Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/94 էջ 1
  • Առատութիւնով Կը Սերմանէ՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Առատութիւնով Կը Սերմանէ՞ք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Առատութիւնով Սերմանելը Ճոխ Օրհնութիւններ կը Բերէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՑԱՆԵՆՔ ԲԱՅՑ՝ ԶԱՏՈՐՈՇՈՒՄՈՎ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 6/94 էջ 1

Առատութիւնով Կը Սերմանէ՞ք

1 Անհատ մը ո՛րքան աւելի ջանք թափէ բանի մը համար, ա՛յդքան աւելի արդիւնք ձեռք կը ձգէ։ Ասիկա մասնաւորաբար շիտակ է մեր պաշտամունքին մէջ։ Ո՛րքան աւելի ժամանակ ու ջանք տրամադրենք ժողովներուն պատրաստուելու, Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու եւ մեր եղբայրներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու, ա՛յդքան աւելի հոգեւոր աճում պիտի շահինք։ Հակառակը նաեւ շիտակ է։ Եթէ անձնախնայ կերպով կամ կէս սրտով կը գործենք, կրնա՞նք գոհացուցիչ արդիւնքներ իսկապէս ակնկալել։

2 Պօղոս առաքեալ սկզբունքը լաւ կերպով ցոյց տուաւ Բ. Կորնթացիս 9։6–ին մէջ. «Ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ»։ Առատութիւնով կը սերմանէ՞ք։

3 Աստուածաշունչի Անձնական Ուսումնասիրութիւն. Որպէսզի պտղաբեր ծառաներ ըլլանք, նախ պէտք է որ առատութիւնով սերմանենք մեր անձնական ուսումնասիրութեան առնչութեամբ։ Պէտք է հոգեւոր սուր ախորժակ ունենանք։ (Սաղմ. 119։97, 105. Մատթ. 5։3) Առօրեայ կեանքին մէջ մեր վրայ ճնշող շատ մը պարտականութիւններ ունենալով, ծրագրուած ջանք կը պահանջէ որ խոր գիտակցութիւն զարգացնենք մեր հոգեւոր կարիքներուն հանդէպ։ Մեր մեծամասնութեան համար, ասիկա կը պահանջէ ‘ժամանակը ծախու առնել’։ (Եփ. 5։16) Ոմանք կը կարգադրեն որ որոշ օրերուն աւելի կանուխ արթննան, որպէսզի անձնական ուսումնասիրութիւնը ընեն։ Ուրիշներ կարգ մը երեկոներ յատկացուցած են այդ նպատակին համար։ Ի՞նչ կերպով առատութեամբ կը հնձենք։ Ձեռք կը ձգենք աւելի զօրաւոր հաւատք, աւելի փայլուն յոյս եւ աւելի ուրախ ու դրական մտավիճակ։—Հռովմ. 10։17. 15։4. Ա. Պետ. 1։13

4 Ժողովներ. Սաղմոս 122։1–ին մէջ, Դաւիթ ըսաւ. «Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. ‘Տէրոջը տունը երթանք’»։ Նոյն բանը կը զգա՞ք։ Առատութեամբ սերմանելը կը նշանակէ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ մեր շաբաթական հինգ ժողովերուն։ Թող ձեր որոշումը ըլլայ թոյլ չտալ աննպաստ օդի վիճակին որ արգելք հանդիսանայ։ Սովորաբար, ո՛րքան աւելի խոչընդոտներ կը յաղթահարենք, ա՛յդքան աւելի շատ կ’ըլլան մեր օրհնութիւնները։

5 Կանուխ եկէք ու ետքը ուշ ատեն մնացէք, որպէսզի մասնակցիք կերտիչ խօսակցութեան ձեր եղբայրներուն հետ։ Ձեր ընկերակցութիւնները ընդլայնցուցէք պարփակելու համար տարբեր անհատներ որքան որ կրնաք։ Լաւ կերպով նախապատրաստուեցէք Դիտարանի Ուսումնասիրութեան եւ միւս ժողովներուն համար, այնպէս որ կարենաք առատութեամբ սերմանել, մեկնաբանելով երբ պատեհութիւն կ’ունենաք։ Ժողովներուն ուրիշները ‘ոռոգելով’, դուք ալ պիտի ‘ոռոգուիք’։—Առ. 11։25

6 Դաշտի Ծառայութիւն. Առատութեամբ սերմանելու սկզբունքը թերեւս ամենէն շատ ճշմարիտ է դաշտի ծառայութեան նկատմամբ։ Ո՛րքան աւելի ժամանակ տրամադրենք անոր, հաւանաբար ա՛յդքան աւելի պիտի հնձենք հետաքրքրական փորձառութիւններ, պտղաբեր վերայցելութիւններ եւ արդիւնաբեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։

7 Դաշտի ծառայութեան մէջ առատութեամբ սերմանելը կը պարփակէ որակը ինչպէս նաեւ քանակը։ Մեր ծառայութեան որակը բարելաւելու ընտիր օժանդակութիւն մըն է Պատճառաբանել գիրքը։ 9-15–րդ էջերը կը ներկայացնեն 18 նիւթեր ծածկող 40 բացումներ, օգնելու համար որ հետաքրքրութիւն շարժենք դռներու առջեւ։ Եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, վստահ եղէք զայն նոթագրելու որպէսզի կարենաք վերադառնալ ու ձեր սերմանելու արդիւնքը քաղել։ Կը յուսանք որ ձեր ջանքերը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը պիտի առաջնորդեն եւ պիտի կարենաք ուրիշի մը սորվեցնել թէ ինչպէս առատութեամբ սերմանէ։

8 Եթէ առատութեամբ սերմանենք, կրնանք աւելի մեծ օրհնութիւններ ակնկալել Եհովայէ։—Մաղ. 3։10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել