Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 3/1 էջ 5-7
  • Աստուած ծոմապահութիւն կը պահանջէ՞

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած ծոմապահութիւն կը պահանջէ՞
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծոմապահութիւնը Քրիստոնեաներուն Համա՞ր Է
  • Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Մեծ Պահքի Մասին
  • Երբ Ծոմապահութիւնը Կրնայ Օգտակար Ըլլալ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ ծոմ պահելու մասին
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ծոմապահութիւնը ժամանակավրէ՞պ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ծոմապահութեան մասին հարցումներ
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • «Ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 3/1 էջ 5-7

Աստուած ծոմապահութիւն կը պահանջէ՞

ՄՈՎՍԷՍԻ միջոցաւ տրուած Աստուծոյ Օրէնքը միայն մէ՛կ առիթով ծոմապահութիւն կը պահանջէր՝ տարեկան Քաւութեան Օրը։ Օրէնքը կը պատուիրէր որ այդ օրը Իսրայելացիները իրենց ‘անձերը խոնարհեցնէին’, այսինքն՝ ծոմ պահէին։ (Ղեւտացւոց 16։29–31. 23։27. Սաղմոս 35։13) Այսուհանդերձ, այս ծոմապահութիւնը պարզ ձեւապաշտութիւն մը չէր։ Քաւութեան Օրուան տօնակատարութիւնը Իսրայէլի ժողովուրդը կը մղէր աւելի զգաստ ըլլալու իրենց մեղաւոր վիճակին եւ փրկութեան կարիքին։ Անոնք այդ օրը ծոմ կը պահէին նաեւ, իրենց մեղքերուն համար ցաւ եւ Աստուծոյ առջեւ զղջում արտայայտելու համար։

Թէեւ ասիկա Մովսիսական Օրէնքով միակ պարտադիր ծոմապահութիւնն էր, սակայն Իսրայելացիները այլ առիթներո՛վ ալ ծոմ կը պահէին։ (Ելից 34։28. Ա. Թագաւորաց 7։6. Բ. Մնացորդաց 20։3. Եզրասայ 8։21. Եսթերայ 4։3, 16) Ասոնց մէջ կամաւոր ծոմեր ալ պարփակուած էին, որպէս զղջում արտայայտելու միջոց մը։ Եհովա յորդորեց Իսրայէլի մոլորեալ ժողովուրդը, ըսելով. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով»։ Անիկա արտաքին ցուցադրութիւն մը պիտի չըլլար, քանի որ Աստուած կը շարունակէ ըսել. «Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։—Յովելեայ 2։12–15

Ժամանակի ընթացքին, շատեր սկսան ծոմ պահել միայն արտաքին ձեւապաշտութեան համար։ Եհովան կ’ատէր այսպիսի անհարազատ ծոմապահութիւն մը, ուստի կեղծաւոր Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ. իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ։ Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես»։ (Եսայեայ 58։5) Փոխանակ իրենց ծոմապահութիւնը ցուցադրելու, այս կամակոր ժողովուրդէն կը պահանջուէր զղջումի յարմար գործեր կատարել։

Հրեաներուն կողմէ հաստատուած ծոմապահութիւններէն ոմանք սկիզբէն իսկ Աստուծոյ տհաճութեան արժանացան։ Օրինակ, ժամանակ մը կար երբ Յուդայի ժողովուրդը տարեկան չորս անգամ ծոմ կը պահէր, Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն Երուսաղէմի պաշարման եւ ամայացման հետ կապ ունեցող աղիտալի դէպքերը յիշատակելու համար։ (Դ. Թագաւորաց 25։1–4, 8, 9, 22–26. Զաքարեայ 8։19) Հրեաները Բաբելոնի գերութենէն ազատ արձակուելէ ետք, Եհովա Զաքարիա մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Այս եօթանասուն տարին . . . միթէ ինծի՞ համար ծոմապահութիւն կ’ընէիք»։ Աստուած չէր հաճեր այդպիսի ծոմերու, քանի որ Հրեաները ծոմ կը պահէին եւ կ’ողբային այն դատաստաններուն համար որ ուղղակի Եհովայի կողմէ եկած էին։ Անոնք ծոմ կը պահէին իրենց վրայ եկած աղէտներուն համար եւ ոչ թէ այդ աղէտներուն առաջնորդած իրենց մեղքերուն համար։ Իրենց հայրենիքին մէջ վերահաստատուելէն ետք, ժամանակն էր որ անոնք հրճուէին եւ ոչ թէ անցեալին վրայ ողբային։—Զաքարեայ 7։5

