Վախը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ
ՊԻՏԻ զարմանա՞ք գիտնալով որ իրական ապահովութիւնը 2,000 տարի առաջ ապրած մարդու մը հետ կապ ունի։ Սիրոյ կարիքը ցոյց տալով, Յիսուս Քրիստոս հոյակապ առակ մը տուաւ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։ Թէեւ երկու ճամբորդներ վիրաւորուած մարդը անտեսեցին ու անցան, բայց ազնիւ Սամարացի մը ողորմեցաւ։ Սակայն, ներկայիս ո՞վ հոգ կը տանի ոճիրի զոհ գացողներուն։ Վախէ ի՞նչ ամոքում կրնանք ակնկալել։—Ղուկաս 10։30–37
Աստուծոյ հաւատալ դաւանելով հանդերձ, շատեր կը խորհին որ մարդն է, որ կարգ ու կանոն պէտք է պարտադրէ։ Բայց բանտարկութեան աւելի խիստ պայմաններ կամ յաւելեալ եւ շատ լաւ վճարուած ոստիկանութիւն մը վերջ պիտի դնե՞ն վայրագ ոճիրին։ Իրապէս կը խորհի՞ք որ օրէնք պարտադրող գործակալութիւններ, որոշ չափով ապահովութիւն հաստատելու համար, իրենց թափած ջանքերով, մէջտեղէն պիտի վերցնեն թմրեցուցիչի մոլութիւնը, կազմակերպուած ոճիրը եւ աղքատութիւնը։ Այսուհանդերձ, արդարութեան համար մեր անօթի ու ծարաւ ըլլալը ի դերեւ պիտի չելլէ։—Մատթէոս 5։6
Սաղմոս 46։1–ը կ’ըսէ. «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու»։ Պիտի տեսնենք որ այս խօսքերը միայն գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը չեն։
Ինչպէս գիտէք, մամուլը քաղաքացիական պատերազմներու եւ ահաբեկչական յարձակումներու մէջ ամէն օր գործուած անզուսպ սպանութիւններ կը տեղեկագրէ։ Աշխարհի կարգ մը մասերու մէջ, սովորական դարձած է անբաղձալի զաւակներն ու ոճիրի ականատեսները անճիտելը։ Կեանքը ինչո՞ւ այսքան աժան դարձած է։ Թէեւ այսպիսի բռնութեան համար տարբեր պատճառներ կրնան ըլլալ, սակայն կա՛յ պատճառ մը զոր պէտք չէ անտեսենք։
Ըստ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին, «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս Բանսարկու Սատանան բնորոշեց ոչ միայն որպէս ստախօս մը, այլ նաեւ՝ որպէս «մարդասպան» մը։ (Յովհաննու 8։44) Տարբեր կերպերով մարդոց ազդելով, այս զօրաւոր հոգեղէն արարածը բռնութեան ներկայ յաւելումին զարկ կու տայ։ «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ», կ’ըսէ Յայտնութիւն 12։12–ը։ Բարեբախտաբար, այս չար դրութիւնը պիտի փոխարինուի ‘նոր երկինքով ու նոր երկրով մը, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի’։—Բ. Պետրոս 3։13
Նոր աշխարհի մը այս սքանչելի յոյսէն զատ, հիմա իսկ ի՞նչ օգնութիւն ունինք։
Ասոր դրական պատասխանը ակնկալելէ առաջ, լաւ է վերյիշել որ նոյնիսկ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ոճիրէ պաշտպանուելու երաշխաւորութիւն մը չունին։ Պօղոս առաքեալ կարգ մը վտանգներ նկարագրեց, զորս ան անձնապէս կը դիմագրաւէր։ Ան ‘գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իր ազգէն՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ’ կը կրէր։ (Բ. Կորնթացիս 11։26) Սակայն Պօղոս այս վտանգներէն վերապրեցաւ։ Նոյնն է պարագան այսօր. զգոյշ ըլլալով, կրնանք մեր պարտականութիւնները կարելի եղած չափով բնականոն կերպով կատարել։ Կարգ մը պիտանի բաներ նկատի առնենք։
Եթէ վտանգաւոր շրջապատի մը մէջ կ’ապրինք, լաւ վարքը կրնայ պաշտպանութիւն մը ըլլալ, քանի որ մարդիկ իրար կը դիտեն։ Թէեւ ոճիրներ կը ծրագրեն եւ կը գործեն, բայց կողոպտիչները իրենք զիրենք բնականոն անհատներ կը սեպեն։ Ուրիշներու ըրածը քննադատելէ խուսափեցէք եւ մի՛ փորձէք գիտնալ թէ անոնք ի՛նչ բանի մէջ խառնուած են։ Այս կերպով, կրնաք փոխ վրէժի ենթակայ ըլլալու կարելիութիւնը նուազեցնել։ Մի՛ մոռնաք որ գողերը կը ջանան գիտնալ թէ ո՛վ նոր բան մը գնած է կամ ո՛վ արձակուրդի կ’երթայ եւ հետեւաբար տունը պիտի չըլլայ. ուստի զգոյշ եղէք թէ ուրիշներուն ի՛նչ կը յայտնէք։
Եհովայի Վկաներէն շատեր նկատած են որ քարոզիչներ ըլլալու իրենց համբաւը որոշ չափով պաշտպանութիւն հայթայթած է իրենց։ Ոճրագործները յաճախ ցոյց տուած են որ իրենք կը յարգեն այս Քրիստոնեաները որոնք առանց աչառութեան իրենց անձէն կու տան համայնքին մարդոց օգնելով։ Վկաները ոչ մարդասպաններ կամ գողեր են, ոչ ալ՝ «ուրիշի բանին խառնուող»ներ. ուստի անոնք սպառնալիք մը չեն։—Ա. Պետրոս 4։15
Աստուծոյ Նոր Աշխարհին մէջ Ապահովութիւն
Խոր ցաւ կը զգանք Յիսուս Քրիստոսի գուշակած «անօրէնութեան շատնալուն համար», բայց փոխանակ չափազանց մտահոգուելու, կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած այս ամբարիշտ դրութիւնը շուտով արմատախիլ պիտի ընէ։ Համայն աշխարհի մէջ ‘թագաւորութեան այս բարի լուր’ի քարոզչութիւնը գուշակելէ զատ, Յիսուս իր հետեւորդներուն յիշեցուց. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։—Մատթէոս 24։12–14
Կրնանք վստահ ըլլալ որ անոնք որոնք ուրիշները կ’որսան, երբեմն անհաւատալի անգթութեամբ, պիտի բնաջնջուին։ Առակաց 22։22, 23–ը կ’ըսէ. «Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։ Վասնզի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ»։ Եհովա չարագործները, ինչպէս կողոպտիչները, մարդասպանները եւ սեռայինօրէն խեղաթիւրուածները պիտի բնաջնջէ։ Ասկէ զատ, ան պիտի չանտեսէ այսպիսի ոճիրներու զոհ գացողները։ Ան հատուցում պիտի ընէ անոնց կորուստին համար եւ անոնց առողջութիւնը ամբողջովին պիտի վերահաստատէ։
Արդարեւ, անոնք որ ‘չարութենէ ետ կը կենան ու բարութիւն կ’ընեն’ յաւիտենական կեանք ձեռք պիտի ձգեն կա՛մ գալիք մեծ նեղութենէն վերապրելով եւ կամ մեռելներէն յարուցանուելով։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։27–29) Այսպիսի օգուտներ մատչելի պիտի ըլլան Յիսուսի քաւիչ զոհին շնորհիւ։ (Յովհաննու 3։16) Սակայն վերահաստատուած Դրախտին մէջ կեանքը ի՞նչ բանի պիտի նմանի։
Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, կեանքը իրական հաճոյք մը պիտի ըլլայ։ Եհովա կը գուշակէ. «Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի»։ (Եսայեայ 32։18) Յաւիտենական կեանք ձեռք ձգողները իրենց անձնաւորութիւնը վերաճշդած պիտի ըլլան։ Ոչ ոք չար կամ անիրաւ պիտի ըլլայ, ոչ ալ չարագործի մը հաւանական զոհը պիտի դառնայ։ Միքիա մարգարէն կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։ (Միքիայ 4։4. Եզեկիէլ 34։28) Ներկայ վտանգաւոր շրջապատին ի՜նչ հակապատկեր մը։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
ԶԳՈՅՇ ԵՂԷՔ
Ոճրագործներէն ոմանք լման ժամանակով կը գործեն, ոճիրը իրենց արհեստը դարձնելով։ Նոյնիսկ երբ մէկ հոգի ձեր վրայ զէնք կը քաշէ, անոնք յաճախ երկու կամ երեք հոգինոց խումբով կը գործեն։ Աւելի կ’ապացուցանուի որ ոճրագործը որքան երիտասարդ է, այնքան աւելի վտանգաւոր է ան։ Ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ ոճիրի զոհ դառնաք։
Հանդարտ կեցէք, որպէսզի եթէ գողը անփորձ է, ջղագրգիռ չդառնայ. անոր անփորձութիւնը կրնայ սպաննել։ Եթէ Եհովայի Վկայ մըն էք, դուք ձեզ ճանչցուցէք։ Սակայն, յանձնելու պատրաստ եղէք ի՛նչ որ գողը պահանջէ։ Որքան տնտնաք, այդքան վտանգը կ’աւելնայ։ Յետոյ, զգալով որ վտանգ չկայ, կրնաք ձեր ինքնաթուղթը կամ օթոպիւսի տոմսակ մը գնելու դրամ խնդրել։
Յաճախ չէք կրնար ըսել թէ ո՛վ ոճրագործ մըն է։ Գողերէն ոմանք թմրեցուցիչի մոլիներ կամ արհեստավարժ ոճրագործներ են, իսկ ուրիշներ կ’ուզեն պարզապէս ուտել։ Որեւէ պարագայի, ձեր վրայ մեծ գումար մի՛ կրէք։ Ոսկեղէններ, ոսկիէ մատանիներ, կամ սուղ ժամացոյցներ ցուցադրելէ զգուշացէք։ Բնական կերպով քալեցէք ու անցէք, առանց վախ յայտնաբերելու։ Ձեր աչքերը անհատներու վրայ մի՛ սեւեռէք որպէս թէ կ’ուզէք բնորոշել զանոնք։ Երբ փողոցի մէջ հրացանաձգութիւն ըլլայ, գետին պարկեցէք. ետքը կրնաք ձեր հագուստները մաքրել։—Ռիօ տը Ժանէյրոյէն նախկին ոստիկան մը։
[Նկար՝ էջ 5]
Հանդարտ կեցէք եւ յանձնեցէք ի՛նչ որ գողը պահանջէ։ Որքան տնտնաք, այդքան վտանգը կ’աւելնայ