Հարցումի Տուփ
◼ Եթէ զոյգ մը փափաքի հարսանիքին համար Թագաւորութեան սրահը գործածել, երէցներուն հետ ի՞նչ հարցեր պէտք է նկատի առնէ։
Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակօրէն կազմակերպուած հարսանիքները Եհովայի պատիւ կը բերեն։ Յատկապէս այս է պարագան Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հարսանիքներուն, քանի որ դրացիները կը նկատեն հոն տեղի ունեցող յայտագիրները որպէս մեր կազմակերպութեան մէկ դրսեւորումը։ Որպէսզի «ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ» ըլլայ, պատշաճ է որ տեղական երէցներուն հետ խօսուի, երբ խնդրուի Թագաւորութեան սրահը հարսանիքի համար գործածել (Ա. Կոր. 14։40)։
Զոյգը սրահին մէջ հաւաքուող ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբին գրաւոր խնդրագիր պէտք է ներկայացնէ։ Անոնց նամակը բաւական առաջուընէ պէտք է յանձնուի, նշելով սրահին գործածութեան թուականն ու ժամը։ Անոնք ի մտի պէտք է ունենան, թէ երէցները ժողովներու ծրագիրը պիտի չփոխեն հարսնիքի մը ժամուն յարմարելու համար։ Ասկէ զատ, հարսն ու փեսան լաւ կեցուածք պէտք է ունենան, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն եւ Եհովայի արդար չափանիշներուն հետ ներդաշնակ ապրելով։
Վստահ ըլլալու համար որ հարսանիքը մեր յարգարժան Աստուծոյն վրայ լաւ անդրադարձ պիտի ունենայ, զոյգը ծառայութեան յանձնախումբին հետ պէտք է քննարկէ հարսանեկան կարգադրութիւնները, զանոնք վերջնական նկատելէ առաջ։ Թէեւ երէցները պիտի չփորձեն իրենց անձնական նախընտրութիւնները զոյգին պարտադրել, բայց եթէ առարկելի բան մը ծրագրուած է, զայն պէտք է ճշդել։ Միայն Թագաւորութեան մեղեդիներ–ը կամ մեր երգեցողութիւնները կարելի է գործածել։ Թագաւորութեան սրահին զարդարանքին կամ աթոռներու շարուածքին նկատմամբ երէցներուն հաւանութիւնը պէտք է առնել։ Լուսանկարելը կամ տեսաերիզի վրայ արձանագրելը պէտք չէ առիթին լրջութիւնը նսեմացնէ։ Երէցները կրնան թոյլ տալ որ Թագաւորութեան սրահին մէջ փորձ մը տեղի ունենայ, եթէ ժողովքային այլ կարգադրութիւններ չի խանգարեր։ Տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ որեւէ հրաւիրագիր պէտք չէ դրուի։ Սակայն երէցները կրնան Ծառայութեան ժողովին մէջ հակիրճ ծանուցում մը ընել, Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունենալիք հարսանիքին նկատմամբ ժողովքը տեղեակ պահելու համար։
Թէեւ պահանջուած չէ որ հարսնաւէրը եւ փեսաւէրը մկրտուած ըլլան, բայց պատշաճ պիտի չըլլայ ընտրել անհատներ, որոնց կենցաղը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մեծապէս կը հակասէ կամ ներկաներուն մտքին մէջ հարցումներ կը յարուցանէ։ Հարսանիքը պէտք է կատարուի նշանակուած երէցի մը կողմէ, եթէ մատչելի է։ Երէցները Աստուծոյ Խօսքին որակեալ ուսուցիչներ են, ուստի կրնան հմտօրէն ցցուն ընել աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք այս կարեւոր առիթին կը կիրարկուին (Ա. Տիմ. 3։2)։
Քանի որ հարսանիքը անդրադարձ կ’ունենայ նաեւ զայն կատարող երէցին վրայ, ան հարսանիքի կարգադրութիւններուն տեղեակ պէտք է ըլլայ։ Ան զոյգին հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ, սիրատածութեան շրջանին իրենց ունեցած բարոյական վարքին մասին հարցնելու. զոյգը պիտի ուզէ անվերապահ ու անկեղծ ըլլալ։ Եթէ հարսը կամ փեսան նախապէս ամուսնացած էր, ան պէտք է փաստէ թէ աստուածաշնչականօրէն եւ օրինապէս ազատ է վերամուսնանալու (Մատ. 19։9)։ Ասիկա պիտի պարփակէ երէցին ցոյց տալ ամուսնալուծման դատական որոշումը։
Երբ զոյգը ազատօրէն հաղորդակցի եւ լիովին համագործակցի երէցներուն հետ, հարսանիքը բոլորին համար ուրախ առիթ մը պիտի ըլլայ (Առ. 15։22. Եբ. 13։17)։