Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 2 էջ 5-7
  • Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԾՈՒՌ ԳՆԱՑ
  • ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՛ՆՉ ԸՐԱԾ Է
  • ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՛Ւ ՏԱՌԱՊԵՑԱՒ ՈՒ ՄԵՌԱՒ
  • ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՏՈՒԻԼ
  • Յիսուս ի՞նչպէս կը փրկէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Յիսուսի մահն ու յարութիւնը ի՛նչ կրնան նշանակել քեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Քրիստոսի փրկանքը. Աստուծոյ փրկութեան կերպը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Վերջին թշնամին՝ մահը՝ կը խափանուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 2 էջ 5-7
Զանազան ցեղերէ մարդիկ Դրախտին մէջ կեանքը կը վայելեն

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Յիսուս ինչո՞ւ տառապեցաւ ու մեռաւ

«Մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռովմայեցիս 5։12)

Ադամն ու Եւան արգիլուած պտուղին կը նային. ծերացած Ադամն ու Եւան. դագաղ մը գերեզմանատուն կը տարուի

Եթէ քեզի հարցնէին. «Կ’ուզե՞ս յաւիտեան ապրիլ», ի՞նչ կը պատասխանէիր։ Մարդոց մեծամասնութիւնը հաւանաբար «այո» պատասխանէր, բայց մտածէր թէ ասիկա իրականութեան հետ կապ չունի։ Ըստ իրենց, մահը կեանքի բնական բաժին մըն է, մեր գոյութեան բնական վախճանը։

Բայց եթէ հարցումը հակառակէն հարցուէր քեզի. «Պատրա՞ստ ես մեռնելու»։ Բնական պայմաններու տակ, մարդոց մեծ մասը «ոչ» պիտի պատասխանէր։ Կէտը ո՞ւր է։ Մեր բնական փափաքն է ապրիլ, ինչ նեղութիւններ ու դժուարութիւններ ալ ունենանք։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած մարդիկը ստեղծեց ապրելու փափաքով ու տենչով։ Ժողովող 3։11–ը կ’ըսէ թէ Աստուած «մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»։

Սակայն, իրականութիւնը այն է որ մարդիկ ներկայիս յաւիտեան չեն ապրիր։ Ի՞նչ բան ծուռ գնաց։ Աւելին, Աստուած բան մը ըրա՞ծ է, որ այս պարագան շտկէ։ Աստուածաշունչը քաջալերական պատասխաններ կու տայ, որոնք ուղղակի կապ ունին այն բանին հետ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ տառապեցաւ ու մեռաւ։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԾՈՒՌ ԳՆԱՑ

Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին առաջին երեք գլուխներուն մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած առաջին մարդկային զոյգին՝ Ադամին ու Եւային, անվերջ կեանք մը ունենալու առիթը տուաւ եւ ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն յաւիտեան ապրելու համար։ Ետքը կը կարդանք որ անոնք չհնազանդեցան Աստուծոյ ու այդ յոյսը կորսնցուցին։ Պատմութիւնը այնքան պարզ կերպով գրուած է, որ ոմանց կարծիքով իրական չէ, հապա՝ առասպել։ Բայց Ծննդոց գիրքը, Աւետարաններուն պէս, շատ կերպերով ցոյց կու տայ, թէ փաստացի եւ պատմական արձանագրութիւն մըն էa։

Ադամի անհնազանդութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ինչպէս մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Ադամ մեղանչեց, երբ Աստուծոյ մտիկ չըրաւ։ Այսպէս, ան յաւիտենական կեանքի առիթը կորսնցուց եւ ի վերջոյ մահացաւ։ Իր սերունդէն սերած ըլլալով, բոլորս ալ իր մեղաւոր վիճակը ժառանգած ենք, որուն պատճառով կը հիւանդանանք, կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Մահուան պատճառի այս բացատրութիւնը համապատասխան է այժմու գիտնականներու յայտնաբերումին հետ, թէ պզտիկները ինչպէ՛ս իրենց ծնողներուն կարգ մը յատկանիշները կը ժառանգեն։ Բայց Աստուած բան մը ըրա՞ծ է, որ այս պարագան շտկէ։

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՛ՆՉ ԸՐԱԾ Է

Աստուած կարգադրութիւններ ըրաւ, որպէսզի ապահովէ ինչ որ մարդկութիւնը Ադամի երեսէն կորսնցուց, այսինքն՝ յաւիտեան ապրելու առիթը։ Աստուած ինչպէ՞ս այդ մէկը իրագործեց։

Հռովմայեցիս 6։23–ը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մահը մեղքին հետեւանքն է։ Ադամ մեռաւ, քանի որ մեղանչեց։ Նմանապէս, մենք մեղքի վարձքին՝ մահուան, ենթակայ ենք, քանի որ կը մեղանչենք։ Բայց առանց մեր յանցանքը ըլլալու, մենք այս մեղաւոր վիճակին մէջ ծնանք։ Ուստի Աստուած սէրէ մղուած՝ իր Որդին Յիսուսը ղրկեց, որպէսզի ան մեր փոխարէն հատուցանէ «մեղքին վարձքը»։ Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ։

Զանազան ցեղերէ մարդիկ Դրախտին մէջ կեանքը կը վայելեն

Յիսուսի մահը ուրախ եւ անվերջ կեանքի մը ճամբան կը բանայ

Քանի որ մէկ կատարեալ մարդու՝ Ադամին անհնազանդութեամբ մեղքն ու մահը աշխարհ մտաւ, պէտք կար ուրիշ կատարեալ մարդու մը, որ հնազանդ պիտի ըլլար նոյնիսկ մինչեւ մահ, որպէսզի մեզ ազատէ այդ բեռէն։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան» (Հռովմայեցիս 5։19)։ Այս երկրորդ մարդը Յիսուսն էր։ Ան երկինքը թողուց, կատարեալ մարդ մը եղաւb, եւ մեզի համար մեռաւ։ Այս բանին շնորհիւ, կարելի է որ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը վայելենք եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենանք։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՛Ւ ՏԱՌԱՊԵՑԱՒ ՈՒ ՄԵՌԱՒ

Սակայն ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր, որ Յիսուս մեռնէր այս բանը իրագործելու համար։ Ամենակալ Աստուած չէ՞ր կրնար պարզապէս որոշում մը կայացնել, արտօնելով որ Ադամէն սերած մարդկութիւնը յաւիտեան ապրի։ Կասկած չկայ թէ ան ասիկա ընելու հեղինակութիւնը ունէր։ Բայց եթէ այս ըլլար պարագան, Աստուած անտեսած պիտի ըլլար իր նշած օրէնքը, թէ մեղքին վարձքը մահ է։ Այս օրէնքը պզտիկ կանոն մը չէ, որ կարելի է զանց ընել կամ ըստ յարմարութեան փոխել։ Ատիկա շատ կարեւոր է իսկական արդարութիւն ըլլալու համար (Սաղմոս 37։28)։

Եթէ Աստուած այս պարագային արդարութիւնը մէկ կողմ դրած ըլլար, մարդիկ թերեւս մտածէին թէ արդեօք ուրիշ առիթներով ալ այդպէս պիտի վարուէր կամ ոչ։ Օրինակի համար, Աստուած արդարութեա՞մբ պիտի որոշէր, թէ Ադամի սերունդէն որո՛նք որակեալ են յաւիտեան ապրելու։ Իր խոստումները վստահելի պիտի ըլլայի՞ն։ Աստուած մեր փրկութիւնը կարգադրելու ատեն արդարութիւնը զանց չըրաւ, ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մի՛շտ պիտի ընէ ինչ որ ճիշդ է։

Յիսուսի մահուան միջոցով, Աստուած կարելի դարձուց որ մարդիկ յոյս ունենան դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու։ Նկատէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Յովհաննէս 3։16–ի մէջ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ Աստուած Յիսուսի մահուան շնորհիւ ո՛չ միայն ցուցուց թէ միշտ արդար է, այլեւ՝ թէ որքա՜ն շատ կը սիրէ մարդկութիւնը։

Սակայն Յիսուս ինչո՞ւ պէտք էր տառապանք կրէր եւ դաժանօրէն մեռնէր, ինչպէս որ նկարագրուած է Աւետարաններուն մէջ։ Ան ծայրայեղ փորձութեան տակ հաւատարիմ մնալով, մէկ անգամ ընդմիշտ փաստեց թէ Սատանան սխալ էր, երբ ըսաւ թէ մարդիկ փորձութեան ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ չեն մնար (Յոբ 2։4, 5)։ Կատարեալ Ադամի մեղանչելէն ետք, թերեւս թուէր թէ Սատանային ըսածը ճիշդ է։ Բայց Յիսուս, որ Ադամին պէս կատարեալ էր, հնազանդ մնաց նոյնիսկ ծանր տառապանքի ներքեւ (Ա. Կորնթացիս 15։45)։ Այսպիսով, ան փաստեց թէ Ադամ եթէ ուզէր, կրնա՛ր Աստուծոյ հնազանդ մնալ։ Յիսուս փորձութեան ներքեւ տոկալով՝ ընտիր օրինակ մը թողուց մեզի համար (Ա. Պետրոս 2։21)։ Յիսուս ամէն բանի մէջ հաւատարիմ մնալով, Աստուած զինք վարձատրեց՝ երկնքին մէջ անմահ կեանք տալով իրեն։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՏՈՒԻԼ

Յիսուսի մահը իրապէս պատահեցաւ։ Անվերջ կեանքի ճամբան բաց է։ Կ’ուզե՞ս յաւիտեան ապրիլ։ Յիսուս ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։

Այս պարբերաթերթի հրատարակիչները քեզ կը քաջալերեն, որ աւելին գիտնաս ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին մասին։ Շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու։ Նաեւ կրնաս օգտակար տեղեկութիւններ ստանալ, այցելելով մեր կայքը՝ www.jw.org/hy-latn։

a Տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ գրքի «Ծննդոց գրքի պատմական ճշգրտութիւնը» յօդուածը, հատոր Ա., էջ 922, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ (անգլերէն)։

b Աստուած իր Որդիին կեանքը երկինքէն Մարիամին արգանդը փոխադրեց, ինչ որ յղութիւն պատճառեց, իսկ Աստուծոյ սուրբ հոգին պաշտպանեց Յիսուսը, որպէսզի Մարիամէն անկատարութիւն չժառանգէ (Ղուկաս 1։31, 35)։

Անխմոր հացը ձեռքէ ձեռք կը տրուի Յիշատակատօնին

«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»

Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ հաւաքուեցաւ եւ իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատեց։ Ան անոնց ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։ Այդ պատուէրին հնազանդելով, Եհովայի վկաները համայն աշխարհի մէջ ամէն տարի մէկտեղ հաւաքուելով՝ Յիսուսի մահը կը յիշատակեն։ Անցեալ տարի, 19,862,783 անհատ ներկայ գտնուեցաւ այս առիթին։

Այս տարի, Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, մարտ 23–ին, արեւամուտէն ետք։ Դուն, ընտանիքդ եւ բարեկամներդ ջերմօրէն հրաւիրուած էք ներկայ գտնուելու եւ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը մտիկ ընելու։ Դասախօսութեան ընթացքին պիտի բացատրուի Յիսուսի մահուան կարեւորութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս անձամբ կրնաս օգտուիլ ատկէ։ Մուտքը ձրի է. հանգանակութիւն պիտի չկատարուի։ Հաճիս շրջանիդ Եհովայի վկաներէն տեղեկացիր ժամուն եւ վայրին մասին։ Կրնաս նաեւ դիմել մեր կայքին՝ www.jw.org/hy-latn։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել