Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 1/1 էջ 6-11
  • ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նոյի Օրերուն Եհովա Գործի կը Լծուի
  • Եհովայի Դատաստանական Պատիժը՝ Սոդոմի ու Գոմորի Վրայ
  • Իսրայէլ «Մրրիկ»ը կը Հնձէ
  • Եհովայի Հաշուետուութիւնը Հաւատուրաց Յուդայի Հետ
  • Առաջին Դարու «Մեծ Նեղութիւն»ը
  • Փրկուելու համար հանրային յայտարարութիւն ըրէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Այժմ աւելի ստիպողական է որ արթուն կենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Եհովայի օրուան համար պատրա՞ստ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ո՞վ անկէ «պիտի ազատի»
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 1/1 էջ 6-11

‘Եհովայի օրէն’ վերապրիլ

«Տէրոջը օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է, ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ»։—ՅՈՎԵԼԵԱՅ 2։11

1. ‘Տէրոջը ահեղ օրը’ ինչո՞ւ ուրախութեան առիթ մըն է։

‘ԱՀԵ՜Ղ’։ Աստուծոյ Յովէլ մարգարէն այս կերպով կը բնութագրէ «Տէրոջը [մեծ] օրը»։ Սակայն, մենք որ Եհովան կը սիրենք ու Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ Իրեն նուիրուած ենք, Եհովայի օրուան մօտենալուն ի տես պէտք չէ սոսկանք։ Անիկա ա՛րդարեւ ահարկու օր մը պիտի ըլլայ, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ մեծ փրկութեան օր մը. հազարամեակներու ընթացքին մարդկութիւնը հարուածող իրերու չար դրութենէն ազատագրումի օր մը։ Մինչ մեծ ակնկալութեամբ կը սպասեն այն օրուան, Յովէլ Աստուծոյ ժողովուրդին կոչ կ’ուղղէ որ ան ‘ցնծայ եւ ուրախանայ, քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ’, ապա կ’աւելցնէ հետեւեալ երաշխիքը. «Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։ Հետագային, Աստուծոյ Թագաւորութեան կարգադրութեան մէջ, «փրկութիւն պիտի ըլլայ, այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։—Յովելեայ 2։11, 21, 22, 32

2. Աստուծոյ նպատակներուն կատարման առնչութեամբ, ի՞նչ տեղի կ’ունենայ (ա) «տէրունական օր»ուան (բ) «Տէրոջը օր»ուան ընթացքին։

2 Եհովայի ահեղ օրը պէտք չէ շփոթենք Յայտնութիւն 1։10–ի «տէրունական օր»ուան հետ։ Այս վերջինը կը պարփակէ Յայտնութիւն գրքին առաջին գլուխէն մինչեւ 22–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած 16 տեսիլքներուն կատարումը։ Անիկա կը բովանդակէ, իր աշակերտներուն՝ «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»՝ հարցումին որպէս պատասխան, Յիսուսի նախագուշակած բոլոր դէպքերուն կատարման ժամանակաշրջանը։ Յիսուսի երկնային ներկայութիւնը երկրի վրայ յատկանշուած է սոսկալի ‘պատերազմներով, սովերով, մահտարաժամներով եւ անօրէնութեամբ’։ Մինչ այս վիշտերը երթալով կը շատնան, Յիսուս աստուածավախ մարդոց մխիթարութիւն կը հայթայթէ, իր արդի աշակերտները ղրկելով, որ քարոզեն «արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ . . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» համար։ Ապա, տէրունական օրուան որպէս գագաթնակէտ, իրերու ներկայ դրութեան «վերջը»՝ Եհովայի ահեղ օրը՝ յանկարծ պիտի գայ։ (Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։11) Ասիկա Սատանայի ապականած աշխարհին վրայ արագ դատաստան գործադրելու Եհովայի օրը պիտի ըլլայ։ «Երկինք ու երկիր պիտի սարսին, բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն . . . պիտի ըլլայ»։—Յովելեայ 3։16

