Առատութիւնով Սերմանելը Ճոխ Օրհնութիւններ կը Բերէ
1 Բոլորս ալ ակնկառոյց կը սպասենք Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող հոյակապ խոստումներուն կատարման։ Նոյնիսկ հիմա, Եհովա բազմաթիւ օրհնութիւններ մատչելի կը դարձնէ, որոնք մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնեն։ Սակայն, անձնապէս օգտուիլը մեծաւ մասամբ կախեալ է մեր թափած ջանքէն։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ»։ (Բ. Կորն. 9։6) Նկատի առէք երկու մարզեր, ուր այս սկզբունքը կը կիրարկուի։
2 Մեր Անձնական Ծառայութիւնը. Բարի լուրը մարդոց հետ բաժնելը, երբ կարող ենք անոնց վկայութիւն մը տալ, բազմաթիւ վարձատրութիւններ կը բերէ։ (Առ. 3։27, 28) Գովելի է որ շատեր առատութիւնով կը սերմանեն, ծառայութեան մէջ իրենց բաժինը աւելցնելով, ի ներառեալ օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալով։ Բոլորս ալ կրնանք առատութիւնով սերմանել, խղճմտօրէն վերադառնալով մշակելու համար գտնուած ամէն հետաքրքրութիւն եւ առաջարկելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, երբոր պատեհութիւնը ներկայանայ։ (Հռովմ. 12։11) Այս կերպերով ջանք թափելը, շինիչ փորձառութիւններ եւ մեր ծառայութեան մէջ յաւելեալ ուրախութիւն յառաջ կը բերէ։
3 Թագաւորութեան Շահերուն Թիկունք Կանգնիլ. Պօղոս ‘առատութիւնով սերմանելու’ իր խօսքը ըսաւ նիւթապէս տալու առնչութեամբ։ (Բ. Կորն. 9։6, 7, 11, 13) Ներկայիս, շատ բան կրնանք ընել Թագաւորութեան շահերուն ֆիզիքական ու նիւթական կերպով նեցուկ կանգնելու համար։ Կրնանք Թագաւորութեան Սրահներու եւ Համաժողովի Սրահներու շինարարութեան աջակցիլ։ Նաեւ կրնանք մենք մեզ մատչելի դարձնել, ճշմարիտ պաշտամունքի այս կեդրոնները մաքրելու եւ պահպանելու մէջ բաժին բերելու համար։ Ասկէ զատ, կրնանք նիւթապէս թիկունք կանգնիլ տեղական ժողովքի ծախսերուն, ինչպէս նաեւ՝ Թագաւորութեան աշխարհածաւալ քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ Մինչ բոլորս ալ մեր բաժինը կը կատարենք, որքա՜ն կ’ուրախանանք տեսնելով Եհովայի ճոխ օրհնութիւնը այս աստուածատուր գործին վրայ։—Մաղ. 3։10. Ղուկ. 6։38
4 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ ‘բարիք գործենք, բարի գործերով հարստանանք, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլանք’։ Մինչ այդ յորդորին կ’անսանք, հիմա իսկ ճոխ օրհնութիւններ կը վայելենք։ Միեւնոյն ատեն, ‘հանդերձեալին համար մեր անձին բարի հիմ կը դնենք, որպէս զի ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգենք’։—Ա. Տիմ. 6։18, 19