Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/99 էջ 1
  • ‘Նոր Անձնաւորութիւնը Հագնինք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Նոր Անձնաւորութիւնը Հագնինք’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Լոյսի որդիներու պէս քալեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Մկրտուելէ ետք, շարունակէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Կրնա՛ս «հին անձնաւորութիւնը» վրայէդ հանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է»
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 2/99 էջ 1

‘Նոր Անձնաւորութիւնը Հագնինք’

1 Քրիստոնեաները կը գնահատեն որ ճշմարտութիւնը ճանչցած են։ Սորված ենք ինչպէս ապրելու մասին, որպէսզի աշխարհի մարդոց ընթացքէն խուսափինք։ ‘Օտարացած ըլլալով Աստուծոյ կեանքէն’, «անոնց իմացականութիւնը խաւարած է»։ (Եփ. 4։18) Սորված ենք թէ ինչպէս կրնանք մեր աշխարհային մտածելակերպը փոխել, հին անձնաւորութիւնը հանելով եւ նորը հագուելով։—Եփ. 4։22-24, ՆԱ։

2 Հին անձնաւորութիւնը յարատեւաբար անկումի՝ բարոյական նուաստացումի կ’առաջնորդէ, որու արդիւնքը կ’ըլլայ անառակութիւն եւ մահ։ Ուստի, Թագաւորութեան պատգամին անսացող ամէն անհատէ, անկեղծօրէն կը խնդրենք՝ որ մէկդի դնէ ամէն բարկութիւն, սրտմտութիւն, չարութիւն, հայհոյութիւն եւ անհամեստ խօսքերը։ Աստուծոյ հաճութեան արժանանալ ցանկացող ամէն անհատ, պէտք է ամբողջովին եւ վճռականօրէն իր վրայէն հանէ հին անձնաւորութիւնը, աղտոտ հագուստի մը նման։—Կող. 3։8, 9, ՆԱ։

3 Միտքը Դրդող Նոր Ոյժ մը. Նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ կը պարփակէ մեր միտքերը դրդող ոյժով նորոգուիլ։ (Եփ. 4։23) Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ ոյժը կամ մտային հակումը նորոգել, որպէսզի շիտակ ուղղութեան յարի։ Ասիկա կ’ըլլայ կանոնաւորաբար եւ ջանադրութեամբ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով եւ անոր իմաստին մասին խոկալով։ Ապա, նոր մտածելակերպ մը զարգացնելով, անհատը հարցերը կը տեսնէ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի տեսանկիւնէն։ Անհատի մը կեանքը կը փոխուի, երբ սկսի հագնիլ քրիստոնէավայել յատկութիւններ, ինչպէս՝ ողորմութիւնը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը եւ սէրը։—Կող. 3։10, 12-14

4 Նոր անձնաւորութիւնը հագած ըլլալով, մենք մեզ աշխարհէն կ’անջատենք։ Մեր կենցաղով ուրիշներէ կը տարբերուինք։ Ճշմարտութիւնը կը խօսինք եւ մաքուր լեզու մը գործածելով ուրիշները կը կերտենք։ Մեր զայրոյթը, դառնութիւնը, բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, աղաղակը, հայհոյութիւնը ու ամէն չարութիւնը կը զսպենք եւ զանոնք կը փոխարինենք արդար, աստուածային յատկութիւններով։ Մեզմէ սովորաբար պահանջուածէն աւելի ներող կ’ըլլանք։ Այս բոլորը պատրաստակամութեամբ եւ սրտանց կ’ըլլան։—Եփ. 4։25-32

5 Երբեք մի՛ հանէք նոր անձնաւորութիւնը։ Առանց անոր՝ չենք կրնար Եհովայի ծառայել ընդունելի կերպով։ Թոյլ տուէք որ անով մարդիկ ճշմարտութեան յարին եւ Եհովան փառաբանուի, որպէս մեր սքանչելի նոր անձնաւորութեան ստեղծիչը։—Եփ. 4։24

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել