Առաջ Խնդրենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ Ամէն Ատեն Օրհնութեան Պատարագ Մատուցանելով
1 Անոնք որոնք առաջ կը խնդրեն Թագաւորութիւնը, միշտ ուշադիր են Եհովայի մասին խօսելու ու իր Թագաւորութեան մասին պատմելու։ (Սաղմ. 145։11-13) Ամէն օր պատեհութիւններ կան անոր անունը օրհնելու եւ բարի լուրին մասին խօսելու։ (Սաղմ. 96։2) Եհովան փառաբանելը հաճոյք մըն էր սաղմոսերգուին որ ըսաւ. «Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք»։ (Սաղմ. 44։8) Եթէ նոյն կերպով կը զգանք, նախանձախնդիր պիտի ըլլանք կանոնաւորաբար բաժին բերելու Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ։
2 Եհովա չէ հաստատած մասնայատուկ պահանջներ թէ ո՛րքան ժամանակ յատկացնելու ենք ծառայութեան, այլ մեզ կը քաջալերէ որ «ամէն ատեն» զինք փառաբանենք։ (Եբր. 13։15) Եթէ մեր անձնական պարագաները կը ներեն, պէտք է մեր նպատակակէտը ընենք որոշ ժամանակ յատկացնել ամէն շաբաթ Եհովան փառաբանելու։ Անոնք որոնք արդէն ասիկա կ’ընեն, թերեւս կրնան իրենց գործերը կարգի դնել որպէսզի ժամանակ առ ժամանակ կամ նոյնիսկ կանոնաւորաբար օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցին։ Ոմանք որոնք կը վայելեն օժանդակ ռահվիրայութեան ծառայութիւնը, թերեւս կրնան ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ։
3 Մեր անձնական պարագաները ինչ որ ալ ըլլան, կրնա՞նք մեր օրհնութեան պատարագը աւելցնել։ Գնահատանքը կը խթանէ նախանձախնդրութիւնը։ Աստուծոյ Խօսքին անձնական ուսումնասիրութիւնը կը մշակէ գնահատանքը։ Ժողովքի ժողովները մեզ կը դրդեն որ այդ գնահատանքը գործնական կերպերով արտայայտենք։ Սերտ ընկերակցութիւնը ուրիշ նախանձախնդիր փառաբանողներու հետ կրնայ ‘մեզ մղել սիրոյ եւ բարեգործութեան’։ (Եբր. 10։24) Լիովին օգտագործելով ժողովքին ըրած հայթայթումները, կրնանք մեր օրհնութեան պատարագը աւելցնել։
4 Աննա մարգարէուհին լաւ օրինակ մը կը հանդիսանայ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Թէեւ 84 տարեկան էր, ան «տաճարէն չէր զատուեր, հապա . . . Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ»։ (Ղուկ. 2։37) Անոր սրտանց մասնակցիլը ժողովքային գործունէութիւններուն իրեն անձնական մեծ գոհունակութիւն բերաւ։ Անոր հաւատարիմ ծառայութեան Սուրբ Գրային արձանագրութիւնը մեզ կը քաջալերէ այսօր։
5 Պօղոս յանձնարարեց որ անոնք որոնք «զօրաւոր [են], պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնե[ն]»։ (Հռովմ. 15։1) Հաւանաբար ձեր ժողովքին մէջ ոմանք կրնան օգտուիլ ձեր ազնիւ օժանդակութենէն եւ քաջալերանքէն։ Զիրենք հրաւիրելը որ ձեր հետ ընկերանան ծառայութեան մէջ, կրնայ ճիշդ պէտք եղածը ըլլալ։ Հրատարակիչ մը թերեւս կարիքը ունի փոխադրութեան միջոցի մը կամ անհատի մը՝ որու հետ աշխատի։ Ուրիշ մը կրնայ վհատութեան խնդիրը ունենալ, եւ թերեւս դուք էք այն անհատը որ կրնայ պէտք եղած կերտիչ աջակցութիւնը հայթայթել, Թագաւորութեան ծառայութեան հանդէպ անձին նախանձախնդրութիւնը վերակենդանացնելու։ (Ա. Թես. 5։14) Ձեր կամեցողութիւնը «սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ» ըլլալու, կ’ապացուցանէ ձեր սրտագին փափաքը որ աւելցնէք Եհովայի անուան փառաբանութիւնը։—Հռովմ. 12։13
6 Անկարելի է որ թուենք բոլոր բաները զորս Եհովա մեզի համար արդէն ըրած է եւ տակաւին պիտի ընէ։ Ո՛չ մէկ կերպով կրնանք իրեն հատուցանել այս օրհնութիւններուն փոխարէն։ Ի՜նչ մղիչ պատճառներ կան որ «ամէն շունչ ունեցող . . . Տէրը օրհնէ»։—Սաղմ. 150։6