Արդար աշխարհ մը լոկ երազ մը չէ
«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ երկրի վրայ մարդուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է», ըսաւ Ամերիկացի դիւանագէտ Տանիէլ Ուէպսթըր։ Իսկ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եհովա արդարութիւն սիրող մըն է»։ (Սաղմոս 37։28, ՆԱ) Մարդկային առաջին զոյգը Աստուծոյ նմանութեամբ շինուած ըլլալով, աստուածային յատկանիշներ ունէր, մէջը ըլլալով արդարութեան զգացումը։—Ծննդոց 1։26, 27
Աստուածաշունչը կը խօսի նոյնիսկ հեթանոսներու մասին, ‘որոնք օրէնք չունին, բայց բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն’ եւ այսպէս վարուելով «օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը»։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Այո՛, մարդիկ օժտուած են խղճմտանքի կարողութեամբ, շիտակի ու սխալի ներքին զգացումով մը։ Բացայայտօրէն, արդարութեան կարիքը մարդուն մէջ բնածին է։
Մարդ արարածին ուրախութեան փնտռտուքը արդարութեան կարիքին հետ սերտօրէն առնչութիւն ունի, քանի որ Սաղմոս 106։3 կ’ըսէ. «Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն»։ Սակայն, մարդը ինչո՞ւ չէ կարողացած արդար աշխարհ մը յառաջ բերել։
Մարդը Ինչո՞ւ Ձախողած Է
Արդար աշխարհ մը յառաջ բերելու ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը, մեր առաջին ծնողէն՝ Ադամէն ու Եւայէն մեր ժառանգած արատն է։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Այդ արատը մեղքն է։ Թէեւ Ադամն ու Եւան անթերի ստեղծուած էին, անոնք որոշեցին Աստուծոյ դէմ ապստամբիլ, այսպէս իրենք զիրենք մեղաւորներ դարձնելով։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։1-6) Այս պատճառով, անոնք իրենց զաւակներուն՝ մեղաւոր, սխալ հակումներէ բաղկացած ժառանգութիւն մը ձգեցին։
Ագահութեան ու կանխադատողութեան նման նկարագրի գծերը մեղաւոր հակումներու արդիւնքը չե՞ն։ Իսկ այս յատկանիշները աշխարհի անարդարութեան չե՞ն նպաստեր։ Այո՛, միջավայրի դիտումնաւոր եղծանման ու տնտեսական կեղեքումին բո՛ւն պատճառը՝ ագահութիւնն է։ Իսկ վստահաբար, ազգատոհմային պայքարներուն ու ցեղային անարդարութիւններուն ետին եղող պատճառը՝ կանխադատողութիւնն է։ Այսպիսի նկարագրի գծեր մարդոց կը մղեն որ գողնան, խարդախութիւն ընեն, եւ ուրիշներու վնաս հասցնող վարմունք մը ունենան։
Արդարութիւն ի գործ դնելու ու բարիք ընելու համար նոյնիսկ լաւագոյն մղումներով եղած ջանքերը յաճախ կը ձախողին, մեր մեղաւոր հակումներուն պատճառով։ Պօղոս առաքեալ անձամբ խոստովանեցաւ. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ Ան կը շարունակէ բացատրել այս պայքարը, ըսելով. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։ (Հռովմայեցիս 7։19-23) Շատ հաւանաբար, ներկայիս մենք ալ նոյն պայքարը կը մղենք։ Անոր համար է որ անարդարութիւնը շատ յաճախադէպ է։
Մարդկային իշխելակերպն ալ աշխարհի մէջ եղած անարդարութեան նպաստած է։ Ամէն երկրի մէջ օրէնքներ եւ զանոնք պարտադրողներ կան։ Նաեւ կան դատաւորներ ու դատարաններ։ Վստահաբար, կարգ մը սկզբունքի տէր մարդիկ փորձած են մարդկային իրաւունքներուն նեցուկ կանգնիլ ու բոլորին համար հաւասար արդարութիւն ի գործ դնել։ Այսուհանդերձ, անոնց ջանքերուն մեծամասնութիւնը ձախողած է։ Ինչո՞ւ։ Անոնց ձախողութեան մէջ պարփակուած զանազան ազդակները ամփոփելով, Երեմեայ 10։23 կը նշէ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Աստուծմէ օտարացած ըլլալով, մարդը պարզապէս չի կրնար արդար աշխարհ մը հաստատել։—Առակաց 14։12. Ժողովողի 8։9
Արդար աշխարհ մը կառուցանելու մարդուն ջանքերուն բուն արգելք հանդիսացողը՝ Բանսարկու Սատանան է։ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ թէ ըմբոստ հրեշտակը՝ Սատանան, առաջին «մարդասպան»ն ու «ստախօս»ն է, իսկ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Յովհաննու 8։44. Ա. Յովհաննու 5։19) Պօղոս առաքեալ զինք կը բնորոշէ որպէս «այս աշխարհի աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Արդարութիւնը ատող մը ըլլալով, Սատանան իր ամէն կարելին կ’ընէ ամբարշտութիւնը քաջալերելու համար։ Այնքան ատեն որ ան է աշխարհի ղեկավարը, ամէն տեսակ անարդարութիւն ու անոնցմէ առթած վայերը մարդկութիւնը պիտի գերեվարեն։
Այս բոլորը կը նշանակէ՞ թէ մարդկային ընկերութեան մէջ անարդարութիւնը անխուսափելի է։ Արդար աշխարհ մը անիրականալի երա՞զ մըն է։
Արդար Աշխարհ մը Իրականութիւն մըն Է. Ի՞նչպէս
Որպէսզի արդար աշխարհի մը յոյսը իրականութիւն դառնայ, մարդկութիւնը պէտք է նայի ա՛յն աղբիւրին, որ կրնայ անարդարութեան պատճառները արմատախիլ ընել։ Սակայն, ո՞վ կրնայ մեղքը արմատախիլ ընել, իսկ Սատանան ու իր իշխանութիւնը ջնջել։ Բացայայտօրէն, ո՛չ մէկ մարդ կամ մարդկային գործակալութիւն կրնայ այսպիսի վեհ նպատակ մը իրագործել։ Մի՛միայն Եհովա Աստուած կրնայ։ Իր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Իսկ ‘իրաւունքը սիրող’ ըլլալով, Եհովա կ’ուզէ որ մարդկութիւնը ապրի արդար աշխարհի մը մէջ։—Սաղմոս 37։28
Արդար աշխարհ մը բերելու Աստուծոյ կարգադրութեան մասին խօսելով, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այս ‘նոր երկինքը’ բառացի նոր երկինք չէ։ Աստուած մեր ֆիզիքական երկինքը կատարեալ ստեղծեց ու անիկա իրեն փառք կը բերէ։ (Սաղմոս 8։3. 19։1, 2) ‘Նոր երկինքը’՝ երկրի վրայ իշխող նոր կառավարութիւն մըն է։ Ներկայ ‘երկինքը’ մարդակերտ կառավարութիւններէ կազմուած է։ Շուտով, Աստուծոյ Արմագեդոն կոչուած պատերազմին, անոնք տեղի պիտի տան ‘նոր երկինք’ին՝ իր երկնային Թագաւորութեան կամ կառավարութեան։ (Յայտնութիւն 16։14-16) Այդ Թագաւորութեան Թագաւորը Յիսուս Քրիստոս է։ Մարդկային իշխանութեան տեւական վերջ մը դնելով, այս կառավարութիւնը յաւիտեան պիտի տիրէ։—Դանիէլ 2։44
Իսկ ի՞նչ է ‘նոր երկիրը’։ Անիկա նոր մոլորակ մը չէ, քանի որ Աստուած երկիրը մարդկային բնակութեան համար կատարեալ ստեղծեց ու իր կամքն է որ անիկա յաւիտեան մնայ։ (Սաղմոս 104։5) ‘Նոր երկիրը’ մարդկային նոր ընկերութեան մը կ’ակնարկէ։ (Ծննդոց 11։1. Սաղմոս 96։1) Կործանուելիք ‘երկիրը’ կը բաղկանայ անհատներէ, որոնք իրենց անձերը իրերու այս ամբարիշտ դրութեան մէկ մասը կը դարձնեն։ (Բ. Պետրոս 3։7) Զանոնք փոխարինող ‘նոր երկիրը’, Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաներէն պիտի բաղկանայ, որոնք կ’ատեն անօրէնութիւնը, բայց կը սիրեն արդարութիւնն ու իրաւունքը։ (Սաղմոս 37։10, 11) Այսպէս Սատանայի աշխարհը վերջ պիտի գտնէ։
Իսկ Սատանային ի՞նչ վերապահուած է։ Յովհաննէս առաքեալ նախագուշակեց. «Ան [Յիսուս Քրիստոս] բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը»։ (Յայտնութիւն 20։1-3) Շղթայուած Սատանան, խոր վիրապի մը մէջ եղող բանտարկեալի մը նման, մարդկութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի չկարենայ բանեցնել։ Ասիկա ի՜նչ մեծ ամոքում մը պիտի ըլլայ մարդկութեան համար, արդար աշխարհի մը որպէս նախակարապետը ծառայելով։ Իսկ հազար տարուան վերջաւորութեան, Սատանան պիտի չքացուի։—Յայտնութիւն 20։7-10
Իսկ ժառանգուած մեղքին ի՞նչ պիտի պատահի։ Եհովա արդէն իսկ մեղքը արմատախիլ ընելու հիմ մը հայթայթած է։ «Որդին մարդոյ [Յիսուս Քրիստոս] . . . [եկաւ] իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) «Փրկանք» բառը, գերիները ազատ արձակելու համար պահանջուած գինն է։ Յիսուս իր մարդկային կատարեալ կեանքին գինը որպէս փրկանք վճարեց, մարդկութիւնը ազատագրելու համար։—Բ. Կորնթացիս 5։14. Ա. Պետրոս 1։18, 19
Յիսուսի փրկանքի զոհագործութիւնը հիմա իսկ կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։ Անոր հաւատք ընծայելով, Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք կրնանք վայելել։ (Գործք 10։43. Ա. Կորնթացիս 6։11) Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, փրկանքը կարելի պիտի դարձնէ որ մարդկութիւնը մեղքէն ամբողջովին ապաքինի։ Աստուածաշունչին վերջին գիրքը կը նկարագրէ «կեանքի ջուրի» այլաբանական «գետ մը», որ Աստուծոյ աթոռէն կ’ելլէր, իսկ անոր եզերքները խորհրդանշական պտղատու ծառեր կային, որոնց տերեւները «հեթանոսներուն [«ազգերուն», ՆԱ] բժշկութիւն կ’ըլլային»։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Աստուածաշունչի այս նկարագրութիւնը կը ներկայացնէ մարդկութիւնը մեղքէն ապաքինելու համար Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ եղած Ստեղծիչին հոյակապ կարգադրութիւնները։ Այս կարգադրութեան լման կիրարկումը հնազանդ մարդկութիւնը պիտի ազատագրէ մեղքէն ու մահէն։
Կեանքը Արդար Նոր Աշխարհի մը Մէջ
Նկատի առէք թէ կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ Ոճիրն ու բռնութիւնը անցեալին պատկանող բաներ պիտի ըլլան։ (Առակաց 2։21, 22) Տնտեսական անարդարութիւնը պիտի չքանայ։ (Սաղմոս 37։6. 72։12, 13. Եսայեայ 65։21-23) Ընկերային, ցեղային, տոհմային ու ազգատոհմային խտրութեան ամէն հետքերը պիտի սրբուին։ (Գործք 10։34, 35) Պատերազմներն ու ռազմական զէնքերը պիտի չքանան։ (Սաղմոս 46։9) Միլիոնաւոր մեռելներ պիտի յարուցուին անարդարութենէ զերծ աշխարհի մը մէջ։ (Գործք 24։15) Ամէն ոք կատարեալ ու կենսունակ կեանք մը պիտի վայելէ։ (Յոբայ 33։25. Յայտնութիւն 21։3, 4) Աստուածաշունչը կը հաւաստիացնէ մեզ, ըսելով. «[Յիսուս Քրիստոս] իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ»։—Եսայեայ 42։3
Մինչ այդ, մենք ալ կրնանք անարդարութեան զոհ երթալ, սակայն զգոյշ ըլլանք որ մենք ալ անարդար չդառնանք։ (Միքիայ 6։8) Նոյնիսկ երբ անարդարութեան կը համբերենք, դրական տեսակէտ մը պահպանենք։ Խոստացուած արդար աշխարհը շուտով իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։11-13) Ամենակարող Աստուած խոստացած է եւ «այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Եսայեայ 55։10, 11) Այդ արդար աշխարհին մէջ ապրելու համար պատրաստութիւն տեսնելու ժամանակը հի՛մա է, սորվելով թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ։—Յովհաննու 17։3. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
[Նկար՝ էջ 7]
Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ անարդարութեան բոլոր հետքերը պիտի սրբուին