Եհովային գերիշխանութեան թիկո՛ւնք կանգնէ
«Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր» (ՅԱՅՏ. 4։10բ)։
1, 2. Ամէն մէկս ի՞նչ բանի համոզուած պէտք է ըլլանք (տե՛ս բացման նկարը)։
ԻՆՉՊԷՍ որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Սատանան կ’ըսէ թէ Եհովան իրաւունք չունի իշխելու, եւ թէ մարդիկ աւելի ուրախ կ’ըլլան եթէ իրենք իրենց վրայ իշխեն։ Սատանան ճի՞շդ է։ Երեւակայէ թէ այն մարդիկը որ կ’ուզեն իրենք իրենց վրայ իշխել, կրնան յաւիտեան ապրիլ։ Անոնք աւելի ուրախ կ’ըլլա՞ն առանց Աստուծոյ իշխանութեան։ Իսկ դո՛ւն ուրախ կ’ըլլայի՞ր եթէ թէ՛ Աստուծմէ լման անկախ ըլլայիր եւ թէ յաւիտեա՛ն ապրէիր։
2 Ո՛չ մէկը կրնայ քու տեղդ պատասխանել այս հարցումներուն։ Ամէն մէկ անձ պէտք է լաւ մտածէ ասոնց մասին։ Այսպիսով յստակ կը դառնայ թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը լաւագոյնն է եւ թէ արժանի է որ իրեն սրտանց թիկունք կանգնինք։ Այժմ նկատի առնենք թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ինչ պատճառներ կան հաւատալու, թէ Եհովան միակն է որ տիեզերքի Գերիշխանը ըլլալու իրաւունքը ունի եւ թէ իր իշխելու կերպը լաւագոյնն է։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՇԽԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՈՒՆԻ
3. Եհովան ինչո՞ւ Գերիշխանը ըլլալու իրաւունքը ունի։
3 Եհովան տիեզերքի միակ Գերիշխանն է, քանի որ ամենակարող Աստուածն ու Արարիչն է (Ա. Մն. 29։11. Գործք 4։24)։ Տեսիլքի մը մէջ, Քրիստոսի 144,000 իշխանակիցները ըսին. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։10)։ Որովհետեւ Եհովա՛ն է որ ամէն բան ստեղծեց, ան լման իրաւունք ունի իշխելու բոլորին վրայ, ըլլա՛ն երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ։
4. Ազատ կամքը ինչո՞ւ մեզի իրաւունք չի տար որ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանանք։
4 Սատանան բան մը չէ ստեղծած։ Ասոր համար, ան իրաւունք չունի տիեզերքին վրայ իշխելու։ Ան եւ առաջին մարդկային զոյգը ինքզինքնին բան մը կարծեցին, Եհովային գերիշխանութեան դէմ ըմբոստանալով (Եր. 10։23)։ Անոնց ազատ կամքը իրենց իրաւունք կու տա՞ր որ Եհովային իշխանութիւնը մերժեն։ Ո՛չ։ Ազատ կամքը մէկու մը իրաւունք կու տայ որ որոշումներ առնէ, բայց իրաւունք չի տար որ Ստեղծիչին՝ Եհովային դէմ ըմբոստանայ։ Յստակ է թէ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալը՝ ազատ կամքը սխալ կերպով գործածել է։ Որպէս մարդ, մենք պէտք ունինք Եհովային իշխանութեան եւ առաջնորդութեան։
5. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ որոշումները արդար են։
5 Ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ թէ Եհովան ինչո՛ւ իրաւունք ունի իշխելու։ Ան վերջին ծայր արդար կերպով կը գործածէ իր հեղինակութիւնը։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ» (Եր. 9։24)։ Եհովան մարդկային օրէնքներու պէտք չունի, որպէսզի իրեն օգնեն որոշելու թէ ի՛նչը արդար է։ Ընդհակառակը, ի՛նքն է որ արդարութեան չափանիշը կը դնէ։ Եւ Եհովան իր կատարեալ արդարութեան հիման վրայ օրէնքներ տուաւ մարդոց։ ‘Արդարութիւնը ու իրաւունքը իր աթոռին հիմն են’. ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ որ իր բոլոր օրէնքները, սկզբունքները եւ որոշումները արդար են (Սաղ. 89։14. 119։128)։ Անդին, Սատանան չէ կրցած արդարութիւն բերել աշխարհին, հակառակ որ ամբաստանած է թէ Աստուած արդար չէ։
6. Պատճառներէն մէկը ի՞նչ է թէ ինչո՛ւ Եհովան իրաւունք ունի որ երկրին վրայ իշխէ։
6 Ասկէ զատ, Եհովան իշխելու իրաւունք ունի, քանի որ պէտք եղած գիտութիւնն ու իմաստութիւնը ունի որ տիեզերքին հոգ տանի։ Օրինակ, ան իր Որդիին կարողութիւն տուաւ որ բժշկէ այնպիսի հիւանդութիւններ, որ բժիշկները չէին կրնար բժշկել (Մատ. 4։23, 24. Մար. 5։25-29)։ Ասոնք Եհովային համար հրաշքներ չէին. ան գիտէ թէ մարմինը ինչպէ՛ս կ’աշխատի եւ կրնայ եղած վնասները ջնջել։ Ան նաեւ կրնայ մեռնողներուն յարութիւն տալ եւ բնական աղէտները արգիլել։
7. Եհովան ինչպէ՞ս շատ աւելի իմաստուն է քան՝ ոեւէ մէկը Սատանայի աշխարհին մէջ։
7 Սատանային իշխանութեան տակ եղող աշխարհը չի կրնար խաղաղութիւն բերել, ըլլա՛յ որոշ երկրի մը մէջ կամ երկիրներու միջեւ։ Միայն Եհովան ունի պէտք եղած իմաստութիւնը որ համաշխարհային խաղաղութիւն բերէ (Եսա. 2։3, 4. 54։13)։ Մինչ Եհովային գիտութեան եւ իմաստութեան մասին կը սորվինք, Պօղոս առաքեալին պէս կը զգանք, երբ ըսաւ. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները» (Հռով. 11։33)։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆ Է
8. Ինչպէ՞ս կը զգաս Եհովային իշխելու կերպին նկատմամբ։
8 Սուրբ Գիրքը ոչ միայն կը ցուցնէ թէ Եհովան իշխելու իրաւունքը ունի, հապա նաեւ՝ թէ ան լաւագոյն կերպով կ’իշխէ։ Պատճառներէն մէկն է թէ ան սէրէ մղուած կ’իշխէ։ Իսկապէս, մեր մարմինը փուշ–փուշ կ’ըլլայ երբ մտածենք, թէ ան ինչպէ՛ս «ողորմած ու բարերար [է], երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (Ել. 34։6)։ Աստուած կը պատուէ ու կը յարգէ մեզ։ Ան մեզ կը հոգայ մեր անձէն աւելի։ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները չի զրկեր լաւ բաներէ, ինչպէս որ Սատանան կ’ըսէ։ Ընդհակառակը, Ան նոյնիսկ իր թանկագին Որդին տուաւ, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենանք (կարդա՛ Սաղմոս 84։11. Հռովմայեցիս 8։32)։
9. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան իր ամէն մէկ ծառայով հետաքրքրուած է։
9 Եհովան իր ժողովուրդով հետաքրքրուած է ոչ միայն որպէս խումբ, հապա նաեւ՝ անհատապէս։ Օրինակ, անցեալին՝ երեք դարերու ընթացքին, Եհովան դատաւորներ գործածեց իր ժողովուրդը առաջնորդելու եւ թշնամիներուն ձեռքէն ազատելու համար։ Միեւնոյն ատեն, ան հետաքրքրուած էր իւրաքանչիւր անհատով, ինչպէս՝ Հռութը, որ իսրայէլացի չէր։ Ան շատ զոհողութիւններ ըրած էր որ Եհովան պաշտէր։ Եհովան օրհնեց Հռութը, իրեն տալով ամուսին մը եւ տղայ մը։ Բայց հոս չի վերջանար։ Հռութին տղային սերունդէն եկաւ Մեսիան։ Նաեւ Հռութին կենսագրութիւնը գրուած է Աստուածաշունչի այն գիրքին մէջ, որ իր անունը կը կրէ։ Երեւակայէ թէ Հռութ որքա՜ն պիտի ազդուի երբ յարութիւն առնէ եւ այս բաները գիտնայ (Հթ. 4։13. Մատ. 1։5, 16)։
10. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովային իշխանութիւնը խիստ չէ։
10 Եհովային իշխելու կերպը ճնշող չէ, ոչ ալ խիստ է։ Ընդհակառակը, ան որ իրեն կը հնազանդի՝ ազատութիւն ունի եւ ուրախ է (Բ. Կոր. 3։17)։ Դաւիթ Եհովային մասին ըսաւ. «Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, զօրութիւն եւ ուրախութիւն՝ անոր բնակութեանը մէջ» (Ա. Մն. 16։7, 27)։ Իսկ սաղմոսերգու Եթան գրեց. «Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն ձայնը. ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։ Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան» (Սաղ. 89։15, 16)։
11. Ինչպէ՞ս ա՛լ աւելի կը համոզուինք որ Եհովային գերիշխանութիւնը լաւագոյնն է։
11 Որքա՛ն աւելի խոկանք Եհովային բարութեան վրայ, այնքան աւելի պիտի համոզուինք որ իր իշխանութիւնը լաւագոյնն է։ Պիտի զգանք սաղմոսերգուին պէս, որ ըսաւ. «Քու սրահներուդ մէջ մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է» (Սաղ. 84։10)։ Անշո՛ւշտ որ աղէկ է։ Եհովան մեր Ծրագրողն ու Ստեղծիչն է, եւ գիտէ թէ ուրախ ըլլալու համար ճիշդ ինչի պէտք ունինք, եւ առատաձեռնօրէն կը գոցէ այդ պէտքը։ Ինչ որ ան մեզմէ կը խնդրէ՝ մեր օգտին համար է եւ մեզ վերջին ծայր կ’ուրախացնէ, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ զոհողութիւններ ընենք (կարդա՛ Եսայի 48։17)։
12. Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնելու մեր գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։
12 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութենէն ետք, ոմանք պիտի ըմբոստանան Եհովային գերիշխանութեան դէմ (Յայտ. 20։7)։ Ինչո՞ւ։ Այդ ժամանակ, Սատանան պիտի փորձէ մարդիկը համոզել, որ կրնա՛ն յաւիտեան ապրիլ առանց Եհովային հնազանդելու։ Անշուշտ, ասիկա բնա՛ւ ճիշդ չէ։ Բայց պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Այսպիսի սուտի մը պիտի հաւատա՞մ’։ Եթէ իսկապէս կը սիրենք Եհովան եւ համոզուած ենք որ ան բարի է եւ տիեզերքի իրաւացի Գերիշխանն է, այսպիսի սուտ մը պիտի մերժենք։ Պիտի ուզենք ապրիլ միայն Եհովային սիրալիր գերիշխանութեան տակ։
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
13. Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կը կանգնինք։
13 Ինչպէս որ տեսանք, Եհովան իշխելու իրաւունքը ունի եւ իր իշխելու կերպը լաւագոյնն է։ Խօսք չ’ուզեր որ ան արժանի է որ սրտանց թիկունք կանգնինք իր գերիշխանութեան, իրեն հաւատարիմ ըլլալով եւ իրեն նմանելով։ Երբ իրեն պէս վարուինք, կը ցուցնենք թէ իր իշխելու կերպը կը սիրենք եւ ատոր թիկունք կը կանգնինք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։1, 2)։
14. Ընտանիքի գլուխը եւ երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային նմանիլ։
14 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Եհովան միշտ սիրալիր կերպով կը գործածէ իր ուժը։ Ընտանիքի գլուխը եւ երէցները, որոնք Եհովային գերիշխանութիւնը կը սիրեն, կ’ուզեն իրեն նմանելով պահանջկոտ չըլլալ եւ անձնական պզտիկ ‘գերիշխանութիւն մը’ չհիմնել։ Պօղոս առաքեալ շատ ջանք թափեց որ Աստուծոյ եւ իր Որդիին նմանի (Ա. Կոր. 11։1)։ Ան չփորձեց ուրիշները սեւերես հանել կամ ստիպել որ ճիշդը ընեն։ Ընդհակառակը, ան աղաչեց անոնց, այսինքն՝ ազնուութեամբ մղեց որ ճիշդը ընեն (Հռով. 12։1. Եփ. 4։1. Փլմ. 8-10)։ Եհովան այսպէ՛ս կը վարուի։ Ուրեմն մենք ալ այդպէս պէտք է վարուինք, եթէ կը սիրենք ու թիկունք կը կանգնինք Եհովայի գերիշխանութեան։
15. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կը ցուցնենք թէ Եհովային իշխելու կերպին թիկունք կը կանգնինք։
15 Նաեւ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կը կանգնինք, երբ կը համագործակցինք անոնց հետ՝ որոնց Եհովան հեղինակութիւն տուած է։ Կ’ուզենք համագործակցիլ որպէսզի Եհովային ուզած կերպով ըլլայ ամէն ինչ, նոյնիսկ եթէ լման չենք հասկնար կամ չենք համաձայնիր որոշումի մը հետ։ Աշխարհը ասանկ չի վարուիր, բայց Եհովային իշխանութեան տակ կեանքի կերպը ասանկ է (Եփ. 5։22, 23. 6։1-3. Եբ. 13։17)։ Երբ այսպէս վարուինք՝ կ’օգտուինք, քանի որ Աստուած մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ։
16. Մեր առած որոշումները ինչպէ՞ս կը ցուցնեն թէ Աստուծոյ գերիշխանութեան թիկունք կը կանգնինք։
16 Նաեւ կրնանք մեր առած որոշումներով թիկունք կանգնիլ Աստուծոյ գերիշխանութեան։ Եհովան չ’ըսեր ամէն մէկ պարագայի ինչ պէտք է ընենք, հապա՝ մեզի կը յայտնէ իր մտածելակերպը։ Օրինակ՝ Եհովան ցանկ մը չի տար թէ ի՛նչ կրնանք հագուիլ եւ ինչ ո՛չ։ Ան կ’ուզէ որ մենք այնպէս մը հագուինք եւ յարդարուինք, որ պատշաճ երեւինք որպէս իր Վկաները (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ մտածենք թէ մեր որոշումները ինչպէ՛ս կ’ազդեն ուրիշներուն (Ա. Կոր. 10։31-33)։ Երբ մեր որոշումները առնենք Եհովային մտածելակերպին հիման վրայ, եւ ոչ թէ մեր նախընտրութիւններուն համաձայն, կը ցուցնենք թէ իր իշխելու կերպը կը սիրենք եւ ատոր թիկունք կը կանգնինք։
Որոշումներ առնելու ատեն եւ ընտանեկան գործունէութիւններուն մէջ թիկունք կանգնէ Աստուծոյ գերիշխանութեան (տե՛ս պարբերութիւն 16-18)
17, 18. Ամուսնացած զոյգերը ի՞նչ կերպերով կրնան ցուցնել թէ թիկունք կը կանգնին Եհովային գերիշխանութեան։
17 Նկատի առ կերպ մը, որով ամուսնացած զոյգերը կրնան թիկունք կանգնիլ Եհովային գերիշխանութեան։ Երբ ամուսնութիւնը իրենց ակնկալածէն աւելի դժուար ըլլայ եւ նոյնիսկ յուսախաբ ընէ, անոնք կրնան խոկալ թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ իսրայէլ ազգին հետ։ Ան ինքզինք նկարագրեց որպէս իր ժողովուրդին ամուսինը (Եսա. 54։5. 62։4)։ Ատիկա ի՜նչ դժուար «ամուսնութիւն» մըն էր։ Բայց Եհովան շուտով ձեռքերը չլուաց անոնցմէ։ Ան կրկին անգամ իրենց կը ներէր եւ իր խոստումները կը կատարէր (կարդա՛ Սաղմոս 106։43-45)։ Ի՜նչ հաւատարիմ սէր ունի Եհովան։
18 Այն ամուսնացած զոյգերը որ Եհովան կը սիրեն, կը փորձեն իրեն պէս վարուիլ։ Անոնք չեն փորձեր առանց աստուածաշնչական պատճառի վերջ դնել իրենց ամուսնութեան, նոյնիսկ եթէ խնդիրներ ունենան։ Անոնք կը գիտակցին թէ Եհովային քով ամուսնութեան ուխտը լուրջ է, եւ ան կ’ուզէ որ ամուսինն ու կինը իրարու հետ մնան։ Սեռային անբարոյութիւնը միակ սուրբգրային պատճառն է, որ մէկը ամուսնալուծուի եւ նորէն ամուսնանայ (Մատ. 19։5, 6, 9)։ Երբ քրիստոնեաները իրենց ամէն կարելին կ’ընեն որ իրենց ամուսնութիւնը յաջողցնեն, Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կը կանգնին։
19. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ սխալներ գործենք։
19 Բոլորս անկատար ենք եւ ատեններ Եհովան յուսախաբ կ’ընենք։ Ան ասիկա գիտէ եւ Քրիստոսը զոհած է մեզի համար։ Այս պատճառով, երբ սխալ մը ընենք, պէտք է Եհովայէն ներում խնդրենք (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Փոխանակ շարունակ խղճահար ըլլալու, պէտք է ջանանք մեր սխալէն սորվիլ։ Եթէ Եհովային մօտիկ մնանք, մեզի պիտի ներէ եւ մեր վէրքը գոցէ, եւ օգնէ որ ապագային նման կացութիւններ յաջողութեամբ դիմագրաւենք (Սաղ. 103։3)։
20. Ինչո՞ւ պէտք է հիմա թիկունք կանգնինք Եհովային գերիշխանութեան։
20 Նոր աշխարհին մէջ, բոլորը Եհովային գերիշխանութեան տակ պիտի ըլլան եւ իր արդար ճամբաները սորվին (Եսա. 11։9)։ Բայց նոյնիսկ հիմա կրնանք սորվիլ իր մտածելակերպը եւ թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ վարուինք։ Մօտ ատենէն, այլեւս ո՛չ մէկը պիտի կասկածի, թէ Եհովան իշխելու իրաւունքը ունի։ Ուրեմն հի՛մա ժամանակն է որ Եհովային գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք՝ իրեն հնազանդելով, հաւատարմօրէն իրեն ծառայելով եւ մեր լաւագոյնը ընելով որ ամէն ինչի մէջ իրեն նմանինք։