Պարբերաթերթերը կը Կարդա՞ք
1 Ափրիկէէն միսիոնար զոյգ մը հետեւեալը ըսաւ մեր պարբերաթերթերուն մասին. «Դիտարան–ը կ’օգնէ մեզի հոգեւորապէս արթուն մնալու մեր թաղամասին մէջ։ Իւրաքանչիւր համարէն քաջալերութիւն եւ զօրութիւն կը ստանանք»։ Դուք ալ մեր պարբերաթերթերուն հանդէպ միեւնոյն խոր գնահատութիւնը ունի՞ք։ Դուք ալ զանոնք կարդալու անձկալի՞ց էք։
2 Պարբերաթերթի յօդուածներ պատրաստելը բաւական ժամանակ կ’առնէ, մինչ զանոնք կարդալը միայն քանի մը վայրկեան կը տեւէ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, պարբերաթերթը արդեօք միայն պիտի թերթատէիք, պատկերներուն պիտի նայէիք, կամ ալ երբեմն ձեր ուշադրութիւնը գրաւող յօդուած մը պիտի կարդայի՞ք։ Խոհեմութիւն է եթէ անկէ աւելին ընենք։ Մեր պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւր համարին բոլոր յօդուածները կարդալու եւ վերլուծելու ժամանակ պէտք է տրամադրենք։ Դիտարան–ը այժմէական հոգեւոր սնունդ մատակարարող մեր գլխաւոր պարբերաթերթն է։ Զարթի՛ր–ը այլազան նիւթերու շուրջ հետաքրքրական ու տեղեկատու յօդուածներ կը բովանդակէ։ Այս պարբերաթերթերուն նիւթերը ո՛չ միայն մեզ հոգեւորապէս կը զօրացնեն, այլեւ մեզի կ’օգնեն որ ծառայութեան մէջ աւելի ազդու բաժին բերենք։ Հաւատարիմ ընթերցողներ ըլլալով, պարբերաթերթերը խանդավառութեամբ ուրիշներուն պիտի ներկայացնենք։
3 Ընթերցելու Սովորութիւնը Ի՛նչպէս Բարելաւել. Կրնա՞ք պարբերաթերթերը կողքէ–կողք կարդալու համար աւելի ջանք թափել։ Ահաւասիկ շատերու համար գործնական եղող երկու թելադրութիւններ. (1) Ընթերցելու կանոնաւոր յայտագիր հաստատեցէք։ Ամէն օր միայն 10-15 վայրկեան տրամադրելով, պիտի զարմանաք թէ շաբթուան մը ընթացքին որքա՛ն շատ կը կարդաք։ (2) Մեթոտ մը գործածեցէք բնորոշելու համար ձեր կարդացած յօդուածները։ Թերեւս ձեր կարդացած նիւթին սկիզբը նշան մը դնէք։ Եթէ մեթոտ մը չգործածէք, կրնաք կարգ մը յօդուածներ կամ նոյնիսկ պարբերաթերթ մը չկարդալ։ Կարեւոր է որ ընթերցելու գործնական սովորութիւն մը ստեղծէք եւ անոր կառչիք։—Բաղդատել՝ Փիլիպպեցիս 3։16։
4 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» խոհեմօրէն ընդառաջած է փոփոխութեան ենթարկուող ժամանակներուն, հրատարակելով յօդուածներ որոնք մարդոց իսկական կարիքները նկատի կ’առնեն։ (Մատթ. 24։45) Իրապէս, պարբերաթերթերը մեր կեանքերուն վրայ ազդեցութիւն ունեցած են։ Մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը մեծապէս կախեալ է աստուածպետական նիւթեր ընթերցելու մեր սովորութեան որակէն։ Հոգեւոր ճոխ օրհնութիւն վերապահուած է անոնց որոնք բոլոր պարբերաթերթերը կարդալու ժամանակ կը տրամադրեն։