Ծնունդի տօն. ինչո՞ւ նոյնիսկ արեւելքի մէջ
ՀԻՆ արեւելեան հաւատալիք մը կը յիշեցնէ Ծնունդի Կաղանդ Պապուկը։ Անիկա քորէական հաւատալիք մըն է մէկու մը մասին, որու անունն է Չոուանկշին, եւ նոյնանման բան մը կը գտնուի նաեւ կարգ մը Չինացիներու եւ Ճափոնցիներու մօտ։
Չոուանկշին նկատուած էր աստուած մը, որ խոհանոցին պատասխանատու էր. կրակի աստուած մը, որ վաղեմի Քորէայի մէջ կրակի պաշտամունքի հետ առնչուած էր։ (Անցեալին, Քորէացիները վառած փայտածուխները ուշադրութեամբ կը փոխադրէին որպէսզի բնաւ չհանգէին։) Անոնք կը հաւատային որ այս աստուածը ամբողջ տարի մը ընտանիքի անդամներուն վարքին վրայ կը հսկէր, որմէ ետք խոհանոցի վառարանէն ու ծխնելոյզէն դէպի երկինք կը բարձրանար։
Կը կարծուէր որ Դեկտեմբեր՝ լուսնային ամսուան 23–ին Չոուանկշին տեղեկագրութիւն կու տար երկնքի թագաւորին։ Կ’ակնկալուէր որ ան ծխնելոյզին ու վառարանին մէջէն վերադառնար տարուան վերջաւորութեան, վարձատրութիւններ ու պատիժներ բերելով իւրաքանչիւր անհատի վարքին համաձայն։ Անոր վերադարձի օրը, ընտանիքի անդամները խոհանոցին մէջ ու այլ տեղեր մոմեր պէտք էր վառէին։ Այդ խոհանոցի աստուծոյն պատկերները Կաղանդ Պապուկին հետ ուրիշ նմանութիւն մըն ալ ունէին. ան կարմիր գոյնով կը պատկերացուէր։ Ժողովրդական սովորութիւն մըն էր որ տան հարսը քորէական աւանդական զոյգ մը գուլպայ շինէր ու ձմեռնային արեւադարձին զայն իր կեսրոջը նուիրէր։ Անիկա իր մաղթանքը կը խորհրդանշէր որ կեսուրը երկար կեանք ունենար, քանի որ այդ թուականէն ետք օրերը կ’երկարին։
Վերոյիշեալ կէտերուն ու Ծնունդի Տօնին միջեւ նմանութիւններ չէ՞ք տեսներ։ Անոնց պատմութիւնները եւ սովորութիւնները նոյնն են. ծխնելոյզ, մոմ, նուէր, գուլպայ ու կարմիր հագած պապուկ մը, եւ տօնակատարութեան թուականը։ Տակաւին, միմիայն այս նմանութիւնները հեշտութեամբ Քորէացիներուն ընդունիլ պիտի չտային Ծնունդը։ Այն ժամանակ որ Ծնունդի Տօնը Քորէա մտաւ, Չոուանկշինի վրայ հաւատքը գրեթէ մոռցուած էր։ Իրականութեան մէջ, շատ Քորէացիներ ներկայիս նոյնիսկ չեն գիտեր որ այդպիսի հաւատալիք մը գոյութիւն ունէր։
Այսուհանդերձ, ասիկա ցոյց կու տայ թէ ձմեռնային արեւադարձութեան եւ տարուան վերջաւորութեան հետ առնչուող սովորութիւնները ի՛նչպէս տարբեր ճամբաներով տարածուեցան համայն աշխարհի մէջ։ Հ.Դ. չորրորդ դարուն, Հռովմէական Կայսրութեան մէջ տիրական եղող եկեղեցին Սաթուրնալիայի՝ հեթանոս Հռովմի արեւու աստուծոյն ծնունդի տօնախմբութեան՝ անունը փոխեց եւ զայն Ծնունդի Տօնին մէկ մասը ըրաւ։ Ծնունդի տօնակատարութիւնը տարբեր պիտակի ներքեւ՝ տեղւոյն սովորութիւնները վերակենդանացուց։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի եղաւ։
Նուէր Տալուն Դերը
Նուէր տալը սովորութիւն մըն է որ բնաւ չէ հինցած։ Հինուց ի վեր, Քորէացիները շատ մեծ ուրախութիւն գտած են նուէր տալու ու ստանալու մէջ։ Ասիկա Քորէայի մէջ Ծնունդի տօնակատարութիւնը ժողովրդական դարձնելու պատճառ մը դարձաւ։
Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, Քորէայի մէջ կայան դրած ու ժողովուրդին հետ իրենց կապերը սերտացնել ուզող Մ.Ն. զինուորներուն համար, եկեղեցիները հանդիպման եւ նուէրներ ու նպաստ բաշխելու վայրեր էին։ Ասիկա մասնաւորաբար տեղի կ’ունենար Ծնունդի Տօնին։ Շատ երախաներ հետաքրքրութենէ մղուած եկեղեցիներ կ’այցելէին եւ հոն առաջին անգամ ըլլալով կը ստանային իրենց տուրմի նուէրը։ Հասկնալի է որ անոնցմէ շատեր անհամբեր յաջորդ Ծնունդի Տօնը կը սպասէին։
Այսպիսի երախաներու համար Կաղանդ Պապան Ամերիկացի զինուոր մըն էր, երկար կարմիր գլխարկով։ Առակաց 19։6–ը կ’ըսէ. «Ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ»։ Այո, նուէր տալը շատ ազդեցիկ եղած է։ Բայց ինչպէս կրնաք եզրակացնել այդ համարէն, այսպիսի նուէրներ մնայուն բարեկամութիւն չեն երաշխաւորեր։ Նոյնիսկ Քորէայի մէջ շատ են այն անհատները, որոնց պատանեկութեան տարիներուն եկեղեցիին հետ ունեցած փորձառութիւնը տուրմի համէն աւելի հեռուն չ’երթար։ Սակայն, Ծնունդը չմոռցուեցաւ։ Քորէայի տնտեսութեան արագ աճով, առեւտրականութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ Ծնունդի նուէր փոխանակելը՝ վաճառքի սպառումը աւելցնելու պարզ կերպ մը եղաւ։ Առեւտուրը Ծնունդը օգտագործեց շահ ապահովելու համար։
Ասիկա ձեզի կ’օգնէ որ որոշ ներթափանցում մը ունենաք ներկայիս Արեւելքի մէջ տօնակատարուած Ծնունդին մասին։ Ծնունդի գնումի խօլ ուրախութիւնը ի մտի ունենալով, նոր արտադրութիւններ կը պատրաստուին։ Ծանուցումի ծրագիրներ կը սկսին պատրաստուիլ ամրան կիսուն։ Տարուան վերջաւորութեան վաճառքի թիւերը կը բարձրանան, Ծնունդի նուէրներու, քարտերու եւ երաժշտական ձայնագրութիւններու շնորհիւ։ Այո, ծանուցումները սովորական պատանիին զգացնել կու տան որ իրապէս դժբախտ է՝ եթէ Ծնունդի նախօրեակին տունը մնայ եւ որեւէ նուէր չստանայ։
Մինչ Ծնունդի Օրը կը մօտենայ, Սէուլի մէջ խանութներն ու մեծ վաճառատուները կը խճողուին մարդոցմով, որոնք եկած են նուէրներ գնելու. նոյնն է պարագան արեւելեան այլ քաղաքներու մէջ։ Երթեւեկի խցանում կ’ըլլայ։ Պանդոկներ, առեւտրական շրջաններ, ճաշարաններ եւ նայթգլապներ յաճախորդներով կ’ողողուին։ Ժխորային աղմուկ, բարձր երաժշտութիւն կը լսուի։ Ծնունդի նախօրեակին գինով այրեր ու կիներ կը դեգերին փողոցներու մէջ, որոնք աղբանոցի վերածուած են։
Իրականութեան մէջ ասիկա՛ է Ծնունդը։ Արեւելքի մէջ Ծնունդը այլեւս Քրիստոնէութիւն դաւանողներու կողմէ առաջնորդուած տօն մը չէ։ Ակներեւաբար, Քորէայի մէջ թէ այլ տեղեր, Ծնունդի այս տօնէն մեծագոյն օգտուողն է վաճառականութիւնը։ Արդեօք Քրիստոսի հոգիին հետ ամբողջովին աններդաշնակ եղող Ծնունդի տօնին համար միայն վաճառականութի՞ւնն է այպանելին։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները անոր մէջ պարփակուած լուրջ հարցին պատճառաւ աւելի խորը պէտք է թափանցեն։
Ծնունդի Տօնին Ծագումը
Երբ վայրի անասուն մը գազանանոցի մը վանդակին մէջ դրուի, տակաւին գազան կը մնայ։ Մեծ սխալ մը պիտի ըլլար հաւատալ որ անիկա ընտանի դարձած է, պարզ անոր համար որ որոշ ժամանակ վանդակի մը մէջ մնացած է եւ երեւութապէս իր ձագերուն հետ կը խաղայ։ Հաւանաբար գազաններու կողմէ յարձակումի ենթարկուած գազանանոցի աշխատաւորներու մասին տեղեկագրութիւններ լսած էք։
Կարգ մը կերպերով նոյնը կրնանք ըսել Ծնունդի տօնակատարութեան մասին։ Անիկա նախ «գազան» մըն էր, որ Քրիստոնէութենէն դուրս կը գտնուէր։ «Հռովմէական Սաթուրնալիային Հետ Անոր Առնչութիւնը» ենթագլուխին ներքեւ, Տը Քրիսչըն Ինսայգլոբիտիա–ն (Քորէայերէն)a Ծնունդի նկատմամբ դիտել կու տայ.
«Հեթանոսական Սաթուրնալիան եւ Պրումալիան՝ երկուքն ալ շատ խոր կերպով արմատացած ժողովրդական սովորութեան մէջ՝ մէկ կողմ քշուեցան քրիստոնէական ազդեցութեամբ։ Կոստանդին Կայսրին կողմէ Կիրակիի (Աբոլլոյի եւ Միթրասի օրուան, ինչպէս նաեւ Տէրոջ Օրուան) ճանաչումը, . . . չորրորդ դարու Քրիստոնեաները մղեց խորհելու որ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը բառացի արեւուն հետ զուգադիպեցնելը պատշաճ էր։ Իր անառակութեամբ ու զուարճութեամբ այդ հեթանոսական տօնը ա՛յնքան ժողովրդական էր, որ Քրիստոնեաները ուրախացան որ անոր հոգիին կամ կերպին մէջ պզտիկ փոփոխութիւն մը մտցնելով զայն շարունակելու չքմեղանք մը ունեցան»։
Կը խորհի՞ք որ այսպիսի փոփոխութիւն առանց հակառակութեան տեղի պիտի ունենար։ Նոյն համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Արեւմուտքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Քրիստոնեայ քարոզիչներ բողոքեցին Քրիստոսի ծնունդին անվայել թեթեւամտութեամբ տօնուելուն դէմ, մինչ Միջագետքի Քրիստոնեաները իրենց Արեւմտեան եղբայրները մեղադրեցին որպէս կռապաշտներ եւ արեւապաշտներ, Քրիստոնեայ ըլլալով հանդերձ այս հեթանոսական տօնախմբութիւնը որդեգրած ըլլալու համար»։ Արդարեւ, սկիզբէն իսկ սխալ բան մը կար։ «Այսուհանդերձ, այս տօնախմբութիւնը արագօրէն ընդունուեցաւ եւ վերջապէս ա՛յնքան զօրաւոր կերպով հաստատուեցաւ, որ տասնըվեցերորդ դարու Բողոքական յեղափոխութիւնն անգամ չկրցաւ դուրս նետել զայն», կը նշէ Համայնագիտարանը։
Այո, տիրող եկեղեցիին կողմէ որդեգրուեցաւ Քրիստոնէութեան հարազատ չեղող արեւու–աստուծոյն այս տօնախմբութիւնը։ Անոր տարբեր անուն մը տրուեցաւ, սակայն անոր հեթանոսական յատկանիշները մնացին։ Ասիկա նպաստեց որ հեթանոսութիւնը ներառուի անուանական Քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ, եւ ապականէ անհատներուն հոգեւորականութիւնը։ Պատմութիւնը կը վկայէ որ մինչ Քրիստոնեայ Աշխարհը զարգացաւ, սկիզբի՝ «քու թշնամիդ սիրէ»՝ կեցուածքին տեղը առին բարոյական անկումն ու վայրագ պատերազմները։
