Ո՞րքան երկար կրնաք ապրիլ
ԲՈԼՈՐՍ ալ անվարան պիտի ընդունինք որ կեանքի ճամբան խնդիրներով լեցուն է։ Ասով հանդերձ, ուրախ ենք որ կ’ապրինք։ Մեր մանկութիւնով կամ կեանքի կարճ տեւողութիւնով ուրախ չենք. կ’ուզէինք երկար տարիներ ապրիլ։ Այսուհանդերձ, մահը անխուսափելի կը թուի։ Բայց իրապէս անխուսափելի՞ է անիկա։
Կարելի՞ է մահը յետաձգել։ Մեր կեանքի տեւողութիւնը կրնա՞յ երկարիլ։
Կեանքը Երկարե՞լ
1990–ին, լրագիր մը ծանուցանեց որ մարդկային կեանքի տեւողութիւնը կարելի է երկարել «հինգ քսանամեակ եւ տասը տարիներ»։ Անկասկած ասիկա անուղղակի ակնարկում մըն էր Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած սաղմոսերգու Մովսէսի խօսքերուն. «Մեր տարիներուն օրերը երեք քսանեակ եւ տասը տարիներ են. իսկ եթէ զօրութիւնով չորս քսանեակ ալ ըլլայ, տակաւին անոնց զօրութիւնը աշխատանք ու ցաւ է. քանի որ անիկա շուտով կը կտրուի եւ մենք կը թռչինք»։ (Սաղմոս 90։10, King James Version) Ուստի, Աստուածաշունչը 70 կամ 80 տարի կու տայ որպէս մարդու կեանքի միջին տարիքը։ Բայց ներկայիս, անհատի մը ապրելու հաւանական ակնկալութիւնը քանի՞ տարի է։
1992–ին, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) կողմէ հրատարակուած տեղեկագրութիւն մը, համայն աշխարհի մէջ կեանքի ակնկալութեան միջինին համար 65 տարի տուաւ։ Ըստ այս կազմակերպութեան, «գալիք հինգ տարիներու ընթացքին, անիկա ամէն տարի շուրջ չորս ամիս պիտի երկարի, մանաւանդ մանուկներու մահը նուազեցնելով»։ Նոյնիսկ երբ բժշկական հրաշք մը 50 տարեկանէն առաջ մահուան արգելք հանդիսանար, Թայմ պարբերաթերթը կ’ըսէ որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ «կարելի պիտի ըլլայ կեանքը միայն երեքուկէս տարի երկարել»։
Կեանքը Ինչո՞ւ Այսքան Կարճ Է
Հոլանտայի Փորձառական Ծերաբանութեան Հիմնարկի Բժիշկ Եան Ֆայք կ’ապացուցանէ որ ճիշդ ինչպէս կարգ մը հիւանդութիւններ, մարդկային մարմնի բջիջներուն կառոյցի թերացումին հետ կապ ունին, նմանապէս ծերութեան գործողութիւնը ծննդական ազդակներէն ազդուած կը թուի ըլլալ։ Կարգ մը հետազօտողներ կը հաւատան որ մենք կրնանք աւելի երկար ապրիլ, եթէ կարելի ըլլայ ծերութեան ատեն «ափ մը տիրական ծիներ» փոխարինել։ Ուրիշներ այսպիսի առաջարկ մը «պարզամտական» կ’որակեն։
Ամենայնդէպս, գիտնականներ կ’ընդունին որ «մարդկային մարմնին բջիջներուն մէջ, կարծէք տեսակ մը կենսաբանական սահմանափակում յայտագրուած է», կ’ըսէ Թայմ պարբերաթերթը։ Նոյնիսկ անոնք որոնք կը պնդեն որ մենք «ողջ մնալու համար ծրագրուած» ենք, կ’ընդունին որ «սխալ բան մը կայ»։ Արդարեւ, 65, 70, կամ 80 տարեկանին, կամ քանի մը տարիներ ետք, մեր կեանքը «շուտով կ’անցնի», ինչպէս կ’ըսէ Աստուածաշունչը։
Սակայն, Հ.Դ. առաջին դարուն, Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ հաստատօրէն նախատեսեց. «Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) Մահը ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ։ Եթէ նոյնիսկ ասիկա ըլլայ, հիմա մեր կորսնցուցած սիրելիներուն մահով ինչպէ՞ս կրնանք ամոքուիլ։