ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 41
Կը ծառայենք այն Աստուծոյն, որ «հարուստ է ողորմութեամբ»
«Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (ՍԱՂ. 145։9)։
ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿa
1. Երբ մտածենք անհատի մը մասին որ կ’ողորմի, մեր միտքը ի՞նչ կու գայ։
ԵՐԲ մտածենք անհատի մը մասին որ կ’ողորմի, թերեւս մեր միտքը գայ մէկը որ ազնիւ, սրտի մօտիկ, կարեկից եւ առատաձեռն է։ Թերեւս յիշենք Յիսուսի պատմած բարի սամարացիին առակը։ Այդ մարդը, որ ուրիշ ազգէ էր, «ողորմութիւն ըրաւ» հրեայի մը, որ գողերը ծեծեր ու կողոպտեր էին։ Սամարացին այդ հրեային «խղճաց» եւ սիրալիրօրէն իրեն հոգ տարաւ (Ղուկ. 10։29-37)։ Այս առակը ցոյց կու տայ մեր Աստուծոյն գեղեցիկ յատկութիւններէն մէկը՝ ողորմութիւն։ Ան կ’ողորմի, քանի որ մեզ կը սիրէ։ Եւ ամէն օր շատ մը կերպերով մեզի կ’ողորմի։
2. Ի՞նչ է ուրիշ կերպ մը, որով կարելի է ողորմութիւն ցոյց տալ։
2 Ուրիշ կերպով ալ կարելի է ողորմութիւն ցոյց տալ։ Ողորմութեամբ վարուող անհատ մը կրնայ որոշել չպատժել մէկը, որ պատիժի արժանի է։ Այդ առումով Եհովան անշուշտ մեզի հանդէպ ողորմած գտնուած է։ Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի» (Սաղ. 103։10)։ Իսկ ուրիշ ատեններ Եհովան կրնայ մեղաւոր մը զօրաւոր կերպով կրթել։
3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Այս յօդուածին մէջ երեք հարցումներու պիտի պատասխանենք. Եհովան ինչո՞ւ կ’ողորմի։ Կարելի՞ է մէկը զօրաւոր կերպով կրթել եւ միեւնոյն ատեն անոր ողորմիլ։ Եւ ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ ողորմութեամբ վարուինք։ Տեսնենք թէ Աստուծոյ Խօսքը այս հարցումներուն ինչպէ՛ս կը պատասխանէ։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ՈՂՈՐՄԻ
4. Եհովան ինչո՞ւ կ’ողորմի։
4 Եհովան կը սիրէ ողորմիլ։ Պօղոս առաքեալ ներշնչուելով գրեց, որ Աստուած «հարուստ է ողորմութեամբ»։ Իր գրած նամակին մէջ, Պօղոս կը բացատրէր թէ Աստուած կ’ողորմի, քանի որ երկնային կեանք ունենալու յոյսը կու տայ իր անկատար օծեալ ծառաներուն (Եփ. 2։4, ԱԾ, 5-7)։ Բայց Եհովայի ողորմութիւնը ատկէ աւելին կը նշանակէ։ Սաղմոս գրող Դաւիթը ըսաւ. «Տէրը ամենուն բարի է ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են» (Սաղ. 145։9)։ Որովհետեւ Եհովան մարդիկը կը սիրէ, կ’ողորմի ամէն անգամ որ ատիկա ընելու պատճառ մը կը գտնէ։
5. Յիսուս ինչպէ՞ս գիտէր, որ Եհովան կ’ողորմի։
5 Յիսուս ոեւէ անձէ աւելի լաւ գիտէ, թէ Եհովան շատ կը սիրէ ողորմիլ։ Եհովան եւ Յիսուսը երկինքի մէջ իրարու հետ էին մարդկութեան պատմութեան հազարաւոր տարիներու ընթացքին (Առ. 8։30, 31)։ Յիսուս շատ անգամ տեսաւ, թէ իր Հայրը ինչպէ՛ս մեղաւոր մարդոց ողորմեցաւ (Սաղ. 78։37-42)։ Երբ Յիսուս կը սորվեցնէր, յաճախ կը շեշտէր իր Հօր այս գեղեցիկ յատկութիւնը։
Հայրը իր որդին չխայտառակեց, հապա դարձեալ զինք իր տան մէջ ընդունեց (տե՛ս պարբ. 6)c
6. Յիսուս ի՞նչ կերպով նկարագրեց իր Հօր ողորմութիւնը։
6 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, Յիսուս անառակ որդիին առակը գործածեց սրտի դպչող կերպով նկարագրելու համար, թէ Եհովան որչա՜փ կը սիրէ ողորմիլ։ Տղան տունը ձգեց եւ «անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց» (Ղուկ. 15։13)։ Ետքը, ան իր անբարոյ ընթացքին համար զղջաց, ինքզինք խոնարհեցուց եւ տուն վերադարձաւ։ Իր հայրը ինչպէ՞ս հակազդեց։ Յիսուս ըսաւ. «Մինչդեռ [որդին] շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ Հայրը իր տղան չխայտառակեց, հապա անոր անմիջապէս ողորմեցաւ ու ներեց եւ իր ընտանիքին մէջ ընդունեց։ Անառակ որդին լրջօրէն մեղանչած էր, բայց քանի որ զղջաց, իր հայրը իրեն ներեց։ Առակին մէջի ողորմող հայրը Եհովան կը ներկայացնէ։ Յիսուս այս յուզիչ կերպով ցոյց տուաւ, որ իր Հայրը պատրաստ է ներելու այն մեղաւորներուն, որոնք անկեղծօրէն կը զղջան (Ղուկ. 15։17-24)։
7. Այն կերպը, որով Եհովան կ’ողորմի, ինչպէ՞ս կը փաստէ որ իմաստուն է։
7 Եհովան կ’ողորմի, քանի որ անսահման իմաստութիւն ունի։ Եհովան միշտ կ’առնէ որոշումներ, որոնք իր ստեղծագործութեան օգտին համար են։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «վերին իմաստութիւնը» լեցուն է «ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով» (Յակ. 3։17)։ Սիրալիր ծնողի մը պէս, Եհովան գիտէ, որ իր զաւակները կ’օգտուին, երբ իրենց կ’ողորմի (Սաղ. 103։13. Եսա. 49։15)։ Իր ողորմութիւնը անկատար մարդոց յոյս կու տայ ապագային նկատմամբ։ Ուստի, որովհետեւ Եհովան շատ իմաստուն է, միշտ կ’ողորմի երբ ատիկա ընելու պատճառ մը գտնէ։ Բայց ան գիտէ ե՛րբ պէտք չէ ողորմի։ Իմաստուն ըլլալով, ան բնա՛ւ չ’ողորմիր այն աստիճան, որ գէշ ընթացքին աչք խփէ։
8. Ատեններ ի՞նչ բանի պէտք կայ, եւ ինչո՞ւ։
8 Ենթադրենք որ Աստուծոյ ծառայ մը կ’որոշէ անբարոյ կեանք մը ապրիլ։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Պօղոս ներշնչումի տակ գրեց, որ անոր հետ ‘չյարաբերինք’ (Ա. Կոր. 5։11, ԱԾ)։ Անզեղջ մեղաւորները ժողովքէն կը վտարուին։ Ատիկա կարեւոր է եթէ կ’ուզենք մեր հաւատարիմ եղբայրներն ու քոյրերը պաշտպանել եւ Եհովայի սուրբ ճամբաներուն համաձայն վարուիլ։ Սակայն, ոմանք կը խորհին, թէ վտարումը Աստուծոյ կողմէ ողորմութիւն չէ։ Ատիկա ճի՞շդ է։ Տեսնենք։
ԱՆՀԱՏԸ ՎՏԱՐԵԼՈՎ՝ ԱՆՈՐ ՀԱՆԴԷՊ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ԿԸ ՏՐՈՒԻ՞
Հիւանդ ոչխար մը, թէեւ զատուած է, բայց հովիւը կը շարունակէ իրեն հոգ տանիլ (տե՛ս պարբ. 9-11)
9-10. Եբրայեցիս 12։5, 6–ի համաձայն, ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ անզեղջ մեղաւորը վտարելը ողորմութիւն է. բացատրէ։
9 Երբ ժողովի մը մէջ կը յայտարարուի, թէ մէկը որ մօտէն կը ճանչնանք եւ կը սիրենք, «այլեւս Եհովայի վկայ չէ», շատ կը նեղուինք։ Թերեւս հարց տանք, որ պայմա՞ն էր զինք վտարել։ Անհատ մը վտարելով՝ անոր հանդէպ ողորմութիւն ցոյց կը տրուի՞։ Այո՛։ Եթէ մէկը կրթութեան պէտք ունի, իրեն պէտք եղածը իրեն տալը իմաստութիւն, ողորմութիւն եւ սէր է (Առ. 13։24)։ Վտարումը կրնա՞յ անզեղջ մեղաւորին օգնել, որ իր ընթացքը փոխէ։ Այո՛։ Լուրջ մեղք գործողներէն շատեր տեսած են, որ երէցներուն առած վճռական որոշումը իրենց օգնեց, որ անդրադառնան թէ որքա՛ն մեղանչած են, իրենց ընթացքը փոխեն եւ Եհովային վերադառնան (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։5, 6)։
10 Օրինակ մը նկատի առ։ Հովիւ մը կը նկատէ, որ իր ոչխարներէն մէկը հիւանդ է։ Ան գիտէ որ այս հիւանդութիւնը կը պահանջէ, որ հիւանդ ոչխարը հօտէն զատէ։ Բայց ոչխարները կը սիրեն իրարու հետ ըլլալ եւ թերեւս անհանգստանան, երբ իրարմէ զատուին։ Ուրեմն, հիւանդ ոչխարը միւսներէն զատելով, հովիւը անխղճութի՞ւն կ’ընէ։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Ան գիտէ, որ եթէ թոյլ տայ որ հիւանդ ոչխարը հօտին հետ մնայ, հիւանդութիւնը պիտի տարածուի։ Հովիւը հիւանդ ոչխարը հեռացնելով ամբողջ հօտը կը պաշտպանէ (համեմատէ՛ Ղեւտացւոց 13։3, 4)։
11. ա) Ի՞նչ կերպերով կարելի է վտարուած անհատը նմանցնել հիւանդ ոչխարի։ բ) Վտարուած անհատները ի՞նչ կրնան ընել եւ ի՞նչ օգնութիւն կրնան ստանալ։
11 Կրնանք վտարուող քրիստոնեան նմանցնել այդ հիւանդ ոչխարին։ Ան հոգեւոր առումով հիւանդ է (Յակ. 5։14)։ Կարգ մը բառացի հիւանդութիւններու պէս, հոգեւոր հիւանդութիւնը կրնայ վարակիչ ըլլալ։ Ուստի, կարգ մը պարագաներու անհրաժեշտ է, որ հոգեւորապէս հիւանդ եղողը ժողովքէն հեռացուի։ Այս կրթութիւնը, կամ պատիժը, ցոյց կու տայ Եհովային սէրը իր հօտին հաւատարիմ անդամներուն հանդէպ եւ կրնայ մեղաւորին օգնել, որ անդրադառնայ թէ որքա՛ն մեղանչած է եւ զղջայ։ Վտարուած անհատը կրնայ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, ուր կրնայ հոգեւոր սնունդ առնել եւ իր հաւատքը զօրացնել։ Ան նաեւ կրնայ հրատարակութիւններ առնել, որպէսզի զանոնք կարդայ ու սերտէ եւ կրնայ JW Հեռատեսիլի կայանը դիտել։ Եւ երբ երէցները տեսնեն, որ ան իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնէ, կրնան ատեն–ատեն անձնական խրատ եւ ուղղութիւն տալ՝ իրեն օգնելու որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերականգնէ, որպէսզի վերընդունուի որպէս Եհովայի վկայb։
12. Երէցները ի՞նչ ընելով սէր եւ ողորմութիւն ցոյց կու տան անզեղջ մեղաւորին հանդէպ։
12 Կարեւոր է յիշել, թէ միայն չզղջացող մեղաւորները կը վտարուին։ Երէցները գիտեն, որ ասիկա լուրջ հարց է եւ զայն թեթեւի չեն առներ։ Անոնք գիտեն, որ Եհովան «չափաւորութեամբ» կը պատժէ (Եր. 30։11)։ Երէցները ժողովքի բոլոր եղբայրները կը սիրեն եւ չեն ուզեր ընել բան մը, որ անոնց հոգեւորապէս վնաս պիտի հասցնէ։ Սակայն, անզեղջ մեղաւորը ժողովքէն հեռացնելը սէր եւ ողորմութիւն ցոյց կու տայ։
13. Ինչո՞ւ պէտք էր որ Կորնթոսի մէջ քրիստոնեայ մը վտարուէր։
13 Նկատի առ թէ առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ չզղջացող մեղաւորի մը հետ ինչպէ՛ս վարուեցաւ։ Կորնթոսի մէջ քրիստոնեայ մը իր հօր կնոջ հետ անբարոյ կեանք մը կը վարէր։ Ի՜նչ պժգալի բան մը։ Անցեալին, Եհովան իսրայէլացիներուն ըսած էր. «Ով որ իր հօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրը մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին» (Ղեւ. 20։11)։ Պօղոս ժողովքին չէր կրնար ըսել, որ այդ մարդը պէտք էր մեռցուէր։ Բայց ան կորնթացիներուն ուղղութիւն տուաւ, որ զայն վտարեն։ Ժողովքին մէջ ոմանք գէշ կերպով կ’ազդուէին այդ մարդուն անբարոյ վարքէն։ Անոնցմէ ոմանք ալ ատիկա նոյնիսկ սխալ չէին նկատեր (Ա. Կոր. 5։1, 2, 13)։
14. Պօղոս ինչպէ՞ս ողորմեցաւ Կորնթոսի մէջ վտարուած մարդուն, եւ ինչո՞ւ այդպէս ըրաւ (Բ. Կորնթացիս 2։5-8, 11)։
14 Ատեն մը ետք, Պօղոս լսեց որ այդ մարդը իր կեանքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ ըրած էր։ Ան իրապէս զղջացած էր։ Թէեւ ան ժողովքին վրայ նախատինք բերած էր, Պօղոս երէցներուն ըսաւ, որ չէր ուզեր իր ‘խօսքը ծանր ընել’։ Ան անոնց ուղղութիւն տուաւ. ‘Ներեցէք անոր ու մխիթարեցէք զայն’։ Տե՛ս թէ ինչո՛ւ այդպէս ըսաւ. «Որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի»։ Պօղոս զղջացող մարդուն վրայ խղճաց։ Առաքեալը չուզեց տեսնել, որ մարդը իր ըրածով այնքա՛ն ջախջախուի, որ յանձնուի եւ ներում խնդրելէ դադրի (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։5-8, 11)։
15. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան միեւնոյն ատեն թէ՛ վճռական ըլլալ եւ թէ ողորմիլ։
15 Եհովան ընդօրինակելով, երէցները կ’ուզեն ողորմիլ։ Անոնք վճռական կ’ըլլան երբ անհրաժեշտ է, բայց կ’ողորմին երբ կարելի է, այսինքն՝ երբ ողորմելու հիմ կայ։ Ապա թէ ոչ, ատիկա ո՛չ թէ ողորմիլ պիտի սեպուի, հապա՝ հանդուրժել։ Բայց արդեօք միայն երէցնե՞րը պէտք է ողորմին։
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԿՐՆԱՅ ԲՈԼՈՐԻՍ ՕԳՆԵԼ, ՈՐ ՈՂՈՐՄԻՆՔ
16. Առակաց 21։13–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ պիտի ընէ անոնց, որոնք չեն ողորմիր։
16 Բոլոր քրիստոնեաները ջանք կ’ընեն, որ Եհովային պէս ողորմին։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ Եհովան մտիկ պիտի չընէ անոնց, որոնք ուրիշներուն չեն ողորմիր (կարդա՛ Առակաց 21։13)։ Մեզմէ ո՛չ մէկը կ’ուզէ, որ Եհովան իր աղօթքները մտիկ չընէ, անոր համար զգոյշ կ’ըլլանք, որ խստասիրտ չըլլանք։ Մենք չենք մերժեր մտիկ ընել հաւատակիցի մը, որ կը տառապի։ Հապա միշտ պատրաստ ենք «աղքատին աղաղակը» լսելու։ Նոյնպէս, ականջ կու տանք այս ներշնչեալ խօսքին. «Դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չ’ըներ» (Յակ. 2։13)։ Եթէ յիշենք որ մենք որքա՜ն ողորմութեան պէտք ունինք, աւելի պիտի կարենանք ողորմութիւն ցոյց տալ ուրիշներուն։ Մանաւանդ կ’ուզենք ողորմութիւն ցոյց տալ, երբ զղջացող մեղաւոր մը ժողովքին կը վերադառնայ։
17. Դաւիթ թագաւոր ինչպէ՞ս ամբողջ սրտով ողորմութիւն ցոյց տուաւ։
17 Աստուածաշունչի օրինակները կրնան մեզի օգնել, որ ողորմութիւն ցոյց տանք եւ խստասիրտ չըլլանք։ Օրինակ, մտածէ Դաւիթ թագաւորին մասին։ Ան յաճախ ամբողջ սրտով կ’ողորմէր։ Թէեւ Սաւուղ ուզեց զինք մեռցնել, բայց Դաւիթ Աստուծոյ օծեալին ողորմեցաւ։ Ան բնա՛ւ չփորձեց իրմէ վրէժ առնել կամ իրեն վնաս հասցնել (Ա. Թագ. 24։10-13, 19, 20)։
18-19. Դաւիթ ո՞ր երկու առիթներով չողորմեցաւ։
18 Սակայն, Դաւիթ միշտ ալ ողորմութիւն ցոյց չտուաւ։ Օրինակ, երբ Նաբաղ, որ կոշտ ու կոպիտ մարդ մըն էր, անարգալից կերպով խօսեցաւ, եւ չուզեց իրեն եւ իր տղամարդոց ուտելիք տալ, Դաւիթ կատղեցաւ եւ որոշեց Նաբաղը եւ անոր տան մէջ եղող բոլոր տղամարդիկը մեռցնել։ Բայց Նաբաղի կինը Աբիգիան, ազնիւ եւ համբերատար ըլլալով, արագօրէն Դաւիթին ուտելիք բերաւ։ Այսպիսով, Դաւիթ Նաբաղը եւ անոր տղամարդիկը չմեռցուց (Ա. Թագ. 25։9-22, 32-35)։
19 Ուրիշ առիթով մը, Նաթան մարգարէն Դաւիթին պատմեց հարուստ մարդու մը մասին, որ աղքատ մարդու մը սիրելի ոչխարը իրմէ խլեց։ Դաւիթ բարկանալով ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է» (Բ. Թագ. 12։1-6)։ Բայց մէկ վայրկեան. Դաւիթ Մովսիսական օրէնքը գիտէր։ Երբ գող մը մէկ ոչխար գողնար, պէտք էր անոր տեղ չորս ոչխար հատուցանէր (Ել. 22։1)։ Բայց ի՛նչ ըսել էր մեռնելու արժանի է։ Ատիկա անգութ վճիռ մըն էր։ Իրականութեան մէջ, Նաթան Դաւիթին պատմութիւն մը կը պատմէր, որ իրեն օգնէ հասկնալու, թէ շա՜տ աւելի լուրջ ոճիրներ գործած էր։ Եւ Եհովան շա՜տ աւելի ողորմած գտնուեցաւ Դաւիթին հանդէպ, քան Դաւիթ՝ Նաթանի պատմութեան մէջի ոչխարը գողցողին հանդէպ (Բ. Թագ. 12։7-13)։
Դաւիթ թագաւոր անողորմ հոգի ցոյց տուաւ, երբ Նաթան իրեն պատմութիւն մը պատմեց (տե՛ս պարբ 19-20)d
20. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դաւիթին օրինակէն։
20 Նկատէ թէ երբ Դաւիթ բարկութեան տեղի տուաւ, որոշեց Նաբաղը եւ անոր տղամարդիկը մեռցնել։ Եւ ետքը, Դաւիթ Նաթանի առակին մէջի մարդուն համար ըսաւ, որ մեռնելու արժանի էր։ Երկրորդ պարագային, թերեւս հարց տանք թէ մարդ մը, որ սովորաբար փափուկ սիրտ ունէր, ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ, որ այսպիսի խիստ խօսք մը ըսէ։ Մտածէ թէ Դաւիթի կեանքին մէջ ի՛նչ բան պատահած էր։ Այդ ատեն, ան յանցաւոր խիղճ ունէր։ Խիստ ըլլալը եւ դատողական հոգի ունենալը ցոյց կու տան, որ անհատին հոգեւոր վիճակը լաւ չէ։ Յիսուս զօրաւոր զգուշացում մը տուաւ իր հետեւորդներուն. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք» (Մատ. 7։1, 2)։ Ուստի, մեր ամէն կարելին ընենք որ խիստ չըլլանք եւ մեր Աստուծոյն պէս ‘հարուստ ըլլանք ողորմութեամբ’։
21-22. Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ողորմիլ։
21 Ուրիշին ողորմիլ չի նշանակեր պարզապէս անոր վրայ խղճալ։ Ողորմող անհատը ուրիշներուն կ’օգնէ գործնական կերպերով։ Անոր համար, բոլորս կրնանք փնտռել մարդիկ, որոնք օգնութեան պէտք ունին՝ մեր ընտանիքին մէջ, ժողովքին մէջ եւ մեր միջավայրին մէջ։ Վստահաբար շատ առիթներ պիտի գտնենք ողորմութիւն ցոյց տալու։ Օրինակ, կրնա՞յ ըլլալ որ կայ մէկը, որ մխիթարութեան պէտք ունի։ Կրնա՞նք մէկու մը գործնական օգնութիւն տալ, թերեւս իրեն ուտելիք բերելով, կամ ուրիշ օգտակար բաներ ընելով։ Կրնա՞յ ըլլալ որ վերընդունուած քրիստոնեայ մը պէտք ունի բարեկամի մը, որ զինք քաջալերէ։ Կրնա՞նք բարի լուրով մխիթարել ուրիշները։ Այս վերջինը լաւագոյն կերպերէն մէկն է ողորմութիւն ցոյց տալու անոնց, որոնց կը հանդիպինք (Յոբ 29։12, 13. Հռով. 10։14, 15. Յակ. 1։27)։
22 Եթէ կը նկատենք, թէ ուրիշներ ի՛նչ բաներու պէտք ունին, պիտի տեսնենք թէ մեր չորս կողմը շատ առիթներ կան ողորմութիւն ցոյց տալու։ Երբ կ’ողորմինք, կ’ուրախացնենք մեր երկնաւոր Հայրը, որ «հարուստ է ողորմութեամբ»։
ԵՐԳ 13 Շնորհակալութեան աղօթք մը
a Ողորմութիւնը Եհովայի ամենագեղեցիկ յատկութիւններէն մէկն է եւ բոլորս պէտք է այդ յատկութիւնը մշակենք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ողորմի, ինչո՛ւ կրնանք ըսել որ Եհովան կրթելով միշտ ողորմութիւն ցոյց կու տայ, եւ ինչպէ՛ս կրնանք իրեն պէս ողորմութիւն ցոյց տալ։
b Գիտնալու համար թէ վերընդունուած անհատները ինչպէ՛ս կրնան Աստուծոյ հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը վերականգնել, եւ թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան իրենց օգնել, տե՛ս այս թիւին մէջ «Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերաշինէ» յօդուածը։
c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հայրը իր տան տանիքէն կը տեսնէ որ իր մոլորած որդին տուն կը վերադառնայ, եւ կը վազէ որ իրեն փաթթուի։
d ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յանցաւոր ըլլալուն պատճառաւ ճնշուած ըլլալով, Դաւիթ թագաւոր շատ կը բարկանայ, երբ կը լսէ Նաթանի առակը, եւ կ’ըսէ որ այդ հարուստ մարդը արժանի է մեռնելու։