Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 7/1 էջ 29-31
  • Եհովան պատուող հարսանիքներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան պատուող հարսանիքներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Եհովան պատուող ուրախ հարսանիքներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Հաւատքդ ապացուցանէ՝ կենցաղովդ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 7/1 էջ 29-31

Եհովան պատուող հարսանիքներ

Քրիստոնէական հարսանիքը նկատի առնող հետեւեալ յօդուածը նախ պատրաստուեցաւ Եթովպիայի մէջ, որպէսզի Ամհարիգերէն լեզուով օգտակար ուղղութիւն հայթայթուի այդ երկրին մէջ վերջերս Եհովայի Վկաներ եղած շատ մը անհատներու։ Հոս կը խօսուի տեղական կարգ մը բարքերու ու սովորութիւններու մասին, որոնք թերեւս տարբեր են ձեր շրջանի սովորութիւններէն։ Հաւանաբար այս համեմատութիւնը շա՜տ հետաքրքրական պիտի գտնէք։ Միեւնոյն ժամանակ, յօդուածը կը ներկայացնէ սուրբ գրային հաւասարակշռուած խրատներ, որոնք ձեր պարագային ալ կարելի է կիրարկել, նոյնիսկ երբ ձեր շրջանին մէջ հարսանիքի սովորութիւնները տարբեր են։

ԴԻՏԱՐԱՆ 1 Յունուար 1985 համարին մէջ, ուսումնասիրութեան ընտիր յօդուածի մը խորագիրն էր՝ «Ուրախութիւն Պատճառող Քրիստոնէական Ամուսնութիւններ»։ Իսկ յաջորդ յօդուածին խորագիրն էր՝ «Հարսանեկան Խնճոյքներու Մէջ Հաւասարակշռուած Զուարճութիւններ Գտէք»։ (Ամուսնութեան մասին խորհողներուն համար, յաւելեալ իմաստուն խրատներ կան՝ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել, գլուխ 2, եւ Ձեր Պատանեկութենէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք, գլուխ 19 եւ 20–ին մէջ։)a Բազմաթիւ անհատներ Եհովայի Վկաներ եղած են այս յօդուածները հրատարակուելէն ետք, ուստի կ’ուզենք այդ յօդուածներէն կարգ մը տեղեկութիւններ վերաքաղ ընել, որոնք յատկապէս կիրարկելի են մեր շրջանին, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ յարմար կէտեր, որոնք պիտի օգնեն որ հարսանիքները ամուսնութեան Հիմնադիրը՝ Եհովան՝ պատուող առիթներու դարձնենք։

Նախ՝ նկատի պէտք է առնել, թէ հարսանիքը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ։ Անոր թուականը շրջանի աւանդական ամուսնական եղանակէ՞ն կախեալ պիտի ըլլայ։ Տեղւոյն հաւատալիքը այդ է, որ տարուան մէջ ուրիշ ժամանակի մէջ կատարուած որեւէ ամուսնութիւն՝ անյաջող պիտի ըլլայ։ Ասիկա անհիմն նախապաշարում մըն է, քանի որ բազմաթիւ ամուսնացած զոյգեր, որոնք ուրախութեամբ եւ միակամօրէն Եհովայի կը ծառայեն, աւանդական եղանակին ամուսնացած չեն։ Մենք լաւ կամ գէշ բախտի՝ չենք հաւատար։ (Եսայեայ 65։11. Կողոսացիս 2։8) Եթէ ամուսնութեան թուականը նախապաշարումներու համաձայն որոշենք, մեր անհաւատ ազգականներուն օգնած չենք ըլլար որ ճշմարտութեան ու ստութեան տարբերութիւնը տեսնեն։ Իրողութիւնը այն է, որ Քրիստոնեաները որե՛ւէ ամսուան մէջ կրնան ամուսնանալ։

Երբ պահանջուած քաղաքացիական արարողութենէն ետք ամուսնական դասախօսութիւն մը ծրագրուած է, նախընտրելի է որ այս երկուքին միջեւ շատ օրեր չանցնին։ Եթէ զոյգը կը փափաքի Թագաւորութեան Սրահին մէջ ամուսնական դասախօսութիւն մը ունենալ, որոշեալ ժամանակէն շատ առաջ, պէտք է սրահը գործածելու արտօնութիւն խնդրէ ժողովքի երէցներէն։ Տեղւոյն երէցները պէտք է հաստատեն որ արարողութեան համար կարգադրութիւնները իրենց խղճմտանքը պիտի չանհանգստացնէ։ Ժամը պէտք է որոշուի, որպէսզի ժողովքային որեւէ գործունէութեան արգելք չըլլայ։ Այն եղբայրը որ ամուսնութեան դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ, նախապէս հարսին ու փեսային հետ տեսակցութիւն մը պէտք է ունենայ, օգտակար խրատներ տալու ու վստահ ըլլալու համար որ ամուսնութեան մէջ բարոյական կամ օրինական որեւէ արգելք մը չկայ. ան նաեւ համաձայն պէտք է ըլլայ անոր յաջորդող հաւաքոյթին համար եղած ծրագիրներուն։ Ամուսնութեան դասախօսութիւնը պէտք է տեւէ մօտաւորապէս կէս ժամ եւ շատ պատուարժան կերպով պէտք է տրուի, անոր հոգեւոր երեսակին վրայ շեշտ դնելով։ Ամուսնութեան դասախօսութիւնը շա՛տ աւելի կարեւոր է, քան անոր յաջորդող ընդունելութիւնը։

Քրիստոնէական հարսանիք մը լաւ առիթ մըն է ցոյց տալու, որ մենք ‘աշխարհէն չենք’։ (Յովհաննու 17։14. Յակոբու 1։27) Մեր կարգապահութիւնը աչքառու պէտք է ըլլայ։ Ասիկա կը նշանակէ որ ճշդապահ պէտք է ըլլանք եւ ուրիշները չսպասեցնենք, թերեւս իրենց ժողովքային գործունէութիւններուն արգելք ըլլալով։ Հաւանաբար հարսը ասոր պէտք է գիտակցի, քանի որ աշխարհային ազգականներ կը քաջալերեն որ ան ուշանայ, որպէսզի իր կարեւորութիւնը աւելի շեշտուի։ Ճշդապահ ըլլալով, հասուն քրիստոնեայ քոյր մը ցոյց կու տայ որ խոնարհութեան եւ փափկանկատութեան նման հոգեւոր յատկութիւններու կարեւորութիւն կու տայ։ Կարգապահութիւնը կարեւոր է նաեւ, երբ լուսանկարիչ մը կանչուած է, որպէսզի հարսանիքը նկարէ։ Պատշաճ պիտի ըլլար նկարիչէն խնդրել որ լաւ հագուած ըլլայ եւ նկարած ժամանակ դասախօսութիւնը չխանգարէ։ Աղօթքի ժամանակ պէտք չէ նկար առնուի։ Մեր կարգապահութիւնը Եհովան պիտի պատուէ եւ լաւ վկայութիւն պիտի տայ։ Աշխարհային ձեւակերպութիւններու հետեւելու հարկ չկայ, որոնք կրնան դէպքին իրական իմաստը նսեմացնել։

Ամուսնութիւն մը յաջող ըլլալու համար, ընդունելութիւնը պայման չէ, բայց ասոր համար սուրբ գրային արգելք ալ չկայ։ Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար այսպիսի հաւաքոյթ մը տարբեր պէտք է ըլլայ աշխարհային ընդունելութիւններէն, որոնք յաճախ նշուած են շռայլութեամբ, չափազանց խմելով ու ուտելով, անսանձ երաժշտութեամբ, թելադրիչ պարերով եւ նոյնիսկ կռիւներով։ Աստուածաշունչը «անառակութիւններ»ը մարմնի գործերուն հետ կը դասէ։ (Գաղատացիս 5։21) Երբ խումբը շատ մեծ չըլլայ, աւելի դիւրին կ’ըլլայ վերահսկել։ Ժողովրդական բարքերու գոհացում տալու համար, վրան մը լարելու կարիք չկայ։ Բայց տեղ ունենալու կամ եղանակի պատճառաւ, եթէ անհատ մը որոշէ վրան լարել, ասիկա անձնական հարց է։

Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ հարսանիքներուն հրաւիրեալներուն թիւը սահմանափակելու լաւ կերպերէն մէկն է՝ հրաւիրատոմսի գործածութիւնը։ Աւելի իմաստութիւն է անհատներ հրաւիրել, փոխանակ ամբողջ ժողովք մը կանչելու, եւ որպէս կարգապահ Քրիստոնեաներ, պէտք է յարգենք այսպիսի կարգադրութիւն մը։ Հրաւիրատոմսերը կ’օգնեն նաեւ որ ընդունելութեան՝ վտարուած անհատի մը անակնկալ ներկայութիւնը մեզ չխանգարէ, քանի որ, եթէ այդպիսի բան մը պատահի, եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր պիտի նախընտրեն մեկնիլ։ (Ա. Կորնթացիս 5։9-11) Եթէ զոյգը անհաւատ ազգականներ կամ ծանօթներ հրաւիրէ, անոնց թիւը անկասկած քիչ պիտի ըլլայ, աւելի կարեւորութիւն տալով «հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Ոմանք նախընտրած են աշխարհային ծանօթները կամ անհաւատ ազգականները հրաւիրել ամուսնական դասախօսութեան, քան թէ ընդունելութեան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կարգ մը պարագաներու, աշխարհային ազգականներ հարսանեկան ընդունելութեան այնպիսի անհաճոյ կացութիւն մը ստեղծեցին, որ եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր չուզեցին հոն մնալ։ Կարգ մը զոյգեր ընտանիքի մօտիկ անդամներուն ու քրիստոնեայ բարեկամներու հետ պարզապէս պզտիկ ճաշկերոյթի մը կարգադրութիւնը ըրած են։

Յովհաննու 2։8, 9–ի համաձայն, շատ գործնական է «սեղանապետ» մը ընտրել։ Փեսան պէտք է վստահելի Քրիստոնեայ մը ընտրէ, որ կարենայ հոգ տանիլ որ կարգապահութիւն ու բարձր չափանիշներ պահուին։ Երբ բարեկամներ նուէրներ բերեն, ասիկա պէտք է ընեն առանց ‘ցուցամոլութեան’։ (Ա. Յովհաննու 2։16, ՆԱ) Երաժշտութիւնը հաճելի կրնայ ըլլալ՝ երբ չափազանց բարձր չէ, կասկածելի բառեր կամ անսանձ կշռոյթ չունի։ Շատեր նախընտրած են որ երէց մը նախապէս մտիկ ընէ նուագուելիք երաժշտութիւնը։ Պարելը կրնայ որոգայթ մը ըլլալ, քանի որ աւանդական պարերէն շատեր բեղմնաւորութեան պարէն ծագում առած են եւ անվայել ցանկասիրութիւն կը հրահրեն։ Երբեմն, աշխարհային մարդոց համար «կարկանդակի եւ շամբանեը–ի» պահը, անսանձութեան նշան մը եղած է։ Արդարեւ, քրիստոնեայ զոյգերէն շատեր որոշած են որեւէ ոգելից ըմպելի չհրամցնել ամուսնական ընդունելութիւններուն, խնդիրներու առաջքը առնելու համար։

Քանի որ կը փափաքինք Եհովան պատուել, պէտք է զգուշանանք չափէ դուրս ուշադրութիւնը մեր վրայ քաշող ցուցադրութիւններէն։ Նոյնիսկ աշխարհիկ գրականութիւններ չափազանց շռայլ ըլլալու ժողովրդական հոգիին դէմ արտայայտուած են։ Որքա՜ն անխոհեմութիւն պիտի ըլլար զոյգի մը կողմէ, պարտքերու տակ իյնալով, փարթամ ամուսնութիւն մը ընել, ապա տարիներով այդ մէկ օրուան ծախսերը վճարելու համար զրկումներու ենթարկուիլ։ Անշուշտ, այդ առիթով հագցուած բոլոր հագուստները պէտք է պարկեշտ եւ կոկիկ ըլլան՝ Աստուած պատուել դաւանող անհատի մը վայել։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10) «Քրիստոնէական Հարսանիքները Բանաւորութիւն Պէտք Է Ցոլացնեն» յօդուածը (Դիտարան 15 Յունուար 1969, Անգլերէն) հետաքրքրական հետեւեալ բացատրութիւնը կու տար անձնական երեւոյթի մասին.

«Մէկու մը հարսանիքը յատուկ առիթ մըն է, ուստի սովորաբար ուշադրութիւն կը տրուի որ ան հաճելի եւ գրաւիչ երեւնայ։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր որ անհատ մը որոշ ոճով պէտք է հագնի։ Լաւ է որ անհատ մը տեղական ոճը, ծախսը եւ անձնական ճաշակը նկատի առնէ։ . . . Սակայն, տրամաբանական պիտի ըլլա՞ր շատ սուղ զգեստ մը գնել, որ թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն վրայ դրամական բեռ մը ըլլայ։ . . . Կարգ մը հարսեր սիրելի բարեկամի մը կամ ազգականի մը հագուստը ուրախութեամբ գործածած են։ Ուրիշներ՝ իրենց հարսանեկան հագուստը իրենց ձեռքով պատրաստելու գոհունակութիւնը ունեցած են, հաւանաբար այնպիսի կերպով մը շինելով, որ հետագային ուրիշ առիթներով ալ կարենան գործածել։ Ամբողջովին պատշաճ է որ ամուսնացողները իրենց ամենէն գրաւիչ հագուստը հագնին։ . . . Ուրիշներ, որոնք կարելիութիւնը ունին փարթամ հարսանիք մը ընելու, կրնան անձնապէս փափաքիլ ‘ոչ–փարթամ հարսանիք’ մը ընել, քանի որ տագնապալի օրերու մէջ ենք»։

Նմանապէս, հարկ չկայ որ հարսանեկան թափօրին մասնակցողները (փեսային բարեկամները եւ հարսին բարեկամուհիները) բազմանդամ ըլլան։ Անոնք ալ իրենց հագուստներով եւ արարքներով ուշադրութիւնը իրենց վրայ պէտք չէ քաշեն։ Վտարուած անհատ մը թէեւ կրնայ Թագաւորութեան Սրահին մէջ դասախօսութեան ներկայ գտնուիլ, սակայն Դիտարան 1 Յունուար 1985–ի համարը կ’ըսէր. «Անյարմար է [որ հարսանեկան թափօրին մէջ ըլլան] անհատներ որոնք վտարուած են կամ որոնց ապրելակերպը մեծապէս հակառակ է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն»։

Թէեւ Յիսուս հարսանիքի մը ներկայ գտնուեցաւ, բայց չենք կրնար երեւակայել որ ինք պիտի հաւնէր ինքնաշարժներու շարան մը, որ քաղաքին մէջ կը շրջագայի մեծ աղմուկ հանելով. ոստիկանները նոյնիսկ տուգանքի ենթարկած են հարսանեկան թափօրին մէջ ճչակ գործածող կարգ մը վարորդներ։ (Տես՝ Մատթէոս 22։21։) Այս բոլորին մէջ, փոխանակ աշխարհի մարդոց ցուցամոլութիւնները կամ արարքները յայտնաբերելու, Քրիստոնեաները հեզ անհատներու պատկանող իմաստութիւն մը կը ցուցաբերեն։—Առակաց 11։2

Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել դրացիներու, աշխարհային գործակիցներու, կամ հեռաւոր ազգականներու ու բարեկամներու հարսանիքներուն երթալու մասին։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ինք անհատապէս որոշում պէտք է տայ։ Լաւ է ի մտի ունենալ որ մեր ժամանակը թանկագին է, քանի որ ծառայութեան, անձնական ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան ու ժողովքային տարբեր գործունէութիւններու համար ժամանակի պէտք ունինք։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Շաբաթավերջերուն, ժողովներ ու դաշտի ծառայութիւն ունինք, որոնց մէջ չենք ուզեր թերանալ։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Շատ մը հարսանիքներու ժամերը կրնան մեր համաժողովներուն, կամ Տէրունական Ընթրիքի հետ առնչուած ծառայութեան ժամանակին զուգադիպիլ։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ համայն աշխարհի մէջ, Տէրունական Ընթրիքի ներկայ ըլլալու համար մեր եղբայրներուն թափած ջանքին մենք ալ մասնակից չըլլանք։ Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, աշխարհային մարդոց հետ շատ ժամանակ անցուցած ենք, թերեւս Աստուած անպատուող պարագաներով։ (Ա. Պետրոս 4։3, 4) Հիմա մեր նախասիրութիւնները տարբեր են։ Միշտ կարելի է բացիկ մը ղրկելով, կամ ուրիշ առիթով պզտիկ այցելութիւն մը տալով, աշխարհային զոյգի մը ներկայացնել մեր մաղթանքը։ Ոմանք այսպիսի առիթներէն օգտուելով վկայած են, նոր ամուսնացած զոյգերուն պատշաճող կարգ մը համարներ կարդալով։

Հարսանիք մը իրապէս պիտի պատուէ Եհովան, եթէ հոգեւորականութիւնը տիրէ աշխարհային կերպերուն վրայ։ Քրիստոնեաները այս առիթը ի՛րապէս պիտի վայելեն, եթէ աշխարհէ տարբեր ըլլալու հոգ տանին, անոր նախապաշարումներուն եւ չափազանցութիւններուն չհետեւելով ու թոյլ չտալով որ անիկա իրենց աստուածպետական գործունէութիւնները խանգարէ. նաեւ, փոխանակ ցուցամոլութեան՝ համեստութիւն ցոյց տալով։ Մանաւանդ, անոնք պիտի կարենան այդ դէպքին վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետել մաքուր խղճով եւ հաճելի յիշատակներով։ Իմաստութիւն եւ բանաւորութիւն ցուցաբերելով, թող որ մեր բոլոր քրիստոնեայ հարսանիքները վկայութիւն մը ըլլան պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն։

[Ստորանիշ]

a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել