Ծոմապահութիւնը ժամանակավրէ՞պ է
«ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵՆԷՍ ի վեր ամէն Երկուշաբթի ծոմ կը պահեմ», կ’ըսէ Մրուտուլապէնը, 78 տարեկան բարեկեցիկ հնդկուհի մը։ Ասիկա իր պաշտամունքին մէկ մասը եղած է՝ լաւ ամուսնութիւն, առողջ զաւակներ, ինչպէս նաեւ իր ամուսնոյն պաշտպանութիւն ապահովելու կերպ մը։ Այժմ որ այրի է, ան կը շարունակէ Երկուշաբթի օրերը ծոմ պահել, լաւ առողջութիւն ունենալու եւ իր զաւակներուն բարգաւաճութեան համար։ Իրեն նման, Պրահմական կիներու մեծամասնութեան կեանքին մէկ մասը կը կազմէ կանոնաւոր ծոմապահութիւնը։
Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքի Մըմպէյ շրջանի արուարձաններէն մէկուն մէջ բնակող միջին տարիքի առեւտրական մը, Բրըքաշ, կ’ըսէ թէ ամէն տարի Սէվանի իւրաքանչիւր Երկուշաբթի ծոմ կը պահէ։ Ասիկա՝ ըստ պրահմական օրացոյցին՝ կրօնական մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող ամիս մըն է։ Բրըքաշ կը բացատրէ ըսելով. «Կրօնական պատճառներով սկսայ ծոմ պահել, սակայն հիմա առողջապահական պատճառներով աւելի մղումը կը զգամ շարունակելու»։ Քանի որ Սէվանը մանսունի վերջաւորութեան կը զուգադիպի, ատիկա առիթ կու տայ որ մարմինս մաքրուի անձրեւոտ եղանակի յատուկ եղող հիւանդութիւններէն»։
Շատեր կը խորհին որ ծոմապահութիւնը անհատին կ’օգնէ ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր գետնի վրայ։ Զոր օրինակ, Կրօլիա Միջազգային Համայնագիտարանը (Անգլերէնով) կ’ըսէ. «Վերջերս կատարուած գիտական հետազօտութիւնները կը թելադրեն թէ ծոմապահութիւնը օգտակար կրնայ ըլլալ, եւ երբ ուշադրութեամբ կատարուի, աւելի մեծ ուշիմութեան եւ զգայնութեան կրնայ սատարել»։ Կ’ըսուի թէ Յոյն փիլիսոփայ Պղատոն տասը կամ աւելի օրեր ծոմ կը պահէր եւ մաթեմատիկոս Պիւթակորաս իր աշակերտներուն ծոմ պահել կու տար, անոնց սորվեցնելու սկսելէն առաջ։
Շատերու համար ծոմապահութիւնը որոշ ժամանակ մը կերակուրէ եւ ջուրէ բոլորովին ետ կենալ կը նշանակէ, մինչդեռ ուրիշներ այդ շրջանին ըմպելիքներ կ’օգտագործեն։ Ոմանց համար ալ որոշ ժումերու ուտելէ կամ որոշ տեսակի կերակուրներէ ետ կենալը ծոմապահութիւն կը նշանակէ։ Սակայն երկար ժամանակ առանց հսկողութեան կատարուած ծոմապահութիւնը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ։ Խմբագիր Փարուլ Շէթ կ’ըսէ որ մարմինը իր բնածխաջրատներու (քարպոհայտրէյթ) պաշարը սպառելէն ետք, մկաններու պրոտէինը քաղցրանիւթի (կլուքոզ) կը վերածէ եւ անկէ ետքն է որ մարմնի ճարպին կը դիմէ։ Ճարպը քաղցրանիւթի վերածելը քացխոնի (քիթոն) տարրեր կոչուած թոյներ կ’արձակէ։ Երբ ասոնք կուտակուին, դէպի ուղեղ կը յառաջանան եւ կեդրոնական ջղային դրութեան վնաս կը հասցնեն։ «Հոս է որ ծոմապահութիւնը վտանգաւոր կրնայ դառնալ», կ’ըսէ Շէթ։ «Կրնաք մտքի խանգարում, շուարած վիճակ ունենալ, եւ աւելի վատ։ . . . [Անիկա կրնայ պատճառել] մահաքուն եւ վերջապէս՝ մահ»։
Որպէս Գործիք եւ Ծիսակատարութիւն
Քաղաքական կամ ընկերային նպատակներ հետապնդելու համար ծոմապահութիւնը որպէս ազդու գործիք մը գործածուած է։ Հնդկաստանի մէջ, այս զէնքը գործածող նշանաւոր անհատներէն մէկը եղած է Մոհանտէս Ք. Կանտին։ Մինչ ան հարիւր միլիոնաւոր անհատներու յարգանքը կը վայելէր, ծոմապահութիւնը որպէս միջոց գործածեց Հնդկաստանի պրահմական զանգուածին վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն բանեցնելու համար։ Արհեստանոցի գործաւորներուն եւ գործատէրերուն միջեւ վէճ մը կասեցնելու եւ ճարտարարուեստական խնդիր մը լուծելու համար գործածուած ծոմապահութեան արդիւնքը նկարագրելով, Կանտի ըսաւ. «Անոր յստակ արդիւնքը այն եղաւ որ անիկա բարեացակամութեան մթնոլորտ մը ստեղծեց բոլորին մօտ։ Արհեստանոցի տէրերուն սրտին դպաւ հարցը։ . . . Ցոյցը դադրեցաւ ծոմ պահելէս միայն երեք օր ետք»։ Հարաւային Ափրիկէի նախագահ՝ Նէլսըն Մանտելա՝ երբ տարիներ որպէս քաղաքական բանտարկեալ արգելափակուած էր, հինգ օրուան հացադուլի մը մասնակցեցաւ։
Այսուհանդերձ, ծոմ պահելու սովորութիւնը ունեցողներէն շատեր կրօնական պատճառներով կ’ընեն զայն։ Պրահմականութեան մէջ, ծոմապահութիւնը յատկանշական ծիսակատարութիւններէն մէկն է։ Հնդկաստանի Ծոմապահութիւնը եւ Տօնակատարութիւնները (Անգլերէնով) կ’ըսէ որ որոշ օրեր «լման ծոմապահութիւն կը կատարուի . . . բնաւ ջուր իսկ չեն խմեր։ Թէ՛ այրեր եւ թէ կիներ շատ խիստ ծոմ կը պահեն . . . երջանկութիւն, բարգաւաճութիւն եւ յանցանքներու ու մեղքերու թողութիւն ձեռք ձգելու համար»։
Ծոմապահութիւնը լայնատարած կերպով կը գործածուի Ճէնեան կրօնքին մէջ։ Հնդկաստանի Սանտէյ Թայմզ Րիվիու (Անգլերէնով) կը տեղեկագրէ. «Պոմպէյի [Մըմպէյ շրջանին] մէջ, Ճէնեան մունի մը 201 օր, օրական միայն երկու գաւաթ եռացած ջուր խմեց։ Ան 33 քիլօկրամ կորսնցուց»։ Ոմանք նոյնիսկ սովամահ ըլլալու աստիճան ծոմ կը պահեն, հաւատալով որ այդպէս ընելով փրկութիւն պիտի շահին։
Մահմետականութեան հետեւող չափահաս բոլոր այրերու համար ծոմապահութիւնը պարտադիր է Ռամատան ամսուն։ Ամբողջ ամսուան ընթացքին, ո՛չ կերակուր, ո՛չ ալ ջուր կ’օգտագործեն արեւածագէն մինչեւ արեւնամուտ։ Այդ ժամանակաշրջանին, ոեւէ մէկը որ հիւանդ է կամ ճամբորդութեան մէջ է, կրնայ տարբեր ժամանակ համահաւասար օրեր ծոմ պահել։ Զատիկի նախորդող 40 օրուան Մեծ Պահքի շրջանը, Քրիստոնեայ Աշխարհէ ոմանց համար ծոմապահութեան ժամանակ մըն է։ Իսկ բազմաթիւ կրօնական այլ կարգեր, տարբեր մասնայատուկ օրեր ծոմ կը պահեն։
Ծոմապահութիւնը տակաւին ի զօրու է։ Իսկ քանի որ այսքա՛ն շատ կրօնքներու մէջ կը գտնենք զայն, կրնանք հարց տալ թէ արդեօք անիկա աստուածային պահա՞նջ մըն է։ Քրիստոնեաները կրնա՞ն կարգ մը պարագաներուն ծոմ պահել։ Ատիկա կրնա՞յ օգտակար ըլլալ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ այս հարցումները։
[Նկար՝ էջ 3]
Ճէնեան կրօնքը ծոմապահութիւնը կը նկատէ հոգիի փրկութեան հասնելու կերպ մը
[Նկար՝ էջ 4]
Մոհանտէս Ք. Կանտին ծոմապահութիւնը որպէս ազդու գործիք մը գործածեց՝ քաղաքական կամ ընկերային նպատակներ հետապնդելու համար
[Նկար՝ էջ 4]
Մահմետականութեան մէջ, ծոմապահութիւնը պարտադիր է Ռամատան ամսուն
[Նկարին աղբիւրը]
Garo Nalbandian