Եհովա հաւատարիմներուն նկատմամբ իր խոստումները կը կատարէ
«Հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։23
1, 2. Ինչո՞ւ կրնանք կատարեալ վստահութիւն ունենալ Եհովայի խոստումներուն վրայ։
ԵՀՈՎԱ կը խնդրէ որ իր ծառաները իր եւ իր խոստումներուն հանդէպ հաստատ հաւատք մը մշակեն ու պահպանեն։ Այսպիսի հաւատքով անհատ մը կրնայ լիովին Եհովայի վստահիլ որ կատարէ Իր խոստումները։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կ’ըսէ. «Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ. ‘Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի’»։—Եսայեայ 14։24
2 «Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ» արտայայտութիւնը, ցոյց կու տայ թէ ան իր խոստումները կատարելու նկատմամբ պաշտօնապէս կ’երդնու։ Անոր համար իր Խօսքը կրնայ ըսել. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։5, 6) Երբ Եհովայի վստահինք եւ իր իմաստութեամբ առաջնորդուինք, մեր ճամբաները անկասկած յաւիտենական կեանքի պիտի առաջնորդեն, քանի որ Աստուծոյ իմաստութիւնը «իրեն յարողներուն կենաց ծառ է»։—Առակաց 3։18. Յովհաննու 17։3
Ճշմարիտ Հաւատք՝ Վաղեմի Ժամանակներուն
3. Նոյ Եհովայի հանդէպ ի՞նչպէս հաւատք ցուցաբերեց։
3 Ճշմարիտ հաւատք ունեցողներուն հանդէպ Եհովայի կատարած անցեալի արարքներուն արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ որ կրնանք իրեն վստահիլ։ Օրինակ, աւելի քան 4,400 տարիներ առաջ, Աստուած ըսաւ Նոյի որ իր օրուան աշխարհը համերկրային ջրհեղեղով պիտի բնաջնջուի, եւ հրահանգ տուաւ որ ան հսկայ տապան մը շինէ՝ մարդկային ու անասնական կեանքը պահպանելու համար։ Նոյ ի՞նչպէս ընդառաջեց։ Եբրայեցիս 11։7–ն կ’ըսէ. «Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար»։ Նոյ ինչո՞ւ հաւատաց «դեռ չերեւցած» բանի մը, որ նախապէս բնաւ չէր պատահած։ Քանի որ ան լաւատեղեակ էր մարդկային ընտանիքին հետ Աստուծոյ նախապէս ունեցած վերաբերմունքէն եւ գիտէր թէ Աստուած ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’իրականանայ։ Հետեւաբար, ան վստահ էր որ Ջրհեղեղն ալ անպայման տեղի պիտի ունենար։—Ծննդոց 6։9-22
4, 5. Աբրահամ ինչո՞ւ լիովին Եհովայի վստահեցաւ։
4 Ճշմարիտ հաւատքի ուրիշ օրինակ մըն է՝ Աբրահամ։ Մօտաւորապէս 3,900 տարիներ առաջ, Աստուած իրեն ըսաւ որ իր Սառա կնոջմէն ունեցած իր միակ որդին՝ Իսահակը՝ իրեն զոհ մատուցանէ։ (Ծննդոց 22։1-10) Աբրահամ ի՞նչպէս ընդառաջեց։ Եբրայեցիս 11։17–ը կը նկարագրէ. «Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց»։ Սակայն, վերջին վայրկեանին, Եհովայի հրեշտակը կեցուց զինք։ (Ծննդոց 22։11, 12) Բայց, Աբրահամ ի՞նչպէս նոյնիսկ մտածեց այսպիսի բան մը ընել։ Քանի որ, ինչպէս Եբրայեցիս 11։19–ն կ’ըսէ, «կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել»։ Սակայն, Աբրահամ ի՞նչպէս կրնար յարութեան հաւատալ, երբ բնաւ անոր ականատես եղած չէր եւ իրմէ առաջ եղած այսպիսի բանի մը արձանագրութիւնը չկար։
5 Լաւ, մի՛ մոռնաք որ Սառա 89 տարեկան էր, երբ Աստուած խոստացաւ անոնց որդի մը տալ։ Սառայի արգանդը ամուլ էր, ուրիշ խօսքով, մեռած էր։ (Ծննդոց 18։9-14) Աստուած վերակենդանացուց Սառայի արգանդը եւ ան Իսահակը ծնաւ։ (Ծննդոց 21։1-3) Աբրահամ գիտէր որ եթէ Աստուած Սառայի արգանդը վերակենդանացուց, ուրեմն, եթէ հարկ ըլլար, Իսահակի կեանքն ալ կրնար վերահաստատել։ Հռովմայեցիս 4։20, 21–ը Աբրահամի մասին կ’ըսէ. «Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ»։
6. Յեսու Եհովայի վրայ իր վստահութիւնը ի՞նչպէս յայտնեց։
6 Աւելի քան 3,400 տարիներ առաջ, երբ Յեսու հարիւր տարեկանէն աւելի էր, եւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան Եհովայի վստահելի ըլլալը փորձառաբար գիտցած էր, ան իր ունեցած վստահութեան համար հետեւեալ պատճառը տուաւ. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։—Յեսուայ 23։14
7, 8. Առաջին դարուն, հաւատարիմ Քրիստոնեաները կեանք փրկող ի՞նչ քայլ առին եւ ինչո՛ւ։
7 Շուրջ 1,900 տարիներ առաջ, բազմաթիւ հեզ անհատներ ճշմարիտ հաւատք ցուցաբերեցին։ Անոնք Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումներէն հասկցան որ Յիսուս Մեսիան էր եւ ընդունեցին իր ուսուցումները։ Իրողութիւններու եւ Եբրայերէն Գրութիւններու այս զօրաւոր հիմը ունենալով, անոնք հաւատք ընծայեցին Յիսուսի ուսուցումներուն։ Հետեւաբար, երբ Յիսուս ըսաւ որ անհաւատութեան պատճառաւ Աստուծոյ դատաստանը պիտի գար Յուդայի եւ Երուսաղէմի վրայ, անոնք հաւատացին իրեն։ Իսկ երբ անոնց ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին իրենց կեանքը փրկելու համար՝ անոնք հնազանդեցան։
8 Յիսուս հաւատացեալներուն ըսաւ որ երբ Երուսաղէմ բանակներու կողմէ պաշարուէր, անկէ փախչէին։ Հռովմէական բանակները Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան Հ.Դ. 66–ին։ Ապա, անբացատրելի պատճառով մը, անոնք հեռացան։ Ասիկա ազդանշան մըն էր Քրիստոնեաներուն որ քաղաքէն հեռանային, քանի որ Յիսուս ըսած էր. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ (Ղուկաս 21։20, 21) Ճշմարիտ հաւատք ունեցողները Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն հեռացան եւ ապահով վայր փախան։
Անհաւատութեան Հետեւանքները
9, 10. (ա) Կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս ցոյց տուին որ Յիսուսի չէին հաւատար։ (բ) Անոնց անհաւատութեան հետեւանքները ի՞նչ եղան։
9 Սակայն, ճշմարիտ հաւատք չունեցողները ի՞նչ ըրին։ Անոնք չփախան երբ պատեհութիւնը ունէին։ Անոնք խորհեցան որ իրենց առաջնորդները կրնային զիրենք ազատել։ Այդ առաջնորդներն ու անոնց հետեւորդներն ալ Յիսուսի Մեսիականութեան ապացոյցները տեսան, ուստի, ինչո՞ւ անոր ըսածները չընդունեցին։ Իրենց սրտի չարութեան պատճառաւ։ Ասիկա նախապէս քօղազերծուեցաւ, երբ Ղազարոսը յարուցանելէն ետք հասարակ ժողովուրդէն շատեր խուժեցին Յիսուսի քով եւ իրեն հաւատացին։ Յովհաննու 11։47, 48–ը կ’ըսէ. «Քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. ‘Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը [Յիսուս] շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը’»։ Իսկ 53–րդ համարը կ’ըսէ. «Այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա»։
