Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 10/1 էջ 24-28
  • Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եղբօր մը Բարկութիւնը
  • Սխալ Պատճառաբանութիւն
  • Հօր մը Ողորմութիւնը
  • Ներկայիս Աստուծոյ Ողորմութիւնը Ընդօրինակել
  • ‘Եհովա, ողորմած ու բարերար Աստուած’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Կը ծառայենք այն Աստուծոյն, որ «հարուստ է ողորմութեամբ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • ‘Ձեր Հայրը գթած է’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ի՞նչպէս գթած ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 10/1 էջ 24-28

Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակեցէք

«Ողորմած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն էլ ողորմած է»։—ՂՈՒԿԱՍ 6։36, Արարատ։

1. Փարիսեցիները ի՞նչպէս ցոյց տուին որ անողորմ էին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ պատկերով ստեղծուած ըլլալով հանդերձ, մարդիկ յաճախ չեն կրնար իր ողորմութիւնը ընդօրինակել։ (Ծննդոց 1։27) Օրինակի համար, նկատի առէք Փարիսեցիները։ Որպէս խումբ մը, անոնք չուրախացան, երբ Յիսուս Շաբաթ օրով ողորմածօրէն բուժեց մարդու մը չորցած ձեռքը։ Ընդհակառակը, անոնք խորհուրդ ըրին ‘թէ ի՞նչպէս կորսնցնեն’ Յիսուսը։ (Մատթէոս 12։9-14) Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս ի ծնէ կոյր մարդ մը բժշկեց։ Անգամ մը եւս «փարիսեցիներէն ոմանք» ոչ մէկ ուրախութիւն զգացին Յիսուսի ցոյց տուած կարեկցութեան հանդէպ։ Ընդհակառակը, անոնք գանգատեցան՝ «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։—Յովհաննու 9։1-7, 16

2, 3. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց՝ ‘Զգուշացէք փարիսեցիներու թթխմորէն’ արտայայտութեամբ։

2 Փարիսեցիներուն քարասիրտ կեցուածքը մարդկութեան դէմ ոճիր եւ Աստուծոյ դէմ մեղք մըն էր։ (Յովհաննու 9։39-41) Տեղին ըլլալով Յիսուս իր աշակերտները այս ընտրանիներու եւ ուրիշ կրօնաւորներու խումբերէն զգուշացուց, ըսելով. «Զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն [«թթխմորէն», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 16։6) Աստուածաշունչին մէջ թթխմորը կը ներկայացնէ մեղքը կամ ապականութիւնը։ Ուստի, Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ ‘դպիրներու ու փարիսեցիներու’ ուսուցումը կրնար ապականել մաքուր պաշտամունքը։ Ի՞նչպէս։ Անով որ անիկա մարդոց կը սորվեցնէր որ Աստուծոյ Օրէնքը դիտեն իրենց կամայական օրէնքներուն եւ արարողութիւններուն ընդմէջէն, անտեսելով «ծանր բաները», մէջը ըլլալով ողորմութիւնը։ (Մատթէոս 23։23) Արարողական այս կրօնապաշտութիւնը Աստուծոյ պաշտամունքը անտանելի բեռի մը վերածած էր։

3 Անառակ որդիին առակին երկրորդ մասին մէջ, Յիսուս Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ապականած մտածելակերպը մերկացուց։ Առակին մէջ հայրը, որ Եհովան կը ներկայացնէ, մեծապէս կը փափաքէր իր զղջացող որդւոյն ներել։ Բայց տղուն մեծ եղբայրը, որ ‘փարիսեցիներն ու դպիրները’ կը պատկերացնէր, այս հարցին շուրջ ամբողջովին տարբեր տեսակէտ մը ունէր։—Ղուկաս 15։2

Եղբօր մը Բարկութիւնը

4, 5. Անառակ որդիին եղբայրը ի՞նչ առումով «կորսուած» էր։

4 «Անոր մեծ որդին ագարակն էր, երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։ Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։ Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։ Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել»։—Ղուկաս 15։25-28

5 Ուստի, պարզ է որ Յիսուսի առակին մէջ միայն անառակ որդին չէ որ խնդիր ունի։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Հոս նկարագրուած երկու տղաքն ալ կորսուած են. մէկը՝ զինք նուաստացնող անօրէնութեամբ, իսկ միւսը՝ զինք կուրցնող ինքնարդարութեամբ»։ Նկատի առէք որ անառակ որդիին եղբայրը ո՛չ միայն չուրախացաւ, այլ նոյնիսկ «բարկացաւ»։ «Բարկանալ» բառին Յունարէն արմատը ոչ թէ բարկութեան պոռթկում մը կը թելադրէ, այլ մտքի մշտական վիճակ մը։ Երեւութապէս, անառակ որդիին եղբայրը խոր արմատ կապած ընդվզում սնուցանած էր, ուստի խորհեցաւ որ անտեղի էր տօնակատարել մէկու մը վերադարձը, որ առաջին հերթին տունը պէտք չէր ձգէր։

6. Անառակ որդիին եղբայրը զո՞վ կը պատկերացնէր եւ ինչո՛ւ։

6 Անառակ որդիին եղբայրը շատ լաւ կերպով կը ներկայացնէ անոնք, որոնք մեղաւորներու հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած կարեկցութեան եւ ուշադրութեան համար ընդվզում յայտնեցին։ Այդ ինքնարդար անհատները Յիսուսի ցուցաբերած ողորմութենէն չազդուեցան. ոչ ալ արտայայտեցին այն ուրախութիւնը որ երկնքի մէջ տեղի կ’ունենայ, երբ մեղաւոր մը ներում ստանայ։ Ընդհակառակը, Յիսուսի ողորմութիւնը զիրենք զայրացուց եւ անոնք սկսան իրենց սրտերուն մէջ ‘չար բաներ խորհիլ’։ (Մատթէոս 9։2-4) Առիթով մը կարգ մը Փարիսեցիներ ա՛յնքան բարկացան, որ Յիսուսի բուժած մէկ մարդը գտան ու «դուրս ըրին» ժողովարանէն, երեւութապէս՝ զայն վտարեցին։ (Յովհաննու 9։22, 34) Անառակ որդիին եղբօր նման, որ «չէր ուզեր ներս մտնել», Հրեայ կրօնական առաջնորդները չուզեցին ‘խնդացողներուն հետ խնդալ’։ (Հռովմայեցիս 12։15) Յիսուս իր առակը շարունակելով, անոնց ամբարիշտ խորհուրդները աւելի երեւան հանեց։

Սխալ Պատճառաբանութիւն

7, 8. (ա) Անառակ որդիին եղբայրը ի՞նչ կերպով որդիութեան իմաստը չէր հասկցած։ (բ) Մեծ տղան ի՞նչպէս իր հօրը չէր նմաներ։

7 «Իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։ Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։ Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’»։—Ղուկաս 15։28-30

8 Այս խօսքերով, անառակ որդիին եղբայրը յստակօրէն ցոյց տուաւ որ որդիութեան իրական իմաստը չէր հասկցած։ Ան իր հօրը ծառայած էր, ինչպէս գործաւոր մը կը գործէ իր գործատիրոջ համար։ Ինչպէս ըսաւ իր հօրը՝ «քեզի կը ծառայեմ»։ Ճիշդ է որ այս մեծ տղան բնաւ չէր լքած տունը, ոչ ալ իր հօրը պատուէրին հակառակ գործած էր։ Բայց արդեօք անոր հնազանդութիւնը սէրէ՞ մղուած էր։ Իր հօրը ծառայելու մէջ իրական ուրախութիւն գտա՞ծ էր, թէ ոչ աստիճանաբար մեծապէս ինքնագոհ դարձած էր, խորհելով որ ինք լաւ որդի մըն էր, պարզ անոր համար որ «ագարակ»ին մէջ իր պարտականութիւնները կը կատարէր։ Եթէ ինք իրապէս նուիրուած որդի մըն էր, ինչո՞ւ իր հօրը մտայնութիւնը չարտացոլացուց։ Երբ իրեն առիթ տրուեցաւ որ իր եղբօր հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տար, իր սրտին մէջ ինչո՞ւ կարեկցութեան տեղ չկար։—Բաղդատել՝ Սաղմոս 50։20-22։

9. Բացատրեցէք թէ Հրեայ կրօնական առաջնորդները ի՛նչ կերպով մեծ տղուն կը նմանէին։

9 Հրեայ կրօնական առաջնորդները այս մեծ որդւոյն կը նմանէին։ Անոնք կը հաւատային որ իրենք Աստուծոյ հաւատարիմ էին, քանի որ խստօրէն օրինագրքի մը կանոններուն կը հետեւէին։ Ճիշդ է որ հնազանդութիւնը կենսական է։ (Ա. Թագաւորաց 15։22) Բայց գործերու վրայ անոնց դրած չափազանց շեշտը, Աստուծոյ պաշտամունքը մեքենայական սովորութեան վերածած էր, երեւութական նուիրում մը՝ առանց իրական հոգեւորականութեան։ Անոնց միտքը աւանդութիւններով համակուած էր, իսկ անոնց սրտերուն մէջ սէր չկար։ Այո, անոնք հասարակ ժողովուրդը իրենց ոտքին տակի կեղտին հաւասար կը նկատէին, նոյնիսկ արհամարհանքով անոնց ակնարկելով որպէս՝ «նզովուած»ներ։ (Յովհաննու 7։49) Իրապէս, Աստուած ի՞նչպէս կրնար ընդունիլ այդ առաջնորդներուն գործերը, երբ անոնց սրտերը իրմէ շա՜տ հեռացած էին։—Մատթէոս 15։7, 8

10. (ա) «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» խօսքը ինչո՞ւ տեղին խրատ մըն էր։ (բ) Ողորմութեան պակասը որքա՞ն լուրջ հարց է։

10 Յիսուս Փարիսեցիներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’»։ (Մատթէոս 9։13. Ովսեայ 6։6) Անոնց նախապատուութիւնները շփոթումի մէջ էին, քանի որ առանց ողորմութեան, իրենց բոլոր զոհերը անարժէք էին։ Արդարեւ, ասիկա լուրջ հարց մըն է, քանի որ Աստուածաշունչը կը նշէ որ «անողորմներ»ը դասուած են անոնց մէջ, որոնք «մահուան արժանի են»։ (Հռովմայեցիս 1։31, 32) Ուստի, զարմանալի չէ որ Յիսուս ըսաւ որ կրօնական առաջնորդները որպէս դասակարգ՝ յաւիտենական բնաջնջումի վիճակուած են։ Բացայայտօրէն, անոնց անողորմութիւնը այս դատապարտութիւնը ստանալու մեծապէս նպաստեց։ (Մատթէոս 23։33) Բայց այդ դասակարգէն անհատներ կրնային օգնութիւն ստանալ։ Իր առակին վերջաւորութեան, Յիսուս կը ջանայ այդ Հրեաներուն մտածելակերպը վերաճշդել, մեծ որդւոյն ուղղուած հօրը խօսքերով։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։

Հօր մը Ողորմութիւնը

11, 12. Յիսուսի առակին հայրը ի՞նչպէս կը ջանար իր մեծ տղուն տրամաբանել տալ, եւ հօրը գործածած «քու եղբայրդ» արտայայտութիւնը ինչո՞ւ իմաստալից էր։

11 «Հայրը ըսաւ անոր. ‘Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’»։—Ղուկաս 15։31, 32

12 Հոս նկատի առէք որ հայրը կը գործածէ՝ «քու եղբայրդ» արտայայտութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Եթէ կը յիշէք, նախապէս երբ իր հօրը հետ կը խօսէր, մեծ տղան անառակ որդին կոչած էր՝ «քու որդիդ» եւ ոչ թէ «իմ եղբայրս»։ Ան կարծես չէր ընդուներ իր եւ իր եղբօր միջեւ եղած ընտանեկան կապը։ Արդ, հոս հայրը որպէս թէ ըսել կ’ուզէ իր մեծ տղուն՝ ‘Ասիկա միայն իմ որդիս չէ, այլ քու եղբայրդ ալ է, քու մարմինէդ ու արիւնէդ։ Ամէն պատճառ ունիս անոր վերադարձին համար ուրախանալու’։ Յիսուսի պատգամը յստակ ըլլալու էր Հրեայ առաջնորդներուն համար։ Այն մեղաւորները, զորս անոնք կը նախատէին, իրականութեան մէջ իրենց «եղբայրներն» էին։ «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ»։ (Ժողովողի 7։20) Ուստի, կարկառուն Հրեաները ամէն պատճառ ունէին ուրախանալու, երբ մեղաւորներ զղջային։

13. Յիսուս իր առակը անսպասելիօրէն վերջացնելով մեր մտքին մէջ ի՞նչ լուրջ հարցում կը յարուցանէ։

13 Հօրը խնդրանքով առակը անսպասելիօրէն վերջ կը գտնէ։ Կարծես Յիսուս իր ունկնդիրներուն կը հրաւիրէր որ ամէն մէկը պատմութեան վերջաւորութիւնը ինք շարունակէր։ Մեծ տղուն ընդառաջումը ինչ որ ալ եղաւ, իւրաքանչիւր ունկնդիր հետեւեալ հարցումին դիմաց կը գտնուէր. ‘Դուն ալ պիտի մասնակցի՞ս այն ուրախութեան որ երկնքի մէջ տեղի կ’ունենայ, երբ մեղաւոր մը զղջայ’։ Ներկայիս Քրիստոնեաներն ալ այս հարցումին պատասխանելու առիթ ունին։ Ի՞նչպէս։

Ներկայիս Աստուծոյ Ողորմութիւնը Ընդօրինակել

14. (ա) Ողորմութեան հարցին մէջ, ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել Պօղոսի տուած խրատը Եփեսացիս 5։1–ի մէջ։ (բ) Աստուծոյ ողորմութեան մասին ի՞նչ սխալ հասկացողութենէ պէտք է զգուշանանք։

14 Պօղոս Եփեսացիներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 5։1) Հետեւաբար, որպէս Քրիստոնեաներ պէտք է գնահատենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, զայն մեր սրտին մէջ խորապէս ցանենք, ապա զայն յայտնաբերենք, ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ։ Սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլանք։ Աստուծոյ ողորմութիւնը բնաւ պէտք չէ սխալ մեկնաբանուի, որպէս մեղքին լրջութիւնը նսեմացնող բան մը։ Օրինակի համար, ոմանք կրնան անփութօրէն տրամաբանել. ‘Եթէ մեղք գործեմ, կրնամ Աստուծմէ ներողութիւն խնդրել եւ ինք ողորմած կը գտնուի’։ Այսպիսի կեցուածքի մը մասին Աստուածաշունչը գրող Յուդա կ’ըսէ՝ «մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին»։ (Յուդա 4) Թէեւ Եհովա ողորմած է, բայց անզեղջ յանցագործները «ամենեւին անպարտ չի թողուր»։—Ելից 34։7. բաղդատել՝ Յեսուայ 24։19. Ա. Յովհաննու 5։16։

15. (ա) Մանաւանդ երէցները ինչո՞ւ ողորմութեան շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պէտք է պահեն։ (բ) Յօժարակամ յանցագործութեան չհանդուրժելով հանդերձ, երէցները ի՞նչ պէտք է ջանան ընել եւ ինչո՛ւ։

15 Իսկ միւս կողմէ զգոյշ պէտք է ըլլանք որ միւս ծայրայեղութեան չերթանք. խիստ ու դատապարտող կեցուածք մը ունենալով անոնց հանդէպ որոնք անկեղծ զղջում եւ Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմութիւն ցոյց կու տան, իրենց գործած մեղքերուն համար։ (Բ. Կորնթացիս 7։11) Քանի որ երէցներուն վստահուած է ոչխարներուն հոգածութիւնը, անհրաժեշտ է որ անոնք այս ուղղութեամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենան, մանաւանդ երբ դատական հարցեր ձեռք կ’առնեն։ Քրիստոնէական ժողովքը պէտք է մաքուր մնայ, եւ սուրբ գրայինօրէն պատշաճ է վտարումով ‘չարը վերցնել’։ (Ա. Կորնթացիս 5։11-13) Միեւնոյն ատեն, լաւ է ողորմութիւն ցոյց տալ երբ անոր համար յստակ հիմ մը կայ։ Ուստի, մինչ երէցները յօժարակամ յանցագործութեան չեն հանդուրժեր, բայց սիրալիր ու ողորմած կեցուածք մը կը ջանան ունենալ արդարութեան սահմաններուն ներած չափով։ Անոնք շատ լաւ գիտեն Աստուածաշունչի սկզբունքը. «Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չըներ եւ ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց»։—Յակոբու 2։13. Առակաց 19։17. Մատթէոս 5։7

16. (ա) Աստուածաշունչը գործածելով, ցոյց տուէք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը փափաքի որ մոլորեալները վերադառնան իրեն։ (բ) Մենք ալ ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ բարի գալուստ կը մաղթենք զղջացող մեղաւորներուն։

16 Անառակ որդիին առակը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Եհովա կը փափաքի որ մոլորած անհատներ իրեն վերադառնան։ Արդարեւ, ան հրաւէրի դուռը բաց կը ձգէ մինչեւ այն ատեն որ անոնցմէ իր յոյսը կտրէ։ (Եզեկիէլ 33։11. Մաղաքեայ 3։7. Հռովմայեցիս 2։4, 5. Բ. Պետրոս 3։9) Անառակ որդիին հօր նման, Եհովա վերադարձողները կը պատուէ, զանոնք դարձեալ ընդունելով, որպէս ընտանիքի լիազօրութիւն ունեցող անդամներ։ Այս ուղղութեամբ Եհովայի կը նմանի՞ք։ Երբ որոշ ատեն վտարուած հաւատակից մը վերընդունուի, ի՞նչ կ’ըլլայ ձեր հակազդեցութիւնը։ Մենք գիտենք որ ‘երկնքի մէջ ուրախութիւն’ կ’ըլլայ։ (Ղուկաս 15։7) Բայց արդեօք երկրի վրայ, ձեր ժողովքին, մանաւանդ ձեր սրտին մէջ ալ ուրախութիւն կ’ըլլա՞յ։ Թէ ոչ առակին մէջի մեծ եղբօրը նման որոշ չափով կ’ընդվզիք, որպէս թէ արժանի չէ բարի գալուստ մաղթել անոր, որ նախ Աստուծոյ հօտը ձգելով պէտք չէր հեռանար։

17. (ա) Առաջին դարու Կորնթոսի մէջ ի՞նչ իրավիճակ գոյութիւն ունէր, եւ Պօղոս ժողովքի անդամներուն ի՞նչ խրատ տուաւ այս հարցը ձեռք առնելու մասին։ (բ) Պօղոսի խրատը ինչո՞ւ գործնական էր, եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն կիրարկել մեր օրերուն։ (Տես նաեւ շրջագիծը։)

17 Այս ուղղութեամբ մենք մեզ քննելու համար, նկատի առէք թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Կորնթոսի մէջ, Հ.Դ. 55–ի ատենները։ Հոն, մարդ մը որ ժողովքէն վտարուած էր, վերջապէս իր կեանքը մաքրեց։ Եղբայրները ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Պէտք էր կասկածով դիտէին իր զղջումը եւ իրմէ խուսափէի՞ն։ Ընդհակառակը, Պօղոս հետեւեալ յորդորը տուաւ Կորնթացիներուն. «Աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք»։ (Բ. Կորնթացիս 2։7, 8) Յաճախ, զղջացող յանցագործները մասնաւորաբար աչքէ ինկած ըլլալու ու յուսահատութեան զգացումներու ենթակայ են։ Հետեւաբար, անոնք պէտք ունին զգալու որ իրենց հաւատակիցներուն ու Եհովայի կողմէ սիրուած են։ (Երեմեայ 31։3. Հռովմայեցիս 1։12) Ասիկա կենսական է. ինչո՞ւ։

18, 19. (ա) Կորնթացիները ի՞նչպէս նախապէս ցոյց տուած էին որ շատ զիջող էին։ (բ) Անողորմ կեցուածք մը ի՞նչպէս կրնար պատճառ ըլլալ որ Կորնթացիները ‘զրկանք մը կրէին Սատանայէն’։

18 Կորնթացիները յորդորելով որ ներողամտութիւն ցոյց տան, Պօղոս ասոր համար պատճառ մըն ալ կու տայ, ըսելով. «Որ չըլլայ թէ զրկանք մը կրենք Սատանայէն. քանզի անոր խորհուրդները գիտենք»։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Այո, նախապէս Պօղոս յանդիմանած էր Կորնթացւոց ժողովքը իրենց շատ զիջող ըլլալուն համար։ Անոնք թոյլ տուած էին որ այս նոյն մարդը առանց պատժուելու իր մեղքը շարունակէր։ Այսպէս վարուելով, ժողովքը՝ մասնաւորաբար երէցները՝ Սատանայի ձեռքին մէջ խաղալիք մը եղած էին, քանի որ անոր փափաքն էր ժողովքը վատահամբաւ վիճակի մէջ բերել։—Ա. Կորնթացիս 5։1-5

19 Եթէ հիմա միւս ծայրայեղութեան երթային եւ չներէին զղջացողին, Սատանան անոնց վրայ պիտի տիրէր ուրիշ կերպով մը։ Ի՞նչպէս։ Սատանան անոնց բիրտ ու անողորմ վերաբերմունքը կրնար օգտագործել։ Եթէ զղջացող մեղաւորը ‘չափազանց տրտմութենէն ընկղմէր’՝ կամ ‘յուսահատութեան մատնուէր’ (Անթիլիաս)՝ երէցները ի՜նչ ծանր պատասխանատուութիւն մը պիտի կրէին Եհովայի առջեւ։ (Բաղդատել՝ Եզեկիէլ 34։6. Յակոբու 3։1։) Ուրեմն տեղին ըլլալով, ‘պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնելու’ դէմ իր հետեւորդները զգուշացնելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։a —Ղուկաս 17։1-4

20. Երբ մեղաւոր մը զղջայ, ի՞նչ կերպով երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ուրախութիւն կ’ըլլայ։

20 Ամէն տարի մաքուր պաշտամունքին վերադարձող հազարաւորներ երախտապարտ են Եհովայի իրենց մատուցանած ողորմութեան համար։ Քոյր մը իր վերընդունուելուն մասին ըսաւ. «Կեանքիս մէջ չեմ յիշեր որեւէ ատեն որ որեւէ բանի համար ա՛յսքան ուրախ եղած էի»։ Անշուշտ, իր ուրախութեան մասնակից եղան հրեշտակներն ալ։ Մենք ալ զղջացող մեղաւորի մը համար ‘երկնքի ուրախութեան’ մասնակից ըլլանք։ (Ղուկաս 15։7) Այսպէս վարուելով, Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակած կ’ըլլանք։

[Ստորանիշ]

a Թէեւ այնպէս կը թուի թէ Կորնթոսի յանցագործը կարճ ժամանակուան մէջ վերընդունուեցաւ, բայց ասիկա չափանիշ մը չէ բոլոր վտարուածներուն համար։ Ամէն մէկ պարագայ տարբեր է։ Կարգ մը յանցագործներ վտարուելէն անմիջապէս ետք անկեղծ զղջում ցոյց կու տան։ Ուրիշներու համար, ժամանակ կ’ուզէ որ այս կեցուածքը ունենան։ Ամէն պարագայի, սակայն, վերընդունուողները նախ Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմութիւն պէտք է ցոյց տան եւ երբ կարելի է, զղջումի արժանի գործեր ընեն։—Գործք 26։20. Բ. Կորնթացիս 7։11

Վերաքաղի Համար

◻ Անառակ որդիին եղբայրը ի՞նչ կերպով Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն կը նմանէր։

◻ Անառակ որդիին եղբայրը ի՞նչ կերպով որդիութեան իրական իմաստը հասկցած չէր։

◻ Աստուծոյ ողորմութեան մասին մտածելով, ո՞ր երկու ծայրայեղութիւններէ պէտք է խուսափինք։

◻ Ներկայիս ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Աստուծոյ ողորմութիւնը։

[Նկար՝ էջ 25]

Մեծ տղան մերժեց իր եղբօր վերադարձին համար ուրախանալ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել