Ժամանակները Փոխուած Են
1 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ «այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի»։ (Ա. Կորն. 7։31, ՆԱ) Ասիկա որքա՜ն ճշմարիտ է ներկայիս։ Նոյնիսկ մեր կեանքի տեւողութեան, մարդկային ընկերութեան ամէն մակարդակի մարդոց մտածելակերպին ու վարմունքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ տեսած ենք։ Եթէ կ’ուզենք Թագաւորութեան պատգամը յաջողութեամբ անոնց հասցնել, մեր մօտեցումը փոխուող ժամանակներուն հետ քայլ պէտք է պահէ։ Մենք կը փափաքինք բարի լուրը ներկայացնել այնպիսի կերպով մը որ մարդիկ կը հետաքրքրէ ու անոնց սրտին կը հասնի։
2 Տարիներ առաջ, շատ մը երկիրներու մէջ վկայելու գործունէութիւնը տարբեր էր, քանի որ մեծաւ մասամբ մարդիկ աւելի հանդարտ կեանքեր կը վարէին ու ապահով կը զգային։ Կրօնքը իրենց կեանքին մէջ սրբազան տեղ մը կը գրաւէր։ Աստուածաշունչին հանդէպ մեծ համարում ունէին։ Այդ օրերուն վկայելը յաճախ կը պարփակէր վարդապետական հարցերու նկատմամբ առարկութիւններ հերքել։ Ներկայիս, մարդոց կեանքերը խռովութեան մէջ են։ Կրօնքը ծաղրանքի առարկայ դարձած է։ Քիչեր Աստուածաշունչին կը հաւատան։ Իսկ շատերուն պարագան այն է որ բարեշրջութեան վարկածը Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը քանդած է։
3 Ճամբորդող տեսուչ մը դիտել տուաւ. «Հիմա, մարդոց կեանքին մէջ ա՛յդքան խնդիրներ ու դժուարութիւններ կան որ անոնց պէտք է սորվեցնենք ինչպէս ապրիլ»։ Մարդոց անմիջական հետաքրքրութիւնները բնականօրէն կը դառնան իրենց անձերուն, իրենց ընտանիքներուն ու իրենց մտահոգութիւններուն շուրջ։ Երբ քով քովի հաւաքուին, անոնք այսպիսի նիւթերու մասին շատ աւելի կը խօսակցին։ Մեր ծառայութեան մէջ ասիկա պէտք է ի մտի ունենանք։
4 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ապագայի Համար Միակ Ստոյգ Յոյսն Է. Մարդոց մեծամասնութիւնը մարդկային կառավարութեան վրայ շատ քիչ վստահութիւն ունի։ Անոնք կը զգան որ կարելի չէ իրենց կեանքին ընթացքին աւելի լաւ աշխարհ մը տեսնել։ Սուտ կրօնքը ձախողած է յոյսի որեւէ հիմ հայթայթել անոնց։ Ասոր համար մարդկութեան մեծագոյն կարիքն է Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը լսել։ Թող ցոյց տանք թէ ան ի՛նչպէս մարդկութեան դիմագրաւած բոլոր խնդիրներուն ի վերջոյ լուծում մը պիտի հայթայթէ։
5 Աստուածաշունչը Առաջնորդութեան Միակ Վստահելի Աղբիւրն Է. Մարդկային իմաստութեան ու աշխարհային փիլիսոփայութիւններուն վստահող առաջնորդները մոլորեցուցած են ներկայ ամբոխները։ Մարդիկ տակաւին պէտք է գիտակցին որ «քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմ. 10։23) Անոնց սորված ամենէն արժէքաւոր դասը այն է որ պէտք է ‘իրենց բոլոր սրտովը Տէրոջը ապաւինին եւ իրենց իմաստութեան չվստահին’։ (Առ. 3։5) Թէեւ ժամանակները փոխուած են, սակայն Աստուածաշունչը չէ փոխուած։ Հետեւաբար, մեր ծառայութեան մէջ Աստուծոյ Խօսքը միշտ ուշագրաւ պէտք է դարձնենք, ուրիշներուն սորվեցնելով որ անոր ներշնչուած, աստուածային առաջնորդութիւնը գնահատեն։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Այս նպատակը իրագործելու համար, Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը պէտք է շեշտենք մարդոց, մեր ներկայացումներուն մէջ անոր ակնարկելով, անոնց հարցումներուն պատասխանելու համար զանիկա գործածելով, ինչպէս նաեւ զայն ուսումնասիրելու եւ անոր գործնական իմաստութիւնը կիրարկելու կարիքը ցցուն ընելով։
6 Նոյնիսկ փոխուող ներկայ ժամանակներուն, ծառայութեան մէջ մեր նպատակակէտերը նոյնը կը մնան։ Մենք Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք է քարոզենք, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ վստահութիւն կերտենք եւ ուրիշներուն օգնենք որ մեր հետ Աստուածաշունչը սերտելու կարիքը տեսնեն։ Մեր ըսածը պէտք է յարմարի մեր վկայած անհատներուն ընթացիկ կարիքներուն։ Ասիկա ընելով, կրնանք ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնել ու այսպիսով շատերը շահիլ։—Ա. Կորն. 9։19, 23