Աբոքալիբսը ինչո՞ւ սարսափ կը պատճառէ
«ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐԷ ի վեր Աստուածաշունչը տառացիօրէն մեկնաբանողներ մարգարէացած են թէ համատարած քայքայում մը դարանամուտ կը սպասէ համայն մարդկութեան», կը նշէ կրօնական գրագիր Տամիան Թոմսըն, Թայմ պարբերաթերթին մէջ։ «Ներկայիս, ի զարմանք իրենց, այս իրադարձութիւնները ոչ միայն լուրջի առնուած են, այլ անոնք կը շրջագային ա՛յն մարդոց կողմէ, որոնք կը ծիծաղէին անոնց վրայ. համակարգիչ յայտագրողներ, առեւտրական առաջնորդներ եւ քաղաքագէտներ»։ Ան կը հաստատէ որ համայն աշխարհի մէջ, 2000 թուականին համակարգիչի ձախողանքը «ամբողջովին աշխարհիկ անհատներ անհաւատալիօրէն հազարամեականներու վերածած է», որոնք կը վախնան «զանգուածային խուճապի, կառավարական անդամալծութեան, ուտելիքի պակասի պատճառած խռովարարութեանց, երկնաքեր շէնքերու հետ օդանաւերու խորտակման» նման աղէտներէ։
Ընդհանուր մտավախութիւնը կը բարդացնեն կրօնական բազմաթիւ խմբակներու աղմկալի գործունէութիւններ, որոնք յաճախ կը կոչուին «աբոքալիբսական»։ 1999–ի Յունուարին, ֆրանսական Լը Ֆիկարօ օրաթերթը, «Երուսաղէմը եւ Աբոքալիբսի Ահազանգը» խորագրին ներքեւ ըսաւ. «[Իսրայելեան] ապահովութեան սպասարկութիւններու հաշուով, հարիւրէն աւելի են ‘հազարամեականներու’ թիւը, որոնք Ձիթենեաց Լերան վրայ կամ մօտակայքը կը սպասեն բարուսիան կամ աբոքալիբսը»։
1998 Պրիթանիքա Պուտ աֆ տը Յըր գիրքը «Դատաստանի Օրուան Աղանդներ»ու մասին իւրայատուկ տեղեկագրութիւն մը կը պարունակէ։ Ի միջի այլոց, անիկա կը յիշէ ինքնասպանական աղանդներ, ինչպէս Երկնքի Դուռը, Ժողովուրդին Տաճարը, Արեւու Տաճարի Դասը եւ Օմ Շինրիգիօ (Գերագոյն Ճշմարտութիւն) աղանդը, որ 1995–ին Թոքիոյի գետնուղիին մէջ, թունաւոր կազի մահացու յարձակումը կազմակերպեց, սպաննելով 12 հոգի ու վիրաւորելով հազարաւորներ։ Շիքակօ Համալսարանի կրօնքի ուսուցչապետ Մարթին Է. Մարթի այս տեղեկագրութիւնը ամփոփելով գրեց. «Օրացոյցին էջը 2000–ի դարձնելը որոշ ներշնչում կու տայ. եւ վստահաբար ամէն տեսակի մարգարէութիւններ ու շարժումներ պիտի ներշնչէ։ Անոնցմէ ոմանք կրնան վտանգաւոր ըլլալ։ Անիկա պիտի ըլլայ ժամանակ մը, որ անտարբերութեամբ պէտք չէ դիմագրաւուի»։
Աբոքալիբսի Սարսափի Պատմութիւնը
Աբոքալիբսը, կամ Յայտնութիւնը, Աստուածաշունչի վերջին գրքին անունն է, որ գրուած է Հ.Դ. առաջին դարու վերջաւորութեան։ Այս գրքի մարգարէական բնոյթին եւ շատ այլաբանական լեզուականութեան պատճառաւ, «աբոքալիբսական» ածականը սկսաւ կիրարկուիլ այն տեսակի գրականութիւններուն, որոնք Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը գրուելէն շատ առաջ սկսուած էին։ Այս գրականութեան առասպելական այլաբանութիւնը կ’երթայ մինչեւ վաղեմի Պարսկաստանը եւ տակաւին անկէ անդին։ Հետեւաբար, Հրէական Համայնագիտարանը կը խօսի «այս [հրէական աբոքալիբսական] գրականութեան մէջ ներմուծուած առասպելական շատ մը տարրերուն Բաբելոնական որոշ յատկանիշին» մասին։
Հրէական աբոքալիբսական գրականութիւնը ծաղկեցաւ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարու սկիզբէն մինչեւ Հ.Դ. երկրորդ դարու վերջաւորութիւնը։ Այս գրութիւններուն պատճառը բացատրելով, Աստուածաշունչի ուսումնական մը գրեց. «Հրեաները ամբողջ ժամանակը երկու դարաշրջաններու բաժնած էին։ Կար՝ այս ներկայ դարաշրջանը, որ ամբողջովին չար է . . . ։ Ուստի Հրեաները ներկայ դրութեան վախճանը կը սպասէին։ Կար՝ գալիք դարաշրջանը, որ ամբողջովին լաւ պիտի ըլլար, Աստուծոյ ոսկեդարը, որու մէջ խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ արդարութիւն պիտի ըլլար . . . ։ Այս ներկայ դարաշրջանը ի՞նչպէս գալիք դարաշրջանին պիտի անցնէր։ Հրեաները կը հաւատային որ փոփոխութիւնը բնաւ մարդկային գործակալութեամբ պիտի չըլլար, հետեւաբար, ուղղակիօրէն Աստուծոյ միջամտութեան կը սպասէին։ . . . Աստուծոյ գալիք օրը կոչուած էր Տէրոջը Օրը եւ անիկա ահաւոր սարսափի, կործանման ու դատաստանի ժամանակ մը պիտի ըլլար, որ նոր դարաշրջանի մը երկունքը պիտի կազմէր։ Աբոքալիբսական բոլոր գրութիւնները այս դէպքերը կը շօշափեն»։
Աբոքալիբսի Սարսափը Արդարացի՞ Է
Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը խօսի «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ին, կամ Արմագեդոնի մասին, որու ընթացքին ամբարիշտները պիտի բնաջնջուին, որու պիտի յաջորդէ հազար տարուան շրջան մը (որ երբեմն Հազարամեայ կոչուած է), որու ընթացքին Սատանան անդունդը պիտի ձգուի եւ Քրիստոս մարդկութիւնը պիտի դատէ։ (Յայտնութիւն 16։14, 16. 20։1-4) Միջին դարերուն կարգ մը անհատներ այս մարգարէութիւնները սխալ հասկցած էին, քանի որ Կաթողիկէ «Սուրբ» Օգոստինոսը (Հ.Դ. 354-430) ըսած էր որ Հազարամեան սկսաւ Քրիստոսի ծնունդով եւ անոր պիտի յաջորդէր Վերջին Դատաստանը։ Երեւութապէս Օգոստինոս շատ մեծ կարեւորութիւն չտուաւ ժամանակի երկարութեան, բայց մինչ 1000 տարին կը մօտենար, վախի նախազգացումը աւելցաւ։ Պատմաբաններ համակարծիք չեն միջնադարեան աբոքալիբսական այս սարսափի տարողութեան շուրջ։ Սակայն ան որքան ալ համատարած եղած ըլլար, արդարացի չեղաւ։
Նմանապէս ներկայիս կրօնական եւ աշխարհիկ վախեր կան թէ 2000, կամ 2001 տարին իր հետ պիտի բերէ սարսափազդու աբոքալիբս մը։ Բայց այս վախերը արդարացի՞ են։ Իսկ՝ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն կամ Աբոքալիբս գրքին պարունակած պատգամները վախազդո՞ւ բաներ են, թէ ոչ ընդհակառակը, բաներ են զորս պէտք է ակնկալենք։ Հաճեցէք ձեր ընթերցանութիւնը շարունակել։
[Նկար՝ էջ 4]
Աբոքալիբսի միջնադարեան վախերուն արդարացի չըլլալը փաստուեցաւ
[Նկարին աղբիւրը]
© Cliché Bibliothèque Nationale de France, Paris
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]
Maya/Sipa Press