Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/96 էջ 1
  • Անոնց Հաւատքը Ընդօրինակենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնց Հաւատքը Ընդօրինակենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի խոստումներուն հաւատա՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • «Մեր հաւատքը աւելցուր»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Հաւատք. մեզ զօրացնող յատկութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաւատք ունենանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 6/96 էջ 1

Անոնց Հաւատքը Ընդօրինակենք

1 Պօղոս առաքեալ հաւատքը սահմանեց որպէս «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն [իրողութիւններուն, ՆԱ] ապացոյց»ը։ Ան աւելցուց որ «առանց հաւատքի անհնար [է] Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։ (Եբր. 11։1, 6) Պօղոս մեզ յորդորեց որ հաւատք գործադրենք, անոր մէջ աճինք ու անոր ետեւէն ըլլանք։—Բ. Կորն. 4։13. Կող. 2։7. Բ. Տիմ. 2։22

2 Աստուածաշունչին մէջ հաւատքի բազմաթիւ ուշագրաւ օրինակներ յիշուած են։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս վկաներու երկար շարք մը կը նշէ, որոնք անխախտ հաւատք ցուցաբերած են։ Այս ցանկին մէջ Աբէլ պարփակուած է, որ իր հաւատքին համար նահատակուող առաջին անհատն էր։ Նոյ յիշուած է, քանի որ իր հաւատքով այն աստուածավախութիւնը ցուցաբերեց, որու կարիքը կար իր ընտանիքը փրկելու համար։ Աբրահամ գովաբանուած է իր հաւատքին ու հնազանդութեան համար։ Մովսէս գովեստի արժանացած է, քանի որ իր հաւատքով շարունակեց հաստատ մնալ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։ Օրինակներու ցանկը այնքան երկար էր որ Պօղոս ըսաւ թէ ժամանակը բաւական չէր որպէսզի բոլորին մասին պատմէր։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք որ կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, անոնց ‘սուրբ վարմունքը ու բարեպաշտութիւնը’ վերաքաղ ընելով։—Բ. Պետ. 3։11

3 Առաջին դարուն, Յիսուս հարց տուաւ. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ (Ղուկ. 18։8) Ուստի, ներկայիս մեր մէջ հաւատքի օրինակներ ունի՞նք։ Կը տեսնե՞նք այրեր ու կիներ, երիտասարդ թէ ծեր, որոնք Եհովայի հանդէպ անխախտ հաւատք կը ցուցաբերեն, ինչպէս որ էր պարագան Աստուածաշունչի ժամանակներուն Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։

4 Հաւատքի Արդի Օրինակներ. Հաւատքի կարկառուն օրինակներ մեր շուրջը կը գտնուին։ Մեր մէջ առաջնորդութիւն առնող տեսուչներուն հաւատքը ընդօրինակուելու արժանի է։ (Եբր. 13։7) Սակայն, հաւատքի մէջ օրինակելի անհատները միայն անոնք չեն։ Իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ հաւատարիմ անհատներ կան, որոնք շատ դժուար պարագաներու ներքեւ երկար տարիներ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայած են։

5 Մենք պէտք է հիանանք մեր հաւատարիմ քոյրերուն վրայ, որոնք երկար տարիներ անհաւատ ամուսիններուն հակառակութեան տոկացած են։ Մէկ–ծնողով ընտանիքներու մէջ, ծնողը ստիպուած է զաւակները առանձին մեծցնելու մարտահրաւէրը դիմագրաւել։ Մեր մէջ տարիքոտ որբեւայրիներ կան, որոնք ժողովքային գործունէութիւններէն երբեք չեն բացակայիր, թէեւ ընտանիքի անդամներ չունին որոնք կրնան իրենց օգնել։ (Բաղդատել Ղուկաս 2։37։) Կը սքանչանանք անոնց հաւատքին վրայ որոնք երկարատեւ առողջապահական խնդիրներու կը տոկան։ Շատեր կը շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել, թէեւ սահմանափակումներ ունին որոնք արգելք կը հանդիսանան որ ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներ իրենց նշանակուին։ Երիտասարդ Վկաներ կան որոնք քաջաբար հաւատք գործադրած են ի հեճուկս դպրոցի մէջ եղած հակառակութեան։ Մեր աստուածապաշտութիւնը աւելի կը զօրանայ մինչ կը տեսնենք հաւատարիմ ռահվիրաներ որոնք, հակառակ անհամար խնդիրներու, տարիէ տարի կը յարատեւեն։ Ճիշդ Պօղոսի նման, ժամանակը չի բաւեր որպէսզի պատմենք այս եղբայրներուն ու քոյրերուն կատարած հաւատքի գործերը եւ Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ ձեռք ձգած բոլոր փորձառութիւնները։

6 Հաւատարիմ անհատներու այս օրինակները մխիթարութիւն ու քաջալերութիւն կու տան մեզի։ (Ա. Թես. 3։7, 8) Լաւ կ’ընենք եթէ անոնց հաւատքը ընդօրինակենք, քանի որ «հաւատարմութիւն ընողները անոր [Եհովայի] հաճելի են»։—Առ. 12։22

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել