Աչքերդ ամէնէն կարեւոր հարցին վրայ պահէ
«Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (ՍԱՂ. 83։18)։
1, 2. ա) Բոլոր մարդոց առջեւ ի՞նչ մեծ հարց մը կայ։ բ) Այս հարցը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։
ՇԱՏ ՄԸ մարդոց համար, դրամը ամէնէն կարեւոր բանն է։ Անոնց խելքը–միտքը հարստութիւն հաւաքել է կամ կը մտահոգուին թէ իրենց ունեցածը ինչպէս չկորսնցնեն։ Ուրիշներու համար ամէնէն կարեւոր բանը՝ ընտանիքն է, առողջութիւնն է կամ ինչ որ իրենց կեանքին մէջ կ’ուզեն իրագործել։
2 Սակայն, այս բոլորէն շատ աւելի կարեւոր հարց մը կայ՝ Եհովային գերիշխանութեան ջատագովումը։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ աչքերնիս չհանենք այս կարեւոր հարցին վրայէն։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք այնքա՛ն տարուիլ մեր ամէնօրեայ կեանքով կամ մտահոգուիլ մեր խնդիրներով, որ մոռնանք այս հարցին շատ կարեւոր ըլլալը։ Անդին, եթէ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք, աւելի պիտի կարենանք գլուխ ելլել մեր առօրեայ խնդիրներուն հետ եւ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք։
ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
3. Սատանան ի՞նչ կը դաւանի Աստուծոյ իշխանութեան մասին։
3 Բանսարկու Սատանան մէջտեղ հանած է այն հարցը, թէ Եհովան իշխելու իրաւունք ունի կամ ոչ։ Սատանան կ’ուզէ որ մարդիկ հաւատան, թէ Եհովային իշխանութիւնը փտած է եւ թէ մեզ կը զրկէ լաւագոյն բաներէն։ Ըստ Սատանային, մարդիկ շատ աւելի ուրախ կ’ըլլան եթէ իրենք իրենց վրայ իշխեն (Ծն. 3։1-5)։ Ան նաեւ հասկցուց որ ո՛չ մէկ մարդ արարած սրտանց հաւատարիմ է Եհովային, եւ թէ երբ ոեւէ մէկը բաւական ճնշումի տակ ըլլայ՝ պիտի մերժէ Եհովային իշխանութիւնը (Յոբ 2։4, 5)։ Ասոր համար, Եհովան թոյլ կու տայ որ ժամանակ անցնի, որպէսզի բոլորին յստակ դառնայ թէ կեանքը ցաւալի է առանց իր արդար իշխանութեան։
4. Գերիշխանութեան հարցը ինչո՞ւ պէտք է լուծուի։
4 Անշուշտ, Եհովան գիտէ թէ Սատանային պնդումները սուտ են։ Լաւ, Աստուած ինչո՞ւ թոյլ տուած է որ հարցը շարունակուի եւ Սատանան ժամանակ ունենայ որ փորձէ իր ըսածները փաստել։ Պատասխանը կապ ունի բոլոր անոնց հետ որոնք երկինքը կամ երկրի վրայ են (կարդա՛ Սաղմոս 83։18)։ Ադամն ու Եւան մերժեցին Եհովային իշխանութիւնը, եւ այդ օրուընէ ի վեր շատեր նոյնը ըրած են։ Ասոր ետեւէն թերեւս ոմանք կարծեն թէ Սատանան ճիշդ է։ Այնքան ատեն որ մարդոց կամ հրեշտակներուն մտքին մէջ այս հարցումը կայ, իսկական խաղաղութիւն ու միութիւն չի կրնար ըլլալ։ Բայց երբ Եհովային գերիշխանութիւնը ջատագովուի, բոլորը պիտի ապրին իր հոյակապ իշխանութեան տակ յաւիտեան։ Ամբողջ տիեզերքին մէջ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ (Եփ. 1։9, 10)։
5. Գերիշխանութեան հարցին մէջ մենք ի՞նչ դեր ունինք։
5 Եհովային գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովուի, իսկ Սատանային ու մարդոց իշխանութիւնը լման պիտի ձախողի եւ մէջտեղէն վերցուի։ Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ Աստուծոյ իշխանութիւնը պիտի յաջողի։ Հաւատարիմ անհատները փաստած պիտի ըլլան որ մարդ արարածը կրնա՛յ հաւատարմօրէն թիկունք կանգնիլ Աստուծոյ իշխանութեան (Եսա. 45։23, 24)։ Կ’ուզե՞ս այդ հաւատարիմ անհատներէն ըլլալ։ Ա՛նկասկած։ Ուրեմն պէտք է մեր աչքը պահենք այս մեծ հարցին վրայ եւ հասկնանք թէ ատիկա որքա՛ն կարեւոր է։
ՋԱՏԱԳՈՎՈՒՄԸ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՔԱՆ՝ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
6. Եհովային գերիշխանութեան ջատագովումը որքա՞ն կարեւոր է։
6 Եհովային գերիշխանութեան ջատագովումը աւելի կարեւոր է քան՝ մեր երջանկութիւնը։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ մեր փրկութիւնը կարեւոր չէ եւ թէ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Ուրկէ՞ գիտենք։
7, 8. Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը ինչպէ՞ս պիտի օգտէ մեզի։
7 Եհովան մարդիկը շատ կը սիրէ։ Ան իր Որդին զոհեց որ կարենանք յաւիտեան ապրիլ (Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։9)։ Եթէ Եհովան իր խոստումները չպահէ, Սատանան իրաւունքով կ’ելլէ։ Ան կ’ըսէ թէ Եհովան ստախօս է, մարդիկը լաւ բաներէ կը զրկէ եւ անարդարօրէն կ’իշխէ։ Հակառակորդները կը ծաղրեն Եհովային խոստումները եւ կ’ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր» (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Բայց Եհովան իր խոստումները պիտի պահէ։ Հնազանդ մարդոց փրկութիւնը մաս կը կազմէ իր գերիշխանութեան ջատագովման (կարդա՛ Եսայի 55։10, 11)։ Ասկէ զատ, Եհովային գերիշխանութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան միշտ պիտի սիրէ եւ արժեւորէ իր հաւատարիմ ծառաները (Ել. 34։6)։
8 Ճիշդ է որ շատ կարեւոր է Եհովային գերիշխանութիւնը, բայց ասիկա ըսել չէ որ մեր փրկութիւնը կարեւոր չէ կամ մենք արժէք չունինք իր աչքին։ Պէտք է գիտնանք թէ ո՛ր մէկը միւսէն առաջ կու գայ, որպէսզի կարենանք աչքերնիս այս կարեւոր հարցին վրայ պահել եւ հաւատարմօրէն թիկունք կանգնինք Եհովային արդար իշխանութեան։
ՅՈԲ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՒՐԻՇ ԱՆԿԻՒՆԷ ՍԿՍԱՒ ԴԻՏԵԼ
9. Սատանան ի՞նչ ըսաւ Յոբին մասին (տե՛ս բացման նկարը)։
9 Կարեւոր է որ ճիշդ անկիւնէ նայինք Եհովային գերիշխանութեան։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Յոբ գիրքին մէջ, որ Աստուածաշունչին առաջին գիրքերէն է։ Հոն, Սատանան ըսաւ որ եթէ Յոբ շատ չարչարանք տեսնէ, հաւատարիմ պիտի չմնայ Աստուծոյ։ Սատանան նոյնիսկ Աստուծմէ՛ խնդրեց որ Յոբը տառապեցնէ։ Եհովան ասիկա չըրաւ, բայց ձգեց որ Սատանան փորձէ Յոբը, ըսելով. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ» (կարդա՛ Յոբ 1։7-12)։ Շատ չանցած, Յոբ կորսնցուց իր ծառաները, իր բոլոր ունեցածը եւ իր տասը սիրելի զաւակները։ Սատանան անանկ մէկ ըրաւ, որ երեւի թէ Աստուած է բոլոր այս նեղութիւններուն պատճառը (Յոբ 1։13-19)։ Ետքը, Սատանան Յոբին վրայ բերաւ գէշ եւ գանելի հիւանդութիւն մը (Յոբ 2։7)։ Ասիկա չի բաւեր, Յոբին կինը եւ երեք բարեկամները վիրաւորական խօսքեր ըսին իրեն (Յոբ 2։9. 3։11. 16։2)։
10. ա) Յոբ ինչպէ՞ս ցուցուց թէ Աստուծոյ հաւատարիմ է։ բ) Ան ինչո՞ւ սրբագրումի պէտք ունէր։
10 Սատանան իրաւունքո՞վ էր։ Ո՛չ։ Յոբ իր կռնակը չդարձուց Աստուծոյ (Յոբ 27։5)։ Բայց ժամանակ մը, Յոբ մոռցաւ թէ ճիշդ ի՛նչը կարեւոր է եւ կեդրոնացաւ ինքզինք արդարացնելու վրայ։ Ան նոյնիսկ զգաց որ իր իրաւունքն է գիտնալ թէ ինչո՛ւ կը չարչարուի (Յոբ 7։20. 13։24)։ Հաւանաբար կը հասկնանք Յոբին զգացումները։ Բայց Եհովան տեսաւ թէ Յոբ սխալ կերպով կը մտածէր։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս ճշդեց Յոբին մտածելակերպը։
11, 12. Եհովան ի՞նչ բան յստակացուց Յոբին, եւ Յոբ ի՞նչ ըրաւ։
11 Յոբ 38-41 գլուխներուն մէջ գրուած է ինչ որ Եհովան ըսաւ Յոբին։ Ո՛չ մէկ տեղ նշուած է որ Աստուած Յոբին բացատրեց թէ ինչո՛ւ կը չարչարուէր։ Աստուած պէտք չունէր ինքզինք արդարացնելու։ Ան ուզեց օգնել Յոբին որ հասկնայ թէ որքա՜ն աննշան է Աստուծոյ հետ բաղդատած, եւ տեսնէ թէ իր խնդիրներէն աւելի կարեւոր հարցեր կան (կարդա՛ Յոբ 38։18-21)։ Ասիկա Յոբին օգնեց իր մտածելակերպը փոխելու։
12 Արդեօք Յոբին բոլոր քաշածներուն կողքին Աստուծոյ ըսածները խի՞ստ էին։ Ո՛չ, եւ Յոբն ալ այդպէս չզգաց։ Յոբ հասկցաւ եւ գնահատեց Եհովային խրատը։ Ան նոյնիսկ ըսաւ. «Իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ Եհովային խրատը ճակատէն կը զարնէր բայց միեւնոյն ատեն թարմացուցիչ էր (Յոբ 42։1-6)։ Ատկէ առաջ, երիտասարդ Եղիուս ալ օգնած էր Յոբին որ իր մտածելակերպը փոխէ (Յոբ 32։5-10)։ Յոբ Աստուծոյ խրատը մտիկ ըրաւ եւ ճիշդ անկիւնէ սկսաւ դիտել հարցը։ Եհովան տեսաւ թէ Յոբ փոխուած է եւ միւսներուն գիտցուց, թէ Յոբին հաւատարմութիւնը զինք կ’ուրախացնէր (Յոբ 42։7, 8)։
13. Եհովային խրատը ինչպէ՞ս կրնար Յոբին օգնել նոյնիսկ իր չարչարանքները վերջանալէն բաւական ետք։
13 Եհովային խրատը շարունակեց Յոբին օգնել նոյնիսկ իր չարչարանքները վերջանալէն ետք։ Ինչպէ՞ս։ Ճիշդ է որ «Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց», բայց վստահաբար ժամանակ առաւ որ Յոբ ինքզինքը գտնէ։ Ժամանակի ընթացքին, «անոր եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ծնան» (Յոբ 42։12-14)։ Յոբ անկասկած կը կարօտնար իր մահացած զաւակները։ Եւ հաւանաբար իր չարչարանքները որոշ ժամանակ մը իր աչքին առջեւ կու գային։ Նոյնիսկ եթէ ան ի վերջոյ աւելի լաւ հասկցաւ թէ ինչո՛ւ չարչարուեցաւ, թերեւս ատեն–ատեն կը մտածէր թէ ի՛նչ պէտք կար որ ա՛յսքան չարչարուէր։ Երբ Յոբին միտքէն այսպիսի բաներ անցնէին, ան կրնար Աստուծոյ խրատը յիշել։ Ասիկա իրեն պիտի օգնէր որ ճիշդ անկիւնէ դիտէ հարցը եւ մխիթարուի (Սաղ. 94։19)։
Կրնա՞նք մեր խնդիրներուն տեղ կեդրոնանալ բուն հարցին վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 14)
14. Յոբին փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
14 Յոբին պատմութիւնը մեզի ալ կ’օգնէ որ ճիշդ անկիւնէ նայինք հարցերուն եւ մխիթարուինք։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովան Յոբ գիրքը պահպանած է «որ սորվ[ինք], որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Ատիկա մեզի կը սորվեցնէ որ պէտք չէ մեր խնդիրներով այնքա՛ն տարուինք, որ աչքերնիս հանենք այս կարեւոր հարցին վրայէն. Եհովային գերիշխանութեան ջատագովումը։ Մենք ալ Յոբին պէս կը ցուցնենք թէ Եհովային կողմն ենք, երբ հաւատարիմ կը մնանք նոյնիսկ նեղութիւններու մէջ։
15. Երբ նեղութիւններու մէջ հաւատարիմ մնանք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։
15 Յոբին փորձառութիւնը մեզ կրնայ մխիթարել, քանի որ կը ցուցնէ թէ երբ նեղութիւններ ունենանք, ասիկա ըսել չէ որ Եհովան մեզմէ գոհ չէ։ Հապա՝ առիթ կ’ունենանք որ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք (Առ. 27։11)։ Երբ հաւատարմօրէն կը տոկանք, Եհովան կ’ուրախացնենք եւ մեր յոյսը կը զօրանայ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։3-5)։ Յոբին պատմութիւնը կը ցուցնէ թէ «Տէրը բազմագութ ու ողորմած է» (Յակ. 5։11)։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի վարձատրէ, երբ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք։ Ասիկա գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ տոկանք (Կող. 1։11)։
ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱՆՔ
16. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ մենք մեզի յիշեցնենք թէ Եհովային գերիշխանութեան ջատագովումը շատ կարեւոր է։
16 Երբ նեղութիւններ ունենանք, թերեւս դժուար կ’ըլլայ որ կեդրոնանանք Եհովային գերիշխանութեան ջատագովման վրայ։ Երբ մեր դժուարութիւններուն մասին շատ մտածենք, նոյնիսկ պզտիկ դժուարութիւնները մեր աչքին կը մեծնան։ Այս պատճառով, լաւ կ’ըլլայ որ միշտ մենք մեզի յիշեցնենք, թէ շատ կարեւոր է որ Աստուծոյ գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք երբ նեղ պարագաներու մէջ ըլլանք։
17. Եհովային գործին մէջ զբաղած մնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ ամէնէն կարեւոր հարցին վրայ կեդրոնանանք։
17 Եհովային գործով զբաղած մնալը մեզի կ’օգնէ, որ ամէնէն կարեւոր հարցին վրայ կեդրոնանանք։ Օրինակ, Ռընէյ անունով քոյր մը կաթուած ունեցաւ, քաղցկեղէ տառապեցաւ ու միշտ ցաւի մէջ էր։ Երբ ան հիւանդանոցը կ’ըլլար, կը վկայէր հոն աշխատողներուն, ուրիշ հիւանդներու եւ այցելողներու։ Անգամ մը, ան 80 ժամ քարոզեց երկուքուկէս շաբթուան մէջ։ Նոյնիսկ երբ մէկ ոտքը գերեզմանն էր, Ռընէյ չմոռցաւ Եհովային գերիշխանութիւնը։ Ասիկա ձեւով մը խաղաղութիւն տուաւ իրեն։
18. Ճենիֆըրին փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնելուն մասին։
18 Նաեւ կրնանք Եհովային գերիշխանութեան վրայ կեդրոնացած մնալ ամէնօրեայ խնդիրներուն մէջ։ Ճենիֆըր անունով քոյր մը երեք օր օդակայանը մնաց, մինչ կը սպասէր որ օդանաւով իր երկիրը վերադառնար։ Թռիչքները ետեւ–ետեւի չեղեալ եղան եւ ան շատ յոգնեցաւ ու առանձին զգաց։ Փոխանակ ինքն իր վրայ խղճալու, ան Եհովային աղօթեց որ իրեն օգնէ որ բարի լուրը տայ այն մարդոց, որ օդակայանին մէջ իրեն պէս կը սպասէին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան բազմաթիւ մարդոց քարոզեց եւ շատ մը հրատարակութիւններ բաժնեց։ Ան կ’ըսէ. «Հակառակ այն դժուար պարագային որ մէջն էի, զգացի թէ Եհովան զիս օրհնեց եւ բաւարար ոյժ տուաւ որ պատշաճ կերպով կրեմ իր անունը»։ Ան իրապէս ալ կեդրոնացած մնաց Եհովայի նպատակին վրայ։
19. Եհովային ժողովուրդը ի՞նչ դիրք կը բռնէ իր գերիշխանութեան հարցին մէջ։
19 Միայն Եհովային ժողովուրդն է որ Իր գերիշխանութեան կարեւորութիւնը իրապէս կը հասկնայ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ ճշմարիտ կրօնքը ո՛ր մէկն է։ Այս պատճառով, իւրաքանչիւրս պէտք է շարունակենք Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնիլ։
20. Եհովան ի՞նչ կը զգայ երբ ջանք թափես իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու։
20 Վստահ եղիր որ Եհովան կը նկատէ եւ կը գնահատէ բոլոր այն ջանքերը, որ կը թափես իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու, մինչ հաւատարմօրէն կը ծառայես իրեն եւ նեղութիւններուն կը տոկաս (Սաղ. 18։25, ՆԱ)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ աւելի պիտի տեսնենք, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ որ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք եւ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։