Կրնա՞ս արտաքին երեւոյթէն չդատել
ՔԱՆԱՏԱՅԻ մէջ, Տան անունով Եհովայի վկայ մը մասնաւոր ջանք կ’ընէ, որ փողոցները ապրող մարդոց քարոզէ։ Ան կը պատմէ անոնցմէ մէկուն մասին. «Կար Փիթըր անունով անտուն մէկը, որ փողոցին մէջ իմ տեսած ամէնէն աղտոտ անձերէն մէկն էր։ Ան շատ գանելի էր եւ ո՛չ մէկը կը մօտենար իրեն։ Ան միշտ կը մերժէր որ մէկը իրեն ձեռք տար»։ Բայց աւելի քան 14 տարի, Տան համբերութեամբ փորձեց ազնիւ ըլլալ այս անտուն մարդուն հանդէպ։
Օր մը, Փիթըր հարցուց Տանին. «Ինչո՞ւ խելքդ վրաս կ’աշխատցնես։ Միւսները բոլորը չեն մօտենար քովս։ Ինչո՞ւ ինձմով հետաքրքրուած ես»։ Տան փափկանկատութեամբ գործածեց երեք համար, որպէսզի Փիթըրին սրտին հասնի։ Առաջին, ան Փիթըրին հարցուց որ արդեօք գիտէ՞ր թէ Աստուած անուն մը ունի, եւ անկէ խնդրեց որ ուղղակի Սուրբ Գիրքէն կարդայ զայն Սաղմոս 83։18–ին մէջ։ Ետքը, ան խնդրեց որ կարդայ Հռովմայեցիս 10։13, 14–ը, որպէսզի իրեն ցուցնէ թէ ինչո՛ւ իրմով հետաքրքրուած է։ Համարը կը բացատրէ թէ «ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Ի վերջոյ, Տան կարդաց Մատթէոս 9։36–ը եւ ետքը Փիթըրէն խնդրեց, որ անձամբ զայն կարդայ։ Համարը կ’ըսէ. «[Յիսուս] ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ Կարդալէն ետք, Փիթըր արցունքոտ աչքերով հարցուց. «Ես այս ոչխարներէն մէ՞կն եմ»։
Փիթըր սկսաւ փոխուիլ։ Ան լոգցաւ, իր մօրուքը կոկիկ ձեւով կտրեց եւ Տանին տուած հագուստները հագաւ։ Ան շարունակեց մաքուր մնալ։
Փիթըր օրուան ընթացքին իրեն հետ պատահած բաները գրելու սովորութիւնը ունէր։ Իր տետրակին սկիզբի մասը տխուր ու տրտում էր, բայց վերջաւորութեան իր գրածները տարբեր էին։ Օրինակ, ան գրած էր. «Այսօր Աստուծոյ անունը սորվեցայ։ Այլեւս երբոր աղօթեմ, կրնամ Եհովային աղօթել։ Ասիկա հոյակապ է։ Տան կ’ըսէ թէ Եհովան կրնայ իմ Բարեկամս ըլլալ, եւ միշտ ժամանակ ունի որ ինծի մտիկ ընէ, ինչ ալ ըլլայ պարագան»։
Փիթըրին վերջին գրածները ուղղուած էին իր քրոջ եւ եղբօր։ Ան գրեց.
«Այսօր լաւ չեմ զգար։ Կարծեմ այլեւս տարիքս առի։ Բայց նոյնիսկ եթէ ասիկա իմ վերջին օրս է, ես գիտեմ որ ընկերս [Տանը] նորէն պիտի տեսնեմ Դրախտին մէջ։ Եթէ այս տողերը կը կարդաք, ուրեմն ես մահացած եմ։ Բայց եթէ թաղումիս տեսնէք մարդ մը եւ զարմանաք որ ան հոն ի՛նչ կ’ընէ, իրեն հետ խօսեցէք, եւ հաճեցէք այս պզտիկ կապոյտ գիրքը կարդալa։ Հոն գրուած է որ ընկերս նորէն պիտի տեսնեմ Դրախտին մէջ։ Լման սրտովս կը հաւատամ ասոր։ Ձեր սիրելի եղբայրը՝ Փիթըր»։
Թաղումէն ետք, Փիթըրին քոյրը՝ Եումի բացատրեց. «Շուրջ երկու տարի առաջ, Փիթըր հետս կապ պահեց։ Ան այսքան ուրախ չէր եղած երկար տարիներէ ի վեր։ Ան նոյնիսկ ժպտաց»։ Եումի Տանին ըսաւ. «Պիտի կարդամ գիրքը, քանի որ այն բանը որ եղբօրս սրտին հասաւ, յատուկ ըլլալու է»։ Եումի նաեւ ընդունեց Եհովայի վկայի մը հետ սերտել աւելի նոր գիրքը՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։
Մենք ալ կրնանք արտաքին երեւոյթէն չդատել, սրտանց սէր ցուցնել եւ համբերող ըլլալ ամէն տեսակ մարդոց հետ (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, կրնանք ազդել մարդոց, որոնք թերեւս Փիթըրին պէս աչքի հաճելի չեն՝ բայց բարի սիրտ ունին։ Վստահ ենք թէ Աստուած, որ «սրտին կը նայի», պիտի ձգէ որ ճշմարտութիւնը աճի բարեացակամ մարդոց սրտին մէջ (Ա. Թագ. 16։7. Յովհ. 6։44)։
a Ան կ’ակնարկէր Սուրբ Գիրքը սերտելու գիրքին՝ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, որ տարիներ առաջ ստացած էր։ Ատիկա հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ, բայց այժմ սպառած է։