Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք
«Նոր մարդը ձեր վրայ հագ[էք], որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով [հաւատարմութեամբ, (ՆԱ)] ստեղծուած է»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։24
1. Եհովա Աստուծոյ ինչո՞ւ հաւատարմութիւն կը պարտինք։
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ մարտահրաւէրը դիմագրաւելը շատ տարբեր երեսակներ ունի։ Անոնցմէ ամենէն կարեւորը, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնն է։ Այո, Եհովայի ո՛վ ըլլալը եւ մեզի համար ի՛նչ ընելը եւ իրեն հանդէպ մեր նուիրումը նկատի ունենալով, իրեն հաւատարմութիւն կը պարտինք։ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։ Ասիկա գլխաւորաբար կրնանք ընել, իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ հաւատարիմ գտնուելով։
2, 3. Հաւատարմութեան եւ արդարութեան միջեւ ի՞նչ կապ կայ։
2 Այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար, Ա. Պետրոս 1։15, 16–ի խօսքերուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք. «Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասնզի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’»։ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ մի՛շտ իրեն հնազանդինք, մեր մտածումները, խօսքերը եւ արարքները իր սուրբ կամքին հետ ներդաշնակելով։ Ատիկա կը նշանակէ մաքուր խղճմտանք մը պահել, ինչպէս Ա. Տիմոթէոս 1։3–5–ը մեզ կը յորդորէ. «[Այս] պատուիրանքին գլուխը [ո՛չ օտար ուսմունք սորվեցնել է եւ ոչ ալ առասպելներու ուշադրութիւն ընել է, այլ] սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով»։ Ճիշդ է որ ոեւէ մէկս կատարեալ չենք, բայց մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք, այդպէս չէ՞։
3 Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը արդար սկզբունքներուն մէջ անձնասիրաբար զիջումներ ընելէ, կամ դուրսէն տեսակ մը եւ ներսէն տարբեր մէկը ըլլալու հակումէ ետ պիտի պահէ մեզ։ Սաղմոսերգուն հաւատարմութիւնը ի մտի ունէր, երբ կ’երգէր. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէսզի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ։ Միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ»։ (Սաղմոս 86։11) Հաւատարմութիւնը կը պահանջէ՝ ինչպէս տեղին ըլլալով ըսուած է՝ «հնազանդիլ անպարտադիր բանի մը»։
4, 5. Հաւատարմութիւնը ի՞նչ ընելու արգելք պիտի հանդիսանայ մեզի։
4 Եհովա Աստուծոյ հաւատարմութիւնը մեզ ետ պիտի պահէ նաեւ իր անուան եւ Թագաւորութեան նախատինք բերող որեւէ բանէ։ Օրինակի համար, անգամ մը երկու Քրիստոնեաներ իրար հետ այնպիսի խնդիր մը ունեցան որ անվայել կերպով դատարանի դիմեցին։ ‘Երկուքդ ալ Եհովայի Վկա՞յ էք’, հարցուց դատաւորը։ Ան բացայայտօրէն չհասկցաւ որ անոնք ի՛նչու հոն կը գտնուէին։ Որքա՜ն ամօթալի է։ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը պատճառ պէտք էր ըլլար որ այդ եղբայրները Պօղոս առաքեալի խրատը ընկալէին. «Արդարեւ, բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր»։ (Ա. Կորնթացիս 6։7) Վստահաբար, Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեան սիրոյն նախընտրելի է անձնապէս տառապիլ, քան թէ Եհովայի անուան ու կազմակերպութեան վրայ նախատինք բերել։
5 Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ ըլլալ, կը նշանակէ մարդու վախ չունենալ։ «Մարդու վախը որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ»։ (Առակաց 29։25. Արեւմտ. թարգ.) Հետեւաբար, հալածանքի ներքեւ զիջում չենք ըներ, այլ, նախկին Սովետական Միութեան, Մալաուիի, Եթովպիայի եւ ուրիշ շատ մը երկիրներու Եհովայի Վկաներու օրինակին կը հետեւինք։
6. Հաւատարմութիւնը որո՞նց ընկերակցութենէն հեռու պիտի պահէ մեզ։
6 Եթէ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ ենք, իր թշնամիները եղողներուն հետ բարեկամութիւն չենք ըներ։ Անոր համար Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Շնա՛ցողներ, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ»։ (Յակոբու 4։4) Կ’ուզենք Դաւիթ Թագաւորի հաւատարմութիւնը ունենալ, որ ըսաւ. «Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, Ո՛վ Տէր, ու քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր։ Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ եւ ինծի թշնամի կը համարեմ»։ (Սաղմոս 139։21, 22) Չենք ուզեր բարեկամութիւն ընել յօժարակամ մեղաւորներու հետ, քանի որ անոնց հետ հասարակաց բան մը չունինք։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը մեզ հեռու պիտի պահէ այդպիսի թշնամիներէ, անոնք ըլլան ուղղակիօրէն թէ հեռատեսիլի կախարդի մը միջոցաւ։
Եհովան Պաշտպանել
7. Հաւատարմութիւնը Եհովայի հանդէպ ի՞նչ ընելու պիտի օգնէ մեզի, եւ Եղիուս ինչպէ՛ս ըրաւ ասիկա։
7 Հաւատարմութիւնը մեզ պիտի մղէ որ Եհովա Աստուած պաշտպանենք։ Եղիուս ասոր մէջ շա՜տ գեղեցիկ օրինակ մըն է։ Յոբայ 32։2, 3–ը կ’ըսէ. «Եղիուսին բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, վասնզի Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր։ Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկաներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան չգտան, թէեւ [Աստուած] յանցաւոր հանեցին»։ Եղիուս Եհովան պաշտպանեց։ Օրինակ, ան ըսաւ. «Քիչ մը համբերէ ինծի ու ես քեզի յայտնեմ, թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ։ ... Արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։ ... Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ»։—Յոբայ 36։2–7
8. Ինչո՞ւ Եհովան պաշտպանելու հարկը կայ։
8 Ինչո՞ւ Եհովան պաշտպանելու հարկը կայ։ Ներկայիս, մեր Եհովա Աստուածը շատ մը կերպերով արհամարհուած է։ Կ’ըսուի որ ան գոյութիւն չունի, թէ ան Երրորդութեան մէկ մասն է, թէ ան կրակոտ դժոխքին մէջ մարդիկը յաւիտեան կը տանջէ, թէ ան խեղճ կերպով կը փորձէ աշխարհը դարձի բերել, թէ մարդոց հոգ չի տանիր, եւայլն։ Մենք իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ցոյց կու տանք իր պաշտպանութիւնը առնելով եւ փաստելով որ Եհովա գոյութիւն ունի, թէ ինք իմաստուն, արդար, ամենակալ եւ սիրալիր Աստուած մըն է. թէ Ան ամէն բանի համար ժամանակ որոշած է, եւ երբ իր յարմար ժամանակը գայ, ամբողջ չարութեան վերջ պիտի դնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ (Ժողովողի 3։1) Ասիկա կը պահանջէ, Եհովայի անուան ու Թագաւորութեան մասին վկայելու համար ամէն առիթ օգտագործել։
Հաւատարմութիւն Եհովայի Կազմակերպութեան Հանդէպ
9. Ոմանք ո՞ր հարցերուն մէջ հաւատարմութեան մէջ թերացած են։
9 հիմա կարգը եկաւ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց տալու հարցին։ Վստահաբար, հաւատարմութիւն կը պարտինք ատոր, չմոռնալով «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որու միջոցաւ Քրիստոնէական ժողովքը հոգեւորապէս կը կերակրուի։ (Մատթէոս 24։45–47) Ենթադրենք որ Դիտարանի հրատարակութեանց մէջ բան մը ի յայտ գայ որ այդ ժամանակ չհասկնանք, կամ անոր հետ համաձայն չըլլանք։ Ի՞նչ պիտի ընենք։ Պիտի նեղուինք եւ կազմակերպութի՞ւնը պիտի ձգենք։ Ոմանք այս քայլը առին, երբ տարիներ առաջ Դիտարանը նոր ուխտը Հազարամեային վերագրեց։ Իսկ ուրիշներ, չէզոքութեան մասին Դիտարանին տուած մէկ բացատրութիւնը չընդունեցին։ Այս հարցերով գայթակղողները, եթէ հաւատարիմ մնային կազմակերպութեան եւ իրենց եղբայրներուն, այս նիւթերու շուրջ լուսաբանութեան համար Եհովայի պիտի սպասէին, ինչ որ Ան ըրաւ յարմար ժամանակին։ Հետեւաբար, հաւատարիմ մնալ կը նշանակէ համբերութեամբ սպասել, մինչեւ որ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան յաւելեալ բացատրութիւններ հրատարակէ։
10. Հաւատարմութիւնը ի՞նչ բանի հանդէպ հետքրքրութիւն ունենալէ մեզ ետ պիտի պահէ։
10 Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ, որեւէ շփում չունենալ հաւատուրացներուն հետ։ Հաւատարիմ Քրիստոնեաները չեն հետաքրքրուիր թէ անոնք ինչ կ’ըսեն։ Ճիշդ է որ երկրի վրայ իր գործը առաջնորդել տալու համար Եհովա Աստուծոյ գործածած անհատները կատարեալ չեն։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը թելադրէ՞ որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը թողունք։ Ո՛չ. Եղբայրասիրութիւնը մեզ պիտի մղէ որ հաւատարիմ մնանք անոր եւ պէտք է շարունակենք ‘սուրբ սրտով մէկզմենք պի՛նդ սիրել’։—Ա. Պետրոս 1։22
Հաւատարմութիւն՝ Հաւատարիմ Երէցներուն Հանդէպ
11. Հաւատարմութիւնը բացասական ո՞ր խորհուրդներէն պիտի պաշտպանէ մեզ։
11 Երբ ժողովքին մէջ բան մը կ’ըսուի կամ կը կատարուի, զոր չենք հասկնար, հաւատարմութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ զայն չդատենք, այլ անձնական դատողութեան վերագրենք։ Շատ աւելի նախընտրելի չէ՞ երէցներուն եւ ուրիշ հաւատակիցներուն յատկութիւններուն վրայ ծանրանալ, քան թէ անոնց տկարութիւններուն։ Այո, այսպիսի բացասական մտածումներէն պէտք է խուսափինք, քանի որ անիկա անհաւատարմութեան հետ առնչուած է։ Հաւատարմութիւնը մեզի պիտի օգնէ նաեւ որ Պօղոսի տուած ուղղութեան հետեւինք, որ ըսաւ. ‘Մէկուն հայհոյութիւն մի՛ ընէք’։—Տիտոս 3։1, 2
12, 13. Երէցները մասնայատուկ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։
12 Հաւատարմութիւնը մասնայատուկ հարկադրանքներ կը դնէ երէցներուն վրայ։ Անոնցմէ մէկն է գաղտնապահութիւնը։ Ժողովքի անդամներէն մէկը կրնայ գաղտնիք մը յայտնել երէցի մը։ Անոր հանդէպ երէցին հաւատարմութիւնը զինք ետ պիտի պահէ գաղտնապահութեան սկզբունքը բեկանելէ։ Առակաց 25։9–ը կը խրատէ. «Գաղնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ»։ Այս խրատին հետեւելով, երէց մը նոյնիսկ իր կնոջ պէտք չէ յայտնէ զայն։
13 Երէցները հաւատարմութեան ուրիշ մարտահրաւէր ալ կը դիմագրաւեն։ Անոնք մարդահաճոնե՞ր պիտի ըլլան, թէ ոչ քաջութեամբ եւ հեզութեամբ սրբագրութեան կարիքը ունեցողներուն պիտի օգնեն, նոյնիսկ երբ անոնք ազգականներ կամ մտերիմ բարեկամներ են։ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ մենք, երէցներս, հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունեցողներուն օգնութեան ձեռք երկարենք։ (Գաղատացիս 6։1, 2) Թէեւ ազնիւ պէտք է ըլլանք, բայց հաւատարմութիւնը մեզի պիտի մղէ որ միւս երէցներուն հետ անկեղծ ըլլանք, ինչպէս Պօղոս առաքեալ անկեղծօրէն խօսեցաւ Պետրոսի հետ։ (Գաղատացիս 2։11–14) Իսկ միւս կողմէ, տեսուչները ուշադիր պէտք է ըլլան, որ իմաստուն կերպով չվարուելով, կամ աչառութիւն ընելով եւ կամ ուրիշ կերպով մը իրենց հեղինակութիւնը սխալ գործածելով, իրենց հոգածութեան ներքեւ եղողներուն՝ Աստուծոյ կազմակերպութեան հաւատարիմ գտնուիլը չդժուարացնեն։—Փիլիպպեցիս 4։5
14, 15. Ի՞նչ ազդակներ ժողովքի անդամներուն հաւատարմութիւնը կրնան փորձի ենթարկել։
14 Ժողովքին եւ երէցներուն հանդէպ հաւատարիմ գտնուելու մարտահրաւէրը դիմագրաւելը ուրիշ երեսակներ ալ ունի։ Եթէ ժողովքին մէջ խնդիր մը կայ, ասիկա մեզի պատեհութիւն կու տայ որ Եհովայի եւ զինք ներկայացնողներուն հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ցոյց տանք։ (Տես Դիտարան, 15 Յունիս 1987, էջ 15–17. Անգլ.։) Երբ վտարում ըլլայ, հաւատարմութիւնը կը պահանջէ որ երէցներուն թիկունք կանգնինք, չփորձելով ենթադրութիւններ ընել թէ այս քայլը առնելու բաւարար պատճառներ ունէին թէ ոչ։
15 Ժողովքին հանդէպ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ նաեւ որ շաբաթական հինգ ժողովներուն ներկայ գտնուինք, մեր պարագաներուն եւ կարելիութեանց ներած չափով։ Հաւատարմութիւնը կը պահանջէ որ ո՛չ միայն կանոնաւորաբար անոնց ներկայ գտնուինք, այլ նաեւ անոնց համար պատրաստուինք եւ երբ առիթ ունենանք՝ կերտիչ պատասխաններ տանք։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Ամուսնական Հաւատարմութիւն
16, 17. Ամուսնացած անհատներ հաւատարմութեան ի՞նչ մարտահրաւերներ կը դիմագրաւեն։
16 Տակաւին որո՞ւ դէմ հաւատարմութիւն կը պարտինք։ Եթէ ամուսնացած ենք՝ մեր կողակիցին հանդէպ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը պէտք է դիմագրաւենք, քանի որ ուխտած ենք զայն ընել։ Մեր կողակիցին հանդէպ հաւատարմութիւնը մեզ ետ պիտի պահէ հակառակ սեռի պատկանողներու հետ, մեր կնոջմէն կամ ամուսինէն աւելի փափկանկատութեամբ վարուելու սխալին մէջ իյնալէ։ Մեր կողակիցին հանդէպ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ որ անոր թերութիւնները կամ տկարութիւնները դրսեցիներուն չյայտնենք։ Աւելի դիւրին է դրսեցիի մը գանգատիլ, քան ջանալ մեր կողակիցին հետ հաղորդակցութեան գիծը բաց պահել՝ ինչ որ պէտք է ընենք Ոսկեղէն Կանոնին համաձայն։ (Մատթէոս 7։12) Արդարեւ, ամուսնացած ըլլալը մեր Քրիստոնէական հաւատարմութիւնը իրապէս փորձի կ’ենթարկէ։
17 Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար, ոչ միայն լուրջ յանցագործութիւններէ պէտք է խուսափինք, այլ մեր խորհուրդներուն եւ զգացումներուն ալ ուշադրութիւն պէտք է ընենք։ (Սաղմոս 19։14) Օրինակ, եթէ մեր խաբեբայ սիրտը անյագօրէն հաճոյք եւ զգայացունց բաներ կը տենչայ, մեզի համար շատ դիւրին պիտի ըլլայ անձնասիրաբար հիացումի սահմանները անցնելով, ցանկալ բան մը ու ապա փորձել զայն ձեռք ձգել։ (Տես Յակոբու 1։14, 15։) Ամուսնական հաւատարմութիւն քաջալերելով, Սողոմոն Թագաւոր ամուսիններուն կը խրատէ որ այլաբանօրէն ‘իրենց ջրամբարէն ջուր խմեն’։ (Առակաց 5։15) Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար՝ ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մատթէոս 5։28) Պոռնկագրական նիւթերով հետաքրքրուող ամուսիններ շնութիւն ընելու վտանգին անձնատուր կ’ըլլան ու այսպիսով իրենց կիները կը խաբեն եւ անոնց հանդէպ անհաւատարիմ կ’ըլլան։ Նոյն գծով, շնութեան լայն տեղ տուող հեռատեսիլի շարունական շարժապատկերներ դիտող կիներ ալ, կրնան իրենց ամուսիններուն անհաւատարիմ գտնուելու փորձութեան մէջ իյնալ։ Մեր կողակիցին ի՛րապէս հաւատարիմ ըլլալով, մեր ամուսնական կապը կը զօրացնենք եւ Եհովան հաճեցնելու մէջ իրարու կ’օգնենք։
Հաւատարիմ Մնալու Համար Օգնութիւններ
18. Ի՞նչ բանի գնահատութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ ըլլանք։
18 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ յիշուած այս չորս մարզերուն մէջ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք. Հաւատարմութիւն՝ Եհովայի, իր կազմակերպութեան, ժողովքին եւ մեր կողակիցին հանդէպ։ Նախ պէտք է գնահատենք որ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելը սերտօրէն կապուած է Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման հետ։ Այո, հաւատարիմ մնալով, ցոյց կու տանք որ Եհովան կը նկատենք որպէս Տիեզերքի Գերիշխանը։ Այս կերպով մեր արժանապատուութիւնը բարձր կը պահենք եւ Եհովայի նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսը կ’ունենանք։ Հաւատարմութեան գեղեցիկ տիպարները մեզի կ’օգնեն հաւատարիմ մնալու. Եհովայէ սկսելով, մինչեւ Աստուածաշունչին եւ Դիտարանի գրականութիւններուն՝ նաեւ Տարեգրքին՝ մէջ յիշուած օրինակները։
19. Հաւատարիմ ըլլալու մէջ հաւատքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
19 Եհովա Աստուծոյ վրայ զօրաւոր հաւատքը եւ զինք տհաճեցնելու վախը մեզի պիտի օգնեն որ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք։ Եհովայի վրայ մեր հաւատքը եւ անոր հանդէպ մեր վախը կ’ամրապնդենք, ժրաջանօրէն Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ Քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելով։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ Եփեսացիս 4։23, 24–ին մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատին հետեւինք. «Ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով [հաւատարմութեամբ] ստեղծուած է»։
20. Ո՞ր յատկութիւնը ամէն բանէ աւելի մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի եւ ուրիշներուն հանդէպ հաւատարիմ ըլլանք։
20 Եհովայի յատկութիւնները գնահատելը մեզի կ’օգնէ որ հաւատարիմ ըլլանք։ Ամէն բանէ աւելի, մեր երկնաւոր Հօրը հանդէպ անձնուրաց սէրը եւ մեզի համար իր ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ երախտագիտութիւնը եւ զինք մեր բոլոր սրտով, հոգիով, մտքով եւ զօրութեամբ սիրելը մեզի պիտի օգնէ որ իրեն հաւատարիմ մնանք։ Ասկէ զատ, իր հետեւորդները զատորոշող Յիսուսի ըսած սէրը ունենալը, մեզի պիտի օգնէ որ ժողովքի բոլոր Քրիստոնեաներուն եւ մեր ընտանիքին հանդէպ հաւատարիմ մնանք։ Ուրիշ խօսքով, հարցը անձնասէր կամ անձնուրաց ըլլալն է։ Անհատարմութիւնը՝ անձնասէր ըլլալ կը նշանակէ, իսկ հաւատարմութիւնը՝ անձնուրաց։—Մարկոս 12։30, 31. Յովհաննու 13։34, 35
21. Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելու հարցը ինչպէ՞ս կրնանք ամփոփել։
21 Առ ի ամփոփում, կրնանք ըսել որ հաւատարմութիւնը Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ Եհովայի բոլոր ճշմարիտ ծառաներուն կողմէ ցուցաբերուած կարկառուն յատկութիւն մըն է։ Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալու համար, իրեն հանդէպ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը պէտք է դիմագրաւենք, իր արդար սկզբունքներուն համաձայն կեանք մը վարելով, իր թշնամիներուն հետ ամէն կապ խզելով եւ պաշտօնական կամ անպաշտօն վկայութեամբ Եհովան պաշտպանելով։ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հաւատարիմ մնալու մարտահրաւէրն ալ պէտք է դիմագրաւենք։ Մեր ժողովքին ու մեր կողակիցին հաւատարիմ պէտք է ըլլանք։ Եթէ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը յաջողութեամբ դիմագրաւենք, Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովման մէջ մեր մասնակցութիւնը բերած, եւ այս հարցին մէջ իր կողմը դիրք բռնած պիտի ըլլանք։ Այսպիսով իր հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի մրցանակը պիտի շահինք։ Ինչ որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ աստուածպաշտութեան մասին, կարելի է ըսել նաեւ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւելու մասին։ Անիկա թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին համար օգտակար է։—Սաղմոս 18։25. Ա. Տիմոթէոս 4։8
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը ի՞նչ կերպերով կը դիմագրաւենք։
◻ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը ի՞նչ կը պահանջէ։
◻ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւել։
◻ Ամուսնացած կողակիցները հաւատարմութեան ի՞նչ մարտահրաւէր պէտք է դիմագրաւեն։
◻ Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն որ հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք։
[Նկար՝ էջ 25]
Ժողովքի անդամներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը գաղտնիքներ յայտնելէ ետ պիտի պահէ երէցները
[Նկար՝ էջ 26]
Կողակիցի մը հանդէպ հաւատարմութիւնը կ’ամրապնդէ ամուսնական կապը