10 Յիսուս՝ Ղազարոսը յարուցանելով ի՜նչ հոյակապ հրաշք մը կատարած էր։ Սակայն կրօնական առաջնորդները ուզեցին Յիսուսը սպաննել այս արարքին համար։ Անոնց բացայայտ չարութիւնը աւելի յայտնի եղաւ, երբ «քահանայապետները խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն. վասն զի Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային ու կը հաւատային Յիսուսին»։ (Յովհաննու 12։10, 11) Ղազարոս տակաւին նոր յարուցանուած էր եւ անոնք կ’ուզէին զինք սպաննել։ Անոնք Աստուծոյ կամքը ընելով կամ մարդոց բարօրութեամբ հետաքրքրուած չէին։ Անոնք անձնասէր էին, միմիայն իրենց դիրքով եւ շահով հետաքրքրուած էին։ «Մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին»։ (Յովհաննու 12։43) Բայց անոնք իրենց ցուցաբերած անհաւատութեան համար վճարեցին։ Հ.Դ. 70–ին, հռովմէական բանակները վերադարձան եւ իրենց վայրն ու ազգը եւ իրենցմէ շատերը կործանեցին։
Մեր Օրերուն Ցուցաբերուած Հաւատք
11. Այս դարուս սկիզբը, ճշմարիտ հաւատքը ի՞նչպէս ցուցաբերուեցաւ։
11 Այս դարուս ալ, հաւատքի տէր բազմաթիւ այրեր ու կիներ եղած են։ Յիշեցէք թէ 1900–ական տարիներու սկիզբը, մարդիկ ի՛նչպէս խաղաղ ու փայլուն ապագայ մը կ’ակնկալէին։ Նոյն ժամանակին, իրենց հաւատքը Եհովայի վրայ դնողները, կ’ազդարարէին որ մարդկութիւնը պատմութեան ամենէն դժուար դարաշրջանը մտնելու վրայ էր։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը նախագուշակած էր ասիկա Մատթէոս 24 ու Բ. Տիմոթէոս 3–րդ գլուխներուն մէջ, եւ այլուր։ Այս հաւատքի տէր մարդիկը ինչ որ ըսին՝ իրապէս կատարուեցաւ 1914–էն սկսեալ, Ա. Աշխարհամարտով։ Արդարեւ, աշխարհ մտաւ նախագուշակուած «վերջին օրեր»ուն մէջ, իր «չար ժամանակներ»ով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Եհովայի ծառաները աշխարհի վիճակներուն մասին ճշմարտութիւնը ինչո՞ւ կրցան գիտնալ այդ ատենէն, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Քանի որ Յեսուի նման, անոնք կը հաւատային որ Եհովայի խօսքերէն ոչ մէկը պարապ պիտի ելլէր։
12. Ներկայիս, Եհովայի ծառաները իր ո՞ր խոստումին լիովին կը վստահին։
12 Ներկայիս, իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ դնող ծառաները, համայն աշխարհի մէջ մօտաւորապէս վեց միլիոն են։ Անոնք Աստուծոյ մարգարէական խօսքին կատարումին ապացոյցը տեսնելով, գիտեն որ Աստուած մօտ ատենէն իրերու այս վայրագ, անբարոյ դրութեան վերջ պիտի դնէ։ Ուստի, անոնք վստահ են որ մօտ ժամանակէն, Ա. Յովհաննու 2։17–ին կատարումը պիտի տեսնեն, որ կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ Եհովայի ծառաները կատարեալ վստահութիւն ունին թէ Եհովա իր խոստումը պիտի կատարէ։
13. Ո՞ր տարողութեամբ կրնաք Եհովայի վստահիլ։
13 Մինչեւ ո՞ր աստիճան կրնաք Եհովայի վստահիլ։ Կրնաք իր վրայ բացարձա՛կ վստահութիւն ունենալ։ Նոյնիսկ եթէ իր ծառայութեան համար ձեր կեանքը կորսնցնէք հիմա՝ ան յարութեամբ շատ աւելի լաւ կեանք մը պիտի տայ ձեզի։ Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ [կամ՝ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ] եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ոեւէ բժիշկ, քաղաքագէտ, գիտնական, առեւտրական կամ ուրիշ մէկը կը ճանչնա՞ք, որ կրնայ այսպիսի բան մը ընել։ Անոնց անցեալի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ որ անոնք չեն կրնար։ Եհովա կրնա՛յ ու պիտի ընէ։
Սքանչելի Ապագայ մը՝ Հաւատարիմներուն Համար
14. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ հոյակապ ապագայ մը կը խոստանայ հաւատարիմներուն։
14 Յիսուս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներքեւ եղող նոր աշխարհին իսկական ըլլալուն մասին խօսեցաւ, երբ ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Մատթէոս 5։5) Ասիկա Սաղմոս 37։29–ի մէջ եղած Աստուծոյ խոստումը զօրացուց. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Իսկ երբ Յիսուսի մահուընէ ճիշդ առաջ, չարագործ մը հաւատք յայտնեց իրեն հանդէպ, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 23։43) Այո, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Յիսուս հոգ պիտի տանի որ այս մարդը երկրի վրայ յարուցանուի եւ այդ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը ունենայ։ Ներկայիս, Եհովայի Թագաւորութեան հաւատք ընծայողները կրնան ակնկալել Դրախտին մէջ ապրիլ, երբ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։—Յայտնութիւն 21։4
15, 16. Նոր աշխարհին մէջ կեանքը ինչո՞ւ շատ խաղաղ պիտի ըլլայ։
15 Քանի մը վայրկեան մեր մտքերով երթանք այդ նոր աշխարհը։ Երեւակայենք որ արդէն անոր մէջ կ’ապրինք։ Անմիջապէս, մեր աչքին կը զարնէ իրարու հետ ամբողջական խաղաղութեան մէջ եղող ուրախ մարդիկ։ Անոնք Եսայեայ 14։7–ի մէջ նկարագրուածին նման վիճակներ կը վայելեն. «Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն»։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ընեն։ Նախ՝ որովհետեւ դռները կղպանք չունին։ Անոնք կղպանքի պէտքը չունին, քանի որ ոճիր կամ բռնութիւն չկայ։ Անիկա Աստուծոյ Խօսքին ըսածին պէս պիտի ըլլայ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Միքիայ 4։4
16 Այլեւս պատերազմ ալ պիտի չըլլայ, քանի որ այս նոր աշխարհին մէջ պատերազմը ապօրէն է, եւ բոլոր զէնքերը խաղաղութեան գործիքներու վերածուած են։ Եսայեայ 2։4–ը բառին բուն առումով կատարուած է. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ Բայց ճիշդ ա՛յս է որ կ’ակնկալենք այդ ժամանակ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ նոր աշխարհի բնակիչները սորված էին ասիկա ընել՝ մինչ Աստուծոյ կը ծառայէին հին աշխարհին մէջ։
17. Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, ապրելու ի՞նչ վիճակներ պիտի տիրեն։
17 Ուրիշ բան մըն ալ կը նշմարէք. աղքատութիւն չկայ։ Ոեւէ մէկը հիւղակի մէջ չի բնակիր, ոչ ալ ցնցոտիներ հագած կամ տնազուրկ է։ Ամէն մարդ հանգստաւէտ տուն եւ սիրուն ծառերով ու ծաղիկներով լեցուն, կոկիկ ստացուածք մը ունի։ (Եսայեայ 35։1, 2. 65։21, 22. Եզեկիէլ 34։27) Անօթութիւն ալ չկայ, քանի որ Աստուած իր խոստումը կատարած է, բոլորին համար առատ ուտելիք հայթայթելով. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։ (Սաղմոս 72։16) Արդարեւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան ուղղութեան ներքեւ, համաշխարհային փառաւոր դրախտ մը պիտի տարածուի, ճիշդ ինչպէս որ Աստուած նպատակադրած էր Եդեմին մէջ։—Ծննդոց 2։8
18. Նոր աշխարհին մէջ, ի՞նչ բաներ այլեւս մարդոց պիտի չսպառնան։
18 Կրնաք նաեւ հիանալ ամէն մէկուն ունեցած կայտառութեան վրայ, քանի որ այլեւս անոնք կատարեալ մարմիններ ու մտքեր ունին։ Այլեւս հիւանդութիւն, ցաւ կամ մահ չկայ։ Ոեւէ մէկը հաշմակառքի կամ հիւանդանոցի անկողինի մէջ չէ։ Այս բոլորը յաւիտեան գացած են։ (Եսայեայ 33։24. 35։5, 6) Նոյնիսկ ոչ մէկ անասուն մարդուն կեանքին կը սպառնայ, քանի որ անոնք Աստուծոյ զօրութեամբ խաղաղարար դարձած են։—Եսայեայ 11։6-8. 65։25. Եզեկիէլ 34։25
19. Նոր աշխարհին մէջ, ինչո՞ւ ամէն օր ‘ուրախութիւն’ պիտի ըլլայ։
19 Այս նոր աշխարհի հաւատարիմ բնակիչները ի՜նչ հոյակապ քաղաքակրթութիւն մը մէջտեղ բերած են։ Անոնց կենսուժերը եւ հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին հարստութիւնները յատկացուած են պիտանի եւ ո՛չ թէ վնասակար նպատակներու, ուրիշներու հետ համագործակցելու եւ ո՛չ թէ՝ անոնց հետ մրցակցելու համար։ Նաեւ՝ ձեր հանդիպած բոլոր անհատներուն կրնաք վստահիլ, քանի որ ինչպէս Աստուած խոստացած է, բոլորը ‘Եհովայէ սորված պիտի ըլլան’։ (Եսայեայ 54։13, ՆԱ) Քանի որ ամէն ոք Աստուծոյ օրէնքներով կը կառավարուի, երկիրը «Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Իրապէս, այս նոր աշխարհին մէջ ամէն օր ‘ուրախութիւն’ պիտի ըլլայ, ինչպէս Սաղմոս 37։11–ը կ’ըսէ։
Ուրախ Ապագայ մը՝ Երաշխաւորուած
20. Խաղաղ ապագայ մը վայելելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
20 Ի՞նչ պէտք է ընենք, այդ ուրախ ապագային մաս կազմելու համար։ Եսայեայ 55։6–ը մեզ կը յորդորէ. «Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է»։ Իսկ մինչ կը փնտռենք, պէտք է Սաղմոս 143։10–ի մէջ նկարագրուած կեցուածքը ունենանք. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, քանզի դուն ես իմ Աստուածս»։ Ասիկա ընողները կրնան Եհովայի առջեւ անմեղադրելիօրէն քալել այս վերջին օրերուն ընթացքին, եւ կրնան հոյակապ ապագայ մը ակնկալել։ «Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ»։—Սաղմոս 37։37, 38
21, 22. Աստուած ներկայիս ի՞նչ կը կազմէ, իսկ մարզումը ի՞նչպէս կ’իրագործուի։
21 Ներկայիս իսկ, Եհովա ամէն ազգէ անհատներ կը կանչէ, որոնք կը փափաքին իր կամքը կատարել։ Զանոնք իր երկրային նոր ընկերութեան հիմը կը դարձնէ, ինչպէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը նախագուշակած էր. «Վերջին օրերը [որոնց մէջ հիմա կ’ապրինք] . . . շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը [իր վեհ ու մաքուր պաշտամունքին] . . . ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’»։—Եսայեայ 2։2, 3
22 Յայտնութիւն 7։9–ն զանոնք կը նկարագրէ որպէս «մեծ բազմութիւն մը, . . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Իսկ 14–րդ համարը կը նշէ. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները», որոնք ներկայ դրութեան վախճանէն կը վերապրին։ Նոր աշխարհի այս հիմը, ներկայիս շուրջ վեց միլիոն անհատներէ բաղկացած է, որու ամէն տարի բազմաթիւ նորեկներ կը միանան։ Եհովայի հաւատարիմ այս բոլոր ծառաներն ալ հիմա կը մարզուին, իր նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք ունենալու համար։ Անոնք հոգեւոր եւ ուրիշ հմտութիւններ կը զարգացնեն, որոնք անհրաժեշտ են այս երկիրը դրախտի մը վերածելու համար։ Անոնք բոլորովին վստահ են որ այդ Դրախտը իրականութիւն մը պիտի դառնայ, քանի որ «հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ»։—Եբրայեցիս 10։23
[Նկար՝ էջ 32]
Վերաքաղի Կէտեր
◻ Առաջին դարուն անհաւատութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցաւ։
◻ Աստուծոյ ծառաները մինչեւ ո՞ր աստիճան կրնան իրեն վստահիլ։
◻ Հաւատարիմներուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած է։
◻ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ուրախ ապագայ մը ապահովելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
[Նկար՝ էջ 31]
Ներկայիս, Եհովա երկրային նոր ընկերութեան մը հիմը կը կազմէ