Մէկ Օրուայ Մասնաւոր Համաժողովին Նոր Յայտագիրը
1 Մեր մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը որ Սեպտեմբերին պիտի սկսի, ցցուն պիտի ընէ սա բնաբանը. «Շարունակենք Ճշմարտութեան Վկայել»։ Ամբողջ յայտագիրը պիտի կեդրոնանայ Յիսուսին հանդիսացած օրինակին վրայ եւ թէ ինչպէ՛ս ամէն առիթ օգտագործեց ուրիշներու հետ ճշմարտութիւնը բաժնելու։ Ան պիտի շեշտէ մեր պատասխանատուութիւնը որպէս Քրիստոսին աշակերտներ զինք ընդօրինակելու ճշմարտութեան վկայելուն առնչութեամբ։—Ա. Կորն. 11։1
2 Նկատի պիտի առնուի այն դերը զոր ժողովքը կը խաղայ ճշմարտութիւնը յառաջ մղելու։ Մեր պարբերաթերթերը եւ միւս գրականութիւնները օգտագործելը նաեւ պիտի շեշտուի։
3 Այցելու դասախօսին կողմէ տրուած գլխաւոր դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Ճշմարտութեան Վկայելը—Ինչ որ կ’Իրագործէ»։ (Յովհ. 8։32) Մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը վստահաբար պիտի խորացնէ մեր գնահատանքը ճշմարտութեան հանդէպ եւ մեր բոլորին պիտի օգնէ որ հաստատ մնանք եւ ‘հաստատուինք ճշմարտութեան վրայ’։—Բ. Պետ. 1։12. Ա. Կորն. 15։58