Ծոմապահութիւնը Քրիստոնեաներուն Համա՞ր Է

Թէեւ Յիսուս իր աշակերտներուն երբեք չպատուիրեց որ ծոմ պահեն, սակայն, ինք եւ իր աշակերտները ծոմ պահեցին Քաւութեան Օրը, քանի որ Մովսիսական Օրէնքին տակ կը գտնուէին։ Ասկէ զատ, այլ առիթներով իր աշակերտներէն ոմանք յօժար կամքով ծոմ պահեցին, քանի որ Յիսուս իրենց չէր պատուիրած բոլորովին ետ կենալ այդ սովորութենէն։ (Գործք 13։2, 3. 14։23) Այսուհանդերձ, անոնք իրենց ‘երեսները պէտք չէր աւրէին որպէս զի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն’։ (Մատթէոս 6։16) Այսպիսի բարեպաշտութեան արտաքին ցուցադրութիւն մը կրնայ մարդոց կողմէ հիացմունքով դիտուիլ եւ գնահատական արտայայտութիւններու արժանացնել անհատը։ Այսուհանդերձ, Աստուած այսպիսի ցուցամոլութեան չի հաճիր։—Մատթէոս 6։17, 18

Յիսուս նաեւ խօսեցաւ իր մահուան ատեն իր հետեւորդներուն ծոմ պահելուն մասին։ Սակայն, ան ծիսական ծոմապահութիւն մը չէր հաստատեր, այլ՝ կը մատնանշէր այն հակազդեցութեան որ իր աշակերտները պիտի ունենային իրենց զգացած խոր կսկիծին պատճառաւ։ Իր յարուցուելէն ետք, ան դարձեալ իրենց հետ պիտի ըլլար, եւ անոնք այլեւս ծոմ պահելու պատճառ պիտի չունենային։—Ղուկաս 5։34, 35

Մովսիսական Օրէնքը վերջացաւ երբ «Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար»։ (Եբրայեցիս 9։24–28) Իսկ Օրէնքին վախճանով, Քաւութեան Օրը ծոմ պահելու պատուէրը վերջ գտաւ։ Այսպէս, Աստուածաշունչին մէջ յիշուած միակ պարտադիր ծոմապահութիւնը վերցուեցաւ։

Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Մեծ Պահքի Մասին

Ուրեմն, Մեծ Պահքի ընթացքին Քրիստոնեայ Աշխարհի ծոմապահութեան սովորութեան հիմը ի՞նչ է։ Թէ՛ Կաթողիկէ եւ թէ Բողոքական եկեղեցիները Մեծ Պահքը կ’ընդունին, թէեւ զայն պահելու կերպը եկեղեցիէ եկեղեցի կը տարբերի։ Շատեր օրական միայն մէկ ժում կ’ուտեն, Զատիկը կանխող 40 օրուան ընթացքին։ Ուրիշներ լման ծոմ կը պահեն միայն Փակեալ Խորանին եւ Աւագ Ուրբաթ օրը։ Ոմանց համար, Մեծ Պահքը կը պահանջէ միսէ, ձուկէ, հաւկիթէ եւ կաթի արտադրութիւններէ հեռու կենալ։

Կ’ենթադրուի թէ Մեծ Պահքը Յիսուսի մկրտութեան յաջորդող 40 օրուան ծոմապահութեան վրայ հիմնուած է։ Արդեօք ան տարեկան հետեւելիք ծիսակատարութի՞ւն մը կը հաստատէր։ Ե՛րբեք։ Ասիկա յստակ է այն իրողութենէն թէ նախկին Քրիստոնեաները այսպիսի սովորութեան մը հետեւելուն մասին ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ Աստուածաշունչին մէջ։ Մեծ Պահքը առաջին անգամ ըլլալով, Յիսուսէն ետք չորրորդ դարուն սկսաւ պահուիլ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի ուրիշ որեւէ ուսուցումի նման, անիկա փոխ առնուած էր հեթանոս աղբիւրներէ։

Եթէ Մեծ Պահքը իր մկրտութենէն ետք անապատին մէջ գտնուած ատեն Յիսուսի ծոմապահութեան նմանութիւնն է, անիկա ինչո՞ւ կը պահուի անոր կարծեցեալ յարութեան՝ Զատկուան առաջնորդող շաբաթներու ընթացքին։ Յիսուս իր մահուընէ առաջ ծոմ չպահեց։ Աւետարանի արձանագրութիւնները կը նշեն թէ իր մահուընէ քանի մը օր առաջ, ինք ու իր աշակերտները Բեթանիա այցելեցին եւ հոն ճաշեր կերան։ Իսկ ան իր մահուան նախորդող գիշերը Պասեքի ընթրիքը կերաւ։—Մատթէոս 26։6, 7. Ղուկաս 22։15. Յովհաննու 12։2

Իր մկրտութենէն ետք Յիսուսի ծոմապահութենէն բան մը կրնանք սորվիլ։ Ան կարեւոր ծառայութեան մը պիտի ձեռնարկէր։ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովութիւնը եւ ամբողջ մարդկային ցեղին ապագան պարփակուած էին անոր մէջ։ Ասիկա խորհրդածութեան եւ աղօթքով՝ օգնութեան եւ առաջնորդութեան համար Եհովայի դառնալու ժամանակ մըն էր։ Տեղին ըլլալով, Յիսուս ծոմ պահեց այս ժամանակուան ընթացքին։ Ասիկա կը մատնանշէ թէ ծոմապահութիւնը օգտակար կրնայ ըլլալ երբ կատարուի շիտակ մղումով եւ յարմար առիթով։—Բաղդատել՝ Կողոսացիս 2։20–23։

Երբ Ծոմապահութիւնը Կրնայ Օգտակար Ըլլալ

Նկատի առնենք կարգ մը պարագաներ, երբ աստուածապաշտ անհատ մը կրնայ ծոմ պահել։ Մեղք գործած անհատ մը որոշ ժամանակ ուտելու իր ախորժակը կրնայ կորսնցնել։ Ասիկա ուրիշները տպաւորելու կամ ստացած յանդիմանութենէն զայրացած ըլլալուն համար չէ որ պիտի ընէ։ Անշուշտ, ծոմապահութիւնը ինքնին Աստուծոյ հետ խնդիրները պիտի չշտկէ։ Սակայն, ճշմարտապէս զղջացող անհատ մը խոր ցաւ պիտի զգայ Աստուած եւ, հաւանաբար, իր բարեկամներն ու ընտանիքը նեղացուցած ըլլալուն համար։ Բարոյական չարչարանքը եւ թողութեան համար ջերմեռանդ աղօթքը ուտելու փափաքը կրնան կասեցնել։

Իսրայէլի Դաւիթ Թագաւորը նման փորձառութիւն մը ունեցաւ։ Երբ Բերսաբէէ ունեցած իր զաւակը կորսնցնելու հեռանկարը դիմագրաւեց, իր ամբողջ ոյժը կեդրոնացուց աղօթքի վրայ՝ իր զաւկին համար ողորմութիւն ստանալու համար։ Քանի որ աղօթքներու մէջ մխրճուած էր, ան ծոմ պահեց։ Այսօր ալ, կարգ մը ճնշիչ վիճակներու ներքեւ, ուտելը շատ պատշաճ չի նկատուիր։—Բ. Թագաւորաց 12։15–17

Կրնայ ըլլալ որ աստուածավախ անհատ մը հոգեւոր խորունկ նիւթի մը վրայ ուզէ կեդրոնանալ։ Թերեւս Աստուածաշունչէն եւ քրիստոնէական հրատարակութիւններէն պրպտուք մը կատարելը անհրաժեշտ ըլլայ։ Թերեւս խորհրդածութեան համար որոշ ժամանակի մը կարիքը ըլլայ։ Այսպիսի խորունկ ուսումնասիրութեան մը պահուան, անհատ մը կրնայ նախընտրել չխանգարուիլ ճաշերով։—Բաղդատել՝ Երեմեայ 36։8–10։

Սուրբ գրային օրինակներ ունինք Աստուծոյ ծառաներուն մասին, որոնք լուրջ որոշում մը տալէ առաջ ծոմ պահեցին։ Նէեմիայի օրերուն, Իսրայելացիները Եհովայի ուխտ մը պէտք էր ընէին, եւ անէծքի տակ պիտի գային զայն դրժելու պարագային։ Անոնք պէտք էր խոստանային իրենց օտար կիները արձակել եւ շրջակայ ազգերէն անջատուիլ։ Այս ուխտը ընելէն առաջ եւ իրենց մեղքերը խոստովանելու ընթացքին, ամբողջ ժողովքը ծոմ պահեց։ (Նէեմեայ 9։1, 38. 10։29, 30) Ուստի, երբ լուրջ որոշումներու առջեւ գտնուի, Քրիստոնեայ մը կրնայ որոշ ժամանակ հեռու մնալ կերակուրներէ։

Նախկին Քրիստոնեայ ժողովքին մէջ, երէցներու մարմինը որոշում մը տալէ առաջ ծոմ կը պահէր։ Այսօր ալ, երբ դժուարին որոշումներ կը դիմագրաւեն, թերեւս դատական խնդրի մը առնչութեամբ, ժողովքի երէցները թերեւս կերակուրէ հեռու մնան, մինչ խնդրին կը նային։

Կարգ մը պարագաներու, ծոմապահութիւն ընելու նախընտրութիւնը անհատական որոշում մըն է։ Ոեւէ մէկը միւսին պէտք չէ դատէ այս առնչութեամբ։ Պէտք չէ ուզենք ‘մարդոց արդար երեւնալ’, ո՛չ ալ կերակուրին ա՛յն աստիճան կարեւորութիւն պիտի տանք որ խանգարէ մեր լուրջ պարտականութիւններուն հոգածութիւնը։ (Մատթէոս 23։28. Ղուկաս 12։22, 23) Իսկ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուած ո՛չ կը պահանջէ որ ծոմ պահենք, ոչ ալ կ’արգիլէ ծոմապահութիւնը։

[Նկար՝ էջ 7]

Գիտէ՞ք թէ Յիսուս ինչու 40 օր ծոմ պահեց իր մկրտութենէն վերջ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել