Աբոքալիբս. պէտք է վախնա՞լ թէ՝ զայն ակնկալել
«Ներկայիս Աբոքալիբսը ոչ միայն սուրբ գրային նկարագրութիւն մըն է, այլ անիկա շատ իրական հաւանականութիւն մը դարձած է»։—Խավիէ Փէրէզ տէ Գուէյար, Միացեալ Ազգերու նախկին ընդհանուր քարտուղար։
ԱՇԽԱՐՀԸ առաջնորդող դէմքի մը կողմէ «աբոքալիբս» բառին գործածութիւնը կը յայտնէ թէ շատեր ի՛նչպէս կը հասկնան զայն եւ կը տեսնեն անոր գործածութիւնը շարժապատկերներու, գրքերու խորագիրներու, պարբերաթերթի յօդուածներու եւ լրագիրներու տեղեկագրութեանց մէջ։ Անիկա տիեզերային աղէտի մը տեսիլքը կը վերարծարծէ։ Սակայն «աբոքալիբս» բառը իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ։ Տակաւին աւելի կարեւորը, Աստուածաշունչի Աբոքալիբս կամ Յայտնութիւն կոչուած գրքին պարունակած պատգամը ի՞նչ է։
Յունարէն «աբոքալիբս» բառը ծագում կ’առնէ «բանալ» կամ «քօղազերծել» արտայայտութենէ մը։ Սուրբ գրային Յայտնութեան մէջ ի՞նչ բան քօղազերծուած կամ յայտնուած է։ Արդեօք անիկա միմիայն դատաստանի պատգամ մը, բնաջնջումի գո՞ւժ մըն է, որմէ վերապրողներ պիտի չըլլան։ Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ ի՛նչ կը խորհէր Աբոքալիբսի մասին, Էնսթիթիւ տը Ֆրանսի անդամ, պատմաբան Ժան Տէլիւմօ ըսաւ. «Անիկա մխիթարութեան ու յոյսի գիրք մըն է։ Մարդիկ իրենց ուշադրութիւնը անոր աղիտալի միջադէպերուն վրայ կեդրոնացնելով անոր բովանդակութիւնը չափազանցուցած են»։
Նախկին Եկեղեցին եւ Աբոքալիբսը
Նախկին «Քրիստոնեաները» ի՞նչպէս կը նկատէին Աբոքալիբսը եւ անոր մատուցած երկրի վրայ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան (Հազարամեայի) յոյսը։ Նոյն պատմաբանը կը նշէ. «Ըստ ինծի, առաջին քանի մը դարերու Քրիստոնեաները ընդհանրապէս որդեգրած էին հազարամեականութիւնը։ . . . Սկիզբի դարերուն, Հազարամեայի հաւատացող Քրիստոնեաներուն մէջ կային մասնաւորաբար Պապիասը, Փոքր Ասիոյ մէջ Յերապոլիսի եպիսկոպոսը, . . . Պաղեստինի մէջ ծնած Սուրբ Յուստինոսը, որ շուրջ 165–ին Հռովմի մէջ նահատակուեցաւ, Սուրբ Իրենիոսը, Լիոնի եպիսկոպոսը, որ 202–ին մահացաւ, Տերտուղիանոսը, որ 222–ին մահացաւ, եւ . . . մեծ գրագիր Լակթանթիոսը»։
Կաթողիկէ Համայնագիտարանը Պապիասի մասին կ’ըսէ (որ կը կարծուի թէ Հ.Դ. 161–ին կամ 165–ին նահատակուած է Պերգամոնի մէջ). «Յերապոլիսի Պապիաս եպիսկոպոսը՝ Սբ. Յովհաննէսի աշակերտ մը, որպէս հազարմեայի ջատագով մը կը յայտնուի։ Ան դաւանած է որ իր վարդապետութիւնը ստացած է Առաքեալներու ժամանակակիցներէ, իսկ Իրենիոս կը պատմէ թէ ուրիշ ‘Երէցներ’, որոնք Յովհաննէս աշակերտը տեսած ու լսած են, իրմէ սորված են հազարամեականութեան հաւատալ, որպէս Տիրոջ վարդապետութեան մէկ մասը։ Եւսեբիոսի համաձայն . . . Պապիաս իր գրքին մէջ կը հաստատէր թէ մեռելներու յարութեան պիտի յաջորդէր Քրիստոսի տեսանելի, փառաւոր երկրային հազար տարուան թագաւորութիւնը»։
Ասիկա մեզի ի՞նչ կը թելադրէ նախկին հաւատացեալներուն վրայ Աբոքալիբսի կամ Յայտնութեան գրքին ունեցած ազդեցութեան մասին։ Անիկա վա՞խ՝ թէ յոյս կը ներշնչէր։ Հետաքրքրականօրէն, պատմաբանները նախկին Քրիստոնեաները քիլիաստականներ կը կոչէին, Յունարէն խիլիա էթի (հազար տարի) բառերու հիման վրայ։ Այո, անոնցմէ շատերը հանրածանօթ էին որպէս Քրիստոսի Հազարամեային հաւատացողներ, որ երկրի վրայ դրախտանման վիճակներ պիտի բերէր։ Աստուածաշունչին մէջ միակ տեղը ուր հազարմեայի յոյսը յստակօրէն յիշուած է՝ Աբոքալիբսը կամ Յայտնութիւնն է։ (20։1-7) Ուստի, փոխանակ հաւատացեալները վախցնելու, Աբոքալիբսը անոնց կու տար հոյակապ յոյս մը։ Եկեղեցիի պատմութեան Օքսֆորտի ուսուցչապետ Սէսիլ Գատու՝ Նախկին Եկեղեցին եւ Աշխարհը իր գրքին մէջ (Անգլերէն) կը գրէ. «Քիլիաստական տեսակէտներ՝ թէեւ որոնցմէ ի վերջոյ հրաժարեցան՝ երկար ժամանակ լայնօրէն ընդունուած էին Եկեղեցիին մէջ, եւ կ’ուսուցուէին կարգ մը մեծայարգ հեղինակներու կողմէ»։
Աբոքալիբսի Յոյսէն Ինչո՛ւ Հրաժարեցան
Քանի որ անհերքելի պատմական իրողութիւն մըն է որ նախկին Քրիստոնեաներէն շատեր, եթէ ոչ բոլորը, կը յուսային դրախտ երկրի մը վրայ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան, ի՞նչպէս պատահեցաւ որ այսպիսի «քիլիաստական տեսակէտներ»էն «ի վերջոյ հրաժարեցան»։ Կարգ մը արդարացի քննադատութիւններ եղան, քանի որ, ինչպէս ուսումնական Ռոպէրթ Մաունս նշեց, «դժբախտաբար, քիլիաստականներէն շատեր թռիչք տուին իրենց երեւակայութեան եւ հազար տարուան շրջանը մեկնեցին նիւթական եւ զգայական չափազանցութիւններով»։ Բայց այս ծայրայեղ տեսակէտները կարելի էր սրբագրել, առանց Հազարամեայի իրական յոյսէն հրաժարելու։
Արդարեւ զարմանք կը պատճառեն հազարամեականութիւնը ջնջելու համար հակառակորդներուն գործածած կերպերը։ Կաթողիկէ Աստուածաբանութեան Բառարանը (Ֆրանսերէն) Հռովմէացի եկեղեցական Գայիոսի (երկրորդ դարու վերջաւորութեան ու երրորդ դարու սկիզբը) մասին կ’ըսէ թէ «հազարամեականութիւնը նուաճելու համար, ան ուղղակիօրէն ուրացաւ Աբոքալիբսի [Յայտնութիւն] եւ Սբ. Յովհաննու Աւետարանին վաւերականութիւնը»։ Այս Բառարանը կը շարունակէ ըսելով որ Դիոնիսիոս, Աղեքսանդրիայի երրորդ դարու եպիսկոպոսը, հազարամեականութեան դէմ քննախօսութիւն մը գրեց, «այս գաղափարին կառչողները Սուրբ Յովհաննէսի Աբոքալիբսին վրայ յենուելէ ետ պահելու համար, անոր վաւերականութիւնը ուրանալու չվարանեցաւ»։ Երկրի վրայ հազարամեայ օրհնութիւններու յոյսին դէմ այսպիսի չարակամ հակառակութիւն մը խորամանկ ազդեցութիւն մը կը դրսեւորէ, որ այդ ժամանակ աստուածաբաններուն մէջ առկայ էր։
Հազարամեայի Հետապնդումը (Անգլերէն) խորագրով գրքին մէջ, Ուսուցչապետ Նորմըն Գոհէն կը գրէ. «Երրորդ դարն էր որ տեսաւ հազարամեականութիւնը վարկաբեկելու առաջին փորձերը, երբ Որոգինէս, որ թերեւս վաղեմի Եկեղեցիի աստուածաբաններուն մէջ ամենէն հեղինակաւոր անձնաւորութիւնն էր, սկսաւ Թագաւորութիւնը ներկայացնել որպէս դէպք մը, որ տեղի պիտի ունենար ոչ թէ բառացիօրէն, այլ հաւատացեալներու հոգիին մէջ»։ Փոխանակ Աստուածաշունչի, յունական փիլիսոփայութեան վրայ յենուելով, Որոգինէս Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ երկրային օրհնութիւններու հոյակապ յոյսը վերածեց անըմբռնելի «դէպք մը . . . հաւատացեալներու հոգիին մէջ»։ Կաթողիկէ հեղինակ Լէոն Կրի գրեց. «Յունական փիլիսոփայութեան գերակշիռ ազդեցութիւնը . . . աստիճանաբար քիլիաստական գաղափարները խեղդեց»։
«Եկեղեցին Իր Յոյսի Պատգամը Կորսնցուցած Է»
Օգոստինոս անկասկած Եկեղեցիի այն Հայրն էր որ շատ մեծ դեր ունեցաւ յունական փիլիսոփայութիւնը ձուլելու Քրիստոնէութեան հետ, որ արդէն իր օրերուն միմիայն դրսերեւոյթ մը դարձած էր։ Նախապէս հազարամեականութեան բուռն ջատագով մը ըլլալով, ան ի վերջոյ հրաժարեցաւ երկրի վրայ Քրիստոսի ապագայ Հազարամեայ Իշխանութեան գաղափարէն։ Ան Յայտնութիւն 20–րդ գլուխին փոխաբերական խեղաթիւրուած բացատրութիւն մը տուաւ։
Կաթողիկէ Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Օգոստինոս վերջապէս պաշտպանեց այն համոզումը թէ հազարամեայ մը պիտի չըլլայ։ . . . Ըստ անոր, առաջին յարութիւնը՝ որու մասին կը խօսի այս գլուխը, կ’ակնարկէ մկրտութեամբ հոգեւոր վերածնունդին. վեց հազար տարուան պատմութենէ ետք հազար տարուան շաբաթն է ամբողջ յաւիտենական կեանքը»։ Պրիթանիքա Համայնագիտարանը կը նշէ. «Օգոստինոսի փոխաբերական հազարամեականութիւնը եկեղեցիին պաշտօնական վարդապետութիւնը եղաւ . . . Բողոքական Բարեկարգիչներու Լուտերական, Կալվինական եւ Անկլիքան աւանդութիւնները . . . Օգոստինոսի տեսակէտներուն զօրաւոր կերպով կառչած մնացին»։ Այս կերպով, Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու անդամները զրկուեցան հազարամեայի յոյսէն։
Ասկէ զատ, ըստ Զուիցերիացի աստուածաբան Ֆրետերիք տը Ռուժմոնի, «հազար տարուան իշխանութեան վրայ իր նախկին հաւատքը հերքելով, [Օգոստինոս] Եկեղեցիին անհաշուելի վնաս հասցուց։ Իր անուան ունեցած զօրաւոր հեղինակութեամբ, ան հաւանութիւն տուաւ սխալի մը որ [Եկեղեցին] զրկեց իր երկրային գաղափարախօսութենէն»։ Գերման աստուածաբան Ատոլֆ Հարնագ կը համաձայնի որ Հազարամեայի հաւատքը մերժելը հասարակ ժողովուրդը զրկեց «իրենց ըմբռնած կրօնքէն», «հին հաւատքը եւ հին յոյսերը» փոխարինելով «իրենց համար անըմբռնելի եղող հաւատքով մը»։ Շատ մը երկիրներու մէջ ներկայիս դատարկ եկեղեցիները լաւ ապացոյց մըն են թէ մարդիկ կարիքը ունին իրենց կողմէ հասկնալի եղող հաւատքի ու յոյսի մը։
Յայտնութիւն Գրքին Աչքառու Կէտերը (Անգլերէն) խորագրով իր գրքին մէջ, Աստուածաշունչի ուսումնական Ճորճ Պիսլի–Մըրի գրեց. «Մեծապէս պարտելով մէկ կողմէ Օգոստինոսի հսկայ ազդեցութեան, իսկ միւս կողմէ աղանդներու հազարամեայի որդեգրութեան, Կաթողիկէները եւ Բողոքականները զայն մերժելու համար միացան։ Երբ հարցուի թէ այս աշխարհի մէջ մարդուն համար ուրիշ ի՛նչ յոյս ունին, սովորաբար պատասխանն է՝ Ո՛չ մէկ։ Քրիստոսի գալուստին, աշխարհը պիտի կործանի, տեղ տալով յաւիտենական երկնքի եւ դժոխքի, որու մէջ պատմութիւնը պիտի մոռցուի։ . . . Եկեղեցին իր յոյսի պատգամը կորսնցուցած է»։
Աբոքալիբսի Հոյակապ Յոյսը Տակաւին Կենդանի Է
Եհովայի Վկաները իրենց կարգին, համոզուած են որ Հազարամեայի կապակցաբար եղած հոյակապ խոստումները պիտի կատարուին։ «2000 Տարին. Աբոքալիբսի Վախը» ֆրանսական հեռատեսիլի յայտագրին մէջ, Ֆրանսացի պատմաբան Ժան Տէլիւմօ նշեց. «Եհովայի Վկաները ճշգրտօրէն հազարամեականութեան ուղիին կը հետեւին, քանի որ անոնք կ’ըսեն որ շուտով . . . պիտի մտնենք՝ ճիշդ է որ աղէտներէ անցնելով՝ 1,000 տարուան երանութեան մէջ»։
Յովհաննէս առաքեալ ճիշդ ա՛յս է որ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ ու նկարագրեց, իր Աբոքալիբս՝ կամ Յայտնութիւն՝ գրքին մէջ։ Ան գրեց. «Նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, . . . ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’»։—Յայտնութիւն 21։1, 3, 4
Եհովայի Վկաները համերկրային դաստիարակչական գործի մը ձեռնարկած են, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ այս յոյսը ողջունեն։ Անոնք ուրախութեամբ ձեզի պիտի օգնեն որ աւելի լայն տեղեկութիւն ունենաք այս մասին։
[Նկար՝ էջ 6]
Պապիաս դաւանեցաւ որ Հազարամեայի վարդապետութիւնը ուղղակիօրէն ստացած էր առաքեալներու ժամանակակիցներէն
[Նկար՝ էջ 7]
Տերտուղիանոս կը հաւատար Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան
[Նկարին աղբիւրը]
© Cliché Bibliothèque Nationale de France, Paris
[Նկար՝ էջ 7]
«Հազար տարուան իշխանութեան վրայ իր նախկին հաւատքը հերքելով [Օգոստինոս] Եկեղեցիին անհաշուելի վնաս հասցուց»
[Նկար՝ էջ 8]
Աբոքալիբսին մէջ խոստացուած Դրախտ երկիրը բան մըն է որ ակնկառոյց կը սպասենք