Ընտանիքի Անդամները Ի՛նչ Ընելով Լիովին Համագործակցած կ’Ըլլան—Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութեան Համար
1 Ճշմարտութիւնը իրական իմաստ մը եւ նպատակ մը կու տայ ընտանեկան կեանքին, սակայն Եհովայի յաջողութեամբ ծառայելը մեքենայաբար չի գար։ Հոգեւոր զօրաւոր ընտանիք մը կազմելը, ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։ Մեծ պահանջք կայ որ ընտանիքի անդամները միասնաբար աշխատին ասիկա իրագործելու համար։ Այս յօդուածը, երեք մասերէ բաղկացած յօդուածաշարքի մը առաջինն է, որ մասնաւորաբար ցցուն պիտի ընէ, թէ ընտանիքները ի՛նչպէս կրնան համագործակցիլ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ զարգացնելու համար։
2 Ամէն Օր Աստուածաշունչը Կարդալով. Առակաց 24։5–ը կ’ըսէ որ «գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ»։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալէն ձեռք ձգուած գիտութիւնը, անհատին հարկ եղող ներքին ոյժը կու տայ, որպէսզի դիմադրէ իր հոգեւորականութեան դէմ ուղղուած Սատանայի կատաղի յարձակումներուն։ (Սաղմ. 1։1, 2) Որպէս ընտանիք՝ ամէն օր Աստուածաշունչը միասնաբար կը կարդա՞ք։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագրին մէջ, տարուան բոլոր շաբաթներուն համար, «Աստուածաշունչի Ընթերցանութեան Յաւելեալ Յայտագիր» մը կայ։ Անոր հետեւիլը ընտանիքի ժամանակէն միմիայն օրական տասը վայրկեան կ’առնէ։ Յարմար ժամանակ մը ընտրեցէք, ինչպէս նախաճաշի ժամը, ընթրիքէն վերջ, կամ քնանալէ առաջ, որպէսզի Աստուածաշունչը կարդաք եւ նկատի առնէք օրուան համարը Աստուածաշունչը Քննենք գրքոյկէն։ Ասիկա ձեր ընտանիքին ամէնօրեայ սովորութեան մէկ մասը դարձուցէք։
3 Ամէն Շաբաթ Միասնաբար Ուսումնասիրելով. Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ընտանիքի շաբաթական յայտագրին մէջ կարեւոր տեղ մը պէտք է գրաւէ։ Ամէն անդամ պէտք է թիկունք կանգնի անոր, եռանդուն կերպով մասնակցելով ուսումնասիրութեան։ Ընտանիքի գլուխը ընտանիքին կարիքները պիտի ուզէ նկատի առնել, երբ ուսումնասիրութեան նիւթը, օրը, ժամանակը եւ երկարութիւնը կ’որոշէ։ Շաբաթական յայտագրին մէջ ընտանեկան ուսումնասիրութեան առաջնակարգ տեղ տուէք։ Թոյլ մի տաք որ աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող բաներ խանգարեն զայն։—Փիլ. 1։10, 11
4 Հայր մը որ յաճախ իր տան մէջ գործի հեռաձայններ կը ստանար, հեռաձայնը կ’անջատէր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Եթէ յաճախորդներ տուն գային, անոնք կը հրաւիրուէին ուսումնասիրութեան մասնակցելու, կամ սպասելու՝ մինչեւ որ ուսումնասիրութիւնը վերջանար։ Հայրը վճռած էր թոյլ չտալ, որ որեւէ բան խանգարէ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը։ Ասիկա խոր տպաւորութիւն ձգեց իր զաւակներուն վրայ, իսկ իր գործը՝ բարգաւաճեցաւ։
5 Որքա՜ն հաճելի է երբ ընտանիքի անդամներ կը համագործակցին հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Ընտանեկան ուսումնասիրութեան լման կերպով մասնակցելու մեր հաւատարիմ ջանքերը, Եհովայի օրհնութիւնները պիտի բերեն։—Սաղմ. 1։3