Ծառայութեան Ժողովներ Փետրուար Ամսուան Համար
Փետրուար 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Յիշեցուցէք որ բոլորն ալ Յունուար ամսուան իրենց տեղեկագիրները ներկայացնեն։
17 վյրկ. «Ընտանիք Գիրքը Ներկայացուցէք Ամէն Տարիքի Մարդոց»։ Երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներու հետ։ Շեշտեցէք որ նպատակակէտ ունենան ուրիշներուն ուշադրութեան յանձնել թէ ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւելուն մէջ է։ (Տես՝ Ընտանիք էջ 9-12։) Ցուցադրեցէք թելադրուած ներկայացումներէն մէկը։ Ցոյց տուէք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը ի՛նչպէս յիշելու եւ վերայցելութիւն մը ի՛նչպէս բծախնդրութեամբ ծրագրելու կերպը։
18 վյրկ. «‘Նոր Անձնաւորութիւնը Հագնինք’»։ Դասախօսութիւն, վերլուծելով Եփեսացիս 4։20-24–ը։ (Տես՝ Դիտարան 1 Յունիս 1993, էջ 13-17, պարբերութիւն 4-17։) Բացատրեցէք թէ հին անձնաւորութիւնը մէկդի դնելը եւ նորը հագնիլը ի՛նչպէս կ’ընենք։
Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 143
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Մեր Մեծ Ստեղծիչը Հոգածու Է Մեզի Հանդէպ»։ Հարց պատասխանով։ Բացատրեցէք որ Ստեղծիչ գիրքը ի՛նչպէս կրնայ գործածուիլ, օգնելու համար անոնց, որոնք Աստուծոյ գոյութեան կը կասկածին կամ անոր գոյութիւնը կ’ուրանան։ Թէեւ այս գիրքը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար չէ, սակայն որպէս ազդու գործիք մը կրնայ ծառայել, մարդոց մղելով որ Աստուածաշունչի բոլոր ըսածները քննեն։ (Տես՝ Ստեղծիչ գրքին էջ 189-191։) Հրատարակիչները հրաւիրեցէք որ այս գրքին մասին իրենց անհատական զգացումները արտայայտեն եւ եթէ զայն ուրիշներուն տեղաւորելու փորձառութիւնը ունեցան, անոր մասին խօսին։
Երգեցողութիւն թիւ 77 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
18 վյրկ. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը Արձանագրուելով Ի՞նչ Օգուտներ կը Քաղենք։ Ներկաներուն հետ հարցազրոյց՝ դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Դպրոցին միակ նպատակը հանրապէս խօսելու համար մարզում տալ չէ։ Ուրիշ կերպերով ալ ուղղակիօրէն օգուտներ կը քաղենք։ (Տես՝ Դպրոցի Ուղեգիրք էջ 12-13։) Կը սորվինք ուրիշներու հետ աւելի լաւ կերպով հաղորդակցիլ։ Կը սորվինք յստակ, հաւասարակշռուած եւ ինքնավստահ կերպով խօսիլ։ Մեր հաւատալիքներուն մասին եղած հարցումներուն պատասխանելու եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր որոշումները բացատրելու մէջ աւելի հմուտ կը դառնանք։ Աստուածաշունչի մասին մեր ունեցած գիտութիւնը կ’աւելնայ, մեզի օգնելով որ ուրիշներուն վկայելու մէջ աւելի ազդու դառնանք։ Կը սորվինք մեր թերութիւններուն գիտակցիլ եւ խրատ ընդունիլ, որ իր կարգին կը նպաստէ որ ուրիշներուն հետ աւելի բարեացակամօրէն վարուինք։ Դպրոցին հայթայթած ընդհանուր մարզումը կ’օգնէ որ «բաւարար կերպով որակելի» մնանք, որպէս Աստուծոյ ծառաներ։—Բ. Կորն. 3։5, 6, ՆԱ։
17 վյրկ. «Ընտանիքի Անդամները Ի՛նչ Ընելով Լիովին Համագործակցած կ’Ըլլան Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութեան Համար»։ Ընտանիքի մը կողմէ Հարցազրոյց։ Անոնք կը վերլուծեն թէ ի՛նչպէս կը կիրարկեն Աստուածաշունչի ընտանեկան ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան մասին տրուած թելադրութիւնները, որոնք կը գտնուին Դիտարան 1 Օգոստոս 1996, էջ 23, եւ Դիտարան 1 Յունուար 1993, էջ 24-25–ի մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Յարկաբաժիններէ Բաղկացած Շէնքերու Մէջ Վկայել։ (Եթէ ձեր թաղամասին մէջ յարկաբաժիններէ բաղկացած շէնքերը սակաւաթիւ են, նկատի առէք հետեւեալ յօդուածը՝ «Տունը Չեղողներու Մասին Ինչո՞ւ Արձանագրութիւն մը Պահենք», առնուած՝ Մայիս 1995–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն։) Երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ հարցազրոյց։ Դժուար է յարկաբաժիններու մէջ բնակող մարդոց վկայել, ուր միայն ինթըրքոմ–ի միջոցաւ կարելի է խօսակցիլ անոնց հետ։ Անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու կերպեր նկատի առէք։ Բարեկամականօրէն դուք ձեզ ներկայացուցէք որպէս դրացի մը. տանտիրոջ անունը գործածեցէք եթէ զանգին վրայ գրուած է. այժմէական նիւթ մը յիշեցէք, որու մասին կը փափաքիք խօսակցիլ, կամ ուղղակիօրէն ներկայացում մը կարդացէք Պատճառաբանել գրքէն, էջ 9-15. բացատրեցէք թէ կը փափաքիք թերթիկ մը, պարբերաթերթ մը կամ գրքոյկ մը ներկայացնել, որ կարեւոր հարցումի մը կը պատասխանէ, ապա յիշեցէք ձեր հարցումը։ Հոն ուր հաղորդակցիլը դժուար է, վարձակալներուն նամակներ գրեցէք կամ անոնց վկայեցէք շէնքին մուտքին առջեւ կամ շրջակայքը։ Տեղականօրէն գործածուած մեթոտ մը ցուցադրեցէք, որ յարկաբաժիններու մէջ բնակողներուն հետ լաւ արդիւնքներ տուած է։
20 վյրկ. Աշակերտելու Գործին Մէջ Ի՛նչպէս Ուրախութիւն Գտնել։ Դասախօսութիւն մը որ հիմնուած է՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1996 (Անգլ.), էջ 19-22–ի վրայ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։