Նոյի Օրերուն Եհովա Գործի կը Լծուի

3. Ներկայ վիճակները ի՞նչպէս նման են Նոյի օրերուն։

3 Ներկայիս, երկրի վիճակները շուրջ 4,000 տարիներ առաջուան «Նոյի օրերուն» կը նմանին։ (Ղուկաս 17։26, 27) Ծննդոց 6։5–ին մէջ, կը կարդանք. «Տէրը . . . տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ Ասիկա որքա՜ն նման է մեր ներկայ աշխարհին։ Ամբարշտութիւնը, ագահութիւնը եւ սիրոյ պակասը ամէնուրեք կը շատնան։ Երբեմն, կրնանք խորհիլ թէ մարդկութիւնը ապականութեան ստորնագոյն աստիճանին հասած է։ Բայց «վերջին օրեր»ու մասին Պօղոս առաքեալի մարգարէութիւնն է որ կը շարունակուի կատարուիլ. «Չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13

4. Նախկին ժամանակներուն, սուտ պաշտամունքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ։

4 Նոյի օրերուն կրօնքը մարդկութեան հանգստութիւն կրցա՞ւ բերել։ Ընդհակառակը, այն ատեն գոյութիւն ունեցող հաւատուրաց կրօնքը մեծապէս նպաստեց աւերիչ կացութեան։ Մեր առաջին ծնողները ‘առաջուան օձին՝ Բանսարկու ու Սատանայ կոչուողին’՝ սուտ ուսուցումին տեղի տուած էին։ Ադամէն սկսեալ երկրորդ սերունդին ժամանակ «սկսան Տէրոջը անունը կանչել», ակներեւաբար անարգական կերպով։ (Յայտնութիւն 12։9. Ծննդոց 3։3-6. 4։26) Հետագային, Աստուծոյ բացարձակ պաշտամունքը լքած ըմբոստ հրեշտակներ, մարդկային նիւթականացած մարմիններ հագան, մարդոց գեղեցիկ աղջիկներուն հետ ապօրինի սեռային յարաբերութիւններ ունենալու համար։ Այս կիները յղանալով Նեֆիլիմ կոչուող խառնածին հսկաներ ծնան, որոնք մարդոց հարստահարեցին ու չարչարեցին։ Այս դիւային ազդեցութեան ներքեւ, ‘երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեց’։—Ծննդոց 6։1-12

5. Նոյի օրերու դէպքերուն ակնարկելով, Յիսուս մեզի ի՞նչ ազդարարական խրատ կու տայ։

5 Սակայն, մէկ ընտանիք Եհովայի հանդէպ ուղղամտութիւն պահեց։ Հետեւաբար, Աստուած՝ «Նոյը, արդարութեան քարոզիչը, ուրիշ եօթը անհատներու հետ՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ»։ (Բ. Պետրոս 2։5, ՆԱ) Այդ Ջրհեղեղը նախաշուքը եղաւ Եհովայի ահեղ օրուան, որ իրերու այս դրութեան վախճանը կը նշէ, որուն մասին Յիսուս մարգարէացաւ. «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։36-39) Այսօր մենք ալ նման կացութեան մէջ կը գտնուինք, ուստի Յիսուս կը յորդորէ մեզ որ ‘զգուշանանք մեր անձերուն, արթուն կենանք ու ամէն ատեն աղօթք ընենք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատինք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլանք’։—Ղուկաս 21։34-36

Եհովայի Դատաստանական Պատիժը՝ Սոդոմի ու Գոմորի Վրայ

6, 7. (ա) Ղովտի ժամանակ պատահած դէպքերը ի՞նչ բանի նախաշուքն էին։ (բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ բացայայտ ազդարարութիւն մը կը հայթայթէ։

6 Ջրհեղեղէն հարիւրաւոր տարիներ ետք, երբ Նոյի զաւակները բազմացան երկրի վրայ, հաւատարիմ Աբրահամ եւ իր եղբօրորդին Ղովտ ականատես եղան Եհովայի ահեղ ուրիշ մէկ օրուան։ Ղովտ ու իր ընտանիքը Սոդոմ քաղաքին մէջ կ’ապրէին։ Դրացի Գոմոր քաղաքին հետ մէկտեղ, Սոդոմ սեռային գարշելի անբարոյութեան մէջ թաղուած էր։ Նիւթապաշտութիւնն ալ անոր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձած էր, ի վերջոյ Ղովտի կնկան ալ ազդելով։ Եհովա Աբրահամի ըսած էր. «Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ»։ (Ծննդոց 18։20) Աբրահամ պաղատեցաւ որ Եհովա այս երկու քաղաքները խնայէ, անոնց մէջ գտնուող արդարներուն սիրոյն համար. սակայն Եհովա ըսաւ որ անոնց մէջ նոյնիսկ տասը արդար մարդ չէր գտած։ Աստուծոյ հրեշտակներուն օգնութեամբ, Ղովտ ու իր երկու աղջիկները մօտակայ Սեգովր քաղաքը փախան։

7 Ասկէ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։ Մեր «վերջին օրերը» Ղովտի ժամանակին հետ բաղդատելով, Ղուկաս 17։28-30 կը տեղեկագրէ. «Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի»։ Եհովայի այդ ահարկու օրուան ընթացքին Սոդոմի ու Գոմորի գլխուն եկածը, Յիսուսի ներկայութեան այս ժամանակին մէջ մեզի համար բացայայտ ազդարարութիւն մըն է։ Մարդկութեան այս արդի սերունդն ալ «պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով»։ (Յուդա 7) Ասկէ զատ, ներկայ սեռային անբարոյ սովորութիւնները մեր օրերուն նկատմամբ Յիսուսի նախագուշակած շատ մը «մահտարաժամներուն» պատասխանատու են։—Ղուկաս 21։11

Իսրայէլ «Մրրիկ»ը կը Հնձէ

8. Իսրայէլ ո՞ր տարողութեամբ Եհովայի հետ իր ուխտը պահեց։

8 Որոշ ժամանակ, Եհովա Իսրայէլը ընտրեց իրեն ‘սեպհական ժողովուրդ ըլլալու բոլոր ազգերէն . . . քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը’։ Սակայն ասիկա պիտի իրականանար եթէ ‘իրաւցընէ իր ձայնին հնազանդէին ու իր ուխտը պահէին’։ (Ելից 19։5, 6) Անոնք այս մեծ առանձնաշնորհումը պատուեցի՞ն։ Բնա՛ւ։ Շիտակ է որ այդ ազգէն կարգ մը անհատներ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայեցին, ինչպէս՝ Մովսէս, Սամուէլ, Դաւիթ, Յովսափատ, Եզեկիա, Յովսիա, նաեւ նուիրուած մարգարէներ ու մարգարէուհիներ։ Սակայն, ազգը որպէս ամբողջութիւն անհաւատարիմ գտնուեցաւ։ Ժամանակ մը ետք, թագաւորութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ՝ Իսրայէլ եւ Յուդա։ Ընդհանուր առմամբ, երկու ժողովուրդներն ալ հեթանոսական պաշտամունքի եւ դրացի երկիրներու Աստուած անարգող սովորութիւններու ծուղակին մէջ ինկան։—Եզեկիէլ 23։49

9. Եհովա տասը ցեղեան ըմբոստ թագաւորութիւնը ի՞նչպէս դատեց։

9 Եհովա հարցերը ի՞նչպէս դատեց։ Ինչպէս միշտ, ան Ամովսի յիշած սկզբունքին համաձայն ազդարարութիւն տուաւ. «Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։ Ամովս Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան վրայ վա՜յ կարդաց, ըսելով. «Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը։ Անիկա խաւար է եւ ո՛չ թէ լոյս»։ (Ամովսեայ 3։7. 5։18) Ասկէ զատ, Ամովսի ընկերը Ովսէէ մարգարէն ըսաւ. «Հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն»։ (Ովսեայ 8։7) Հ.Դ.Ա. 740–ին, Եհովա ասորական բանակը գործածեց Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութիւնը միանգամ ընդմիշտ կործանելու համար։

Եհովայի Հաշուետուութիւնը Հաւատուրաց Յուդայի Հետ

10, 11. (ա) Եհովա ինչո՞ւ չուզեց Յուդայի ներել։ (բ) Ո՞ր գարշելի բաները ազգը ապականած էին։

10 Եհովա նաեւ իր մարգարէները ղրկեց հարաւային Յուդայի թագաւորութեան։ Սակայն, Յուդայի թագաւորները, ինչպէս՝ Մանասէն եւ իր յաջորդը Ամոն, շարունակեցին Եհովայի աչքին չար եղածը ընել, ‘խիստ շատ անմեղ արիւն թափելով, կուռքերը պաշտելով ու անոնց երկրպագութիւն ընելով’։ Թէեւ Ամոնի որդին Յովսիա Եհովայի աչքին շիտակ եղածը ըրաւ, բայց իրեն յաջորդող թագաւորները եւ ժողովուրդը ամբարշտութեան մէջ մխրճուեցան, այնպէս որ «Տէրը չուզեց որ ներէ»։—Դ. Թագաւորաց 21։16-21. 24։3, 4

11 Եհովա իր Երեմիա մարգարէին միջոցաւ յայտարարեց. «Երկրին վրայ զարմանալի ու սոսկալի գործ կ’ըլլայ։ Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն, քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։ Իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի, բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի»։ Յուդայի թագաւորութիւնը չափազանց արիւնապարտ դարձած էր եւ անոր ժողովուրդը ապականած էր գողութեամբ, սպանութեամբ, շնութեամբ, սուտ երդումով, օտար աստուածներ պաշտելով եւ այլ գարշելի բաներով։ Աստուծոյ տաճարը ‘աւազակներու քարայր’ դարձած էր։—Երեմեայ 2։34. 5։30, 31. 7։8-12

12. Եհովա ի՞նչպէս պատժեց ըմբոստ Երուսաղէմը։

12 Եհովա ըսաւ. «Ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն [Քաղդէացիներուն երկրէն]»։ (Երեմեայ 4։6) Հետեւաբար, ան Բաբելոնի Աշխարհակալ Ոյժը՝ այդ ժամանակ «բոլոր երկրին մուրճը»՝ բերաւ, ապստամբ Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը կործանելու համար։ (Երեմեայ 50։23) Հ.Դ.Ա. 607–ին, դառն պաշարումէ մը ետք, քաղաքը ինկաւ Նաբուգոդոնոսորի հզօր բանակին ձեռքը։ «Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։ Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։ Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։ Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ»։—Երեմեայ 39։6-9

13. Հ.Դ.Ա. 607–ի Եհովայի օրէն ո՞վ ազատեցաւ եւ ինչո՛ւ։

13 Ա՛րդարեւ, ահեղ օր մըն էր։ Սակայն, Եհովայի հնազանդ քանի մը հոգիներ ազատուեցան այդ կրակոտ դատաստանէն։ Անոնց մէջ կային ոչ–Իսրայելացի Ռեքաբեանները, որոնք Յուդայի ազգին հակառակը, խոնարհ ու հնազանդ հոգի մը ցուցաբերեցին։ Նաեւ փրկուեցան՝ Աբդեմելէքը, Երեմիան տղմոտ գուբէն ազատագրող հաւատարիմ ներքինին, եւ Բարուքը, Երեմիայի հաւատարիմ դպիրը։ (Երեմեայ 35։18, 19. 38։7-13. 39։15-18. 45։1-5) Ասոնց նման անհատներուն էր որ Եհովա ըսաւ. «Ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, . . . ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու»։ Այդ խոստումը պզտիկ կատարում մը ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին, երբ Բաբելոնը նուաճող Կիւրոս Թագաւորը աստուածավախ Հրեաները ազատ արձակեց, իսկ անոնք ալ Երուսաղէմ վերադառնալով քաղաքը ու անոր տաճարը շինեցին։ Նոյնպէս այսօր, բաբելոնական կրօնքներէն դուրս եկող եւ Եհովայի մաքուր պաշտամունքին միացողները, կրնան Եհովայի վերահաստատած Դրախտին մէջ յաւիտենական խաղաղութեամբ փառաւոր ապագայ մը ակնկալել։—Երեմեայ 29։11. Սաղմոս 37։34. Յայտնութիւն 18։2, 4

Առաջին Դարու «Մեծ Նեղութիւն»ը

14. Եհովա ինչո՞ւ Իսրայէլը մշտնջենապէս մերժեց։

14 Հիմա, մեր ուշադրութիւնը դարձնենք Հ.Դ. առաջին դարուն։ Այն ժամանակ, վերահաստատուած Հրեաները դարձեալ հաւատուրացութեան մէջ ինկած էին։ Այս անգամ Եհովա իր միածին Որդին երկիր ղրկեց, իր Օծեալը՝ կամ Մեսիան՝ ըլլալու։ Հ.Դ. 29–էն մինչեւ Հ.Դ. 33, Յիսուս բոլոր Իսրայէլի մէջ քարոզեց, ըսելով. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթէոս 4։17) Ասկէ զատ, ան աշակերտներ հաւաքեց ու մարզեց, իր հետ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու համար։ Հրեայ կառավարիչները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Անոնք Յիսուսը անարգեցին եւ ի վերջոյ գարշելի ոճիր մը գործեցին, զայն չարչարանքի ցիցին վրայ տանջալի մահուան դատապարտելով։ Եհովա մերժեց Հրեաները որպէս իր ժողովուրդը եւ այս անգամ մերժումը վերջնական էր։

15. Զղջացող Հրեաները ի՞նչ բան իրագործելու առանձնաշնորհումը ունեցան։

15 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն վրայ սուրբ հոգին թափեց եւ ասիկա զանոնք զօրացուց որ հոն շուտով հաւաքուած Հրեաներուն եւ նորադարձներուն հետ տարբեր լեզուներով խօսին։ Պետրոս առաքեալ իր խօսքը բազմութեան ուղղելով ըսաւ. «Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք։ . . . Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ Պարկեշտ Հրեաներ ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Իրենց մեղքերուն համար ‘սրտերնուն մէջ զղջացին’ եւ ապա մկրտուեցան։ (Գործք 2։32-41) Թագաւորութեան քարոզչութիւնը արագացաւ եւ 30 տարուան մէջ արդէն «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» հասած էր։—Կողոսացիս 1։23

16. Եհովա ի՞նչպէս մարմնաւոր Իսրայէլին դատապարտութեան առաջնորդող դէպքերը կարգադրեց։

16 Ժամանակը եկած էր որ Եհովա իր մերժուած ժողովուրդին՝ մարմնաւոր Իսրայէլի վրայ՝ դատաստան ի գործ դնէր։ Այն ժամանակ ճանչցուած աշխարհի ազգերէն հազարաւոր անհատներ քրիստոնէական ժողովքէն ներս խուժած էին եւ օծուած էին որպէս «Աստուծոյ [հոգեւոր] Իսրայէլ»ը։ (Գաղատացիս 6։16) Սակայն, այն ժամանակուան Հրէականութիւնը ատելութեամբ ու աղանդական վայրագութեամբ կլանուած էր։ Անոնք ‘վերին իշխանութիւններուն հնազանդելու’ մասին Պօղոսի գրած խրատին հակառակ գործելով, իրենց վրայ տիրող հռովմէական իշխանութեան դէմ բացէ ի բաց ապստամբած էին։ (Հռովմայեցիս 13։1, ՆԱ) Բացայայտօրէն, Եհովա ասոր յաջորդող դէպքերուն մէջ ձեռք ունէր։ Հ.Դ. 66–ին, Զօրավար Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական լեգէոնները յառաջացան, որպէսզի Երուսաղէմը պաշարեն։ Յարձակող Հռովմայեցիները քաղաքէն ներս խուժելով հասան մինչեւ տաճարին պարիսպը ու սկսան տակէն փորել։ Ինչպէս որ Յովսեպոսի պատմական արձանագրութիւնը կ’ըսէ, քաղաքը ու ժողովուրդը իրապէս նեղութեան մէջ էին։a Սակայն, յանկարծ յարձակող զինուորները սկսան փախչիլ։ Ասիկա թոյլ տուաւ որ աշակերտները ‘լեռները փախչին’, ինչպէս Յիսուս յանձնարարած էր Մատթէոս 24։15, 16–ին մէջ արձանագրուած մարգարէութեան մէջ։

