Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 8/1 էջ 11-15
  • Եհովա իր հաւատարիմները պիտի չլքէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա իր հաւատարիմները պիտի չլքէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երբ կը հարստահարուին
  • Երբ հաւատուրացութիւն հրահրող ազդեցութիւններ դիմագրաւեն
  • Երբ աստուածատուր նշանակումներ կը կատարեն
  • Եհովա իր հաւատարիմները պիտի պահպանէ
  • Թագաւորութիւնը կը բաժնուի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Հաւատարմութեան օրինակներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովայի հաւատարիմ սէրը կը գնահատե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 8/1 էջ 11-15

Եհովա իր հաւատարիմները պիտի չլքէ

«[Եհովա] իր սուրբերը [«հաւատարիմները», ՆԱ] երեսէ չի ձգեր. յաւիտեան կը պահուին անոնք»։—ՍԱՂ. 37։28

1, 2. (ա) Հ.Դ.Ա. տասներորդ դարուն, ի՞նչ զարգացումներ Աստուծոյ ծառաներուն նուիրուածութիւնը փորձի ենթարկեցին։ (բ) Եհովա ո՞ր երեք պարագաներուն ներքեւ իր հաւատարիմները պահպանեց։

ՀԱՍԱՐԱԿ դարաշրջանէ առաջ տասներորդ դարն է, եւ որոշում կայացնելու ժամանակ մը։ Քաղաքացիական պատերազմի մը առաջքը առնուած է, Իսրայէլի խռովեալ հիւսիսային ցեղերուն որոշ չափով անկախութիւն շնորհելով։ Անոնց նոր նշանակուած թագաւորը՝ Յերոբովամ իսկոյն գործի կ’անցնի իր հեղինակութիւնը հաստատելու համար, պետական նոր կրօնք մը հիմնելով։ Ան իր հպատակներէն կատարեալ հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ պիտի ընեն։ Անոնք իրենց պաշտած Աստուծոյն հաւատարիմ պիտի մնա՞ն։ Հազարաւորներ իրենց ուղղամտութիւնը ամուր կը բռնեն, եւ Եհովա զանոնք կը պահպանէ։—Գ. Թագ. 12։1-33. Բ. Մն. 11։13, 14

2 Աստուծոյ ծառաներուն նուիրուածութիւնը այսօր ալ փորձի կ’ենթարկուի։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ Կրնա՞նք յաջողութեամբ ‘անոր դէմ կենալ՝ հաւատքով հաստատուած’։ (Ա. Պետ. 5։8, 9) Հ.Դ.Ա. 997–ին Յերոբովամի թագադրութեան հետ առնչուած կարգ մը դէպքեր քննենք ու տեսնենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։ Այդ վճռական ժամանակներուն, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները հարստահարուած էին։ Անոնք նաեւ հաւատուրացութիւն հրահրող ազդեցութիւններու ենթակայ էին, մինչ դժուար նշանակումներ կը կատարէին։ Այդ պարագաներուն ներքեւ, Եհովա իր հաւատարիմները չլքեց եւ նոյնը պիտի ընէ այսօր։—Սաղ. 37։28

Երբ կը հարստահարուին

3. Դաւիթ թագաւորին իշխանութիւնը ինչո՞ւ կեղեքիչ չէր։

3 Նախ քննարկենք այն պարագաները, որոնց ներքեւ Յերոբովամ թագաւոր եղաւ։ Առակաց 29։2–ը կ’ըսէ. «Երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ»։ Վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին իշխանութեան ատեն, ժողովուրդը չհառաչեց։ Դաւիթ կատարեալ չէր, բայց Աստուծոյ հաւատարիմ էր եւ իրեն վստահեցաւ։ Անոր իշխանութիւնը կեղեքիչ չէր։ Եհովա Դաւիթի հետ ուխտ մը ըրաւ, ըսելով. «Քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ»։—Բ. Թագ. 7։16

4. Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին ժողովուրդին վայելած օրհնութիւնները ի՞նչ բանէ կախեալ էին։

4 Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի իշխանութիւնը սկիզբը ա՛յնքան խաղաղ ու բարգաւաճ էր, որ պատշաճօրէն կրնար նախապատկերացնել Քրիստոս Յիսուսի ապագայ հազարամեայ իշխանութիւնը։ (Սաղ. 72։1, 17) Այդ ատեն, Իսրայէլի 12 ցեղերէն ո՛չ մէկը ապստամբելու պատճառ ունէր։ Սակայն Սողոմոնի եւ իր հպատակներուն վայելած օրհնութիւնները պայմանական էին։ Եհովա Սողոմոնի ըսած էր. «Եթէ իմ կանոններովս քալես ու իմ օրէնքներս գործադրես ու իմ բոլոր պատուիրանքներս պահես՝ անոնց մէջ քալելով, այն ատեն քու վրադ պիտի հաստատեմ այն խօսքը, որ քու հօրդ Դաւիթին խօսեր եմ։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի չթողում»։—Գ. Թագ. 6։11-13

5, 6. Աստուծոյ հանդէպ Սողոմոնի անհաւատարմութեան հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

5 Սողոմոն իր ծերութեան շրջանին Եհովայի անհաւատարիմ դարձաւ եւ սկսաւ սուտ պաշտամունքի մասնակցիլ։ (Գ. Թագ. 11։4-6) Ան աստիճանաբար դադրեցաւ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդելէ եւ հետզհետէ հարստահարող դարձաւ։ Հետեւաբար, իր մահէն ետք, ժողովուրդը իր որդիին ու յաջորդին՝ Ռոբովամի գանգատեցաւ եւ խնդրեց որ զիրենք հանգստացնէ։ (Գ. Թագ. 12։4) Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց երբ Սողոմոն անհաւատարիմ դարձաւ։

6 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ»։ Եհովա Սողոմոնի ըսաւ. «Որովհետեւ դուն . . . իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ»։—Գ. Թագ. 11։9-11

7. Թէեւ Սողոմոն մերժուեցաւ, բայց Եհովա ի՞նչպէս Իր հաւատարիմներուն հոգ տարաւ։

7 Եհովա Աքիա մարգարէն ղրկեց՝ ազատարար մը օծելու։ Այդ ազատարարը Յերոբովամն էր,– ատակ մարդ մը՝ որ Սողոմոնի կառավարութեան քով կը պաշտօնավարէր։ Թէեւ Եհովա Դաւիթի հետ իր կատարած Թագաւորութեան ուխտին հաւատարիմ մնաց, սակայն իր հաւանութիւնը տուաւ որ 12 ցեղերը կառավարական գետնի վրայ բաժնուին։ Տասը ցեղեր Յերոբովամի պիտի տրուէին, իսկ երկու ցեղ՝ Դաւիթի զարմին պիտի մնային, որուն ներկայացուցիչը այժմ Ռոբովամ թագաւորն էր։ (Գ. Թագ. 11։29-37. 12։16, 17, 21) Եհովա Յերոբովամի ըսաւ. «Եթէ իմ բոլոր պատուիրածներուս հնազանդութիւն ընես ու իմ ճամբաներուս մէջ քալես եւ իմ ծառայիս Դաւիթին ըրածին պէս՝ իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, այն ատեն ես քեզի հետ պիտի ըլլամ ու քեզի մնայուն տուն մը պիտի շինեմ, ինչպէս Դաւիթին շինեցի ու Իսրայէլը քեզի պիտի տամ»։ (Գ. Թագ. 11։38) Եհովա իր ժողովուրդին ի նպաստ գործեց եւ զանոնք կեղեքումէ հանգստացնելու կերպ մը հայթայթեց։

8. Ներկայիս ի՞նչ դժուարութիւններ Աստուծոյ ժողովուրդը կը նեղեն։

8 Ներկայիս հարստահարութիւնն ու անիրաւութիւնը համատարած են։ «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար», կ’ըսէ Ժողովող 8։9–ն։ Ընչաքաղց առեւտրականութիւնը եւ փտած իշխանութիւնը կրնան ծանր տնտեսական պայմաններ յառաջ բերել։ Կառավարական, առեւտրական ու կրօնական առաջնորդներ, յաճախ բարոյական գէշ օրինակ կը հանդիսանան։ Հետեւաբար, արդար Ղովտի նման, ներկայիս Աստուծոյ հաւատարիմները «անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր» են։ (Բ. Պետ. 2։7) Ասկէ զատ, մինչ խաղաղութեամբ կը ջանանք աստուածային չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, յաճախ յոխորտ կառավարիչներու հալածանքին թիրախը կը դառնանք։—Բ. Տիմ. 3։1-5, 12

9. (ա) Եհովա իր ժողովուրդը ազատելու համար արդէն ի՞նչ ըրած է։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Յիսուս Աստուծոյ միշտ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։

9 Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ սա հիմնական ճշմարտութենէն. Եհովա իր հաւատարիմները պիտի չլքէ։ Պահ մը խորհէ այն քայլերուն մասին, զորս ան արդէն առած է աշխարհի փտած կառավարիչները փոխարինելու համար։ Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը արդէն իսկ հաստատուած է։ Յիսուս Քրիստոս շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Մօտ ատենէն, ան Աստուծոյ անունէն վախցողներուն ամբողջական հանգստութիւն պիտի բերէ։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 11։15-18) Յիսուս արդէն իսկ ապացուցանած է թէ մինչեւ մահ հաւատարիմ է Աստուծոյ։ Ան իր հպատակները երբեք յուսախաբ պիտի չընէ, ինչպէս Սողոմոն ըրաւ։—Եբ. 7։26. Ա. Պետ. 2։6

10. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը գնահատենք։ (բ) Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

10 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ ամէն հարստահարութեան վերջ պիտի դնէ։ Մենք Եհովա Աստուծոյ եւ իր կարգադրութեան հաւատարիմ կը մնանք։ Թագաւորութեան հանդէպ լման վստահութիւն ունենալով, աշխարհի ամբարշտութիւնը կը մերժենք եւ նախանձախնդրօրէն բարի գործերու հետամուտ կ’ըլլանք։ (Տիտ. 2։12-14) Կը ջանանք այս աշխարհէն անբիծ մնալ։ (Բ. Պետ. 3։14) Ներկայիս ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզ հոգեւորապէս վնասուելէ պիտի պաշտպանէ։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 97։10) Ասկէ զատ, Սաղմոս 116։15–ը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Պատուական է Տէրոջը առջեւ իր սուրբերուն [«հաւատարիմներուն», ՆԱ] մահը»։ Եհովա իր ծառաները ա՛յնքան թանկագին կը նկատէ, որ թոյլ պիտի չտայ որ անոնք որպէս խումբ ոչնչանան։

Երբ հաւատուրացութիւն հրահրող ազդեցութիւններ դիմագրաւեն

11. Յերոբովամ ի՞նչպէս անհաւատարիմ դարձաւ։

11 Յերոբովամ թագաւորին իշխանութիւնը կրնար Աստուծոյ ժողովուրդին որոշ հանգստութիւն բերել։ Փոխարէն, անոր արարքները Աստուծոյ հանդէպ անոնց նուիրուածութիւնը յաւելեալ փորձի ենթարկեցին։ Իրեն տրուած պատուով եւ առանձնաշնորհումով չգոհանալով, Յերոբովամ սկսաւ իր դիրքը զօրացնելու կերպեր որոնել։ Ան պատճառաբանեց. «Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տիրոջը՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին՝ պիտի դառնայ եւ զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան»։ Ուստի Յերոբովամ նոր կրօնք մը հաստատեց, երկու ոսկիէ հորթի վրայ կեդրոնացած։ «Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։ Այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընելու համար։ Բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին»։ Յերոբովամ նոյնիսկ «Իսրայէլի որդիներուն տօն» մը հնարեց, եւ «սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց»։—Գ. Թագ. 12։26-33

12. Հիւսիսային թագաւորութեան մէջ եղող Աստուծոյ հաւատարիմները ի՞նչ ըրին, երբ Յերոբովամ Իսրայէլի մէջ հորթի պաշտամունքը հաստատեց։

12 Հիւսիսային թագաւորութեան մէջ եղող Աստուծոյ հաւատարիմները այժմ ի՞նչ պիտի ընէին։ Իրենց հաւատարիմ նախահայրերուն նման, հիւսիսային թագաւորութեան սահմաններէն ներս իրենց տրուած քաղաքներուն մէջ ապրող Ղեւտացիները անյապաղ գործի լծուեցան։ (Ել. 32։26-28. Թուոց 35։6-8. Բ. Օր. 33։8, 9) Իրենց ժառանգութիւնները իրենց ետին ձգելով, անոնք ընտանեօք Յուդա փոխադրուեցան, ուր կրնային անարգել շարունակել Եհովան պաշտել։ (Բ. Մն. 11։13, 14) Իսկ Յուդայի մէջ առժամաբար բնակող Իսրայելացիները որոշեցին մնայուն կերպով հաստատուիլ։ (Բ. Մն. 10։17) Եհովա հոգ տարաւ որ ճշմարիտ պաշտամունքի վերադառնալու ճամբան բաց մնայ, որպէսզի հիւսիսային թագաւորութեան մէջ բնակող հետագայ սերունդները կարենան հորթի պաշտամունքը լքել եւ Յուդա վերադառնալ։—Բ. Մն. 15։9-15

13. Արդի ժամանակներուն, հաւատուրացութիւն հրահրող ազդեցութիւններ ի՞նչպէս Աստուծոյ ժողովուրդը փորձի ենթարկած են։

13 Ներկայիս հաւատուրացները եւ անոնց ազդեցութիւնները Աստուծոյ ժողովուրդին կը սպառնան։ Կարգ մը կառավարիչներ փորձած են իրե՛նց պետական կրօնքը հաստատել, իրենց հպատակներուն վրայ ճնշում բանեցնելով որ անոր ենթարկուին։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներ եւ այլ յաւակնոտ անհատներ փորձած են հոգեւոր քահանայութեան մէկ մասը ըլլալ։ Սակայն միայն ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ է որ հարազատ օծեալներ կը գտնենք, որոնք «թագաւորական քահանայութիւն» կը կազմեն։—Ա. Պետ. 2։9. Յայտ. 14։1-5

14. Հաւատուրաց մտածելակերպին հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

14 Հ.Դ.Ա. տասներորդ դարուն ապրող հաւատարիմ Ղեւտացիներուն նման, Աստուծոյ այժմու հաւատարիմները չեն խաբուիր հաւատուրացութիւն հրահրող գաղափարներէ։ Օծեալներն ու անոնց Քրիստոնեայ ընկերակիցները արագօրէն կը խուսափին ու կը մերժեն հաւատուրացութիւն յառաջացնող գաղափարները։ (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 16։17) Մինչ աշխարհիկ հարցերու մէջ կառավարական հեղինակութիւններուն սիրայօժար կ’ենթարկուինք, աշխարհային պայքարներու մէջ չէզոք եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ կը մնանք։ (Յովհ. 18։36. Հռով. 13։1-8) Կը մերժենք անո՛նց սուտ դաւանութիւնները, որոնք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ կը ծառայեն՝ բայց միեւնոյն ատեն զինք կ’անպատուեն իրենց վարքով։—Տիտ. 1։16

15. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ինչո՞ւ մեր նուիրուածութեան արժանի է։

15 Խորհէ նաեւ այն իրողութեան մասին թէ Եհովա կարելի դարձուցած է որ պարկեշտամիտ անհատներ չար աշխարհէն դուրս ելլելով՝ իր ստեղծած հոգեւոր դրախտը մտնեն։ (Բ. Կոր. 12։1-4) Երախտագիտութեամբ լեցուն սրտերով, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մօտիկ կը մնանք, որ «իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ»։ Քրիստոս այս ծառան «իր բոլոր ունեցածին վրայ» նշանակած է։ (Մատ. 24։45-47) Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ լիովին չենք հասկնար ծառայ դասակարգին առած մէկ կեցուածքը, ասիկա պատճառ չէ որ զայն մերժենք եւ Սատանայի աշխարհին վերադառնանք։ Փոխարէն, նուիրուածութիւնը մեզ պիտի մղէ որ խոնարհաբար վարուինք ու Եհովայի սպասենք որ հարցերը յստակացնէ։

Երբ աստուածատուր նշանակումներ կը կատարեն

16. Յուդայի մէջ եղող մարգարէ մը ի՞նչ նշանակում ստացաւ։

16 Եհովա Յերոբովամը դատապարտեց իր հաւատուրացութեան համար։ Ան Յուդայէն մարգարէ մը նշանակեց որ դէպի հիւսիս՝ Բեթէլ երթայ եւ Յերոբովամի ներկայանայ, մինչ ան խունկ ծխելու համար իր շինած բագինին քով կայնած է։ Մարգարէն Յերոբովամին խիստ դատաստանական պատգամ մը պիտի հաղորդէր։ Ասիկա վստահաբար դժուար նշանակում մըն էր։—Գ. Թագ. 13։1-3

17. Եհովա իր պատգամաբերը ի՞նչպէս պաշտպանեց։

17 Յերոբովամ Եհովայի դատապարտութիւնը լսելով՝ իսկոյն բորբոքեցաւ։ Ան իր ձեռքը երկարեց ու մօտակայ մարդոց աղաղակեց. «Այս մարդը բռնեցէ՛ք»։ Սակայն անմիջապէս, նախ քան որ մէկը քայլ մը առնէ, «երկնցուցած ձեռքը չորցաւ ու զանիկա չկրցաւ ետ քաշել։ Աստուծոյ մարդուն Տէրոջը խօսքովը տուած նշանին պէս՝ սեղանը ճեղքուեցաւ ու մոխիրը սեղանէն թափուեցաւ»։ Յերոբովամ ստիպուեցաւ մարգարէէն խնդրել որ Եհովայի պաղատի եւ իրեն համար աղօթէ, որ չորցած ձեռքը իրեն վերադառնայ։ Մարգարէն ասիկա ըրաւ եւ ձեռքը բուժուեցաւ։ Այսպէս Եհովա իր պատգամաբերը վնասէ պաշտպանեց։—Գ. Թագ. 13։4-6

18. Եհովա ի՞նչպէս մեզ կը պահպանէ, մինչ անվախօրէն իրեն սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանենք։

18 Մինչ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին հաւատարմաբար կը մասնակցինք, երբեմն անազնիւ կամ նոյնիսկ թշնամական հակազդեցութեան կը հանդիպինք։ (Մատ. 24։14. 28։19, 20) Բայց երբեք թոյլ պէտք չէ տանք որ մարդոցմէ մերժուելու վախը, ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը մարէ։ Յերոբովամի ժամանակակից անանուն մարգարէին նման, Եհովա մեզի շնորհած է «իրեն անվախօրէն սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու առանձնաշնորհումը՝ նուիրուածութեամբ»։a (Ղուկ. 1։74, 75, ՆԱ) Թէեւ այսօր հրաշալի միջամտութիւն չենք ակնկալեր, սակայն Եհովա իր սուրբ հոգիին ու հրեշտակներուն միջոցաւ տակաւին մեզ կը պահպանէ ու կ’աջակցի որպէս իր Վկաները։ (Կարդալ՝ Յովհաննէս 14։15-17. Յայտնութիւն 14։6) Աստուած երբեք պիտի չլքէ զանոնք, որոնք անվախօրէն կը շարունակեն իր խօսքը խօսիլ։—Փլպ. 1։14, 28

Եհովա իր հաւատարիմները պիտի պահպանէ

19, 20. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա երբեք մեզ պիտի չլքէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

19 Եհովա մեր հաւատարիմ Աստուածն է։ Ան «ողորմած [«հաւատարիմ», ՆԱ] է իր բոլոր գործերուն մէջ»։ (Սաղ. 145։17) Իսկ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. ‘Ան իր հաւատարիմներուն ճամբան պիտի պահպանէ’։ (Առ. 2։8, ՆԱ) Երբ Աստուծոյ հաւատարիմները փորձութիւններ կամ հաւատուրացութիւն հրահրող գաղափարներ կը դիմագրաւեն, կամ երբ դժուար նշանակում մը կը կատարեն, կրնա՛ն վստահ ըլլալ որ Եհովա զիրենք պիտի առաջնորդէ եւ նեցուկ կանգնի։

20 Այժմ իւրաքանչիւրս այս կէտին շուրջ պէտք է խորհրդածենք. Ի՞նչ բան ինծի պիտի օգնէ Եհովայի հանդէպ նուիրուածութիւնս պահելու, ի՛նչ դժուարութիւններ կամ փորձութիւններ ալ դիմագրաւեմ։ Ուրիշ խօսքով, ի՞նչպէս կրնամ Աստուծոյ հանդէպ նուիրուածութիւնս ամրացնել։

[Ստորանիշ]

a Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնուի թէ այս մարգարէն կը շարունակէ՞ Եհովայի հնազանդիլ եւ անոր ի՛նչ կը պատահի։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուած է թէ իր հաւատարիմները չի լքեր, երբ կը հարստահարուին։

• Հաւատուրացներուն եւ անոնց գաղափարներուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

• Եհովա իր հաւատարիմները ի՞նչպէս կը պահպանէ, մինչ քրիստոնէական ծառայութեան կը մասնակցին։

[Քարտէս/Նկար՝ էջ 13]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ (Յերոբովամ)

Դան

ՍԻՒՔԷՄ

Բեթէլ

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ (Ռոբովամ)

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

[Նկար]

Եհովա իր հաւատարիմները չլքեց, երբ Յերոբովամ հորթի պաշտամունքը հաստատեց

[Նկար՝ էջ 11]

Սողոմոնի եւ իր հպատակներուն վայելած օրհնութիւնները պայմանական էին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել