Երբ բնական աղէտներ հարուածեն
Ագգրա, Կանա, 4 Յուլիս 1995. 60 տարուան մէջ ամենէն զօրաւոր անձրեւը լուրջ հեղեղներ պատճառեց։ Շուրջ 200,000 անհատներ ամէն բան կորսնցուցին, ուրիշ 500,000 հոգի իրենց տուները չկրցան մտնել, իսկ 22 հոգի ալ սպաննուեցան։
Սէն Էնճըլօ, Թէքսաս, Ա.Մ.Ն., 28 Մայիս 1995. 90,000 բնակչութիւն ունեցող այս քաղաքը քանդուեցաւ փոթորկահովերու եւ կարկուտի պատճառաւ, շուրջ 120 միլիոն տոլարի արժողութեամբ վնաս հասցնելով։
Գոպէ, Ճափոն, 17 Յունուար 1995. Միայն 20 երկվայրկեան տեւած երկրաշարժ մը պատճառ եղաւ որ հազարաւոր մահեր եւ տասնեակ հազարաւոր վիրաւորեալներ եւ հազարաւոր տնազուրկներ ըլլան։
ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ դարաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք։ Միացեալ Ազգերու տեղեկագրութիւն մը կը յայտնէ թէ 1963–1992, 30 տարուան շրջանի մը մէջ, աղէտներու պատճառաւ սպաննուած, վիրաւորուած կամ տեղահան եղած մարդոց թիւը ամէն տարի 6 առ հարիւր յաւելում կը կրէ։ Այս տխուր կացութեան պատճառաւ ՄԱԿ–ը 1990–ական տարիները նշեց՝ «Բնական Աղէտներու Նուազումի Միջազգային Տասնամեայ»։
Անշուշտ բնութեան ուժերը՝ փոթորիկը, հրաբխային ժայթքումը, կամ երկրաշարժը՝ միշտ աղէտներ չեն պատճառեր։ Ամէն տարի հարիւրաւոր նման բաներ կը պատահին, առանց որեւէ վնաս հասցնելու մարդկութեան։ Բայց երբ կեանքի ու ստացուածքի ծանր վնաս հասնի, այդ պարագային է որ իրաւացիօրէն աղէտ կ’անուանուի։
Բնական աղէտներու յաւելումը անխուսափելի կը թուի։ Բնական Աղէտներ—Աստուծո՞յ թէ Մարդուն Գործերը խորագրով գիրքը (Անգլերէն), կը նշէ. «Մարդիկ իրենց միջավայրը փոփոխութեան կ’ենթարկեն, զայն աւելի հակամէտ դարձնելով կարգ մը աղէտներու եւ այնպէս մը կը վարուին որ իրենք զիրենք այս փորձանքներուն դէմ անպաշտպան կը դարձնեն»։ Գիրքը վարկածական օրինակ մը կը ներկայացնէ. «Զառիթափ ձորի մը լանջին ցեխէ ծանր աղիւսներով կառուցուած հիւղաքաղաքի մը մէջ, թեթեւ երկրաշարժ մը աղէտի կը վերածուի, մարդկային մահեր եւ տառապանք պատճառելով։ Բայց աղէտը երկրաշարժի ցնցումի՞ն արդիւնքն է թէ ոչ՝ այսպիսի վտանգաւոր հողամասի մը վրայ շինուած վտանգաւոր տուներուն»։
Տակաւին ուրիշ պատճառով մըն ալ բնական աղէտներու աւելնալը չի զարմացներ Աստուածաշունչը սերտողները։ Աւելի քան 2,000 տարիներ առաջ, Յիսուս Քրիստոս նախագուշակեց որ «աշխարհիս վերջ»ը պիտի նշուէր, ի միջի այլոց, «տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ»ու գոյութեամբ։ (Մատթէոս 24։3, 6–8) Աստուածաշունչը նաեւ նախագուշակած է որ «վերջին օրեր»ուն, մարդիկ անձնասէր, արծաթասէր, անգութ, բարին չսիրող պիտի ըլլային։a (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Այս յատկանիշները յաճախ պատճառ կ’ըլլան որ մարդը ինքն իր միջավայրը քանդէ, բնական ուժերու դէմ անպաշտպան դարձնելով մարդկութիւնը։ Մարդուն կողմէ պատճառուած աղէտները, նաեւ հետեւանքն են մարդկային անսիրալիր ընկերութեան, որու մէջ ապրելու ստիպուած ենք։
Քանի որ մեր մոլորակը երթալով աւելի կը խճողուի, մարդը իր ընթացքով մարդոց կեանքը կը վտանգէ եւ երկրին բնական աղբիւրները հետզհետէ աւելի յոռի կերպով կը տնօրինուին, աղէտները պիտի շարունակեն հարուածել մարդկութիւնը։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, աղիտեալներուն օգնութեան փութալը այդքան ալ դիւրին չէ։
[Ստորանիշ]
a Վերջին օրերու նշանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 98–107–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Նկարին աղբիւրը]
Top։ Information Services Department, Ghana; right։ San Angelo Standard-Times