Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 12/15 էջ 3-4
  • Ծնունդի տօնը արեւելքի մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծնունդի տօնը արեւելքի մէջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծնունդի տօն. ինչո՞ւ նոյնիսկ արեւելքի մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Քրիստոնեաները պէ՞տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 12/15 էջ 3-4

Ծնունդի տօնը արեւելքի մէջ

• ՇՈՒՐՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՌԱՋ, Քորէացի կարկառուն ուսումնական մը Փեքին, Չինաստան, այցելեց։ Մայր տաճարի մը առաստաղին վրայի նկարչութեան ուղղելով իր նայուածքը, ան տեսարան մը տեսաւ. Մարիամը ու մանուկ Յիսուսը իր թեւերուն մէջ։ Ան այս զարմանալի նկարչութեան մասին ըսաւ.

«Տիկին մը հիւանդագին երեւոյթ ունեցող հինգ կամ վեց տարեկան երախայ մը գրկած էր։ Երեւութապէս ան գլուխը վեր բարձրացնելու ոյժ չունէր, կարծէք իր զաւկին խղճալով չէր ուզեր անոր նայիլ։ Իսկ անոնց ետին, բաւական հեռուն ոգիներ եւ թռչող թեւաւոր մանուկներ կային։ Մինչ աչքերս անոնց վրայ սեւեռած էի, այն տպաւորութիւնը ունեցայ որ անոնք որեւէ ժամանակ վրաս կրնային իյնալ։ Ապշահար, ձեռքս երկնցուցի որպէսզի զանոնք բռնեմ»։

ԱՍԻԿԱ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ Բարեկարգութիւնը սկսելէն եւ Միջին Դարերու խաւար շրջանէն շատ վերջ։ Բայց Արեւելքցիներէն շատերուն համար Քրիստոնէութիւնը նոյնքան անծանօթ էր՝ որքան այդ նկարչութիւնը։ Այդ կացութիւնը որքա՜ն փոխուած է։ Ամէն Ծնունդի եղանակին, մանուկ Յիսուսի վերաբերող տեսարաններ կը ներկայացուին։ Արեւելքը այսպիսի տեսարաններու ընտելացած է եւ այժմ շատ մը փողոցներ եւրոպական փողոցներու կը նմանին։

25 Նոյեմբեր 1998–ի երեկոյեան, Ծնունդի Տօնէն ամիս մը առաջ, Փարիզի մէջ Շանզէլիզէն կը պսպղայ այդ համբաւաւոր պողոտային երկու կողմերը շարուած 300 ծառերուն վրայի աւելի քան 100,000 ճրագներով։ Ասոր նման, Քորէայի Սէուլ քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ, Ծնունդի հսկայ ծառ մը կը զետեղուի գլխաւոր մեծ վաճառատունի մը կողմէ, եւ այդ մայրաքաղաքին մէջ կը սկսի պայծառացնել գիշերը։ Շատ չանցած անոր փողոցները կը պճնուին Ծնունդի զարդարանքներով։

Հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը եւ լրագիրները ամէն օր Ծնունդի վերաբերեալ ծրագիրներ կը ներկայացնեն։ Ծնունդի եղանակէն խանդավառուած, ամբողջ երկիրը տարեվերջին բարիգալուստ մաղթելով զբաղած կ’ըլլայ։ Սէուլի մէջ եկեղեցիներ՝ որոնց թիւը կ’ապշեցնէ շատ մը այցելուներ, անմիջապէս կը զարդարուին։ Այս կերպով Քորէան եւ Արեւելքի ուրիշ երկիրներ Ծնունդի հոգիով կը լեցուին, գրեթէ նոյն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգները Նոյեմբերի վերջաւորութեան Թէնգսկիվինկ Տէյ–ի տօնակատարութեամբ զբաղած է։

Արեւելքի երկիրներուն մեծամասնութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհի մաս չի կազմեր։ Օրինակ, Քորէայի բնակչութեան միայն 26.3 տոկոսը կը դաւանի Քրիստոնեայ ըլլալ։ Հոնկ Քոնկի մէջ՝ 7.9 տոկոսը, Թայուանի մէջ՝ 7.4, իսկ Ճափոնի մէջ՝ 1.2 տոկոսը Քրիստոնեայ է։ Որոշ է ուրեմն, որ Արեւելքցիներուն մեծամասնութիւնը Քրիստոնէութեան չեն հետեւիր, բայց Ծնունդը տօնելու մէջ առարկութիւն չունին։ Իրականութեան մէջ, յաճախ իրենց Արեւմուտքցի համանմաններէն շատ աւելի խանդավառ կը թուին։ Հոնկ Քոնկը, զոր օրինակ, համբաւաւոր է Ծնունդի իր շողշողուն տօնակատարութեամբ, հակառակ անոր որ իր բնակչութիւնը մեծաւ մասամբ Պուտտայականներ կամ Թաոյականներ են։ Նոյնիսկ Չինաստանի մէջ, ուր միայն 0.1 տոկոսը կը դաւանի Քրիստոնեայ ըլլալ, Ծնունդի Տօնը շատ արագօրէն ժողովրդականութիւն կը շահի։

Ինչո՞ւ Ծնունդը այսքան ընդարձակ կերպով կը տօնուի Արեւելքի մէջ։ Յիսուսը որպէս Մեսիա չընդունող անհատներ ինչո՞ւ կը մասնակցին Ծնունդի տօնակատարութեան, զոր դաւանեալ Քրիստոնեաներէն շատեր կը նկատեն որպէս Յիսուսի ծննդեան օրը։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ծնունդի շուրջ անոնց տեսակէտը պէ՞տք է բաժնեն։ Ասոնց պատասխանները պիտի ստանանք, մինչ նկատի կ’առնենք թէ Ծնունդի Տօնը ի՛նչպէս ժողովրդական դարձաւ Քորէայի՝ Արեւելքի հնամենի երկրին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել