Հարցումներ ընթերցողներէն
Կրնա՞յ ըսուիլ որ Մատթէոս 24։34–ի մէջ յիշուած «սերունդ» բառին վերջին նոր հասկացողութիւնը թոյլ կու տայ այն գաղափարին թէ իրերու դրութեան վախճանը հեռու ապագային է։
Պարագան բնա՛ւ այդպէս չէ։ Ճիշդ հակառակը, այս հարցին նկատմամբ վերջերս բարելաւուած հասկացողութիւնը, մեզի պէտք է օգնէ որ աւելի յարատեւ ակնկալութեամբ վախճանը սպասենք։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։
Ինչպէս որ Դիտարան 1 Մարտ 1996–ի թիւը բացատրեց, Յիսուս «այս սերունդը» արտայայտութիւնը կիրարկեց ժամանակակից չար մարդոց։ (Մատթէոս 11։7, 16-19. Մատթէոս 12։39, 45. 17։14-17. Գործք 2։5, 6, 14, 40, ՆԱ) Անիկա մասնայատուկ թուականով մը սկսող հաստատուած ժամանակաշրջանի մը նկարագրութիւնը չէր։
Իրականութեան մէջ, Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1995 (Անգլերէն) թիւին՝ «Հարցումներ Ընթերցողներէն» բաժինը, երկու հիմնական բաներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց. «Մարդոցմէ բաղկացած սերունդ մը կարելի չէ նկատել որպէս հաստատուած տարիներ ունեցող ժամանակաշրջան մը» եւ «Սերունդի մը մարդիկը յարաբերաբար կարճ շրջան մը կ’ապրին»։
Յաճախ «սերունդ» բառը այս կերպով կը գործածենք։ Օրինակ, կրնանք ըսել. ‘Նաբոլէոնի սերունդին զինուորները օդանաւերու եւ հիւլէական ռումբերու մասին բան մը չէին գիտեր’։ Արդեօք Նաբոլէոնի հետ նոյն տարին ծնած զինուորներո՞ւն կ’ակնարկենք։ Արդեօք միայն իրմէ առաջ մեռած Ֆրանսացի զինուորներո՞ւն կ’ակնարկենք։ Անշուշտ ոչ։ Ո՛չ ալ, «սերունդ» ըսելով, որոշ տարիներու թիւ մը կը փորձենք հաստատել։ Այսուհանդերձ, Նաբոլէոնի ժամանակէն սկսեալ յարաբերաբար կարճ ժամանակաշրջանի մը կ’ակնարկենք, եւ ո՛չ թէ՝ հարիւրաւոր տարիներու։
Նոյնն է պարագան Ձիթենեաց Լերան վրայ Յիսուսի տուած մարգարէութեան հասկացողութեան։ Այդ մարգարէութեան զանազան երեսակներուն կատարումը կը փաստէ որ իրերու դրութեան վախճանը մօտ է։ (Մատթէոս 24։32, 33) Մի՛ մոռնաք որ ըստ Յայտնութիւն 12։9, 10–ին, 1914–ին Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան հաստատուելով, Սատանան երկրին շուրջ նետուած է։ Յայտնութիւն գիրքը կ’աւելցնէ թէ Սատանան հիմա շատ բարկացած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէ թէ «քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։12
Հետեւաբար, պատշաճ էր որ Դիտարան 1 Մարտ 1996–ի համարը, «Արթո՛ւն Կեցէք» ենթագլուխը կրէր։ Հետեւեալ պարբերութիւնը պատշաճօրէն ըսաւ. «Մենք դէպքերուն ճշգրիտ ժամանակը գիտնալու պէտք չունինք։ Փոխարէն, մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք արթուն կենալու, զօրաւոր հաւատք մշակելու եւ Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած մնալու վրայ եւ ո՛չ թէ՝ թուական մը հաշուելու վրայ»։ Ապա մէջբերեց Յիսուսի խօսքերը. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։—Մարկոս 13։33, 37