Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 6/1 էջ 18-22
  • Հաւատարմութեան օրինակներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հաւատարմութեան օրինակներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հաւատարմութիւնը՝ Մասնայատուկ Բան մը
  • Եհովա, Մեծագոյն Հաւատարիմը
  • Յիսուս Քրիստոս՝ Հաւատարիմ Որդին
  • Հաւատարմութիւն Պահող Անկատար Մարդիկ
  • Արդի Ժամանակուան Հաւատարիմները
  • Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Որո՞ւ հաւատարիմ պէտք է ըլլաք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Եհովայի կազմակերպութեան հետ հաւատարմօրէն ծառայենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Հաւատարիմ ըլլալը օգուտներ ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 6/1 էջ 18-22

Հաւատարմութեան օրինակներ

«Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի դո՛ւն միայն սուրբ [հաւատարիմ, (ՆԱ)] ես»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 15։4

1. Ռատըրֆորտ ի՞նչ վկայութիւն տուաւ իր նախորդին՝ Ռասըլի՝ հաւատարմութեան մասին։

ԺՈԶԷՖ ՌԱՏԸՐՖՈՐՏ, որ 1917–ին Չ. Թ. Ռասըլի յաջորդեց որպէս Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը, Եղբ. Ռասըլի դամբանականը սկսաւ հետեւեալ խօսքերով. «Չարլզ Թէյզ Ռասըլ Աստուծոյ հաւատարիմ էր, Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ էր, Մեսիական Թագաւորութեան դատին հաւատարիմ էր։ Ան մինչեւ իր ծուծը հաւատարիմ էր, այո, մինչեւ մահ հաւատարիմ էր»։ Արդարեւ, ասիկա Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայի մը համար եղած յարգանքի լաւ տուրք մըն է։ Անհատի մը տրուած լաւագոյն գովաբանութիւնն է ըսել որ ան հաւատարմութեան փորձէն անցաւ. մինչեւ ծուծը հաւատարիմ էր։

2, 3. (ա) Հաւատարմութիւնը ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։ (բ) Հաւատարիմ մնալու ճշմարիտ Քրիստոնեաներու ջանքերուն որո՞նք ալ կը հակառակին։

2 Հաւատարմութիւնը մարտահրաւէր մըն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հաւատարմութիւնը մեր անձնական շահերուն հետ բախումի մէջ է։ Աստուծոյ անհաւատարիմ եղողներուն մէջ առաջնահերթ տեղը կը գրաւեն Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները։ Նաեւ, ամուսնական յարաբերութեան մէջ ցարդ այսքան համատարած անհաւատարմութիւն եղած չէ։ Շնութիւնը հասարակ բան սեպուած է։ Առեւտրական աշխարհի մէջ ալ անհաւատարմութիւնը վերելքի մէջ է։ Այս մասին ըսուած է. «Տնօրէններուն եւ արհեստավարժներուն մեծամասնութիւնը ... կը հաւատայ որ ներկայիս միայն տկար ու տխմար անհատներն են որ հաւատարիմ են իրենց ընկերութիւններուն»։ «Շատ հաւատարիմ» եղողներուն ցած աչքով կը նային։ Վարչութեան ու գործադիր պաշտօնեաներու խրատատու հիմնարկի մը տնօրէնը հետեւեալ կերպով ներկայացուց հարցը. «Ձեր գլխաւոր ու միակ հաւատարմութիւնը պէտք է ըլլայ ձեր անձին հանդէպ»։ Սակայն, երբ անձին հանդէպ հաւատարմութեան մասին ըլլայ խօսքը, այդ բառին իմաստը կը խեղաթիւրուի։ Անիկա մեզի կը յիշեցնէ, ինչ որ նշուած է Միքիայ 7։2–ի մէջ. «Բարեպաշտը [հաւատարիմը] երկրէն կորսուեցաւ»։

3 Սատանան եւ իր դեւերը, շատ աւելի մեծ տարողութեամբ դիրք բռնած են մեզի դէմ, վճռած ըլլալով ամէն բան ընել որ մեզ Աստուծոյ հանդէպ անհաւատարիմ դարձնեն։ Անոր համար, Եփեսացիս 6։12–ի մէջ Քրիստոնեաներուն ըսուած է. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ»։ Այո, անոր համար պէտք է ականջ տանք հետեւեալ ազդարարութեան. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։—Ա. Պետրոս 5։8

4. Ո՞ր հակումները հաւատարիմ գտնուիլը կը դժուարացնեն։

4 Մեր ծնողներէն ժառանգած մեր անձնասէր հակումներն ալ կը դժուարացնեն հաւատարմութեան հարցը, ինչպէս յիշուած է Ծննդոց 8։21–ի մէջ. «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է», կամ անձնասէր է։ Բոլորս ալ Պօղոս առաքեալի ունեցած նոյն խնդրին առչեւ կը գտնուինք. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։—Հռովմայեցիս 7։19

Հաւատարմութիւնը՝ Մասնայատուկ Բան մը

5, 6. Հաւատարմութեան ի՛նչ ըլլալուն մասին ի՞նչ կարելի է ըսել եւ Ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել հաւատարմութիւնը։

5 «Հաւատարմութիւն»ը մասնայատուկ բառ մըն է։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ (Անգլ.) գիրքը կ’ըսէ. «Անգլերէնին մէջ բառեր չկան, որոնք կարենան ճշգրիտ կերպով արտայայտել Եբրայերէն եւ Յունարէն բառերը, բայց, երբ Աստուծոյ եւ իր ծառայութեան կապակցաբար գործածուի, իր մէջ նուիրումի եւ ուղղամտութեան իմաստը պարունակող ‘հաւատարմութիւն’ բառը մօտաւորապէս կ’արտայայտէ միտքը»։a Դիտարանը առիթով մը ‘հաւատարմութեան’ առնչութեամբ նշեց. «Ուղղամտութիւն, պարտաւորութիւն, սէր, ստիպողականութիւն, հնազանդութիւն. այս բառերը հասարակաց ի՞նչ ունին։ Անոնք հաւատարմութեան տարբեր երեսակներն են։ Այո, բազմաթիւ առաքինութիւններ, հաւատարմութեան միայն տարբեր երեսակները կը կազմեն։ Արդարեւ ուշագրաւ է որ հաւատարմութիւնը եւ արդարութիւնը ինչպէս յաճախ իրար հետ առնչուած են Աստուածաշունչին մէջ։

6 Հետեւեալ սահմանումներն ալ օգտակար են. ‘Հաւատարմութիւնը կրնայ նշել շարունակական, վստահելի ուղղամտութիւն եւ հնազանդութիւն. տատանումի կամ փորձութեան դէմ՝ անխախտ»։ ‘Հաւատարմութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ նաեւ տրուած խոստում մը յարգել, կամ շարունակական հնազանդութիւն ցոյց տալ այն հաստատութեան կամ սկզբունքներուն, որոնց բարոյակապէս կապուած կը զգանք. այս արտայայտութիւնը ոչ միայն կառչած ըլլալու գաղափարը կու տայ, այլ, այդ կառչած բանէն մոլորուելու եւ հեռացուելու ճնշումին ընդդիմանալու գաղափարն ալ’։ Ուստի, այդ անհատները որոնք հակառակ փորձութիւններու, հակառակութեան եւ հալածանքի կը շարունակեն ուղղամիտ մնալ, անոնք «հաւատարիմ» կոչուելու արժանի են։

7. Հաւատարմութիւն բառին կարգ մը գործածութիւնները ի՞նչ են։

7 Այս առնչութեամբ, թերեւս լաւ կ’ըլլայ հաւատարմութեան եւ ուղղամտութեան միջեւ տարբերութիւնը ցոյց տալ։ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան կողմը ջերմուկ մը կայ որ գրեթէ ժամը անգամ մը կը ցայտէ։ Անիկա ա՛յնքան կանոնաւոր է որ կոչուած է ‘Հնամենի Հաւատարիմը’։ Աստուածաշունչը լուսինին նման անկենդան բաներու մասին կը խօսի, որպէս հաւատարիմ, քանի որ անոնք վստահելի են։ Սաղմոս 89։37–ն լուսինին մասին կը խօսի որպէս «երկնքի մէջ հաւատարիմ [վստահելի] վկայ» մը։ Ըսուած է որ Աստուծոյ խօսքը հաւատարիմ է։ Յայտնութիւն 21։5–ը կ’ըսէ. «Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասնզի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ [վստահելի] են»։ Այս նշուած բաները հաւատարիմ, վստահելի են, բայց չեն կրնար բանի մը կապուիլ, կամ բարոյական յատկութիւններ ունենալ, անձի մը կամ բանի մը հանդէպ հաւատարմութեան նման։

Եհովա, Մեծագոյն Հաւատարիմը

8. Ըստ Աստուածաշունչին, հաւատարմութեան ամենագեղեցիկ օրինակը ո՞վ է։

8 Ամէն կասկածէ վեր, Եհովա Աստուած հաւատարմութեան ամենէն ընտիր տիպարն է։ Եհովա հաւատարիմ գտնուած է մարդկային ցեղին հանդէպ, մինչեւ իր Որդին տալով, որպէսզի մարդիկ յաւիտենական կեանք ստանան։ (Յովհաննու 3։16) Երեմեայ 3։12–ին մէջ կը կարդանք. «‘Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր. քանզի ես ողորմած [հաւատարիմ] եմ’»։ Յայտնութիւն 16։5–ի խօսքերն ալ կը վկայեն Եհովայի հաւատարմութեան. «Արդար [հաւատարիմ] ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես»։ Դարձեալ, Սաղմոս 145։17–ի մէջ կը կարդանք. «Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած [հաւատարիմ] իր բոլոր գործերուն մէջ»։ Արդարեւ, Եհովա ա՛յնքան աչքառու հաւատարմութիւն ունի որ Յայտնութիւն 15։4–ը կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի Դո՛ւն միայն սուրբ [հաւատարիմ] ես»։ Եհովա Աստուած գերադաս աստիճանի հաւատարիմ է։

9, 10. Իսրայէլ ազգին հետ իր գործառնութեան մէջ Եհովա ինչպէ՞ս հաւատարիմ գտնուեցաւ։

9 Մասնաւորաբար Իսրայէլ ազգին պատմութեան մէջ, իր ժողովուրդին նկատմամբ Եհովայի հաւատարմութեան բազմաթիւ վկայութիւններ կը գտնենք։ Դատաւորներու օրերուն, Իսրայէլ կրկին անգամ հեռացաւ ճշմարիտ պաշտամունքէն, սակայն Եհովա քանիցս ցաւ զգաց ու փրկեց զանոնք։ (Դատաւորաց 2։15–22) Իսրայէլի թագաւորներու հինգ դարերու ընթացքին, Եհովա այդ ազգին հանդէպ հաւատարիմ գտնուեցաւ։

10 Եհովայի հաւատարմութիւնը պատճառ եղաւ որ իր ժողովուրդին նկատմամբ համբերատար գտնուէր, ինչպէս նշուած է Բ. Մնացորդաց 36։15, 16–ի մէջ. «Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր. բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին, մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց»։

11. Եհովայի հաւատարմութիւնը ի՞նչ երաշխիք կամ մխիթարութիւն կու տայ մեզի։

11 Քանի որ Եհովա գերադաս աստիճանի հաւատարիմ է, Պօղոս առաքեալ կրնար գրել, ինչպէս արձանագրուած է Հռովմայեցիս 8։38, 39–ի մէջ. «Ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է»։ Եհովա հետեւեալ երաշխիքը կու տայ մեզի. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ (Եբրայեցիս 13։5) Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ թէ Եհովա Աստուած մի՛շտ հաւատարիմ է։

Յիսուս Քրիստոս՝ Հաւատարիմ Որդին

12, 13. Աստուծոյ Որդւոյն հաւատարմութեան մասին ի՞նչ վկայութիւն ունինք։

12 Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելու մէջ, Եհովան կատարելապէս ընդօրինակողը եղաւ Յիսուս Քրիստոս։ Պետրոս առաքեալ տեղին ըլլալով, Սաղմոս 16։10–ն կրնար մէջբերել եւ զայն կիրարկել Յիսուսի, Գործք Առաքելոց 2։27–ին մէջ. «Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ [հաւատարիմիդ] ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս»։ Յիսուս Քրիստոս արժանի է «հաւատարիմ» կոչուելու։ Ան կատարելապէս հաւատարիմ է իր Հօրը եւ Աստուծոյ խոստացած Թագաւորութեան։ Սատանան նախ փորձեց Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանել, անձնաշահութեան կոչ ընող փորձութիւններ գործածելով։ Անոր մէջ ձախողելով, Բանսարկուն հալածանքի դիմեց, պատճառ ըլլալով որ Յիսուս վերջապէս ցիցի մը վրայ մեռնի։ Յիսուս Իր երկնաւոր Հօրը, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութենէն բնաւ չխոտորեցաւ։—Մատթէոս 4։1–11

13 Յիսուս իր հետեւորդներուն հանդէպ հաւատարիմ գտնուած է, Մատթէոս 28։20–ի մէջ արձանագրուած իր խոստումը պահելով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Իր այս խոստումին հաւատարիմ գտնուելով, Յիսուս իր ժողովքին վրայ իր գլխաւորութիւնը պահած է Հ.Դ. 33–էն մինչեւ օրս։

Հաւատարմութիւն Պահող Անկատար Մարդիկ

14. Յոբի հաւատարմութիւնը ինչո՞ւ օրինակելի էր։

14 Արդ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անկատար մարդոց մասին. անոնք կրնա՞ն հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ։ Ունինք Յոբի ակնբախ օրինակը։ Սատանան հետեւեալ հարցը յարուց. Յոբ հաւատարի՞մ էր Եհովա Աստուծոյ թէ ոչ անոր կը ծառայէր անձնական շահէ մղուած։ Սատանան յոխորտաց որ Յոբի դժուարութիւններ յարուցանելով, կրնար զինք Եհովայէ հեռացնել։ Երբ Յոբ կորսնցուց իր բոլոր ստացուածքը, իր բոլոր զաւակները եւ նոյնիսկ իր առողջութիւնը, իր կինը զինք դրդեց, ըսելով. «Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ Սակայն, Յոբ հաւատարիմ էր, ուստի իր կնոջ ըսաւ. «‘Դուն ազգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք’։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց»։ (Յոբայ 2։9 10) Արդարեւ, իր կեղծ մխիթարիչներուն, Յոբ ըսաւ. «Թէեւ անիկա [Աստուած] զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ»։ (Յոբայ 13։15) Զարմանալի չէ որ Յոբ Եհովայի հաճութեան արժանացաւ։ Իսկ, Եհովա Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. «Քու վրադ ու երկու ընկերնրուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասնզի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։—Յոբայ 42։7, 10–16. Յակոբու 5։11

15. Եհովա Աստուծոյ բազմաթիւ ծառաներուն հաւատարմութիւնը փաստող սուրբ գրային ի՞նչ վկայութիւն ունինք։

15 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ ակնարկուած բոլոր հաւատքի տէր այրերն ու կիներն կարելի է հաւատարիմ կոչել։ Անոնք ոչ միայն ուղղամիտ էին, այլ նաեւ, ճնշումի ներքեւ հաւատարիմ մնացին։ Անոր համար կը կարդանք անոնց մասին, որոնք «հաւատքով ... առիւծներու բերաններ գոցեցին, կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան ... Ուրիշներ ալ նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին. քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթով ու այծի մորթով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով»։—Եբրայեցիս 11։33–37

16. Պօղոս առաքեալ հաւատարմութեան ի՞նչ օրինակ հայթայթեց։

16 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ Պօղոս առաքեալի կարկառուն օրինակը կը գտնենք։ Ան իր ծառայութեան առնչութեամբ, Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաներուն առանց վարանելու կրնար ըսել. «Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով [հաւատարմութիւնով] ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։10) Բ. Կորնթացիս 6։4, 5–ի խօսքերը Պօղոսի հաւատարմութիւնը անգամ մը եւս կը փաստեն, ուր կը կարդանք. «Ամէն բանի մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս, շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու, ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ»։ Այս բոլորը կը վկայեն որ Պօղոս իր հաւատարմութեան պատճառաւ՝ իր արժանապատութիւնը բարձր պահեց։

Արդի Ժամանակուան Հաւատարիմները

17. Ռատըրֆորտի ո՞ր խօսքերը, հաւատարիմ մնալու իր վճռակամութիւնը ցոյց տուին։

17 Կրնանք ըսել որ արդի ժամանակներուն մէջ ալ գեղեցիկ օրինակներ ունինք, ինչպէս յիշեցինք այս յօդուածին սկիզբը։ Նկատի առէք ինչ որ ըսուած է՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ին Իշխանութեան Ներքեւ Համաշխարհային Ապահովութիւն խորագրով գրքին, 146–րդ էջին վրայ, «Հաւատարմութիւն՝ Բանտարկութեան Ժամանակ» ենթագլուխին ներքեւ. «Իր բանտարկութեան ընթացքին, Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց տալով, Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը՝ Ժոզէֆ Ռատըրֆորտ, 25 Դեկտեմբեր 1918–ին հետեւեալը գրեց. ‘Քանի որ մերժեցի Բաբելոնի հետ համակերպիլ եւ ջանացի հաւատարմօրէն իմ Տիրոջս ծառայել, անոր համար բանտարկուած եմ, որու համար երախտապարտ եմ։ ... Ես շա՜տ աւելի կը նախընտրեմ Իր հաճութեան ժպիտը ունենալ եւ բանտի մէջ ըլլալ, քան թէ համակերպիլ կամ զիջիլ Գազանին եւ՝ ազատ ըլլալ’»։b

18, 19. Արդի ժամանակներու հաւատամութեան ի՞նչ կարկառուն օրինակներ ունինք։

18 Հալածանքի տոկացած ուրիշ շատ Քրիստոնեաներ ալ հաւատարմութեան հոյակապ տիպարներ են։ Այդ հաւատարիմ անհատներուն մաս կը կազմեն Նացի վարչաձեւին ներքեւ ապրած Գերմանացի Եհովայի Վկաները, ինչպէս ցոյց կու տայ՝ Մանիշակագոյն Եռանկիւնը՝ խորագրով վիտէօն։ Նկատողութեան արժանի է նաեւ Ափրիկեցի բազմաթիւ հաւատարիմ Եհովայի Վկաները, ինչպէս Մալաուիի մէջ, ուր բանտապահներէն մէկը Վկաներուն հաւատարմութեան մասին վկայութիւն տալով ըսաւ. «Անոնք բնաւ զիջում չեն ըներ, բայց երթալով կը շատնան»։

19 Երբ՝ Եհովայի Վկաներու Տարեգիրքի վերջին հրատարկութիւնները կարդանք, Յունաստանի, Մոզամպիգի եւ Լեհաստանի ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ցուցաբերած հաւատարմութիւնը խոր կերպով կը տպաւորէ մեզ։ Շատեր տանջալից չարչարանքներ կրեցին, ուրիշներ սպաննուեցան։ 1992–ի Տարեգիրքին 177–րդ էջին վրայ Եթէովպիացի ինը Քրիստոնեայ մարդոց պատկերը կայ, որոնք իրենց հաւատարմութեան համար սպաննուեցան։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, ուրախ չե՞նք որ այսքան գեղեցիկ օրինակներ ունինք, որոնք մեզ կը խթանէն որ հաւատարիմ մնանք։

20. Եթէ հաւատարիմ մնանք, հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

20 Փորձութիւններու եւ ճնշումներու հաւատարմօրէն ընդդիմանալով, մեր արժանապատուութիւնը կը պահենք։ Արդ, հաւատարմութեան հարցին մէջ, որո՞ւ կողմը կ’ուզենք գտնուիլ։ Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելով, այս հարցին մէջ Եհովա Աստուծոյ կողմը դիրք կը բռնենք եւ կը փաստենք որ Բանսարկու Սատանան ստորին ու շատ մեծ ստախօս մըն է։ Այսպիսով մեր Արարիչին, Եհովա Աստուծոյ հաճութիւնը կը շահինք եւ յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը կը ստանանք։ (Սաղմոս 37։29. 144։15բ) Սակայն, յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք թէ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը ի՛նչ կը պահանջէ։

[Ստորանիշներ]

a Աստուածաշունչի երկ–հատոր համայնագիտարան մը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։ (Անգլ.)

b Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Հաւատարիմ ըլլալը ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։

◻ Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ «հաւատարմութիւնը» շատ մասնայատուկ բառ մըն է։

◻ Հաւատարիմ եղող անկատար մարդոց ի՞նչ օրինակներ ունինք Աստուածաշունչին մէջ։

◻ Հաւատարմութեան արդի ի՞նչ օրինակներ ունինք։

[Նկար՝ էջ 19]

Չարլզ Թէյզ Ռասըլ

[Նկար՝ էջ 20]

Յիսուս ի՛րապէս Եհովայի «հաւատարիմ»ն էր

[Նկար՝ էջ 21]

Յոբ անկատար ըլլալով հանդերձ, Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը փաստեց

[Նկար՝ էջ 22]

Պօղոս՝ Եհովայի հանդէպ հաւատարիմ մնալու մէջ գեղեցիկ տիպար մըն էր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել