Բարի Վարքով Վկայել
1 Այսօրուան թոյլատու ընկերութեան մէջ, պատանիներէն շատեր անհոգութեամբ իրենց կեանքերը կը վատնեն, թմրեցուցիչով, անբարոյականութեամբ, ըմբոստութեամբ եւ բռնութեամբ։ Միւս կողմէ, քրիստոնէական ժողովքին մէջ եղող պատանիներու օրինակելի վարքը նկատելը սրտապնդիչ է եւ վստահաբար Եհովայի աչքին գեղեցիկ բան մըն է։ Անիկա որպէս զօրաւոր վկայութիւն կը ծառայէ, որ կրնայ ուրիշները ճշմարտութեան հրապուրել։—Ա. Պետ. 2։12
2 Բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան թէ Քրիստոնեայ պատանիներու բարի վարքը, դիտողներուն վրայ նպաստաւոր տպաւորութիւն մը ձգած է։ Ուսուցչուհի մը իր Վկայ աշակերտուհիին մասին ամբողջ դասարանին ըսաւ թէ այս աղջկան Աստուածը՝ Եհովան, ճշմարիտ Աստուածն է։ Ան ասիկա ըսաւ, քանի որ այս աղջիկը միշտ յարգալից վարք մը ունի։ Ուրիշ ուսուցիչ մը Ընկերութեան գրեց, ըսելով. «Կը փափաքիմ ձեզ գովաբանել ձեր կրօնքին պատկանող տիպար պատանիներուն համար։ . . . Ձեր պատանիները իրապէս օրինակելի են։ Անոնք իրենցմէ մեծերը կը յարգեն, քաղաքավար են եւ պատշաճօրէն կը հագուին։ Իսկ ի՜նչ լաւ գիտեն իրենց Աստուածաշունչերը։ Կրօնք ըսածդ ա՛յսպէս պէտք է ըլլայ»։
3 Ուրիշ ուսուցչուհի մը իր դասարանին մէջ եօթը տարեկան Վկայի մը ընտիր վարքէն տպաւորուած էր։ Ան հրապուրուած էր տղեկին հեզ ու հաճելի անձնաւորութենէն, միւս տղոց ճիշդ հակառակը։ Ուսուցչուհին տպաւորուած էր իր կրօնական համոզումներուն հանդէպ տղեկին լուրջ կեցուածքէն. ան իր հաւատքին պատճառաւ ուրիշներէն տարբեր ըլլալուն համար չէր ամչնար։ Ուսուցչուհին կը տեսնէր թէ անոր խղճմտանքը մարզուած էր եւ «բարին ու չարը զանազանել»ու կարող էր։ (Եբր. 5։14) Ի վերջոյ, տղուն մայրը ուսուցչուհիին այցելութիւն մը տուաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ անոր հետ։ Ժամանակ մը վերջ ուսուցչուհին մկրտուեցաւ եւ հետագային կանոնաւոր ռահվիրայ մը եղաւ։
4 Երիտասարդ մը իր դպրոցին մէջ եղող Վկայ աղջկայ մը բարի վարքէն ազդուած էր։ Ան իրապէս տարբեր էր՝ շատ քաղաքավար ու ջանադիր եւ միշտ պարկեշտ հագուած։ Իսկ, միւս աղջիկներուն նման ան տղոց հետ բնաւ չէր քծներ։ Երիտասարդը կը տեսնէր թէ այս երիտասարդուհին Աստուածաշունչի սկզբունքներով կ’ապրէր։ Ան Վկային կարգ մը հարցումներ հարցուց իր կրօնական համոզումներուն մասին եւ իր լսածէն տպաւորուեցաւ։ Սկսաւ ուսումնասիրել եւ շատ չանցած մկրտուեցաւ. հետագային ռահվիրայ մը եղաւ եւ Պէթէլի ծառայութեան ալ մասնակցեցաւ։
5 Եթէ պատանի Քրիստոնեայ մըն էք որ կը փափաքիք ուրիշներուն լաւ վկայութիւն մը տալ, ամէն կերպով ձեր վարմունքին ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Ձեր արթնութիւնը բնաւ մի՛ կորսնցնէք, աշխարհի թոյլատու կեցուածքներուն, տեսակէտներուն եւ ապրելակերպին հանդէպ համակրանք մշակելով։ Ձեր խօսակցութեան, հագուելակերպին եւ յարդարանքին մէջ բարձր մակարդակ մը ունեցէք, ոչ միայն երբ դաշտի ծառայութեան եւ ժողովքային հանդիպումներուն կը մասնակցիք, այլեւ դպրոցին մէջ եւ զբօսանքի ժամանակ։ (Ա. Տիմ. 4։12) Ուրախանալու իսկական պատճառ մը պիտի ունենաք, երբ անհատ մը ճշմարտութեամբ հետաքրքրուի, քանի որ ձգեցիք որ ձեր լաւ վարքով ‘ձեր լոյսը լուսաւորէ’։—Մատթ. 5։16