17, 18. (ա) Եհովա ո՞ր նեղութեամբ Հրէականութեան վրայ արդար դատաստան բերաւ։ (բ) Ո՞ր մարմինը ‘ազատեցաւ’ եւ ասիկա ի՞նչ բանի նախաշուքն էր։

17 Սակայն, նեղութեան գագաթնակէտին պատահելիք Եհովայի դատաստանին ամբողջական կատարումը տակաւին ապագային էր։ Հ.Դ. 70–ին, Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական լեգէոնները դարձեալ յարձակեցան։ Բայց այս անգամ պատերազմը վճռական էր։ Իրարու հետ կռուող Հրեաները կարող չէին գլուխ ելլել Հռովմայեցիներուն հետ։ Քաղաքը եւ անոր տաճարը հիմնայատակ կործանեցան։ Աւելի քան մէկ միլիոն հիւծած Հրեաներ տառապեցան ու մահացան, շուրջ 600,000 դիակներ քաղաքէն դուրս նետուելով։ Քաղաքին նուաճումէն ետք, 97,000 Հրեաներ գերի քշուեցան, որոնցմէ շատեր հետագային կրկէսներուն մէջ մեռան։ Իրապէս, այդ նեղութեան տարիներուն ընդմէջէն ազատած միակ մարմինը՝ Յորդանանի անդիի կողմի լեռները փախչող հնազանդ Քրիստոնեաներն էին։—Մատթէոս 24։21, 22. Ղուկաս 21։20-22

18 Այս կերպով, «իրերու դրութեան վախճանին» մասին Յիսուսի հոյակապ մարգարէութիւնը իր առաջին կատարումը ունեցաւ, իր գագաթնակէտը Եհովայի օրը ըլլալով, երբ Հ.Դ. 66-70–ին ըմբոստ Հրեայ ազգին վրայ արդար դատաստան գործադրուեցաւ։ (Մատթէոս 24։3-22, ՆԱ) Սակայն, անիկա պարզապէս նախաշուքն էր «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան՝ այն վերջնական նեղութեան՝ որ ամբողջ աշխարհը պիտի պարփակէ։ (Յովելեայ 2։31) Ի՞նչպէս կրնաք անկէ ‘ազատիլ’։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ։

[Ստորանիշ]

a Յովսեպոս կը պատմէ թէ յարձակող Հռովմայեցիները քաղաքը պաշարեցին, պարիսպին մէկ մասը տակէն փորեցին եւ քիչ մնաց որ Եհովայի տաճարին դուռը հրդեհէին։ Ասիկա ներսը արգելափակուած շատ մը Հրեաներուն սաստիկ վախ պատճառեց, քանի որ իրենց աչքերով կրնային տեսնել իրենց սպառնացող մահը։—Հրեաներուն Պատերազմները, Գիրք Բ., գլուխ 19։

Վերաքաղի Հարցումներ

◻ «Տէրունական օրը» ի՞նչպէս կապ ունի «Տէրոջը օր»ուան հետ։

◻ Նոյի օրերը վերաքաղ ընելով, ո՞ր ազդարարութեան պէտք է անսանք։

◻ Սոդոմ ու Գոմոր ի՞նչ զօրաւոր դաս մը կը սորվեցնեն։

◻ Առաջին դարու ‘մեծ նեղութենէն’ որո՞նք ազատեցան։

[Նկար՝ էջ 10]

Եհովա փրկութեան միջոց մը հայթայթեց Նոյի եւ Ղովտի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Դ.Ա. 607–ին եւ Հ.Դ. 70–ին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել