Ուրիշ ոչխարները եւ նոր ուխտը
«Օտարականին որդիները . . . ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան, զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 56։6, 7
1. (ա) Յովհաննէսի տեսիլքին համաձայն, ի՞նչ կ’իրագործուի, մինչ Եհովայի դատաստանի հովերը ետ կը պահուին։ (բ) Յովհաննէս ի՞նչ ուշագրաւ բազմութիւն մը տեսաւ։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ գրքին չորրորդ տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ որ Եհովայի դատաստանին կործանարար հովերը ետ կը պահուին, մինչեւ որ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի բոլոր անդամներուն կնքուիլը ամբողջանայ։ Ասոնք Աբրահամի գլխաւոր սերունդին միջոցով առաջին օրհնուողները պիտի ըլլան։ (Գաղատացիս 6։16. Ծննդոց 22։18. Յայտնութիւն 7։1-4) Այդ նոյն տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս տեսաւ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, . . . [որոնք] մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։ (Յայտնութիւն 7։9, 10) ‘Փրկութիւնը կը պարտինք Գառնուկին’ ըսելով, մեծ բազմութիւնը ցոյց կու տայ որ ինքն ալ օրհնուած է Աբրահամի Սերունդին կողմէ։
2. Մեծ բազմութիւնը ե՞րբ երեւան եկաւ, եւ ան ի՞նչպէս բնորոշուեցաւ։
2 Այս մեծ բազմութեան ինքնութիւնը երեւան եկաւ 1935–ին, եւ ներկայիս անիկա հինգ միլիոնէ աւելի է։ Մեծ նեղութենէն վերապրելու համար նշան ստացած ըլլալով, անոր անդամները յաւիտենական կեանքի համար պիտի զատուին, երբ Յիսուս «ոչխարներ»ը բաժնէ «այծեր»էն։ Մեծ բազմութեան Քրիստոնեաները Յիսուսի բակերու առակին մէջի «ուրիշ ոչխարներ»ուն մաս կը կազմեն։ Անոնք կը յուսան դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։—Մատթէոս 25։31-46. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 21։3, 4
3. Նոր ուխտին կապակցաբար օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս իրարմէ կը տարբերին։
3 144,000–ին համար, աբրահամական ուխտին օրհնութիւնները կը մատակարարուին նոր ուխտին միջոցաւ։ Որպէս այս ուխտին մասնակիցներ, անոնք «շնորհքի տակ» եւ «Քրիստոսին օրէնքին տակ» կու գան։ (Հռովմայեցիս 6։15. Ա. Կորնթացիս 9։21) Հետեւաբար, Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին, միայն Աստուծոյ Իսրայէլի 144,000 անդամները տեղին ըլլալով մասնակցած են խորհրդանիշերուն եւ միմիայն անոնց հետ Յիսուս կատարած է Թագաւորութեան ուխտը։ (Ղուկաս 22։19, 20, 29) Մեծ բազմութեան անդամները նոր ուխտին մասնակիցներ չեն։ Այսուհանդերձ, անոնք Աստուծոյ Իսրայէլին կ’ընկերակցին եւ անոնց հետ իրենց ‘երկրին’ մէջ կ’ապրին։ (Եսայեայ 66։8) Հետեւաբար, տրամաբանականօրէն կրնանք ըսել որ անոնք ալ Եհովայի շնորհքին եւ Քրիստոսի օրէնքին ներքեւ կու գան։ Թէեւ նոր ուխտին մասնակիցներ չեն, բայց անկէ օգտուողներ են։
«Օտարական»ները եւ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը
4, 5. (ա) Եսայիի համաձայն, ո՞ր խումբը Եհովայի պիտի ծառայէր։ (բ) Եսայեայ 56։6, 7–ն ի՞նչպէս կատարուեցաւ մեծ բազմութեան վրայ։
4 Եսայի մարգարէն գրեց. «Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝ անոր ծառայութիւն ընելու, Տէրոջը անունը սիրելու ու անոր ծառաներ ըլլալու համար, այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան, զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։ Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան»։ (Եսայեայ 56։6, 7) Ասիկա կը նշանակէր որ Իսրայէլի մէջ «օտարական»ներ՝ ոչ–Իսրայելացիներ՝ Եհովան պիտի պաշտէին. իր անունը պիտի սիրէին, Օրէնքի ուխտին պայմաններուն պիտի ենթարկուէին, Շաբաթը պիտի պահէին եւ տաճարին՝ Աստուծոյ ‘աղօթքի տան’ մէջ՝ զոհեր պիտի մատուցանէին։—Մատթէոս 21։13
5 Մեր օրերուն, մեծ բազմութիւնը կը ներկայացնէ՝ «օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են»։ Ասոնք Եհովայի կը ծառայեն Աստուծոյ Իսրայէլի հետ։ (Զաքարեայ 8։23) Անոնք ալ Աստուծոյ Իսրայէլին նման ընդունելի զոհեր կը մատուցանեն։ (Եբրայեցիս 13։15, 16) Անոնք Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին՝ իր ‘աղօթքի տան’ մէջ պաշտամունք կը մատուցանեն։ (Բաղդատել՝ Յայտնութիւն 7։15։) Արդեօք Շաբաթն ալ կը պահե՞ն։ Ո՛չ օծեալներէն եւ ո՛չ ալ ուրիշ ոչխարներէն պահանջուած է ասիկա ընել։ (Կողոսացիս 2։16, 17) Բայց Պօղոս Եբրայեցի օծեալ Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն»։ (Եբրայեցիս 4։9, 10) Այդ Եբրայեցիները այս ‘հանգիստը մտան’, երբ ‘Աստուծոյ արդարութեան’ ենթարկուեցան եւ դադրեցան Օրէնքի գործերով իրենք զիրենք արդարացնել։ (Հռովմայեցիս 10։3, 4) Հեթանոս օծեալ Քրիստոնեաներն ալ նոյն հանգիստը կը վայելեն, Եհովայի արդարութեան ենթարկուելով։ Մեծ բազմութիւնը անոնց կը միանայ այդ հանգիստին մէջ։
6. Ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս ներկայիս նոր ուխտին կ’ենթարկուին։
6 Ասկէ զատ, ուրիշ ոչխարները իրենք զիրենք նոր ուխտին ներքեւ կը բերեն, ճիշդ ինչպէս որ օտարականները Օրէնքի ուխտին կ’ենթարկուէին։ Ի՞նչ կերպով։ Ո՛չ թէ անոր մասնակիցներ ըլլալով, այլ անոր ընկերակցող օրէնքներուն ենթարկուելով եւ անոր կարգադրութիւններէն օգտուելով։ (Բաղդատել՝ Երեմեայ 31։33, 34։) Իրենց օծեալ ընկերակիցներուն նման, ուրիշ ոչխարներուն ‘սրտին մէջ’ ալ գրուած է Եհովայի օրէնքը։ Անոնք խորապէս կը սիրեն Եհովայի պատուիրաններն ու սկզբունքները եւ անոնց կը հնազանդին։ (Սաղմոս 37։31. 119։97) Օծեալ Քրիստոնեաներու նման, անոնք Եհովան կը ճանչնան։ (Յովհաննու 17։3) Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ թլփատութեան մասին։ Նոր ուխտը հաստատուելէն շուրջ 1,500 տարիներ առաջ, Մովսէս Իսրայելացիներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Ձեր սրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք»։ (Բ. Օրինաց 10։16. Երեմեայ 4։4) Մինչ մարմնի պարտադիր թլփատութիւնը Օրէնքին հետ վերջ գտաւ, բայց օծեալներն եւ ուրիշ ոչխարները պէտք է իրենց սրտերը ‘թլփատեն’։ (Կողոսացիս 2։11) Վերջապէս, Եհովա կը ներէ ուրիշ ոչխարներուն յանցանքները Յիսուսի թափած ‘ուխտի արեան’ հիման վրայ։ (Մատթէոս 26։28. Ա. Յովհաննու 1։9. 2։2) Աստուած զանոնք որպէս իր հոգեւոր որդիները չ’որդեգրեր, ինչպէս կ’ընէ 144,000–ին։ Բայց ուրիշ ոչխարները արդար կը յայտարարէ, այդ առումով որ Աբրահամ արդար յայտարարուած էր, որպէս Աստուծոյ բարեկամը։—Մատթէոս 25։46. Հռովմայեցիս 4։2, 3. Յակոբու 2։23
7. Աբրահամի նման արդար յայտարարուած ուրիշ ոչխարներու առջեւ ի՞նչ ակնկալութիւն կը բացուի։
7 144,000–ին համար, արդար յայտարարուիլը իրենց առջեւ կը բանայ երկնքի Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի հետ իշխելու յոյսը։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. Գաղատացիս 2։16) Ուրիշ ոչխարներու համար, որպէս Աստուծոյ բարեկամներ արդար յայտարարուիլը թոյլ կու տայ որ անոնք դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ողջունեն, կամ՝ որպէս մեծ բազմութեան մաս կազմողներ Արմագեդոնէն վերապրելով, եւ կամ՝ ‘արդարներու յարութեամբ’։ (Գործք 24։15) Ի՜նչ առանձնաշնորհում է այսպիսի յոյս մը ունենալ եւ տիեզերքի Գերիշխանին մէկ բարեկամը ըլլալ ու անոր «վրանին մէջ» հիւր մը ըլլալ։ (Սաղմոս 15։1, 2) Այո, թէ՛ օծեալները եւ թէ ուրիշ ոչխարները հոյակապօրէն օրհնուած են Յիսուսի՝ Աբրահամի Սերունդին՝ միջոցով։
Քաւութեան Աւելի Մեծ Օր մը
8. Օրէնքի ներքեւ Քաւութեան Օրուան զոհերը ի՞նչ կը նախապատկերացնէին։
8 Երբ Պօղոս նոր ուխտի մասին կը խօսէր, իր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնեց Օրէնքի ներքեւ տարեկան Քաւութեան Օրը։ Այդ օրը երկու տարբեր զոհեր կը մատուցանուէին. մէկը Ղեւիի քահանայական ցեղին համար եւ ուրիշ մը մնացեալ 12 ոչ–քահանայական ցեղերուն համար։ Ասիկա Յիսուսի մեծ զոհը կը նախապատկերացնէր, որմէ պիտի օգտուէին թէ՛ երկնային յոյս ունեցող 144,000–ը եւ թէ երկրային յոյս ունեցող միլիոնաւոր ուրիշներ։a Պօղոս ասոր կիրարկումը ընելով, ցոյց տուաւ որ Յիսուսի զոհագործութեան օգուտները կը մատակարարուին նոր ուխտի ներքեւ Քաւութեան աւելի մեծ Օրուան միջոցաւ։ Որպէս այս աւելի մեծ օրուան Քահանայապետը, Յիսուս իր կատարեալ կեանքը որպէս քաւիչ զոհ տուաւ, որպէսզի մարդոց համար «յաւիտենական փրկութիւն» ձեռք ձգէ։—Եբրայեցիս 9։11-24
9. Նոր ուխտին մէջ ըլլալով, Եբրայեցի օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ պիտի կարենային ողջունել։
9 Առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաներէն շատեր տակաւին «օրէնքին նախանձաւոր» էին։ (Գործք 21։20) Ուստի, տեղին ըլլալով Պօղոս անոնց հետեւեալը յիշեցուց. «Ասոր համար [Յիսուս] նոր ուխտին միջնորդն է, որպէս զի իր մահը առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներուն քաւութեանը համար եղած ըլլալով, հրաւիրուածները յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը առնեն»։ (Եբրայեցիս 9։15) Նոր ուխտը Եբրայեցի Քրիստոնեաները ազատագրեց հին ուխտէն, որ իրենց մեղքերը երեւան կը հանէր։ Նոր ուխտին շնորհիւ, անոնք կրնային ողջունել «յաւիտենական [երկնային] ժառանգութեան խոստումը»։
10. Օծեալները եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչ բանի համար Աստուծոյ շնորհապարտ են։
10 ‘Ամէն ո՛վ որ Որդիին կը հաւատայ’, փրկանքի զոհէն պիտի օգտուի։ (Յովհաննու 3։16, 36) Պօղոս ըսաւ. «Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անո՛նց՝ որոնք անոր կը սպասեն»։ (Եբրայեցիս 9։28) Ներկայիս, անձկագին Յիսուսի սպասողներուն մաս կը կազմեն Աստուծոյ Իսրայէլի տակաւին ողջ եղող օծեալ Քրիստոնեաները եւ յաւիտենական ժառանգութիւն ունեցող մեծ բազմութիւնը կազմող միլիոնաւոր ուրիշներ։ Երկու դասակարգն ալ Աստուծոյ շնորհապարտ են նոր ուխտին եւ անոր ընկերակցող կենարար օրհնութիւններուն համար, որոնց մաս կը կազմեն Քաւութեան աւելի մեծ Օրը եւ Քահանայապետ Յիսուսի երկնային Սրբութիւն Սրբութեանց մէջ կատարած սպասարկութիւնը։
Սրբազան Ծառայութեամբ Զբաղած
11. Յիսուսի զոհին միջոցաւ մաքուր խղճմտանք ունենալով, օծեալներն եւ ուրիշ ոչխարները ուրախութեամբ ի՞նչ կ’ընեն։
11 Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս շեշտեց նոր ուխտի կարգադրութեան ներքեւ Յիսուսի զոհագործութեան արժէքին գերադասութիւնը, հին ուխտին ներքեւ մատուցուած զոհերուն հետ բաղդատած։ (Եբրայեցիս 9։13-15, ՆԱ) Յիսուսի աւելի լաւ զոհը ‘մեր խղճմտանքը սրբեց մեռած գործերէն, որպէս զի կենդանի Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն մատուցանենք’։ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն համար, «մեռած գործեր»ը «առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներ»ը կը պարունակէին։ Ներկայ Քրիստոնեաներուն համար, անոնք կը պարունակեն անցեալին կատարուած մեղքերը, որոնց համար անկեղծ զղջում յայտնած են եւ Աստուած ալ անոնց ներած է։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Մաքրուած խղճմտանք ունենալով, օծեալ Քրիստոնեաները ‘կենդանի Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն’։ Նոյնը կ’ընէ նաեւ մեծ բազմութիւնը։ Իրենց խղճմտանքները «Գառնուկին արիւնովը» մաքրած ըլլալով, անոնք Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ «սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն ցորեկ ու գիշեր»։—Յայտնութիւն 7։14, 15, ՆԱ։
12. Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ «լեցուն հաւատք» մը ունինք։
12 Պօղոս շարունակելով ըսաւ. «Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով, սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած»։ (Եբրայեցիս 10։22) Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ «լեցուն հաւատք» ունինք։ Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն հետեւեալ քաջալերութիւնը տուաւ. «Անխախտ պահենք [երկնային] յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։ Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։23-25) Եթէ կենդանի հաւատք մը ունինք, մենք ալ ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չենք թողուր’։ Մեծ գոհունակութիւն պիտի զգանք երբ մեր եղբայրները սիրոյ ու բարի գործերու կը մղենք, մենք ալ իրենցմով քաջալերուելով, եւ մեր՝ երկնային թէ երկրային՝ յոյսը հանրապէս յայտարարելու կենսական գործին համար զօրանալով։—Յովհաննու 13։35
«Յաւիտենական Ուխտ»
13, 14. Նոր ուխտը ի՞նչ կերպով յաւիտենական է։
13 Ի՞նչ կը պատահի, երբ 144,000–ի վերջին անդամին երկնային յոյսը իրագործուի։ Նոր ուխտը այլեւս անվաւե՞ր պիտի ըլլայ։ Այդ ժամանակ, երկրի վրայ Աստուծոյ Իսրայէլի անդամներէն ոեւէ մէկը մնացած պիտի չըլլայ։ Ուխտին բոլոր մասնակիցները Յիսուսի հետ ‘Հօր թագաւորութեանը մէջ’ պիտի ըլլան։ (Մատթէոս 26։29) Բայց մենք կը յիշենք Պօղոսի խօսքերը, Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ. «Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է»։ (Եբրայեցիս 13։20. Եսայեայ 55։3) Նոր ուխտը ի՞նչ առումով յաւիտենական է։
14 Նախ՝ Օրէնքի ուխտին հակառակը, անիկա բնաւ պիտի չփոխարինուի։ Երկրորդ՝ անոր կիրարկման արդիւնքները մնայուն են, ինչպէս՝ Յիսուսի թագաւորութիւնը։ (Բաղդատել՝ Ղուկաս 1։33–ը, Ա. Կորնթացիս 15։27, 28–ի հետ։) Երկնային Թագաւորութիւնը յաւիտենական տեղ մը կը գրաւէ Եհովայի նպատակներուն մէջ։ (Յայտնութիւն 22։5) Իսկ երրորդ՝ ուրիշ ոչխարները պիտի շարունակեն օգտուիլ նոր ուխտի կարգադրութենէն։ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ներքեւ, հաւատարիմ մարդիկ Եհովայի ‘սրբազան ծառայութիւն պիտի մատուցանեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ’, ինչպէս կ’ընեն ներկայիս։ Յիսուսի ‘ուխտի արեան’ հիման վրայ ներուած անոնց անցեալի մեղքերը անգամ մը եւս երեւան պիտի չհանէ Եհովա։ Անոնք պիտի շարունակեն արդար կեցուածք մը վայելել որպէս Եհովայի բարեկամները, անոր օրէնքը իրենց սրտին վրայ գրուած ունենալով։
15. Նոր աշխարհին մէջ, իր երկրային երկրպագուներուն հետ Եհովայի յարաբերութիւնը նկարագրեցէք։
15 Այն ատեն Եհովա իր այս երկրային ծառաներուն պիտի կարենա՞յ ըսել՝ «Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։ Այո՛։ «Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը»։ (Յայտնութիւն 21։3) Անոնք «սուրբերուն բանակը» պիտի ըլլան, «սիրելի քաղաք»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի երկնային հարսին՝ երկրային ներկայացուցիչները։ (Յայտնութիւն 14։1. 20։8. 21։2) Այս բոլորը կարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ Յիսուսի թափած ‘ուխտի արեան’ հաւատք ընծայած են եւ ենթարկուած են երկնային թագաւորներուն ու քահանաներուն, որոնք Աստուծոյ Իսրայէլը կը կազմէին, երբ երկրի վրայ էին։—Յայտնութիւն 5։10
16. (ա) Երկրի վրայ յարուցուողներուն ի՞նչ կարելիութիւն կը սպասէ։ (բ) Հազարամեայի վերջաւորութեան ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի գան։
16 Իսկ երկրի վրայ յարուցանուողներուն պարագան ի՞նչ պիտի ըլլայ։ (Յովհաննու 5։28, 29) Անոնց ալ հրաւէր պիտի տրուի, որպէսզի Յիսուսի՝ Աբրահամի Սերունդին՝ միջոցով ‘իրենք զիրենք օրհնեն’։ (Ծննդոց 22։18, ՆԱ) Անոնք ալ պէտք է սիրեն Եհովայի անունը, իրեն ծառայեն, ընդունելի զոհեր ներկայացնեն եւ իր աղօթքի տան մէջ սրբազան ծառայութիւն մատուցանեն։ Այս բաները ընողնե՛րն են որ Աստուծոյ հանգիստը պիտի մտնեն։ (Եսայեայ 56։6, 7) Հազարամեայի վերջաւորութեան, բոլոր հաւատարիմները մարդկային կատարելութեան բերուած պիտի ըլլան, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր 144,000 ընկերակից քահանաներուն սպասարկութեամբ։ Անոնք արդար պիտի ըլլան եւ ո՛չ թէ որպէս Աստուծոյ բարեկամները, պարզապէս արդար պիտի յայտարարուին։ Անոնք ‘պիտի ապրին’, Ադամէ ժառանգուած մեղքէն ու մահէն ամբողջովին ազատագրուած ըլլալով։ (Յայտնութիւն 20։5. 22։2) Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ ատիկա։ Մեր ներկայ հայեցողութեամբ, այնպէս կը թուի որ Յիսուսի եւ 144,000–ի քահանայական գործը իրագործուած պիտի ըլլայ։ Քաւութեան աւելի մեծ Օրուան օրհնութիւնները լիովին կիրարկուած պիտի ըլլան։ Անկէ ետք, Յիսուս «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը»։ (Ա. Կորնթացիս 15։24) Մարդկութեան համար վերջին փորձ մը պիտի ըլլայ եւ ապա Սատանան ու իր դեւերը յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։—Յայտնութիւն 20։7, 10
17. Մեզ սպասող ուրախութեան ի տես, իւրաքանչիւրս ի՞նչ ընել վճռած ենք։
17 Այն ատեն սկսուող խայտալի ժամանակաշրջանին մէջ «յաւիտենական ուխտ»ը ի՞նչ դեր պիտի խաղայ, եթէ երբեք այս է պարագան։ Հիմա չենք կրնար ըսել։ Ինչ որ Եհովա մինչեւ հիմա մեզի յայտնած է՝ ներկայիս բաւարար է մեզի համար։ Ան մեզ ափիբերան կը ձգէ։ Պահ մը խորհեցէ՛ք. յաւիտենական կեանք, որպէս «նոր երկնքի ու նոր երկրի» մէկ մասը։ (Բ. Պետրոս 3։13) Թոյլ չտանք որ որե՛ւէ բան այդ խոստումը ժառանգելու մեր ցանկութիւնը տկարացնէ։ Հաստատ մնալը թերեւս դիւրին չըլլայ։ Պօղոս ըսաւ. «Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք»։ (Եբրայեցիս 10։36) Մի՛ մոռնաք որ մեզի սպասող ուրախութեան քով, որե՛ւէ խնդիր կամ որե՛ւէ հակառակութիւն շա՜տ աննշան է։ (Բ. Կորնթացիս 4։17) Ուստի, մեզմէ ոեւէ մէկը ‘ետ չքաշուի որ կորսուի’, հապա «հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի»։ (Եբրայեցիս 10։39) Բոլորս ալ կատարեալ վստահութիւն ունենանք Եհովայի՝ ուխտերու Աստուծոյ՝ վրայ, որպէսզի յաւիտենական օրհնութիւն ստանանք։
[Ստորանիշ]
a Վերապրելով՝ Նոր Երկիրը Մտնել, գլուխ 13, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Հասկցա՞ք
◻ Օծեալ Քրիստոնեաներէն զատ, որո՞նք ալ կ’օրհնուին Աբրահամի Սերունդով։
◻ Նոր ուխտի միջոցաւ օրհնուելով, ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս հին ուխտի նորահաւատներուն կը նմանին։
◻ Ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս օրհնուած են Քաւութեան աւելի մեծ Օրուան միջոցաւ։
◻ Պօղոս նոր ուխտը ինչո՞ւ «յաւիտենական ուխտ» կը կոչէ։
[Շրջանակ՝ էջ 30]
Տաճարին մէջ սրբազան ծառայութիւն
Մեծ բազմութիւնը օծեալ Քրիստոնեաներու ընկերակցութեամբ, Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին երկրային գաւիթին մէջ պաշտամունք կը մատուցանէ։ (Յայտնութիւն 7։14, 15. 11։2) Պատճառ չկայ եզրակացնելու թէ անոնք Հեթանոսներու անջատ Գաւիթին մէջ են։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, տաճարին մէջ Հեթանոսաց Գաւիթ մը կար։ Սակայն, ներշնչմամբ Աստուծոյ կողմէ տրուած Սողոմոնի եւ Եզեկիէլի տաճարներու յատակագծին մէջ, Հեթանոսաց Գաւիթի ծրագիր չկար։ Սողոմոնի տաճարին մէջ, դուրսը գաւիթ մը կար, ուր Իսրայելացիներ եւ նորահաւատներ, այրեր եւ կիներ միասնաբար պաշտամունք կը մատուցանէին։ Ասիկա հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթին մարգարէական օրինակն էր, ուր Յովհաննէս տեսաւ որ մեծ բազմութիւնը սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէր։
Սակայն, միայն քահանաներն ու Ղեւտացիները կրնային մտնել ներքին գաւիթը, ուր մեծ խորանը կը գտնուէր. միայն քահանաները կրնային մտնել Սրբութիւնը, իսկ միայն քահանայապետը կրնար մտնել Սրբութիւն Սրբութեանցը։ Ներքին գաւիթը եւ Սրբութիւնը, երկրի վրայ օծեալ Քրիստոնեաներուն հոգեւոր բացառիկ վիճակին նախաշուքն էին։ Իսկ Սրբութիւն Սրբութեանցը ուղղակի երկինքը կը պատկերացնէ, ուր օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկնային Քահանայապետին հետ անմահ կեանք կը ստանան։—Եբրայեցիս 10։19, 20