Ընտանեկան յայտագիր՝ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն
1 Եհովայի հանդէպ սէրդ մեծագոյն պարգեւն է որ կրնաս զաւակներուդ հետ բաժնել։ Ասիկա կրնաս ընել մանաւանդ «տանդ մէջ նստած ատեն», երբ շաբաթական Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կը վարես։ (Բ. Օր. 6։5-7) Եթէ հաւատացեալ կողակից ունիս, կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ կ’ապրիս կամ միածնող ես, կրնաս զաւակներուդ օգնել որ քեզի ու Եհովայի մօտենան, ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն ունենալով։
2 Ի՛նչպէս սկսիլ. Առաջին քայլն է՝ ընտանեօք ուսումնասիրելու սովորութիւնը հաստատել։ Եթէ ուսումնասիրութեան ժամանակը չես կրնար որոշել, հարցը ընտանեօք նկատի առէք։ (Առ. 15։22) Եթէ փոքր երախաներ ունիս, թերեւս նախընտրես քանի մը կարճ նիստեր ունենալ շաբթուան ընթացքին։ Ընտրէ այն յայտագիրը որ ընտանիքիդ համար լաւագոյնն է։ Ընտանեկան յայտագրիդ մէջ նշէ ուսումնասիրութեան ժամանակը, եւ վճռէ անոր կառչիլ։
3 Ի՞նչ նիւթեր ուսումնասիրել։ Ոմանք Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կամ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան նկատի առնուելիք դասը կը պատրաստեն։ Ուրիշներ կը սերտեն դեռատիներուն յատկացուած նիւթեր։ Փոքր մանչ ու աղջիկ ունեցող հայր մը ըսաւ. «Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքէն կարգ մը տեսարաններ խաղարկելը, մեր ուսումնասիրութիւնը շաբթուան կարեւոր պահերէն մէկը կը դարձնէ մեր զաւակներուն համար։ Անկէ յառաջ եկած խոր տպաւորութիւնը եւ հասկացողութիւնը շատ աւելի կարեւոր են, քան մեր ծածկած պարբերութիւններուն քանակը»։
4 Ամէն շաբաթ ուսումնասիրէ. Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կանոնաւորաբար պէտք է ըլլայ եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ սպասեն անոր։ Օրուան ու ժամին նկատմամբ որոշ չափով դիւրաթեք պէտք է ըլլաս, հաշուի առնելով անակնկալ պարագաներ։ Երբեմն հարկ ըլլայ որ նկատի առնուելիք նիւթը փոխես։ Բայց թոյլ մի՛ տար որ ընտանեկան ուսումնասիրութեան հաստատ յայտագիրը երկար ատեն խանգարուի։ Աղջիկ մը իր ընտանիքին մասին խօսելով՝ կ’ըսէ. «Եթէ մեր ուսումնասիրութեան ժամը փոխուէր, հայրս նոր ժամը միշտ կը դնէր սառնարանին դրան վրայ, որպէսզի բոլորս տեղեակ ըլլայինք»։ Ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը պահպանելու համար թափուած այսպիսի ջանքեր որքա՜ն գովելի են։ Շարունակելով զաւակներդ մեծցնել «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը», սէրդ կը ցուցաբերես թէ՛ անոնց եւ թէ մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ։—Եփ. 6։4