Ժամանակի ընթացքին, յստակ եղաւ որ հակառակ իր կեղծ անուան, Քրիստոսի Ծնունդը կերուխումով, խմիչքի չափազանցութեամբ, զուարճութեամբ, պարերով, նուէր փոխանակելով եւ տուները մշտադալար ճիւղերով զարդարելով, իր հեթանոսական ծագումը կ’արտացոլացնէր։ Առեւտրականութեան գլխաւոր նպատակին՝ աւելի շատ ծախելու սիրոյն, Ծնունդը կարելի ամէն կերպով շահագործուած է։ Մամուլը կը գովաբանէ զայն, հանրութիւնը պարզապէս կը զուարճանայ։ Սէուլի քաղաքի կեդրոնը, ներքնազգեստ ծախող վաճառատուն մը հեռատեսիլի լուրերուն մէջ տեղ գրաւեց, իր ցուցափեղկին մէջ միայն ներքնազգեստով զարդարուած Ծնունդի ծառ մը ցուցադրելուն համար։ Քրիսմըս–ի մթնոլորտը տեսանելի էր, բայց Քրիստոսի բարի գալուստ մաղթելու որեւէ նշան չկար։
Ծնունդը՝ Սուրբ Գրային Հասկացողութեամբ
Անոր այսպիսի պատմական հիմունք եւ զարգացում ունենալը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Եթէ շապիկ մը սկիզբէն իսկ շիտակ չէ կոճկուած, կացութիւնը շտկելու միակ կերպը սկիզբէն սկսիլն է։ Ճիշդ չէ՞։ Ասիկա ճշմարիտ ըլլալով հանդերձ, ոմանք կ’առարկեն որ հակառակ անոր հեթանոսական արեւու պաշտամունքին մէջ արմատացած ըլլալուն, Ծնունդը ընդունուած է Քրիստոնեայ Աշխարհի կողմէ։ Ուստի անոնք կը խորհին որ այդ տօնը սրբացուած է որպէս Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր նոր նշանակութիւն մը տրուած է։
Վաղեմի Յուդայի մէջ տեղի ունեցած պատմական դէպքէ մը արժէքաւոր դաս մը կրնանք սորվիլ։ Հ.Դ.Ա. 612–ին, Յուդայի բնակիչները արեւու հեթանոսական պաշտամունքը մտցուցին Երուսաղէմի տաճարին մէջ։ Արդեօք այսպիսի պաշտամունք մը սրբացուեցա՞ւ Եհովա Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին նուիրուած վայրի մը մէջ բերուելով։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Եզեկիէլ՝ Երուսաղէմի տաճարին մէջ արեւու պաշտամունքի սովորութեան մասին գրեց. «Տէրոջը տաճարին դուռը, սրահին ու սեղանին մէջտեղ, քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնք . . . երեսնին դէպի արեւելք [դարձուցեր էին] ու արեւուն երկրպագութիւն կ’ընէին։ Ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տանը պզտի՞կ բան կ’երեւնայ իրենց հոս ըրած պղծութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութիւնով լեցուցին ու զիս բարկացնել ջանացին’»։—Եզեկիէլ 8։16, 17
Այո, փոխանակ սրբացուելու, այդ հեթանոսական պաշտամունքը ամբողջ տաճարը վտանգի ենթարկեց։ Այսպիսի սովորութիւններ Յուդայէ ներս թափանցեցին եւ այդ երկրին մէջ բռնութեան տարածման եւ բարոյական անկումին նպաստեցին։ Նոյնն է պարագան Քրիստոնեայ Աշխարհին, ուր Սաթուրնալիայի արեւու պաշտամունքէն ծագում առած սովորութիւններ ակնբախ են Ծնունդի շրջանին։ Ուշադրութեան արժանի է որ Եզեկիէլ այդ տեսիլքը ստանալէն քանի մը տարի ետք, Երուսաղէմ Աստուծոյ դատաստանին արժանացաւ. Բաբելոնացիներու ձեռքով կործանեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 36։15-20
Նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Քորէացի ուսումնականի մը մատղաշ Յիսուսի մասին տուած նկարագրութիւնը հաւանաբար զուարճալի գտաք։ Բայց իրողութիւնը այն է թէ անիկա Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն չունեցող անհատէ մը գալով, անոր հակազդեցութիւնը որոշ չափով վաւերական է։ Անիկա Ծնունդը տօնող մարդոց լրջօրէն մտածել կրնայ տալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Ծնունդի Տօնը՝ Քրիստոսը շիտակ կերպով ներկայացնելու մէջ չարաչար կը սխալի։ Արդարեւ, ան մութի մէջ կը ձգէ ներկայիս անոր ունեցած իրական դիրքը։ Յիսուս այլեւս մսուրի մը մէջ պառկած մանուկ մը չէ։
Աստուածաշունչը կրկին ու կրկին կ’ընդգծէ որ Յիսուս այժմ Մեսիան՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան հզօր Թագաւորն է։ (Յայտնութիւն 11։15) Ան աղքատութեան եւ թշուառութեան վերջ դնելու պատրաստ է, բան մը, զոր կարգ մը մարդիկ չեն մոռցած, քանի որ Ծնունդի եղանակին, կարգ մը բարեգործութիւններ կ’ընեն։
Անկեղծ ըլլալու համար, Ծնունդի Տօնը ո՛չ Քրիստոնեայ Աշխարհի երկիրներուն, ո՛չ ալ ուրիշ երկիրներու՝ մէջը ըլլալով Արեւելեան երկիրներուն՝ օգտակար եղած է։ Ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ Թագաւորութեան ու ներկայ ամբարիշտ դրութեան վախճանին մասին քրիստոնէական իրական պատգամէն մարդոց ուշադրութիւնը շեղած է։ (Մատթէոս 24։14) Ձեզ կը հրաւիրենք որ Եհովայի Վկաներու հարցնէք թէ այդ վախճանը ի՛նչպէս պիտի գայ։ Անոնցմէ կրնաք սորվիլ ա՛յն մնայուն օրհնութիւններուն մասին, որոնք այն ատեն երկրի վրայ պիտի յաջորդեն, Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ իշխող Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ։—Յայտնութիւն 21։3, 4
[Ստորանիշ]
a Հիմնուած՝ Շաֆ–Հերձօք Կրօնական Գիտութեան Նոր Համայնագիտարան–ին վրայ։
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Ծնունդը նպաստեց որ հեթանոսութիւնը ներառուի անուանական Քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ
[Նկար՝ էջ 5]
Շատ երախաներ հետաքրքրութենէ մղուած եկեղեցիներ կ’այցելէին եւ իրենց տուրմի նուէրը կը ստանային։ Անոնք ակնկալութեամբ յաջորդ Ծնունդի Տօնին կը սպասէին
[Նկար՝ էջ 7]
Ծննդեան Նախօրեակը Քորէայի Սէուլ քաղաքին մէջ
[Նկար՝ էջ 8]
Քրիստոս այլեւս մանուկ մը չէ, այլ Աստուծոյ Թագաւորութեան հզօր Թագաւորն է