3։3։) Այս կերպով անոնք ‘փորձուեցան, մաքրուեցան եւ ճերմկցան’։ Այս հաւատարիմներուն մեծ ուրախութիւն կը սպասէ, երբ իրենց համբերութիւնը վարձատրուելու նշանակուած ժամանակը գայ։ Ասոր պիտի տեսնենք, մինչ կը շարունակենք քննել Դանիէլի մարգարէութիւնը։
[Ստորանիշ էջ 12]
a Նիւ Եորքի Դիտարանի Աստուածաշունչի եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած եւ Անգլերէն լեզուով լոյս տեսած՝ Եհովայի Վկաներուն 1958–ի «Աստուածային Կամք» Միջազգային Համաժողովին։
[Ստորանիշ էջ 15]
b World Press Review–ի Հոկտեմբեր 1992–ի համարը, յօդուած մը արտատպեց Toronto Star–էն, ուր կ’ըսէր. «Անցեալ բազմաթիւ տարիներուն, Ռուսերը իրենց երկրին պատմութեան մասին, ատեն մը անձեռնմխելի եղող, տասնեակ մը պատրանքներուն խորտակուիլը տեսած են իրողութիւններու դիմաց։ Բայց համայնավար վարչաձեւին հետ եկեղեցիին համագործակցութեան մերկացումը, ա՛մենէն ջախջախիչ հարուածն էր»։
[Ստորանիշ էջ 16]
c Տես՝ 15 Յուլիս 1991–ի Դիտարանին 8–11–րդ էջերը։
[Ստորանիշ էջ 16]
d «Մինչեւ վերջին ժամանակը» կրնայ նշանակել՝ «վերջին ժամանակի ընթացքին»։ Հոս «մինչեւ» թարգմանուած բառը կը գտնուի Դանիէլ 7։25–ի Արամերէն բնագրին մէջ եւ հոն կը նշանակէ «ընթացքին» կամ «համար»։ Այս բառը նոյն իմաստը ունի Դ. Թագաւորաց 9։22–ի, Յոբ 20։5–ի եւ Դատաւորաց 3։26–ի Եբրայերէն բնագրին մէջ։ Սակայն շատ մը թարգմանութիւններու մէջ, Դանիէլ 11։35–ին մէջ «մինչեւ» թարգմանուած է, իսկ եթէ ասիկա շիտակ հասկացողութիւնն է, ուրեմն հոս «վերջին ժամանակը» պէտք է նշանակէ Աստուծոյ ժողովուրդին համբերութեան վերջին ժամանակը։—Բաղդատել՝ «Քու Կամքդ Ըլլայ Երկրի Վրայ», էջ 286։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ներկայիս ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք աւելի յստակօրէն հասկնալ Դանիէլի մարգարէութիւնը։
◻ Հիւսիսի թագաւորը ինչպէ՞ս ‘դէմ ելաւ ու յաջողեցաւ’։
◻ Ծառայ դասակարգը ինչպէ՞ս նախատեսեց ‘աւերող պղծութեան’ դարձեալ երեւան գալը։
◻ Օծեալ մնացորդը ի՞նչ բաներու ‘հանդիպեցաւ, զօրացաւ եւ քիչ մը օգնութիւն ստացաւ’։
[Նկար՝ էջ 15]
Հիթլէրի իշխանութեան ներքեւ, հիւսիսի թագաւորը լիովին ապագինեցաւ հարաւի թագաւորին կողմէ իր կրած պարտութենէն
[Նկար՝ էջ 16]
Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները փորձեցին հիւսիսի թագաւորին հետ յարաբերութիւն մշակել
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Zoran/Sipa Press