Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 1/1 էջ 14-15
  • Պէ՞տք է Յիսուսին աղօթենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պէ՞տք է Յիսուսին աղօթենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԶԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ ՈՐՈ՞ՒՆ ԱՂՕԹԵԼ
  • ՆԱԽԿԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ԱՂՕԹԵՑԻՆ
  • Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Աղօթքը Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Աղօթելու առանձնաշնորհումդ գանձ սեպէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 1/1 էջ 14-15

Պէ՞տք է Յիսուսին աղօթենք

ՀԵՏԱԶՕՏԻՉ մը վերջերս փորձագիտանք մը ըրաւ աւելի քան 800 պատանիներու վրայ, որոնք զանազան յարանուանութիւններու կը պատկանին։ Ան անոնց հարցուց թէ արդեօք կը հաւատա՛ն որ Յիսուս աղօթքներու կը պատասխանէ։ Աւելի քան 60 տոկոսը ըսաւ որ խորապէս համոզուած է թէ ան կը պատասխանէ։ Բայց պատանի մը Յիսուսի անունը ջնջեց եւ անոր տեղ գրեց՝ «Աստուած»։

Ի՞նչ կը խորհիս։ Պէտք է մեր աղօթքները Յիսուսի՞ ուղղենք թէ ոչ Աստուծոյa։ Պատասխանը գտնելու համար, նախ նկատի առնենք թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՛ս սորվեցուց աղօթել։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԶԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ ՈՐՈ՞ՒՆ ԱՂՕԹԵԼ

Յիսուս մեզի թէ՛ սորվեցուց եւ թէ ցոյց տուաւ որո՛ւն աղօթել։

Յիսուս իր Հօր կ’աղօթէ[Նկար՝ էջ 14, 15]

Իր երկնաւոր Հօր աղօթելով՝ Յիսուս բոլորին լաւ օրինակ հանդիսացաւ

ԻՐ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ։ Երբ Յիսուսի աշակերտներէն մէկը իրեն հարցուց. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր», Յիսուս պատասխանեց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. ‘Ով Հայր’» (Ղուկաս 11։1, 2)։ Ասկէ զատ, իր հռչակաւոր Լերան քարոզին մէջ Յիսուս իր ունկնդիրները յորդորեց որ աղօթեն։ Ան ըսաւ. «Աղօթք ըրէ քու Հօրդ»։ Ան նաեւ իրենց վստահեցուց ըսելով. «Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած» (Մատթէոս 6։6, 8)։ Իր մարդկային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի» (Յովհաննէս 16։23)։ Ուստի Յիսուս սորվեցուց որ աղօթենք Եհովա Աստուծոյ, որ թէ՛ իր եւ թէ մեր Հայրն է (Յովհաննէս 20։17)։

ԻՐ ՕՐԻՆԱԿԸ։ Յիսուս իր սորվեցուցածին համաձայն աղօթեց. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի» (Ղուկաս 10։21)։ Ուրիշ առիթով, «Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր’» (Յովհաննէս 11։41)։ Եւ երբ մահամերձ էր, ան աղօթեց. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս» (Ղուկաս 23։46)։ Իր երկնաւոր Հօր,– ‘երկնի եւ երկրի Տէրոջ’,– աղօթելով՝ Յիսուս բոլորին լաւ օրինակ հանդիսացաւ (Մատթէոս 11։25. 26։41, 42. Ա. Յովհաննէս 2։6)։ Յիսուսի նախկին աշակերտները հասկցա՞ն թէ իրենց աղօթքները պէտք էր ուղղուէին Եհովա Աստուծոյ։

ՆԱԽԿԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ԱՂՕԹԵՑԻՆ

Յիսուսի երկինք վերադառնալուն յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին, իր աշակերտները իրենց հակառակորդներուն կողմէ կը տառապէին եւ սպառնալիք կը դիմագրաւէին (Գործք 4։18)։ Վստահաբար, անոնք աղօթքով օգնութիւն խնդրեցին, բայց որմէ՞։ Անոնք «միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին», աղօթելով որ շարունակէ իրենց օգնել իր «սուրբ Որդիի[ն] Յիսուսին անունովը» (Գործք 4։24, 30)։ Ուստի աշակերտները աղօթքի շուրջ Յիսուսի տուած ցուցմունքներուն հետեւեցան։ Անոնք Աստուծո՛յ աղօթեցին եւ ոչ թէ Յիսուսին։

Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ նկարագրեց իր եւ իր հաւատակիցներուն աղօթելու կերպը։ Հաւատակիցներուն գրելով, ան ըսաւ. «Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն» (Կողոսացիս 1։3)։ Պօղոս նաեւ իր հաւատակիցներուն գրեց, որ ‘ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը’ (Եփեսացիս 5։20)։ Այս խօսքերէն կը տեսնենք թէ Պօղոս ուրիշները քաջալերեց, որ «ամէն բանի համար. . . Աստուծոյ ու Հօրը» աղօթեն,– բայց անշուշտ Յիսուսին անունով (Կողոսացիս 3։17)։

Նախկին քրիստոնեաներուն նման կրնանք Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ, աղօթքի շուրջ իր խրատին անսալով (Յովհաննէս 14։15)։ Մինչ մեր երկնաւոր Հօր,– եւ միմիայն իրեն,– կ’աղօթենք, Սաղմոս 116։1, 2–ի խօսքերը մեզի համար ա՛լ աւելի նշանակալից պիտի ըլլան. ‘Ես Տէրը կը սիրեմ, որովհետեւ իմ ձայնս լսեց. ամբողջ կեանքիս մէջ իրեն պիտի գոչեմ’ (ԱԾ)b։

a Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած եւ Յիսուս իրարու հաւասար չեն։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

b Մեր աղօթքները Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, պէտք է անկեղծօրէն ջանանք իր պահանջներուն համաձայն ապրիլ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը։

Անոնք Յիսուսի՞ն աղօթեցին

Աստուածաշունչը կը նշէ քանի մը առիթներ, երբ հաւատարիմ մարդիկ խօսեցան Յիսուսի հետ,– իր երկինք համբառնալէն ետք,– եւ երբեմն հրեշտակներու հետ (Գործք 9։4, 5, 10-16. 10։3, 4. Յայտնութիւն 10։8, 9. 22։20)։ Բայց անոնք այս երկնային արարածներո՞ւն կ’աղօթէին։ Ո՛չ։ Այս բոլոր պարագաներուն ալ երկնային արարածները իրե՛նք խօսակցութիւնը սկսան։ Հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ միմիայն Աստուծոյ կ’աղօթէին (Փիլիպպեցիս 4։6)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել