ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԷՆ
Ի՞նչ կրնանք ընել՝ օգնելու համար այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնց մէջ վնասակար հակազդեցութիւններ կը յառաջացնեն անուշահոտերը։
Անոնք որոնք անուշահոտերէ ժխտականօրէն կ’ազդուին, դժուար մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն։ Շատ հաւանաբար, անոնք չեն կրնար անուշահոտերէ բոլորովին հեռու կենալ, մինչ ամէն օր շփման մէջ կու գան անծանօթներու հետ։ Սակայն ոմանք հարց տուած են, թէ արդեօք կարելի՛ է խնդրել որ եղբայրներն ու քոյրերը չգործածեն բուրանիւթ եւ կոլոնաջուր, երբ ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ պիտի գտնուին։
Վստահաբար ո՛չ մէկ քրիստոնեայ գիտակցաբար պիտի ուզէր ուրիշի մը համար դժուար դարձնել ժողովներու յաճախելը։ Բոլորս ալ մեր ժողովներուն տուած քաջալերանքին կարիք ունինք (Եբ. 10։24, 25)։ Հետեւաբար, ոեւէ անհատ որ անուշահոտերու հանդէպ գերզգայնութիւն ունենալուն պատճառաւ ժողովներէն կը բացակայի, կրնայ հարցը երէցներուն հետ նկատի առնել։ Աստուածաշնչական չէ, ոչ ալ պատշաճ է անուշահոտերու գործածութեան նկատմամբ կանոններ դնել ժողովքին մէջ, բայց երէցները կրնան ժողովքի անդամներուն տեղեկութիւններ տալ, որպէսզի ուրիշներու դիմագրաւած հարցերը հասկնան։ Պարագաներէն կախեալ ըլլալով, երէցները կրնան որոշել Ծառայութեան ժողովի տեղական կարիքներ բաժինին մէջ ներկայացնել նախապէս հրատարակուած տեղեկութիւններ, կամ կրնան նիւթին շուրջ փափկանկատ ծանուցում մը ընել։ Սակայն անոնք այսպիսի ծանուցումներ յարատեւ չեն կրնար ընել։ Մեր ժողովներուն միշտ պիտի ըլլան նոր հետաքրքրուած անհատներ ու այցելուներ, որոնք խնդրին տեղեակ չեն, եւ կ’ուզենք որ զգան թէ բարի եկած են։ Պէտք չէ մղել ոեւէ անհատ, որ անուշահոտը չափաւոր կերպով կը գործածէ, անհանգիստ զգալու։
Ուր որ խնդիրը առկայ է եւ տեղական պարագաները կը ներեն, երէցներու մարմինը թերեւս կարգադրէ որ անուշահոտերու հանդէպ գերզգայնութիւն ունեցողները, Թագաւորութեան սրահին մէջ մեկուսացած տեղ մը նստին։ Օրինակ՝ թերեւս ձայնային դրութեամբ օժտուած ներքին սենեակ մը կայ, ուր կրնան նստիլ ու ժողովի յայտագրէն օգտուիլ։ Եթէ հարցը անլուծելի է եւ ոմանք մեծապէս կը տառապին, ժողովքը թերեւս ի վիճակի է անոնց համար ժողովները ձայնագրելու կամ յայտագիրը հեռաձայնով փոխանցելու, ինչպէս որ կը կատարուի անոնց ի նպաստ, որոնք իրենց տան մէջ արգելափակուած են։
Վերջին տարիներուն, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը քաջալերած է եղբայրներն ու քոյրեր, որ այս հարցին առնչութեամբ մասնայատուկ նկատառութիւն ցոյց տան, երբ մարզային համաժողովներու ներկայ պիտի գտնուին։ Ի տես այն իրողութեան, թէ համաժողովներուն մեծամասնութիւնը կը կայացուի մեքենական օդափոխութեամբ օժտուած փակ վայրերու մէջ, ներկայ եղողներէ խնդրուեցաւ որ զօրաւոր անուշահոտերու գործածութիւնը սահմանափակեն։ Յատկապէս յորդոր տրուեցաւ մասնաւոր նկատառութիւն ցոյց տալու մարզային համաժողովներու առնչութեամբ, քանի որ գործածուած վայրին մէջ ընդհանրապէս կարելի չէ անուշահոտէ–զերծ շրջան ապահովել։ Սակայն բնաւ միտում չկար որ այս ուղղութիւնը ըլլայ ընդհանուր կանոն մը ժողովքային հանդիպումներուն համար, եւ այդպէս ալ պէտք չէ մեկնաբանուի։
Մինչ այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ կ’ապրինք, բոլորս ժառանգուած անկատարութեան հետեւանքներէն կը տառապինք։ Որքա՜ն կը գնահատենք ուրիշներու ջանքերը որ մեր նեղութիւնը թեթեւցնեն։ Թերեւս ոմանց համար զոհողութիւն պիտի նշանակէ, որ ետ կենան բուրանիւթ կամ կոլոնաջուր գործածելէ, որպէսզի եղբօր մը կամ քրոջ մը համար ժողովներու յաճախելը աւելի դիւրին ըլլայ։ Այսուհանդերձ, սէրը կրնայ մեզ մղել որ որոշենք այդ մէկը ընել։
Աշխարհիկ աղբիւրներ կը նշե՞ն Պոնտացի Պիղատոսի գոյութիւնը։
Այս թերթաքարին վրայ Պիղատոսի անունը լատիներէնով փորագրուած է
Աստուածաշունչի ընթերցողները կը ճանչնան Պոնտացի Պիղատոսը, քանի որ Յիսուսի դատավարութեան ու մահապատիժին մէջ դեր ունեցաւ (Մատ. 27։1, 2, 24-26)։ Սակայն անոր անունը նաեւ քանի մը անգամ կը նշուի ժամանակակից այլ պատմական արձանագրութիւններու մէջ։ Ըստ աստուածաշնչական բառարանի մը, անոր վերաբերող աշխարհիկ պատմական ակնարկութիւններու թղթածրարը, «Հրէաստանի ոեւէ հռոմայեցի կառավարիչի թղթածրարէն աւելի մեծ ու աւելի մանրամասն է» (The Anchor Bible Dictionary)։
Պիղատոսի անունը յաճախ նշուած է հրեայ պատմաբան Յովսեպոսի գրութիւններուն մէջ, որ արձանագրեց երեք մասնայատուկ միջադէպեր, որոնք կապ ունին Պիղատոսի հանդիպած դժուարութիւններուն հետ, մինչ Հրէաստանի կառավարիչն էր։ Հրեայ պատմաբան Փիլոն չորրորդ միջադէպ մը աւելցուց։ Իսկ հռոմայեցի հեղինակ Տակիտոս, որ Հռոմի կայսրերուն պատմութիւնը արձանագրեց, հաստատեց թէ Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին, Պոնտացի Պիղատոս հրամայեց որ Յիսուս մահապատիժի ենթարկուի։
1961–ին, Իսրայէլի Կեսարիոյ մէջ հռոմէական թատրոնը պեղող հնագէտներ յայտնաբերեցին, թէ վերագործածուած թերթաքար մը յստակօրէն կը կրէր Պիղատոսի անունը լատիներէնով։ Քանդակագրութեան միայն մէկ մասը կայ (տես պատկերը), բայց կ’ենթադրուի թէ բուն գրութիւնն է. «Պոնտացի Պիղատոս, Հրէաստանի կառավարիչը, պատուարժան աստուածներուն նուիրած է (այս) Տիբերիումը»։ Ակնարկուած կառոյցը շատ հաւանաբար տաճար մըն էր, հռոմայեցի Տիբերիոս կայսրը պատուելու համար։
Քրիստոնեայ քոյր մը պէ՞տք է գլուխի ծածկոց գործածէ, եթէ արու հրատարակիչի մը ներկայութեան աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարէ։
Դիտարան–ի 15 յուլիս 2002 թիւին մէջ (անգլերէնով), «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը նշեց թէ քոյրը իր գլուխը պէտք է ծածկէ, եթէ եղբօր մը կամ չմկրտուած արու հրատարակիչի մը ներկայութեան վարէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Այս նիւթը կրկին քննելով, յարմար տեսնուեցաւ ճշդում մը ընել։
Եթէ եղբայր մը քրոջ հետ է, որ հաստատուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պիտի վարէ, քոյրը անպայման գլուխի ծածկոց պէտք է գործածէ։ Այսպէս ան քրիստոնէական ժողովքին մէջ Եհովայի դրած գլխաւորութեան կարգադրութիւնը կը յարգէ, քանի որ դեր մը կը կատարէ, որ սովորաբար եղբօր պատասխանատուութիւնն է (Ա. Կոր. 11։5, 6, 10)։ Միւս կողմէ, քոյրը կրնայ եղբօրմէն խնդրել որ ուսումնասիրութիւնը վարէ, եթէ որակեալ ու կարող է։
Իսկ եթէ քրոջ հաստատուած ուսումնասիրութեան ներկայ է չմկրտուած արու հրատարակիչ մը, որ իր ամուսինը չէ, Աստուածաշունչը չի պահանջեր որ քոյրը իր գլուխը ծածկէ։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ այս պարագային՝ կարգ մը քոյրերու խղճմտանքը թերեւս զիրենք մղէ գլուխի ծածկոց գործածելու։